ԱՐԱՄ ՊԱՊԱՃԱՆԵԱՆ. «ՄԵՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼՆ Է»

Հայաստանի Կիւմրի քաղաքի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատուելի Արամ Պապաճանեան պատասխանեց մեր հարցերուն։

*

-Պատուելի, դուք լոռեցի էք, որքան գիտենք Հայաստանի հեռաւոր այդ շրջանին մէջ աւետարականներ չկան։ Ճի՞շդ է այդ տեղեկութիւնը եւ ի՞նչ հանգամնքներու բերումով դարձած էք Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ ծառայող հովիւ։

-Հայաստանի մէջ աւետարանական համայնքները եղած են շատ հինէն։ 1850-ականներէն սկսեալ համայնքներ ունեցած են Կիւմրիի եւ Լոռիի կեդրոն համարուող Ատեփանաւանի մէջ։

-Այսինքն ընտանեկան շառաւիղի շարունակութի՞ւն է աւետարանական համայնքի պատկանիլը:

-Ո՛չ, ընտանեկան «պատկանելիութիւն» մը չէ, ընտանիքս համայնքային-կրօնական պատկանելիութիւն մը չէ ունեցած, ինչպէս մեծ թիւով հայաստանցիներ, յատկապէս Խորհրդային Միութեան հետեւանքով։

-Իսկ ձեր մերձեցումը ինչպէ՞ս եղաւ, ինչպէ՞ս անդամակցեցաք համայնքին։

-Իրականութեան մէջ, հաշուի առնենք, որ Խորհրդային եւ յետխորհրդային շրջանին Հայաստանի ազգաբնակչութեան մեծ մասին մօտ կրօնական պատկանելիութիւնը շատ թոյլ էր, հիմա ալ այդ մէկը կը զգացուի, եւ իմ ընտանիքը բացառութիւն մը չէր, աթէիզմի հետեւող եւ անոր համոզուած մարդիկ էին, հայրս ճարտարապետ, մայրս՝ գանձապահ: Ես 16 տարեկան պատանի էի, երբ Ստեփանաւանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հետ սկսայ կապուիլ, յաճախել, մօտենալ, փորձել տեսնել ինչ է այդ կառոյցը։ Կամաց-կամաց սկսայ հասկնալ, որ այս մարդիկ ճիշդ բաներ կ՚ըսեն, այս մարդոց ըսածին մէջ կան կարեւոր ճշմարտութիւններ, որոնք ինծի համար հոգեհարազատ են եւ այդպէս ընդգրկուեցայ, համարեցի, որ Աւետարանական համայնքին մաս կազմելը ինծի համար շատ կարեւոր է։ Երկու տարի անց՝ 18 տարեկանիս մկրտուեցայ, որմէ ետք արդէն հաւատքիս աճին հետ համընթաց նաեւ հասկցայ, որ կոչում մը ունիմ եւ կանչ մը, եկեղեցւոյ մէջ ծառայելով տաղանդներս ու շնորհներս ի նպաստ Աստուծոյ ծառայեցնելու:

-Ո՞ւր կատարելագործեցիք ձեր կրօնական բարձրագոյն ուսումը։

-Առաջին փուլը ուսանած եմ Երեւանի մէջ, ուր ժամանակին գոյութիւն ունէր Հայաստանի Հայ Աւետարանական աստուածաբանական ակադեմիա, ուրկէ ստացած եմ պաքալորէայի աստիճան, ապա տարի մը փորձառութեան շրջան անցընելէ ետք, քարոզելու արտօնութիւն ստացայ եւ մէկ տարի Բաղրամեանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ ծառայեցի՝ որպէս հովիւի օգնական: Այդ ընթացքին, որոշեցի ուսումս շարունակել եւ մագիստրոսի կոչում ստանալ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ։ Այնտեղ ալ շատ լաւ, հետաքրքրական, արդիւնաւէտ եւ պտղաբեր փորձառութիւն ապրեցայ՝ թէ՛ ուսումնական, նեղ մասնագիտական առումով եւ թէ համայնքային ծառայողական առումով: Ինծի համար այդ փորձառութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ շնորհիւ այդ ուսման՝ ես կրցայ աւետարանական համայնքի աւանդոյթներուն կրողը դառնալ, որպէսզի այդ բոլորը կարողանամ Հայաստանի ծառայութեան առաքելութեանս միախառնել։

