«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ՍՈՒՏ ԽՕՍՔԵՐԸ ՉԵՆ ՀԱՆԳՍՏԱՑՆԵՐ
Ինչպէ՞ս սուտ խօսքերը միահունչ կը դարձնեն, եթէ պատրաստուած չեն այդ բանին: Ամբողջական սուտ խօսակցութիւն մը կը հնարեն ու կը համոզեն քեզ:
Ծանօթ մարդ մը եկաւ խուցս, միաժամանակ ուրիշ խումբ մը մարդիկ ալ եկան շրջանէ մը երիտասարդի մը հետ, որուն նախապէս օգնած էի: Խելացի երիտասարդ մըն էր, սակայն խեղճը վարժուած էր գիշերները դատարկութեամբ ժամանակ անցընելու: Չորս տարուան անյոյս շարունակական փորձերէ ետք, խնդրեցի այս խումբէն, որպէսզի անոր համար աշխատանք ճարեն, ու ըսի անոնց.
-Բազմաթիւ անգամներ փորձեցի օգնել անոր, զինք «Քասթորիա» ղրկեցի, որպէսզի կաշեգործութեան արհեստը սորվի, սակայն չդիմացաւ ու գնաց: Ան երիտասարդ է, եւ սխալ է, որ իր ժամանակը դատարկութեամբ եւ սլքտալով վատնէ, մանաւանդ որ ինք որբ է:
Այստեղ, այն մարդը զոր կը ճանչնայի, մէկ անգամէն ելաւ ու սկսաւ բացատրել, թէ ինչպէս գործակցած է հետս, որպէսզի այդ երիտասարդը «Քասթորիա» երթայ, որպէսզի կաշեգործութեան արհեստը սորվի: Եւ սկսաւ պատմել իր նամակներուն վրայ ծախսած գումարներուն մասին, զորս այդ երիտասարդին ծնողներուն ղրկած էր հանգստացնելու համար զանոնք, միաժամանակ կարծելով, որ այդ երիտասարդը այդ գործին մէջ պիտի չհաստատուի: Զարմացայ այդ խօսակցութենէն, բան չըսի, որպէսզի չվիրաւորեմ զինք: Ամբղջութեամբ սուտ խօսակցութիւն մը յառաջացուց, որ զիս իրար խառնեց:
-Այդ բաներուն մասին քու ներկայութեա՞նդ խօսեցաւ:
-Այո՛, եւ ուրիշներ ալ կային այնտեղ:
-Ի՞նչ հասկցաւ:
-Անձնական հանգիստ զգաց, սակայն յետագային պիտի չարչարուի, որովհետեւ ներքին խաղաղութիւն պիտի չունենայ:
-Մարդ երբ որեւէ բանի մասին կը խօսի ու քիչ մը կը մեծցնէ զայն, արդեօք այդ բանը սին փառքէն մղուա՞ծ կ՚ընէ:
-Ուրիշ ի՞նչ բանէ հապա: Սին փառքէն եւ անձնասիրութենէն:
-Ինչպէ՞ս կարելի է նման մարդու մը օգնել, որպէսզի ուղղութեան բերենք զինք:
-Դադրիլ ստելէն: Սուտը, արդարեւ,- նոյնիսկ եթէ արդարացուած է-, մեղք է:
-Ո՜վ Ռոնտա. եթէ ուրիշները մեզի բան մը ըսին՝ մեզի օգնելու նպատակով, հետեւաբար պէտք է կարծենք, թէ այդ բանը որ մեզի ըսուեցաւ չե՞նք արժեր զայն:
-Ուշադիր եղիր: Եթէ ըսեմ քեզի. ո՜վ քոյր, կրնաս աղօթել ան սրբուհիին չափ, որուն անունը կը կրես: Կրնայ ըլլալ, որ ժպտաս քիչ մը, սակայն ներքնապէս հանգիստ պիտի չզգաս, որովհետեւ սուտ խօսքը չի՛ հանգստացներ, քանի որ Աստուծոյ շնորհքին կը կարօտի: Անիրաւն ալ, որ անիրաւութիւն կը գործէ, պնդելով թէ այդ իր իրաւունքն է, հանգիստ պիտի չզգայ:
…
ՈՒՂԻՂ [ԱՌՈՂՋ] ԽԻՂՃԸ ՄԱՐԴՈՒՆ ՃԻՇԴ ԲԱՆԵՐ ԿԸ ՅՈՒՇԷ
Հանգիստ խիղճէն աւելի լաւ բան չկայ: Հիանալի բան է, որ խիղճդ չյանդիմանէ քեզ, երբ կրնաս անոր (խիղճին) հրամաններուն հակառակ բան մը ընել, եւ չես ըներ զայն: Նման պարագայի մը, մարդ ներքին շարունակական ուրախութիւն կը զգայ, կարծես հոգեւոր տօնի մէջ ըլլայ: Ներքին այս ուրախութիւնը հոգեւոր զօրութիւն կը ծնի:
-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ ինչպէս կրնայ հասկնալ, թէ ինչ որ կը կատարէ Աստուծոյ համար, ընդունելի է:
-Մարդը ներքին գիտակցութիւն ունի:
-Գիտակցութիւնը բաւարա՞ր է, թէ՞ ուրիշներուն վկայութեան կարիքն ալ ունի:
-Կը խօսիմ ուղիղ խիղճ ունեցող մարդու մասին եւ ո՛չ թէ «մոլորած խիղճ» ունեցող մարդու մասին: Ուղիղ խիղճը մարդուն ճիշդ բաներ կը յուշէ, որով մարդ հաստատ կերպով եւ յոյսով կը զգայ ու խոնարհութեամբ կ՚ըսէ.
