ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏԵՍՈՒՉ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Անթիլիասի Դպրեվանքի տեսուչ նշանակուեցաւ Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։

Նորանշանակ տեսուչը ձեռնադրուած եւ օծում ստացած է 2012 թուականին։ Պըրքլիի Graduate Theological Union համալասարանէն ներս ուսանելով՝ արժանացած է մագիստրոսութեան աստիճանի։ Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան Անթիլիասի մէջ ցայսօր ստանձնած է զանազան պաշտօններ։ Այսպէս, ան եղած է Կաթողիկոսարանի երիտասարդաց բաժանմունքի եւ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ, նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան հոգեւոր խորհրդատու։ Հայր սուրբը միջոց մը պաշտօնավարած է նաեւ որպէս Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

Այս բոլոր փորձառութիւններու լոյսին տակ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայր սուրբին վստահած է Անթիլիասի Դպրեվանքի տեսուչի պաշտօնը։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021