«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
-Ո՜վ Ռոնտա. մեղքի մը մէջ իյնալս Տիրոջս զիս լքելուն արդի՞ւնք է:
-Ո՛չ. Աստուած մեզ չի՛ լքեր, որպէսզի մեղանչենք: Մենք է, որ զԱստուած կը լքենք, որով սատանան կու գայ ու կը փորձէ մեզ: Երբ կը հպարտանամ, Աստուծոյ շնորհքը կը վռնտեմ, որով իմ պահապան հրեշտակս կը հեռանայ ինձմէ եւ միւս հրեշտակը կու գայ…, սատանան. արդարեւ, այս լքումը ինձմէ է, եւ ո՛չ թէ Աստուծմէ:
-Ո՜վ Ռոնտա. ինկած ժամանակ կարելի՞ է ըսել. «Սատանան փորձեց զիս»:
-Յաճախ կը նկատեմ նաեւ, որ հոգեւոր մարդիկ ալ երբ դժուարութեան մէջ ըլլան, մեղքը փորձողին վրայ կը նետեն: Իրականութեան մէջ, սակայն, իրե՛նք են մեղաւորները, որովհետեւ հարցերը ճիշդ կերպով չեն դիմագրաւեր: Տակաւին, փորձիչը միշտ ալ փորձիչ է. ան մեր չարիք գործելը կ՚արգիլէ՞. ան իր գործն է, որ կը կատարէ, այդ պատճառով ամէն ինչ անոր վրայ չնետենք, երբ մենք է, որ անոր առիթ կու տանք միջամտելու:
Սկսնակ մը իր հօր [ծեր-աւագ վանական] հետ կ՚ապրէր խուցի մը մէջ: Օր մը, երբ ան առանձին էր, հաւկիթ մը վերցուց եւ մեծ բանալիի մը տակ դրաւ՝ այդ հին բանալիներէն, անոր տակ մոմ մը վառեց, եւ կ՚ուզէր հաւկիթը խորովել: Իր հայրը յանկարծ վերադարձաւ ու հարցուց անոր.
-Ի՞նչ կ՚ընես այստեղ:
Պատասխանեց.
-Ո՜վ Ռոնտա. սատանան մղեց զիս այս բանը ընելու:
Յանկարծ, զօրաւոր ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՚ըսէր.
-Այդ ձեւը չէի գիտեր, սկսնակէն սորվեցայ…:
Յաճախ սատանան քնացած կ՚ըլլայ եւ մենք է, որ կ՚արթնցնենք զինք:
ՄԵՂԱՒՈՐՆԵՐԸ ԽՈՆԱՐՀ ԸԼԼԱԼՈՒ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻՆ
Բոլոր անոնք որոնք մեղքով լեցուն կեանք մը ապրած են ու ապա զղջացած են եւ սկսած են հոգեւոր նոր կեանքի մը, պէտք է ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ ընդունին այն բաները, որոնք տխրութիւն կը պատճառեն եւ զիրենք խոնարհութեան կը մղեն, որովհետեւ այդպիսով անոնք իրենց պարտքերը կը վճարեն:
Օրինակ առնենք եգիպտացի Մարիամը, որ մեղքի կեանք մը ապրեցաւ եւ թացուեցաւ անբարոյականութեան մէջ: Իսկ երբ զղջաց, իր կեանքին ձեւը փոխեց, սակայն աշխարհիկ ցանկութիւնները նեղութիւն կու տային անոր, բայց ան զօրաւոր կերպով պայքարեցաւ այդ ցանկութիւններուն դէմ եւ վռնտեց զանոնք: Սատանան ըսաւ անոր.
