ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Թ.
Ի ԾՆԷ ԿՈՅՐԻՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Երբ կ՚անցնէր» (Յհ 9.1):
Մեկնութիւն. նախ՝ Քրիստոս խօսքով ցոյց տուաւ, թէ Իր վարդապետութիւնը լուսաւորիչ է, այստեղ նոյնը զգալի նշանով ցոյց կու տայ: Դարձեալ՝ երբ վարդապետեց, թէ Աբրահամի ըլլալէն առաջ իսկ եմ, այժմ գործով նոյն բանը կը հաստատէ: Եւ գիտելի է, եթէ մէկը Աստուծոյ կը հաւասարի, ինչպէս զԱստուած պաշտօն ընդունելով՝ Աստուած է, իսկ Քրիստոս կը հաւասարի Աստուծոյ պաշտօն ընդունելով, հետեւաբար Քրիստոս Աստուած է:
Եւ թէ Քրիստոս Աստուծոյ հաւասար պաշտօն ստացաւ, այստեղ չորս բանոց կը ցուցնէ. նախ՝ որ ի ծնէ կոյրին լուսաւորեց [աչքերը բացաւ]: Երկրորդ՝ անկէ հաւատք խնդրելով, երբ հարցուց. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին» (Յհ 9.35): Երրորդ՝ աստուածային որդիութեամբ, որ Քրիստոս Ինքն Իր մասին վկայեց, թէ՝ Ե՛ս եմ: Չորրորդ՝ կոյրին երկրպագութեամբ:
Իսկ հիմա առաջինին սկիզբը կը դնէ, ըսելով. «Երբ Յիսուս կ՚անցնէր, տեսաւ ի ծնէ կոյր մարդ մը» (Յհ 9.1): Այս ճառը երեքի կը բաժնուի. առաջին՝ նախապատրաստութիւն կը կատարէ հրաշքին: Երկրորդ՝ հրաշքին լինելութիւնը կը դնէ, այնտեղ. «Ասիկա ըսելէ ետք՝ թքեց գետին» (Յհ 9.6): Երրորդ՝ կը գրէ հրաշքի ստուգութիւնը, այնտեղ. «Դրացիները եւ անոնք որոնք նախապէս տեսած էին կոյրը» (Յհ 9.8):
Եւ-ը առաջինը կ՚ըսէ. «Երբ կ՚անցնէր», ինչպէս ըսուեցաւ նախորդ գլուխին աւարտին. «Յիսուս տաճարէն դուրս եկաւ» (հմմտ. Յհ 8.59), եւ մինչ ելած էր ու կ՚անցնէր, տեսաւ այս կոյրը, որ այդտեղ կը նստէր, քանի որ մուրացկան էր եւ ողորմութիւն կը խնդրէր անոնցմէ՝ որոնք տաճար կ՚երթային:
ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Այստեղ երկու հարցում կ՚ըլլայ.
