ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿԻՍԱՏ ԵՐԱԶԸ
Աւելի մեծ է՞ր կորուստը քան շահը, կամ թէ եղած ցոյցերը առհասարակ չկարողացան ոչինչ փոխել Լիբանանի համար, երկրի երիտասարդութեան համար, որ երկար ատենէ ի վեր հաւատքով ու մեծ նուիրումով գիշերը ցերեկին խառնեց, շատ բաներէ ինքզինք զրկեց՝ հասնելու համար մէկ ու միակ նպատակի մը, որ կարծես թէ անհնար է երկրի մը մէջ, որուն հիմնական մղիչ ուժը, ապրելու եւ կեանքի առանցքը համայնքային դրութիւնն է։
Լիբանանի մասին խօսելու ժամանակ շատ կարեւոր հանգամանք կը ներկայացնէ անոր երիտասարդ սերունդին գործօնը։ Գործօն, որ հակառակ իր մի քանի հատուածներու բաժնուած ըլլալուն, ունի ուսանելի եւ նոյնիսկ դրական շեշտեր։
Եւ այսպէս, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը իր աւարտին կը հասնէր, ոչ ոք կը կարողանար պատասխան տալ, որ Լիբանան թէեւ չէ «կտրուած» հակամարտող երկու կողմերէն, սակայն հասած է ապահով ափ մը, ինչ որ զանազան առումներով խաբուսիկ եւ ոչ-իրական մօտեցում մըն էր։
Լիբանանի պատերազմը ընթացք կ՚առնէր զինեալ ներկայութեան պատճառաւ պաղեստինցի փախստականներու, որոնք բացի իրենց միլիսներու ներկայացուցած վտանգներէն, իր մէջ, յատկապէս քրիստոնեայ լիբանանցիներուն համար, կը պարունակէր այդ հազարաւոր փախստականներու Լիբանանի մէջ բնակեցման վտանգը։ Վտանգ, որ պիտի սպառնար ո՛չ միայն քրիստոնեայ-պահպանողական հատուածին, այլ նաեւ վտանգ պիտի դառնար ամբողջ երկրին համար։
Ու այս պատճառներուն հետեւանքով ալ երկրին մէջ կ՚աճէր պառակտուածութեան, բեւեռացման դրոյթ մը, որուն ամենէն հիմնական բաղկացուցիչներէն կը համարուէին կրօնական, ցեղային եւ տեղայնական պատճառները։
Լիբանանի ժողովուրդը կը դադրէր ըլլալ սոսկ լիբանանցի, այլ կը վերափոխուէր ու կը դառնար՝ քրիստոնեայ լիբանանցի, իսլամ լիբանանցի, աջակողմեան-պահպանողական լիբանանցի ու նաեւ ձախակողմեան-յառաջադէմ լիբանանցի։
Անկախ անկէ, որ այս պատկերները մտահոգիչ կը դառնային երկրին համար, բայց եւ այնպէս, այդ փուլէն ետք եւ քաղաքական եւ այլ շահերու բախումներէն յառաջացած տարակարծութիւններն ու ընդհարումները կ՚ունենային աւերիչ հետեւանքներ։
Մենք կը խօսինք վաղ 1970-ականներու Լիբանանին մասին, ուր Պէյրութը կը դառնար շրջանային ուժերու եւ գաղտնի սպասարկութիւններու համար փորձարկման կեդրոն եւ լրտեսութեան դաշտ։
Արտաքին ուժերուն համար Լիբանանի «ընդհանուր մարմին»ը անգտանելի, սակայն գտնուած այնպիսի մարմին մըն էր, որուն միջոցաւ կարելի պիտի ըլլար խուսափիլ Միջին Արեւելքը «կրակի տալու» գաղափարէն ու արաբ-իսրայէլեան մեծ հակամարտութիւնը կերպով մը փոխադրել դէպի Պէյրութ։ Մայրաքաղաքէն կառավարել «մեծ խաղեր»՝ «փոքր քաղաք»ի մէջ մօտեցումը ու ստեղծել մեր ապրած ժամանակներու ամենամեծ եւ ամենաարիւնալի հակամարտութիւններէն մին։