-Ի՞նչ կը կորսնցնես եթէ Աղեքսանդրիան տեսնես: Քեզմէ չեմ խնդրեր հաճոյքներուն վերադառնալ, այլ՝ հեռուէն քաղաքին նայիս:
Եգիպտացի Մարիամը ետ չդարձաւ նայելու համար: Ի՜նչ է այդ զղջումը, զոր ան յայտարարած էր: Ահաւոր պատերազմ դիմագրաւեց. եւ այս տառապանքները մեղքի պատճառ վէրքերուն արդիւնքն են:
-Ո՜վ Ռոնտա. այս պարագաներուն աստուածային մխիթարութիւն չկա՞յ:
-Ինչպէս թէ չկայ. շա՜տ, շատ կայ: Արդար Մարիամը հոգեւոր այնպիսի բարձրունքի հասաւ, որով երբ կ՚աղօթէր երկրէն կը բարձրանար:
Շատ մեղքերու տէր մարդիկ բազմաթիւ յատկութիւններ ունին խոնարհ ըլլալու, որովհետեւ իրենք զիրենք կը ճանչնան: Իյնալը իրենց համար դրդապատճառ կ՚ըլլայ խոնարհելու եւ ջերմեռանդութեամբ աղօթելու: Եթէ մեղքերը օգտագործուին խոնարհ ըլլալու համար, պարարտանիւթի նման կ՚ըլլան, որ տնկիներուն եւ ծառերուն տակ կը սփռուին: Ապա, մարդը ինչո՞ւ համար այս միջոցը չ՚օգտագործեր, որպէսզի պարարտացնէ իր սեփական պարտէզը, որով պտղաբեր կը դառնայ: Ան որ մեծ մեղքեր գործելէ ետք կը խոնարհի ու կը զգայ իր յանցանքին մեծութիւնը, ապա մե՜ծ շնորհք կը ստանայ, ու հաստատ կերպով կը յառաջանայ եւ հոգեւոր բարձրութեան կը հասնի: Իսկ ան որ մեծ մեղքեր չէ գործած, կրնայ ետ մնայ արագ վազքէն հոգեւորապէս հասնելու համար միւսին՝ որ ինկաւ, եթէ չըսէ.
-Աստուած փրկեց զիս մեծ փորձութիւններէ, ապա ես բարիքը դրժող մարդ եմ, ես մեղաւոր եմ:
Յիշէ՛ փարիսեցիին ու մաքսաւորին օրինակը (Ղկ 18.9-14): Փարիսեցին բարեգործութիւններ կը գործէր, բայց հպարտ էր: Իսկ մաքսաւորը մեղաւոր մըն էր, սակայն խոնարհութիւն եւ ինքնաճանաչում ունէր, եւ ասիկա ամենէն կարեւոր բանն է, որ Աստուած կ՚ուզէ: Այդ պատճառով մաքսաւորը դիւրութեամբ փրկուեցաւ: Տեսա՞ծ ես թէ ինչպէս կը նկարագրեն փարիսեցին սրբապատկերներուն մէջ. ան իր մատով կը ցուցնէ մաքսաւորը, կարծես թէ կ՚ըսէ. «Ես ատոր պէս չեմ»: Իսկ խեղճ մաքսաւորը, սիւնի մը ետեւ պահուըտած է ու չի՛ համարձակիր իր չորսկողմը նայիլ: Հակառակ անոր որ փարիսեցին Օրէնքին պահանջները կը պահէր, սակայն ատոնք չօգնեցին իրեն եւ յօդս ցնդեցան: Տեսա՞ր, թէ հպարտութիւնը ինչ կ՚ընէ: Եթէ մարդը մեղաւոր է եւ սակայն խոնարհ չէ, ապա մաքսաւորին մեղքերը կ՚ունենայ եւ փարիսեցիին հպարտութիւնը:
Փորձէ հոգեւոր թիւներն ու ցանկութիւնները վռնտել քեզմէ, որպէսզի հոգեւոր առողջութիւն ունենաս:
ԽԻՂՃԻՆ ԳՈՐԾԸ
Քննենք մեր խիղճերը