Առաջին. ինչո՞ւ համար կաղերն ու կոյրերը տաճարին մօտիկ կը նստէին:
Պատասխան. Երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ այնտեղ գացողներուն համար բազմաթիւ ողորոմութիւններ կ՚ըլլան: Երկրորդ՝ քանի որ Դաւիթով ըսուեցաւ. «Կաղերն ու կոյրերը Տիրոջ տուն թող չմտնեն» (Բ. Թգ 5.8), երբ յեբուսացիները հակառակեցան անոր: Երրորդ՝ նորին որպէս օրինակ, որովհետեւ հոգիով կոյրերն ու կաղերը կը վռտնուին եկեղեցիէն:
Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար կաղերն ու կոյրերը մուրացկան կ՚ըլլային:
Պատասխան. երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ կը պակսի գործիքը, որով պէտքերը կը գտնէ, այդ պատճառով կը մուրայ եւ կը գտնէ: Երկրորդ՝ մենք պարտաւոր ենք մեր ընկերոջ պակասութիւնը լեցնել, որպէսզի հաւասարինք, եւ երբ չենք կրնար մարմինին պակասութիւնը լեցնել, ինչքերունը կը լեցնենք: Երրորդ՝ որպէս օրինակ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ պէտք է իրարու օգնել ուսումով եւ գործով:
Խօսք. «Տեսաւ ի ծնէ կոյր մարդ մը» (Յհ 9.1):
Մեկնութիւն. այս կոյրը յատուկ եւ մէկ հատ էր չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ ի ծնէ կոյր էր եւ ոչ թէ յետոյ պատահմամբ: Երկրորդ՝ քանի որ աչքին բոլոր գործարանները պակաս էին եւ ո՛չ թէ մէկ մասը: Երրորդ՝ ասիկա միայն Աստուծոյ փառքին համար եղաւ: Չորրորդ՝ ասիկա միայն ի ծնէ կոյր ըլլալով բժշկուեցաւ:
ԱՉՔԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՉՔԵՐՈՒ ԶԳԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Աչքերու զգայութեան մասին երեք բան գիտելի է.
Առաջին. գիտելի է, թէ աչքերը եօթ գործարաններ ունի. նախ՝ լոյսի երակը: Երկրորդ, սեւ պտուղը, որպէսզի լոյսը չվնասուի: Երրորդ՝ սպիտակը, որ ճրագին հովն է ու հուրին բարեխառնողը: Չորրորդ՝ բարակ մաշկը թաղանդակերպ ու թափանցիկ: Հինգերորդ՝ բիբը, որ պահապանն է ու փոշին սրբողը: Վեցերորդ՝ թարթիչները, որ արցունքը կը սրբէ եւ ուղիղ կը տեսնէ: Եօթներորդ՝ վերի յօնքը, քրտինքը կ՚արգիլէ, եւ ապա կոկոնը մէջը, որ տեսողական լոյսն եմ՝ անոնցմէ պահպանուած:
Երկրորդ. գիտելի է, թէ աչքերուն տեղը փոս է, ինչպէս միւս զգայութիւններունը. նախ՝ որպէսզի արտաքին վնասներէն պահպանուին: Երկրորդ՝ որպէսզի տեւողական ըլլան ու պատշաճ՝ առ ի զգացումն:
Երրորդ. գիտելի է, թէ աչքերուն դիրքը միւսներէն վեր է. նախ՝ որովհետեւ պատուական մասը վերի տեղը կ՚ըլլայ միշտ ինչէս լուսաւորները՝ երկինքին մէջ: Երկրորդ՝ քանի որ աչքը հուրը կը զգայ, որ տարրերուն մէջ վերնագոյնն է, ականջը՝ օդը, որ տակն է, բերանը՝ ջուրը ըստ կարգի, իսկ շօշափելիքները՝ հողը, որ միւսներէն վար [ներքեւ] է:
Իսկ որ կ՚ըսէ. «Կոյր մը տեսաւ». նախ՝ քանի որ սքանչելիքները տեսաւ, որ անով պիտի ըլլար: Երկրորդ՝ գթութեամբ տեսաւ, քանի որ պիտի բժշկուէր: Իսկ այստեղ Քրիստոսի խօսքը մարմնապէս կատարուեցաւ. «Որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որոնք կը տեսնեն՝ կուրնան» (Յհ 9.39), թէպէտ հոգեպէս հրեաներուն ու հեթանոսներուն համար կ՚իմացուի:
ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Վարդապետ, մեղքը որո՞ւնն է» (Յհ 9.2):
Մեկնութիւն. Այստեղ չորս բան հարցանելի է.
