ԼԻԲԱՆԱՆ. ՔՈՐՈՆԱ, ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆԱԿԱԼՈՒՄ… ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Լիբանանէն հասնող լուրերը բաւականին ցնցիչ են։ Մինչ Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօները լիբանանցիք փորձեցին անցընել բնականոն հունով եւ իրենց առօրեայ տուայտանքներէն քիչ մը հեռանալու նպատակով իրենք զիրենք «տուին» գիշերավայրեր (ճաշարաններ, ծաղարաններ եւ այլն) յաճախելու «հին սովորութեան», անդին քորոնաժահրի վարակը շատ արագ կերպով կը մոլեգնէր՝ երկիրը տանելով տագնապալի եւ բարդ դրութեան։

Այստեղ փակագիծ մը բանալով հարկ է նշել, որ քորոնայի տարածման հիմնական օճախները եղան մայրաքաղաք Պէյրութէն հեռու նահանգներ, ուր քաղաքացիներ մինչեւ հիմա ալ կը մերժեն լսել պետական մարմիններու յորդորները։

Այս բարդ իրավիճակէն ալ զերծ չմնաց լիբանանահայ համայնքը, որ յար եւ նման Լիբանանի միւս համայնքներուն, ունեցաւ մարդկային կորուստներ։ Լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իր ամենէն արժանաւոր զաւակներէն՝ կուսակցական եւ միութենական գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեանը, նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանաւոր միաբաններէն՝ Տ. Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեանը։ Բացի այս անուններէն, վարակին հետեւանքով իրենց աչքերը յաւերժին մէջ փակեցին աւելի քան չորս հայորդի, խոր սուգի եւ մտահոգութեան մատնելով լիբանանահայ շրջանակները։

Ի դէպ, այսօրուան կտրուածքով Լիբանանը արդէն շաբաթէ մը ի վեր մտած է համընդհանուր փակման, որ պիտի վերանորոգուի եւ երկարի մինչեւ յառաջիկայ փետրուարի 18-ը։ Բաց աստի, արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ սկսած են դրուիլ դրական լուրեր, ըստ որոնց դարձեալ յառաջիկայ փետրուար ամսուան սկիզբը Լիբանան պիտի սկսի ստանալ «Ֆայզեր» տիպի պատուաստները, որոնք նոր յոյս եւ նոր շունչ պիտի տան մտահոգ լիբանանցիներուն։ Պատուաստներու մասին դրական լուրերէն անդին յստակ է, որ այսօր Լիբանանի իրավիճակը յուսադրիչ չէ, քանի որ ամէն օր երկրէն ներս կ՚արձանագրուին աւելի քան 6 հազար վարակակիրներ, իսկ մահուան դէպքերը սկսած են հասնիլ 70-ի։ Անշուշտ ըստ քորոնայի «տրամաբանութեան», յառաջիկայ օրերուն վարակակիրներու թիւը կրնայ պակսիլ, պայմանաւ, որ լիբանանցիք լիապէս յարգեն տնակալման ընդհանուր պայմանները։

Ամէն պարագայի աւելի մօտէն ծանօթանալու համար Լիբանանի եւ յատկապէս լիբանանահայութեան շրջանակներուն մօտ առկայ բարդ իրավիճակին, կարողացայ հեռավար հարցազրոյց մը ի կատար ածել պէյրութահայ հիւանդապահուհի Հուրի Գալայճեանին հետ, որ սիրայօժար պատասխանեց իմ հարցումներուն եւ փորձեց սեղմ տողերով ներկայացնել այսօր Պէյրութի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը։

*

-Ինչպէ՞ս է իրավիճակը Պէյրութի մէջ, նկատի ունենալով, որ Լիբանանը արդէն տնակալումի երկրորդ շաբաթը մտած է։

