ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց զանազան ոլորտներէ ներս յաջողութիւններ արձանագրած խումբ մը երիտասարդներ։ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ զանազան բնագաւառներէ ներս նուաճումներ ունեցած երիտասարդներուն Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը։ Ամէն տարի Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ աւանդաբար կը կազմակերպուի նման ձեւաչափով հանդիպում մը՝ նախաձեռնութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կեդրոնական գրասենեակի։ Երէկուան հանդիպման սկիզբին ՀԵՀԵՄ-ի տեսուչ եւ կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց մասնակից երիտասարդները։ Այս առթիւ հայր սուրբը առանձնապէս կարեւորեց կապը եկեղեցւոյ եւ երիտասարդութեան միջեւ։
Այնուհետեւ, Նորին Սրբութիւնը տուաւ հայրական իր օրհնութիւնը՝ բարձրօրէն գնահատելով ջանադիր ու հետեւողական աշխատանքով կերտուած յաղթանակներն ու յաջողութիւնները, որոնք երիտասարդներուն կողմէ արձանագրուած են իրենց անձնական կեանքէն ներս, զանազան ոլորտներու մէջ եւ միջազգային հարթակներու վրայ՝ բարձր պահելով հայ ժողովուրդի պատիւն ու բարի համբաւը։ Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ յաջողութիւնները քրտնաջան աշխատանքի եւ բարձր գիտակցութեան արդիւնք են։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ նման ոգիով առաջնորդուած երիտասարդները կրնան կերտել լուսաւոր ապագայ մը եւ հայրենի երկրին համար կրնան ապահովել յառաջընթաց ու բարգաւաճում։ Նորին Սրբութիւնը նոյն առթիւ իր գնահատանքը արտայայտեց ՀԵՀԵՄ-ի կեդրոնական գրասենեակին նկատմամբ՝ շնորհալի երիտասարդները համախմբելու, իրարու ծանօթացնելու եւ զանոնք Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան հաղորդ դարձնելու համար։
Տեսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ երիտասարդներու զանազան հարցումներուն։ Անդրադառնալով յետպատերազմեան ծանր հետեւանքներու յաղթահարման եւ երկրի իրադարձութիւններուն՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց Հայաստանը առկայ ցաւալի կացութենէն դուրս բերելու, մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը այս առումով կարեւորեց, որ հայորդիները դրսեւորեն հայ ժողովուրդին բնորոշ արիութիւն՝ խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ ի գործ դնելով բոլոր ճիգերը։ Ան ընդգծեց, որ այսօր ազգի անխտիր իւրաքանչիւր զաւկի ջանքն ու ներդրումը կ՚ակնկալուի՝ Հայաստանը այս ծանր փորձութենէն դուրս բերելու ճանապարհին։
Արծարծուեցան նաեւ զանազան խնդիրներ, որոնք ազգային կեանքը կը յուզեն։ Կարեւորուեցաւ եկեղեցւոյ առաքելութեան իրականացման գործին մէջ տեղեկատուական միջոցներու առաւել արդիւնաւէտ օգտագործումը։
Ընդունելութեան ընթացքին Կոմիտասի «Հորովել» յայտնի ստեղծագործութեան կատարումով երիտասարդները մխիթարութիւն պարգեւեցին Վեհափառ Հայրապետին։ Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացուց Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի խաղաղ ու ապահով կեանքին համար՝ երիտասարդներուն յորդորելով իրենց աշխատասիրութեամբ ու գիտելիքներով նորանոր յաջողութիւններ արձանագրել՝ ի փառս եւ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի։
Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի նախկին ու այժմու լուսարարապետները՝ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։