-Ի՞նչ հանգամանքներու բերումով դարձաք Կիւմրիի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գլխաւոր հովիւ։

-Կիւմրին վերջին տարիներու ընթացքին ունեցած է հովիւ, բայց ժամանակաւոր հովիւ, եւ արդէն իր հանգիստի կոչման ժամանակն էր: Երբ, 2017-ին ես նոր վերադարձած էի Պէյրութէն, մէկ տարի Աբովեանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը եղայ,Կիւմրիի ժամանակաւոր հովիւի թոշակի երթալու համատեղ։ Աւելի վերջ համայնքին կողմէ առաջարկ եղաւ ստանձնել Կիւմրիի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը, որ շատ մեծ անակնկալ էր եւ հսկայական պատասխանատուութիւն, որովհետեւ Կիւմրին կարեւոր քաղաք է Հայաստանի մէջ, բոլոր առումներով, թէ՛ քաղաքացիական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ մշակութային: Պարտաւորութիւնը ինծի համար հսկայական պատասխանատուութիւն էր, եւ է՛, եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Շատ ուրախ եմ, որ այստեղ կը ծառայեմ, կիւմրեցիներու լայն մտածելակերպը շատ կը հաւնիմ: Այստեղ ալ երեք համայնքները ներկայաց-ւած են, թէ՛ Առաքելական, թէ՛ Կաթողիկէ եւ թէ Աւետարանական։ Մեր քոյր համայնքներուն հետ ալ բաւական լաւ յարաբերութիւններ կը մշակենք։

-Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է համայնքը. թուային պատկեր, ընդհանուր գործունէութեան դաշտ եւ այլն, ի՞նչ է համայնքի ընդհանուր կացութիւնը:

-Ըսեմ, որ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին երբեւիցէ թուաքանակի վրայ շեշտ չէ դրած եւ հիմա ալ չի դներ. մեր շեշտադրումը հոգեւոր խորութիւնն է եւ այն, որ եկեղեցին պէտք է որակ փոխէ հասարակութեան մէջ, այն համայնքին մէջ, ուր կը գտնուի եւ պէտք է բարելաւէ, առաջին հերթին՝ իր համայնքի, աւելի լայն համայնքի հոգեւոր ու մտաւոր, մշակութային ու կրթական վիճակը։ Այս է մեր շեշտադրումը եւ այս ծիրին մէջ մենք կը գործենք, գործունէութիւն կը ծաւալենք, անոր համար այստեղ ունինք կրթական հաստատութիւն, նաեւ մեզի կից կը գործէ «Շող» կեդրոնը, որ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) ենթակայութեան տակ է։ Այստեղ կ՚իրականացնենք յստակ եւ մեծ կրթական ծրագիր, ինչպէս նաեւ՝ բարեգործական եւ ընկերային ծրագրեր, մշակութային եւ ունինք հոգեւոր խմբակներ, ուր կը փորձենք զարգացնել երեխաներու եւ նոր սերունդի անդամներու տաղանդն ու ձիրքերը:

-Ժողովուրդը ի՞նչ վերաբերմունք ունի աւետարանական համայնքին հանդէպ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ տակաւին, դժբախտաբար, կան մարդիկ, որ չեն գիտեր այս համայնքի պատմական անցեալը, իր ունեցած դրական գործունէութիւնը, կոթողական դերը:

