ԳՀԽ-Ի ՎԵՐՋԻՆ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԵԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աշխատանքները հասան իրենց աւարտին։ 23-26 փետրուարին տեղի ունեցած ժողովներուն ատենապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ նստաշրջանի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու քառօրեայ ժողովներու ընթացքին քննարկուեցան պատերազմի հետեւանքով յառաջացած կորուստներու, Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակին, յետպատերազմեան վտանգներու, նահատակներու ընտանիքներու, գերիներու եւ կորսուածներու, պատերազմէն տուժած միւս անձերու, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերեալ խնդիրներ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ այս բոլոր ուղղութիւններով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն։

ԳՀԽ-ի անդամները կարեւորեցին Եկեղեցւոյ հետեւողական ջանքերը՝ ի նպաստ հանրային կեանքէ ներս առկայ զանազան մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Կենսական նկատուեցաւ անհրաժեշտ հոգեւոր խնամքի առընթեր շարունակել տակաւին պատերազմի օրերուն Եկեղեցւոյ նախաձեռնած մարդասիրական աջակցութեան ծրագրերը՝ թեթեւցնելու համար պատերազմի հետեւանքով յառաջացած ընկերային խնդիրները, նպաստելու Հայաստանի մէջ ապաստան գտած Արցախի ընտանիքներու հնարաւորութեան պարագային վերադարձին իրենց բնակութեան վայրերը։ ԳՀԽ ի մասնաւորի թելադրեց շարունակել գերիներու վերադարձի եւ կորսուածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները։

Մասնաւոր մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ ուժերու հրամանատարութեան փետրուարի 25-ի յայտարարութեան եւ վարչապետի արձագանգին հետեւած նոր լարուածութեան կապակցութեամբ։ ԳՀԽ արդէն առանձին յայտարարութիւնով հանդէս եկած էր այս առընչութեամբ։

ԳՀԽ-ի անդամներուն ներկայացուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթական հարցերով ենթախումբի զեկոյցը՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուած հերթական բարեփոխումներուն եւ ի մասնաւորի՝ դպրոցներէ ներս «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ապագայ դասաւանդման շուրջ նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած քննարկումներու արդիւնքներուն վերաբերեալ։ Տեղեկացուեցաւ, որ ենթախումբը կրթական բարեփոխումներուն կարեւորութիւնը կը դիտարկէ ապագայ սերունդի բացառաբար հոգեւոր-ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան համատեսքին մէջ եւ այս ուղղութեամբ կը պնդէ Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան ամբողջական ծաւալով, իբրեւ առանձին առարկայ ուսուցման անհրաժեշտութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ պետական լիազօր համապատասխան մարմնին կողմէ այս առարկայի պարագային որդեգրուած անընդունելի մօտեցումներուն կապակցութեամբ։ Ընդգծելով «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման կարեւորութիւնը՝ ԳՀԽ ենթախումբին թելադրեց անգամ մը եւս նախարարութեան ուշադրութեան յանձնել Եկեղեցւոյ դիրքորոշումները այս կապակցութեամբ։

Քննութեան առնուեցան նաեւ բարեգործական բնոյթով ծրագրերու շրջանակներէն ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ իրականացուած շարք մը ծառայութիւններու եւ աշխատութիւններու վերաբերեալ հարցեր։ Ընդգծուեցաւ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարեգործական շարք մը ծրագրերը պետական համապատասխան լիազօր կառոյցներու կողմէ այդ բնոյթով իսկ որակուած են եւ աշխատանքները կ՚ընթանան նոյն ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ մտահոգութեամբ արձանագրուեցաւ, որ որոշ խնդիրներ յառաջացած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ներածուած ապրանքներու՝ մասնաւորապէս մոմի հումքի մաքսազերծման հարցին մէջ։ Յառաջացած յիշեալ խնդիրներուն հետեւանքով էապէս նուազած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մոմի պաշարները, ինչ որ յառաջիկային պիտի դժուարացնէ եկեղեցիներէ ներս մոմավառութեան պատշաճ կազմակերպման գործընթացը։ ԳՀԽ-ի անդամները տարակուսանք արտայայտեցին դրսեւորուած նման մօտեցումներուն կապակցութեամբ՝ նկատի ունենալով, որ Եկեղեցին երբեւէ նոյնիսկ Խորհրդային շրջանին, նման դժուարութիւններու դէմ յանդիման չէ մնացած։ ԳՀԽ թելադրեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համապատասխան կառոյցները պետական պատկան մարմիններուն հետ քննարկեն յիշեալ խնդիրները եւ հետամուտ ըլլան անոնց կարգաւորման։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանին տեւողութեան լսուեցան զեկուցումներ եւ ծաւալուեցան քննարկումներ Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման կազմակերպչական աշխատանքներուն, Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգման ընթացքին մասին։ Ներկայացուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2020 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը։

Ժողովը փակուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գնահատական խօսքով եւ աղօթքով։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021