Արդար Աստուածը առաջին ստեղծուածին [մարդուն] խիղճ շնորհեց, աստուածային առաջին օրէնքը: Ադամին ու Եւային սիրտին մէջ խորունկ տնկի մը տնկեց, որով անոնց բոլոր սերունդները ժառանգաբար կը ստանան զայն: Եւ երբ ճիշդ կերպով չի վարուիր [մարդը], ապա այս խիղճը կը յանդիմանէ ու կը պախարակէ զինք եւ զղջումի կը մղէ: Այս պատճառով, մարդ պէտք է քննէ իր խիղճը, որպէսզի լսէ անոր ձայնը եւ հոգեւոր ճիշդ գործ ընէ: Երբ մարդ իր խիղճը չի քններ, ապա ան հոգեւոր ընթերցանութիւններէն չ՚օգտուիր եւ ո՛չ ալ սուրբ հայրերու խրատներէն, եւ նոյնիսկ պիտի չկարենայ Աստուծոյ պատուիրանները պահել:
Խիղճը չքննելը, ինքզինքին հետ հաշուի չնստիլը եւ փոշին չմաքրելէ անկէ, առիթ կու տայ հաստ շերտի մը գոյացումին, որով կ՚արգելափակէ իր խիղճը եւ զինք անզգամ կը դարձնէ, որով մարդը կը մեղանչէ այնպէս՝ ըսես բան չէ եղած:
-Ո՜վ Ռոնտա. մեզի խիղճի գործին մասին բան մը ըսէ:
-Մարդը որպէսզի վստահ ըլլայ թէ իր խիղճին թելադրածին համաձայն կ՚աշխատի, ապա պէտք է ինքզինք հոգեւոր հօր մը ներկայացնէ, որովհետեւ կրնայ իր խիղճը անփութ ըլլայ, որով կը կարծէ, թէ ինք ճիշդ ճանապարհի մէջ է, կամ սխալ մը կը գոծէ ու կը կարծէ, թէ բարիք կ՚ընէ, կամ իր խիղճը չափազանց կերպով զգացմունքային կը դարձնէ, որով կը վնասուի:
-Ո՜վ Ռոնտա. ես ինքզինքս չեմ յանդիմաներ եւ ճշմարիտ զղջում չեմ զգար, թերեւս անզգա՞յ դարձած եմ:
-Դուն յաւելեալ ուշադրութեան կարիք ունիս: Մարդ երբ առաջին անգամ մեղք կը գործէ, քիչ մը ցաւ ու զղջում կը զգայ: Եթէ երկրորդ անգամ մեղքին մէջ իյնայ, նուազ զղջում կը զգայ, որով իր խիղճը կը կորսնցնէ ճիշդն ու սխալը զանազանելու ունակութիւնը, եթէ շարունակէ մեղքեր գործել:
…
-Ո՜վ Ռոնտա. կրնա՞յ ըլլալ, որ մարդ իր մեծ սխալները անտեսէ եւ փոքր մանրամասնութիւնները յիշէ:
-Ինչպէս կարելի չէ. հոգեւոր հայր մը անգամ մը ինծի հետեւեալ դէպքը պատմեց.
Կին մը եկած է իր մօտ խոստովանելու, լալով եւ վայելով ըսած է.
-Չէի ուզեր սպաննել զինք:
Հոգեւոր հայրը հանգստացուցած է զինք, ըսելով թէ Աստուած թողութիւն կը շնորհէ՝ խոստովանութեան ու զղջումի պարագային, եւ Ան Դաւիթ մարգարէին ներեց:
Կինը պատասխանած է.
-Այո՛, բայց այդ մէկը չէի ուզեր:
Բարի, ըսած է հոգեւոր հայրը.
-Ինչպէ՞ս սպաննեցիր զինք:
Պատասխանած է, թէ փոշին մաքրած ժամանակ չուզելով զարկած է ճանճին ու սպաննած:
Այդ կինը լքած էր իր ամուսինը եւ անտեսած՝ իր զաւակները, եւ փողոց իջած էր այս բոլոր բաները կը պատմէր, կարծես թէ բան չէ պատահած: Կը յիշէ ու կը վայէ ճանճ մը սպաննելուն համար, սակայն իր հոգը չէ, որ իր տունը քանդած է: Այդ պատճառով հոգեւոր հայրը ըսած է անոր.
-Պէտք է պատժուիս:
Հարցուցի անոր.
-Ինչո՞ւ պատիժ, այսքան պատիժէ ետք:
Քմծիծաղով ըսաւ.
-Ինչպէ՞ս օգնեմ անոր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 19
11 յունուար 2021, Վաղարշապատ
Հարթակ
- 12/02/2024