-Կառավարութեան կողմէ շատ տեղին եւ ճիշդ որոշում մըն էր տնաալումը։ Այսօր բացի առաջին անհրաժեշտութեան ծառայութիւններ եւ պէտքեր մատակարարող կառոյցներէն՝ բժշկական կեդրոններ, դեղարաններ, պենզինի կայարաններ, փուռեր, բոլոր հաստատութիւնները փակ են: Ամենակարեւորը, որ մեծ հանրախանութներուն բոլորը փակ են, որովհետեւ նման վայրերու մէջ բազմաթիւ մարդիկ կը վարակուին, մանաւանդ երբ բացարձակապէս չեն պահպանուիր ընկերային հեռաւորութիւնը, դիմակ կրելու կանոնները: Այդպէս էր իրավիճակը, երբ տնակալում յայտարարուեցաւ եւ անոր նախօրէին ժողովուրդը ներխուժեց հանրախանութներ, երկար հերթեր եղան եւ քանի որ հսկողութիւն չկար, մարդիկ վարակեցին զիրար: Նոյնն էր պարագան Նոր տարուայ օրերուն, մարդիկ սովորականի նման ետ չմնացին հաւաքոյթներու, տօնակատարութիւններու երթալէ եւ նպաստեցին վարակակիրներու թիւի բարձրացման: Տնակալումէն ետք վիճակը ներկայիս աւելի լաւ է, ժողովուրդի 80 առ հարիւրը տունն է արդէն, իսկ անոնք որոնք ստիպուած գործի համար փողոց դուրս կու գան, սահմանուած կարգի համաձայն՝ իրենց հետ տեղեկագիր կ՚ունենան, թէ ի՛նչ նպատակով ո՛ւր կ՚երթան, ոստիկանութիւնն ալ լուրջ վերահսկողութիւն կ՚իրականացնէ: Ժողովուրդն ալ ի վերջոյ սկսած է լուրջի առնել այս հիւանդութիւնը, յատկապէս հայաբնակ շրջաններու մէջ՝ Պուրճ Համուտ, Էշրէֆիէ, Անթիլիաս, որոշ չափով նաեւ Համրա:

-Դուք որպէս առողջապահական ոլորտի աշխատող, քորոնայի պայմաններուն ներքեւ բժշկական համակարգի դժուարութիւններու մասին ի՞նչ կրնաք պատմել, ի՞նչ են գլխաւոր հարցերը:

-Առողջապահական համակարգի վիճակը իսկապէս ծանր է, դեկտեմբեր ամսուն վարակակիրներու թիւը այնքան շատցաւ, որ այսօր հիւանդանոցները չեն կրնար հիւանդներ ընդունիլ։ Առողջապահական մարմիններ ներկայիս սկսած են հիւանդանոցներու մուտքերուն աթոռներ տեղադրել եւ հոն ժողովուրդին սպասարկել, նոյնիսկ սպասման ցուցակին վրայ կան հիւանդներ, որոնք բուժում ստանալու իրենց հերթին կը սպասեն: Հիւանդապահուհիները, բժիշկները նոյնպէս նեղ կացութեան մէջ են, ահռելի վիճակ կը տիրէ, կարծես Իտալիոյ պարագան կը յիշեցնէ: Այդուհանդերձ, յատուկ կարգաւորումներ մտցնելով, հնարաւորինս կը փորձենք վերահսկել վիճակը. օրինակ՝ այն անձերը, որոնք կ՚ուզեն անձամբ տարրալուծարան գալ արեան քննութիւն յանձնելու, կը սպասեն իրենց կարգին եւ նախապէս ստացած արտօնութեամբ կու գան, որովհետեւ օրական 200-300 հիւանդ կ՚այցելէ մեր մօտ։ Անցեալ շաբաթ բացառապէս 750-ի հասաւ թիւը, այլապէս, մենք կ՚այցելենք հիւանդներուն տուները, յատկապէս PCR-ի պարագային, որովհետեւ չենք ուզեր, որ ժողովուրդը դուրս ելլէ տունէն եւ ուրիշները վարակէ։ Որպէս բուժաշխատող տուներ այցելելու ժամանակ ալ յատուկ պաշտպանական հագուստներով կ՚երթանք։ Այս աշխատանքը կը տանինք չինչին վարձատրութիւնով մը, բայց պատկերացուցէք, որ ժողովուրդը նոյնիսկ արեան քննութեան համար 15 հազար լիբանանեան ոսկի (շուրջ 2 ամերիկեան տոլար) կը դժուարանայ վճարել. երբեմն սիրայօժար կ՚ընենք, որովհետեւ մեր պարտականութիւնն է այդ մէկը: Մինչ այդ նշեմ, որ վերջերս ժողովուրդը ապահովութեան համար, թթուածինի մեքենայ ապահովելու խուճապի մէջ է, որպէսզի երբ անհրաժետութիւն ըլլայ, ունենան իրենց մօտ, որով շուկան եղածները արդէն սպառած են:

-Կը տեղեկանանք, որ հայկական շրջանակներուն մէջ ալ բաւական վարակեալներ կան, ի՞նչ դժուարութիւններ ունին հայերը, օգնող մարմինները կը գործե՞ն տակաւին:

-Այո՛, հայկական շրջանակներուն մէջ եւս շատ մեծ է թիւը վարակակիրներուն, մահացողներու թիւն ալ բարձր է, դժբախտաբար բազմաթիւ կորուստներ կ՚ունենանք, ինչպէս նաեւ կ՚ունենանք երիտասարդ կորուստներ: Համայնքային օժանդակող մարմինները կը գործեն, կ՚օգնեն, ամէն մէկը իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, բայց այդ ալ բաւարար չէ: Պէտք է անհատները զգուշութիւն պահպանեն, երբ մէկը նախանշաններ ունենայ՝ անմիջապէս պէտք է ինքնամեկուսանայ ընտանիքի անդամներէն, որպէսզի տան միւս անդամները չվարակէ, եթէ բոլոր բնակարաններէ ներս վարակակիր մը ըլլայ, ընտանիքի բոլոր անդամները արդէն վարակուած կ՚ըլլան:

-Բժիշկներու կարծիքով՝ որքա՞ն պէտք է շարունակուի տնակալումը, որպէսզի դրական արդիւքներ երեւելի դառնան։

-Իմ կարծիքով, տնակալումը արդէն բաւականին ուշ գործադրուեցաւ, պէտք է շատոնց ըլլար եւ առանց ընդհատումներու պահպանուէր, որպէսզի այսքան ծանր չ՚ըլլար ներկայ վիճակը: Ներկայիս, երբ կը գործադրուի, արդիւնաւէտ ըլլալու համար նուազագոյնը մէկուկէս ամիս պէտք է փակ պահեն քաղաքը, որպէսզի գոնէ հիւանդանոցներու ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւնայ, վարակակիր հիւանդները դուրս գան հիւանդանոցներէն, սպասման ցուցակի վրայի հիւանդները ընդունուին, անոնք ալ իրենց կարգին բուժուին։ Այս ձեւով վարակեալներու թիւը նուազի, նախապէս օրական կ՚արձանագրուէր 50-100 վարարակակիր, իսկ վերջերս այդ թիւը բարձրացաւ 6-7 հազարի։

-Ըստ լրատուամիջոցներու, յառաջիկայ փետրուարին պատուաստներու առաջին խմբաքանակը պիտի հասնի Պէյրութ: Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք այդ մասին, ժողովուրդը պատրա՞ստ է պատուաստուելու։

-Այո՛, կըսուի, որ փետրուարին Պէյրութ պիտի հասնի պատուաստներու առաջին խմբաքանակը, բայց կայ մեծ հարցական մը՝ արդեօք կառավարութիւնը պիտի կարենա՞յ նիւթականով օժանդակել ժողովուրդին, որպէսզի կարենայ պատուաստուիլ։ Երկրորդ հարցն ալ այն է, որ այսօր զանազան երկիրներու մէջ, պատրաստուած են տարբեր տեսակի պատուաստներ, որոնց մասին զանազան կարծիքներ կը հնչեն, իսկ արդեօք ո՞ր տեսակի պատուաստը պիտի բերուի Լիբանան։ Ժողովուրդին մօտ մտահոգութիւններ կրնան ըլլալ պատուաստի անվտանգութեան եւ արդիւնաւէտութեան առումով: Ուստի, կը կարծեմ, որ այս փուլին ժողովուրդին միայն 30 առ հարիւրը պիտի համաձայնի պատուաստ ստանալ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021