-Ես դրախտին արժանի չեմ. ես դժոխքին արժանի եմ, սակայն կը հաւատամ, որ Աստուծոյ սէրը եւ ողորմութիւնը պիտի չձգեն զիս: Կը զգայ այդ, որովհետեւ կը պայքարի: Չի՛ սլքտար՝ իր միտքն ու մարմինը հանգստացնելով, ու ըսելով. «Աստուած պիտի փրկէ զիս»:
Խիղճ… սարսափեցնող բան: Աւելի հզօր կրակ ու աւելի հզօր դժոխք չկայ, քան խիղճին այրուիլը: Աւելի սարսափեցնող ու ցաւցնող ցեղ չկայ, քան խիղճի ցեցը: Դժոխքին մէջ եղողները յաւիտենապէս կը տանջուին, որովհետեւ Արքայութեան բարութիւնները կորսցնուցին աշխարհի վրայ քանի մը տարուան համար, որ լեցուն էր խիղճի խայթով: Ցանկութիւնները, եթէ ուրախութեան աղբիւր չեն, ապա՝ չարչարանքի աղբիւր են:
-Ո՜վ Ռոնտա. վանականը ինչպէ՞ս կրնայ խիղճի գործնական նահատակութիւն ապրիլ:
-Խիղճի նահատակութիւնը բոլորին կը վերաբերի եւ ո՛չ միայն վանականին. վանականները ճգնութեան քաղցր նահատակութիւնը ունին, իսկ մարդու մը մօտ, որ ճիշդ պայքար կը մղէ, չկայ խիղճի նահատակութիւն կոչուած բան: Մարդ ինչքա՜ն կը ցաւի հոգեպէս, կամ մասնակցելով այն չարչարանքներուն, զորս Յիսուս մեզի համար կրեց եւ կամ իր ծանր վիճակին պատճառով, այդքանով աստուածային մխիթարութեամբ կը վարձատրուի: Խիղճը երբ կը հանգստանայ, ապա մարդը իր ներսիդին աստուածային մխիթարութիւնը կը զգայ, նոյնիսկ եթէ ցաւերն ու տխրութիւնները յարձակին վրան:
ՄԵՐ ԱՆՁԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԻԼ ՈՒ ՃԱՆՉՆԱԼ ԶԱՆՈՆՔ ՍՈՐՎԻԼ ՄԵՐ ԱՆՁԵՐԸ
Բանակին մէջ -կապի բաժինին մէջ- ծրագրաւորուած ցանց մը եւ յայտնի ցանկ մը ունէինք: Օտար ալիքներուն կը հետեւէինք, որոնք մեր ոլորտին ու ալիքներուն մէջ կը մտնէին: Այսպէս ալ, մարդ պէտք է հետեւի իր մտածումներուն եւ գործերուն, որպէսզի տեսնէ, թէ արդեօք կը համապատասխնե՞ն Աւետարանի պատուիրաններուն: Տակաւին, ան իր թերութիւնները պէտք է բռնէ ու պայքարի, որպէսզի ուղղէ զանոնք: Եթէ թերութեան մը թոյլ տուաւ անցնելու՝ առանց ուշադրութիւն դարձնելու անոր, եւ եթէ մէկ կողմ ձգէ արձագանգները որ իրեն կ՚ուղղուին իր սխալներուն համար, ապա հոգեւորապէս յառաջընթաց պիտի չունենայ:
Մեր անձերը սորվիլը շատ աւելի կ՚օգնէ մեզի, քան բոլոր ընթերցումները: Մարդ կրնայ բազմաթիւ գիրքեր կարդալ, սակայն այդ ընթերցումները օգուտ չեն տար, եթէ ուշադրութիւն չդարձնենք մեր անձին: Իսկ ան որ քիչ կը կարդայ, եւ ինքն իրեն կը հետեւի, ապա շա՜տ կ՚օգտուի, որով իր վերաբերմունքը ճշգրիտ կ՚ըլլայ, ուշադրութիւն կը դարձնէ իր թերութիւններուն եւ կը զգուշանայ անոնցմէ: Խուցիս մէջ ծառերու կոճղեր կը գործածեմ, որպէսզի մարդիկ դուրսը անոնց վրայ նստին, երբ ձմրան օրերէն բացի կը դիմեն ինծի: Երբ կը կանգնին մեկնելու համար, հոգ չեն ըներ եւ չեն մտածեր զանոնք վերադարձնել իրենց տեղերը: Կը պատահի երբեմն, որ բազմաթիւ կոճղեր կը տեղափոխեմ, որպէսզի նստին վրան, մանաւանդ երբ անոնց թիւը շատ ըլլայ, եւ սակայն ո՛չ ոք իր ձեռքը կ՚երկարէ օգնելու համար ինծի: Եթէ քիչ մը մտածէին, ապա կը կանգնէին ու կ՚օգնէին ինծի զանոնք իրենց տեղերը տեղափոխելու համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 21
24 յունուար 2021, Վաղարշապատ
Հարթակ
- 12/02/2024