Արաբականութիւն եւ իսլամական աշխարհ, Խորհրդային Միութիւն եւ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման պայքար եւ ի վերջոյ արեւմտեան աշխարհ եւ դրամատիրական խոխորտանքներ… Այս բոլորը տեղ կը գտնէին Լիբանանէ ներս սկիզբ առած մեծ պայքարին մէջ, որ սակայն կ՚աւարտէր առանց յստակեցուած «սահմաններ»ու, առանց յայտնի եւ յստակ եւ կամ նոյնիսկ հեռակայ լուծումներու ու առաջադրանքներու։
Լիբանանը կը քանդուէր, կը կերպարանափոխուէր, ականատես կը դառնար մարդկային մեծ ողբերգութիւններու, սակայն համաարաբական ընդհանուր միջամտութիւն-օգնութեամբ՝ Պէյրութը այս անգամ փիւնիկի նման կը յառնէր մահէն ու ցաւէն։
Այս բոլորին մէջ ուշագրաւը այն էր, որ Լիբանանի քաղաքական-քաղաքացիական պայքարներուն մէջ դեր ստանձնած եւ զանազան առումներով ներքին պարտութիւններու, ահագնակերպ սպանութիւններու, մահասարսուռ պատկերներու կերտման մեծ դերակատար «պատերազմի իշխաններ», այս անգամ առաջ կը նետուէին, կը դառնային խաղաղութեան ժամանակաշրջանի առաջնորդներ։ Այդ իշխանաւորները կը յաջողէին լաւապէս «բռնել» ու իրենց ձեռքերուն մէջ պահել համայնքներու «իւղոտ» լարերն ու պարանները, որոնց շնորհիւ ու ճամբով ալ ցայսօր կը շարունակեն իրենց օրակարգը։ Այդ օրակարգը հարստահարել է լիբանանցի ժողովուրդը եւ կամայական քայլեր առնելով երկիրը դարձնել սնանկ ու Լիբանանը հռչակել «ձախողած հանրապետութիւն» մը։
Անշուշտ, այս բոլորը նշեցի, բացատրելու համար, թէ Լիբանանի մէջ այսօր ընթացող զարգացումները ունին բաւական խորքային պատճառներ, որոնք նաեւ մեծապէս պայմանաւորուած են շրջանային երկիրներու կողմէ տրուած թելադրանքներով եւ անոնց կատարած միջամտութիւններով։
Հակառակ այս հեռապատկերներուն, Լիբանանի մէջ ամենէն իւրօրինակը անոր երիտասրդ տարրն է, որ հակառակ մեծ ճնշումներու, սուտ խոստումներու եւ մօտեցումներու, կարողացաւ դառնալ երկրի անկախ հատուածը ու այսօր ալ կը շարունակէ իր պայքարը՝ յանուն այն երազներուն, որոնք առաջին օրէն տեղաւորուած են ու կան ոեւէ իրաւ լիբանանցիի հոգիի խորքերուն մէջ։
Հեռու մնալով եզրակացութիւններու յանգելու ոչ-շնորհակալ գործէն ու փոքր պատկերով մը խօսելով ներկայ իրավիճակի մասին՝ հարկ է ըսել, թէ ճիշդ է, որ իր երիտասարդութեան համար երազային Լիբանանը տակաւին հեռու է իրականութիւն դառնալէ, բայց եւ այնպէս, այդ երիտասարդութեան՝ տաղանդաւոր եւ լուսաւոր այդ երիտասարդութեան երազը անմար է։
Ի դէպ, իմանալու համար, որ ի՛նչ ձեւով կը մտածեն Լիբանանի երիտասարդութեան հայ ներկայացուցիչները, կատարեցի կարճ զրոյց մը լիբանանահայ երիտասարդ տարրերէն Յակոբ Մելքոնեանի հետ։
*
-Լիբանան երկար ատեն թատերաբեմը դարձաւ բողոքի մեծ ալիքի մը։ Ինչպիսի՞ն էր վիճակը ցոյցերէն առաջ եւ՝ ինչպիսի՞ն է այսօր:
-Ինչպէս գիտէք, երկար ատեն Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, որոնք սկիզբ առին Լիբանանի տնտեսական ծանր իրավիճակի, լիբանանեան դրամի սղաճի, ապրուստի սղութեան եւ կազի ու պենզինի տագնապի հետեւանքով: Այսօր արդէն Լիբանանի մէջ վախ կայ, որ վիճակը աւելի բարդանայ եւ հասնինք անօթութեան: Ցոյցերու սկզբնական շրջանին, մարդոց մօտ կար վախ մը, որ այս շարժումը Լիբանանը տանի քաղաքացիական պատերազմի, լիբանանցիները իրենց կրօնական-համայնքային գաղափարները մէկ կողմ դրին, առաջին անգամ ըլլալով միասնաբար հաւաքուեցան, որպէսզի պաշտպանեն իրենց երկիրը եւ իրենց տարրական իրաւունքները: Շարժումը սկիզբ առաւ Լիբանանի նոր սերունդին՝ երիտասարդութեան կողմէ, ապա, նոյնիսկ տարեցներ միացան անոնց, որոնք մէկ կողմ դրին իրենց կուսակցական պատկանելիութիւնը, սկսան մտածել Լիբանանի եւ իրենց երեխաներու ապագային մասին, ինչ որ մինչ այս իրենք չէին կրցած ապահովել: Ամենազգալին այն է, որ լիբանանցիներու մօտ վերջ գտաւ այն վախը, զոր կը զգային իրենց քաղաքական առաջնորդներու հանդէպ: Հիմա կայ նոր մթնոլորտ մը. Լիբանանի մէջ քաղաքական գործիչ մը երբ ճաշարան կամ որեւէ հանրային տարածքէ ներս յայտնուի, ցուցարարները անոր դէմ կ՚ելլեն եւ զինք կը վտարեն այդ վայրէն։
-Ի՞նչ են երկրին մէջ տիրող ընդհանուր մտահոգութիւնները։
-Հիմա լիբանանցիներուն գլխաւոր մտահոգութիւնը այն է, որ որոշ կուսակցութիւններ կը փորձեն յեղափոխութիւնը իւրացնել, բայց ցուցարարները շատ արթուն են եւ կը պաշտպանեն իրենց յեղափոխութիւնը: Մէկ բռունցք դարձան բոլոր լիբանանցիները, անոնք ըլլան տարբեր կրօնքներէ կամ տարբեր կուսակցութիւններէ, ինչ որ մեծ վախ կը պատճառէ քաղաքական գործիչներուն, որոնք կը մտահոգուին իրենց ընտրողներու թիւի նուազման մասին։
-Լիբանանահայութեան մօտ ի՞նչ են գլխաւոր մտավախութիւնները:
-Լիբանանահայերը, միւս համայնքներուն նման, իրենք ալ մտավախութիւններ ունին, որ ինչպէս պիտի կարենան դիմագրաւել այս տնտեսական տագնապը: Սակայն լիբանանահայութիւնը, ինչպէս գիտէք, աշխոյժ համայնք մըն է եւ, յատկապէս դժուար պահերուն, միշտ մէկզմէկու կողքին են, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ, թէ՛ հայկական կամ արաբական եւ թէ բարերարներ, օգնութեան ձեռք կը մեկնեն հայ համայնքի ծերերուն եւ անապահով ընտանիքներուն: Իսկ աշխատանքի վերաբերեալ, ինչպէս բոլոր լիբանանցի երիտասարդները, հայ երիտասարդները եւս մտահոգ են ստեղծուած ծանր տագնապէն ու վախի մէջ են գործազրկութեան կապակցութեամբ։
-Լիբանանահայ երիտասարդներ կը լքեն, կը հեռանան երկրէն, ի՞նչ տուելաներ կրնաք փոխանցել այդ մասին:
-Այո՛, մեծ թիւով երիտասարդներու երկրէն հեռանալը դարձած է մտահոգիչ: Լիբանանահայերը, դժբախտաբար, միւս լիբանանցի երիտասարդներուն նման, իրենց երկիրը կը լքեն եւ այլ տեղեր կ՚երթան, աշխատանքի աւելի լաւ հնարաւորութիւններ կը փնտռեն, որպէսզի կարենան նիւթապէս իրենց ընտանիքի կողքին կանգնիլ: Լիբանանահայերը մաս կը կազմեն Լիբանանի ժողովուրդին եւ իրենք ալ բողոքի ցոյցերու կողքին են, ըլլայ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով, իրենք ալ իրենց իրաւունքները կը պաշտպանեն, անշուշտ պահելով իրենց միասնութիւնը իբրեւ հայկական համայնք:
Կրնամ ամփոփելով ըսել, որ Լիբանանը կ՚անցնի շատ դժուարին տնտեսական եւ քաղաքական տագնապէ, սակայն յոյս ունինք, որ երկիրը կ՚ընթանայ դէպի լաւ ապագայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024