-Շատ ճիշդ հարց կը բարձրացնէք եւ շատ էական: Նախ պատճառներէն առաջինը այն է, որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն մենք, ինչպէս նաեւ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները, ճնշուած վիճակի մէջ էինք։ Աւետարանական եկեղեցին առաւել եւս, որովհետեւ քանակապէս փոքրամասնութիւն եղած է եւ հիմա ալ փոքրամասնութիւն է, անոր համար ժողովուրդի մտքին մէջ Հայ Աւետարանական եկեղեցին կարծես բացակայ էր 70 տարի: Իսկ հիմա, յետխորհրդային ժամանակաշրջանին, անկախացումէն ետք, մենք՝ Հայ Աւետարանական եկեղեցին վերակազմակերպման եւ վերաձեւաւորման փուլի մէջ ենք։ Մեր աւանդոյթը ետ վերադարձնելու, մեր դիրքը, մեր ընելիքը, մեր առաքելութիւնը յստակեցնելու փուլին մէջ, մանաւանդ որ ժամանակները շատ արագ կը փոխուին։ Այս պատճառներով է, որ համայնքը, այս պարագային՝ Կիւմրիի մեծ համայնքը շատ տեղեակ չէ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին։ Այսօր, փառք Աստուծոյ, կայ դրական տեղաշարժ, նոր շէնքային պայմաններ եւ արդիական ոգիով գործունէութիւն ծաւալելը կը նպաստէ, որ համայնքի անդամները աւելի մօտէն շփուին ու ճանչնան մեր առաքելութիւնն ու մեր եկեղեցին։ Այստեղ կ՚ուզեմ դարձեալ շեշտել, որ մեր գերնպատակը ճանչցուած ըլլալը եւ թուաքանակ ապահովելը չէ, այլ յստակ համագործակցութեան մէջ գտնուիլն է, պարզ, շիտակ, ազնիւ համագործակցութեան մէջ, թէ՛ Մայր եկեղեցւոյ, թէ՛ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ թէ պետական իշխանութիւններու հետ, որովհետեւ մեր գործն է ժողովուրդին ծառայել՝ հոգեւոր, մտաւոր եւ մշակութային իմաստով:

-Դուք զիս կանխեցիք, անկեղծօրէն ինչպէ՞ս կը գնահատէք համագործակցութիւնը Մայր եկեղեցւոյ եւ կաթողիկէ համայնքին հետ։

-Մենք, անկեղծ ըսած, դեռ այդ փուլին մէջ չենք, որ ես կարենայի հանգիստ ըսել, թէ ամէն ինչ բացառիկ է: Ասոր պատճառներէն առաջինը մեր՝ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերաձեւաւորման, կորսնցուցածը վերականգնելու ընթացքի մէջ ըլլալն է, քանի որ դեռ չենք հասած այն վիճակին, որ կարենանք ամբողջ ուժերնիս ներդը-նել նաեւ այս համագործակցութեան մէջ: Բայց, անշուշտ, համագործակցութեան եզրեր, փոքր նախաձեռնութիւններ եղած են, գոնէ հիմք ստեղծելու համար յետագայի համար, թէ՛ Մայր եկեղեցւոյ հետ եւ թէ կաթողիկէ համայնքին: Շարժը, այդ առումով, դրական է:

-Դուք ամէն կիրակի պատգամ կը ներկայացնէք այս գեղեցիկ, գողտրիկ եկեղեցիին մէջ: Ի՞նչ է այսօր ձեր գլխաւոր շեշտադրումը՝ հայ մարդուն, ի՞նչ խօսք կ՚ուղղէք:

-Եթէ չեմ սխալիր, անկեղծութեամբ ըսեմ, որ հայ մարդը Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, նոյնպէս ինքզինք վերագտնելու եւ վերահաստատուելու պատմական դարաշրջանի մէջ է։ Մենք ընդամէնը հարիւր տարի առաջ մեր պետականութիւնը վերականգնած ենք եւ դեռ պետականութեան արժէքը չենք գիտեր: Եւ այսօրուայ մեր եկեղեցւոյ ըսելիքը հետեւեալն է. առաջինը՝ ապահովել հոգեւոր զարթօնք, բայց նաեւ կը շեշտադրենք եւ յստակ կը դարձնենք, որ հոգեւոր աճը եւ Քրիստոսի Աւետարանի բարի լուրը քուկդ դարձնելը վերացական չէ եւ սա միանշանակ պէտք է արտայայտուի հայ մարդու կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Կ՚ուզեմ նաեւ նշել, որ ինծի համար որպէս հովիւ ամենահիմնական կոչը հետեւեալն է՝ ապրեցէ՛ք Քրիստոսի Աւետարանը, որպէս հայ քրիստոնեաներ եւ օրինակելի քաղաքացիներ, սիրեցէ՛ք այն պետութիւնը, որ Աստուած պարգեւած է մեզի եւ սիրեցէ՛ք այն երկիրը, որ դարերէ ի վեր մերն է։ Ի վերջոյ Քրիստոսի Աւետարանը այս բոլորին մէջ հսկայական դեր ունի. Քրիստոսի Աւետարանը ապրիլ, քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ նաեւ լաւ մարդ եւ լաւ հայ ըլլալ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021