ՏՈՒՆԸ
Համակարգիչի պաստառին վրայ պատկերներ կը թերթէ: Բնութեան պատկերներ՝ ծով, ովկիանոս, անտառներ, գետեր, ջրվէժներ, գունեղ երկինք... Կը նշմարէ Հիւսիսային բեւեռներու երկնակամարին գծագրուող հիասքանչ լուսերեւոյթը՝ աւրորան, որ կը կրէ բնութեան բոլոր երանգները եւ կը պարէ սառցապատ լեռներուն կամարին, սպիտակը կը գունաւորէ եւ կարծես կ՚օժտէ զայն բոլոր այն գոյներով, որոնցմէ զրկուած է երկրին այս հատուածը: Լիճերը կը ցոլացնեն գոյները, կը ծծեն զանոնք եւ կը փոխանցեն իրենց մէջ բնակող շնչաւորներուն, կը ներկեն զանոնք եւս... անլուծելի առեղծուած:
Երկինքը պաստառ մըն է կարծես հոն, բնական ֆիլմ ցուցադրող պաստառ մը, ուր բնութեան տարերքները մերթ կը վիճին հրեշային կերպարանքներ գծելով, մերթ կը հաշտուին ծիածանային համերաշխութիւն արտացոլելով... հեքիաթային երեւոյթներ:
Բնութիւնը միակ սփոփանքն է, որ ունի գերազանց կարողութիւն բոլոր սրութիւնները մեղմելու, ցաւերը ամոքելու, ունկին մէջ անընդհատ թրթռացող լուրերուն տարափը խլացնելու, կեանքին աճող սեւը ներկելու եւ յուշելու, թէ կեանքը պահ դրած է իր հաճոյքները, մարդէն անդին իր իրական, բնական, երջանիկ պահերը. միայն հարկ է զանոնք նկատել, տեսնել, անդրադառնալ...
Հայեացքը կանգ կ՚առնէ պատկերի մը վրայ. խոշորացոյցով կը մօտենան ու կը յստականան ովկիանոսին աւազին վրայ գծագրուած թռչուններու ոտնահետքերը, անդին ջրային ոզնի մը սողալով աւազին վրայ ակօս մը կը բանայ, տեղ-տեղ աւազին մէջ թաղուած խեցիներ կ՚երեւին, որ երկինքէն ստացած ճերմակի եւ մեղմ կապոյտի խառնուրդը հագած՝ կը փայլին մաքուր ջուրէն դուրս եկած: Խոշորացոյցով աւելի կը մօտեցնէ պատկերը, մկնիկով պաստառին քառակուսիին մէջ կը տեղաւորէ միայն թռչունի եռանկիւն ոտնահետք մը:
«Ի՜նչ վարպետութիւն», կը խորհի երեւակայելով տեղատուութեան այդ պահը որսացող նկարիչը: Հետք մը, որ պիտի ջնջուի, չքանայ մակընթացութեան ներգործումով: Պիտի մոռցուի, որ հոն թռչուն մը կեցած է ատենին, հոնկէ ջրային ոզնի մը անցած, գացած է: Հետք մը միայն մոռացումի ենթակայ, ինչպէս բոլորս կը մաքառինք այս կեանքի ծովուն մէջ եւ կը փորձենք հետք մը թողուլ մեր ետին, բայց...
Կը յիշէ իր Հալէպի լքած տունը, ուր տասնամեակներու ճոխութիւն, երջանկութիւն, յուզմունք, կորուստ, ծնունդ ու մահ դրոշմուած է. կը յիշէ իր դրացիներուն վերջին տեղեկացուցածը, թէ տունը փոշեպատած է, առաստաղները խոնաւութենէն փլիլ սկսած են, ծեփերը իյնալ, սալերուն վրայ գոյն չ՚երեւիր... կը յիշէ եւ կարծես կը լսէ տան յուզառատ ձայնը, բնակիչներէ զրկուած, անհոգի դարձած լուռ պատերուն աղերսը, փակ պատուհաններուն բացող մը որոնողի կանչը: Տունը իր գետնին քալող ոտնահետքերը կ՚որոնէ, իրեն հոգ տանող, իրմով պատսպարուող անձերը կը փնտռէ, լռութենէ խոնջած նախկին ձայները լսել կ՚ուզէ, իր մէջ կեանք կ՚ուզէ ի վերջոյ:
Պատերազմին հետեւանքները յիշելով արագ-արագ կը սկսի թերթել բնութեան պատկերները, ուր չի գտներ քիչ առաջուան անդորրը եւ մտազբաղ մէկիկ-մէկիկ կը բանայ լուրերուն կայքէջերը՝ «30 զինուորներու աճիւն փոխանցուած է հակառակորդին կողմէ», «Մի քանի զինուորի անճանաչելի աճիւն գտնուած է Ֆիզուլիէն», «Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի առնուզն 1456 յուշարձան՝ վանքեր, եկեղեցիներ, բերդեր, ամրոցներ, յուշակոթողներ, խաչքարեր, տապանաքարեր... անցած է հակառակորդի հսկողութեան տակ...», «Վաճառքի հանուած են պատմական եկեղեցիներ Արեւմտեան Հայաստանի հողատարածքին»...
Գերիներուն վերբերող լուր մը գտնելու ջանքերը ապարդիւն կ՚ընթանան, բայց մի քանի օր առաջուան լուրի մը պատկերը կը քթթէ աչքը, ուր տունէ, այգիէ զրկուած ծերունին, կարօտալի աչքերով, կը դիտէր դիմացի բլուրները, որ այժմ հակառակորդին կը պատկանին, ուր, մօտ անցեալին կը ցանէր, կը հնձէր, իր հօտը կամ նախիրը կ՚արածէր, կ՚ապրէր իր արտի բերք ու բարիքով, առտուան սուրճը կ՚ըմպէր իր տան բակին մէջ, ժպիտ մը դրոշմելով իր տնկած վարդենիին...
Եւ կը համեմատէ տեղահանուածը, իր կամքով տունէն հեռացածին հետ, բայց երկու պարագային ալ միակ լքուածը, լքուածները, առանձնացածները կ՚երեւին՝ տունը, այգին, եկեղեցիները, վանքերը, կոթողները, ամրոցները... մեզի ընտելացած կառոյցները ի վերջոյ: Մենք ենք, որ զանոնք ընտելացուցած ենք տասնամեակներէ, հարիւրամեակներէ, դարերէ ի վեր. ընտելացած են անոնք «Հորովել»ին, «Տէ՛ր Ողորմեա»ին եւ հիմա իրենցմէ խլուած ընտելացումին «իրաւունք»ը կ՚որոնեն, բայց որպէս պատասխան՝ «Բնակչութեան 90 տոկոսը արդէն հակառակորդն էր» կը լսուի, նախադասութիւն մը, որ մակընթացութեան դարպասները մեր իսկ ձեռքով կը բանայ եւ առիթը կը ներկայացնէ ոսկեայ ափսէով, առիթը ջնջելու ընտելացումին ներքին եւ արտաքին բոլոր հետքերը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024