Նախ. ինչո՞ւ համար աշակերտները հարցուցին:
Պատասխան. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս գթութեամբ տեսաւ, իմացան որ պիտի բժշկուէր: Երկրորդ՝ քանի որ թանձրամիտներ էին նախքան Սուրբ Հոգիին գալուստը:
Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար կուրութեան պատճառ դարձած մեղքի մասին հարցուցին:
Պատախան. նախ՝ քանի որ Տէրը անդամալոյծին ըսաւ՝ «այլեւս մի՛ մեղանչեր», իմացան թէ ասոր կուրութիւնը մեղքի պատճառով էր, կամ իր եւ կամ ալ ծնողներուն պատճառով: Երկրորդ՝ քանի որ հրեաներէն լսած էին, թէ փորձութիւնները մեղքերու պատճառով կու գան, ինչպէս Յոբի բարեկամները ըսին (Յոբ 8.3-4), այդ պատճառով կը հարցնեն, թէ որո՞ւ վնասին [մեղքին, յանցանքին] պատճառով ասիկա կոյր ծնաւ:
Երրորդ հարցում. ի՞նչ է կրկնաշաւիղ հարցումը:
Պատասխան. կրկին է հարցումը. նախ՝ ապացուցական, որպէս թէ՝ ի՞նչ է մարդը: Երկրորդ՝ տրամաբանական, որպէս թէ՝ աշխարհը ապականացո՞ւ է, թէ անապական: Այս է կրկնադէմք հարցումը, որպէս թէ այն ժամանակը ժամանակին է, թէ ժամանակին չէ: Իսկ Քրիստոսի պատասխանը երկու դէմքերէն հեռացուց եւ երրորդը ըսաւ:
Չորրորդ հարցում. ի՞նչն է պատճառը այսպէս անկատար եւ խեղ ծնելուն:
Պատասխան. չորս բան. նախ՝ ծնողներուն մեղքը, քանի որ երբեմն ծնողները կը պատուհասէն իրենց զաւակներուն ծնունդով ու մահով: Երկրորդ՝ մօր անպատշաճ նիւթը: Երրորդ՝ քանի որ տղամարդուն սերմը զօրաւոր չ՚ըլլար՝ մանուկին մարմինը ձեւացնելու համար: Չորրորդ՝ կ՚ըսեն՝ անյարմար ժամանակը: Եւ ասոնք են ցորենի սերմին պատճառը բոյսերուն համար, եւ թէեւ այսպիսի պատահմունքներ ստեղծուած բնութիւններուն կը վերաբերին, սակայն ասոնք Աստուծոյ նախախնամութեամբ կը ներգործեն, իսկ այս կոյրին աստուածային զօրութիւնը կը վերաբերի, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Որպէսզի Աստուծոյ զօրութիւնը յայտնի ըլլայ իրմով» (Յհ 9.3):
Մեկնութիւն. այսինքն՝ աստուածային կարողութեան, իմաստութեան եւ ողորմութեան գործը յայտնելու համար: Իսկ որ Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ կոյրին ու Աստուծոյ գործերուն մասին, երեք միտքով իմացիր. նախ՝ այսպէս, թէ Աստուծոյ զօրութիւնը պատճառ չեղաւ անոր կուրութեան, այլ՝ կուրութիւնը պատճառ եղաւ Քրիստոսի զօրութեան: Երկրորդ՝ թոյլ տալը կուրութեան պատճառ եղաւ, իսկ կամենալը՝ սքանչելիքներուն պատճառ: Երրորդ՝ գիտութիւնը կուրութենէն առաջ էր, սակայն Քրիստոսի գործերէն մէջ լուսաւորութիւն եղաւ:
Խօսք. «Ես պարտաւոր եմ կատարել գործերը» (տե՛ս Յհ 9.4):
Մեկնութիւն. Պարտաւոր եմ-ը չի՛ ցցներ, թէ հարկադրութեամբ ու բռնութեամբ կ՚ընէ, այլ՝ Հօր հետ միակամութիւնը կը ցուցնէ, կատարեալ կերպով ընելը, կ՚ըսէ, ստեղծուածին պակասութիւնը, իսկ կատարելը՝ Հօր հետ գործակցութիւնն ու հաւասարութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 87
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024