ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ ԵՒ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՍ

Ի՞նչ է արձակուրդը. յաճախ ինծի հարց տուած են շուրջիններս՝ անմեղօրէն։ Արդեօք առօրեայէն փախո՞ւստ մըն է, թէ ոչ իսկապէ՛ս կազդուրուելու եւ վերանորոգուելու փորձ մը։ Անձնապէս համոզուած եմ, որ արձակուրդ ըսուածը մարդուս համար բնական պահանջք մը ըլլալով հանդերձ ան նաեւ գեղեցիկ ու թարմ ակնկալութիւն մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ սահմանուած օրերու ընթացքին կեանքը տարբեր ձեւով ու ոճով ապրելու գաղտնիքն ու ազատութիւնը։ Նաեւ որդեգրում մը՝ եթէ կ՚ուզէք, հեռու մնալու ամէնօրեայ տեսակաւոր հոգերէն եւ մտահոգութիւններէն։

Նման սահմանումներով ոգեւորուած, այս ամառ, այր ու կին որոշեցինք Արեւելեան Եւրոպան «պտտիլ», «տեսնել» օտար հսկայ ընկերութեան մը կազմակերպած շրջապտոյտին մասնակից դառնալով։ Շատ տարիներ առաջ նոյն ընկերութեան հետ արդէն շրջագայած էինք Արեւմտեանը։ Անկեղծօրէն ըսեմ, որ Եւրոպան իր արեւելքով եւ կամ արեւմուտքով, մեզի, երկուքիս համար ալ, պատմական խոր թափանցումի չէր կարօտեր։ Տասնամեակներ առաջ դպրոցական նստարաններու ետին, արդէն ծանօթացած էինք դարերու իր պատմութեան եւ ապա անկէ ետքն ալ միշտ եւ մօտէն հետեւած՝ անոր նոր վերիվայրումներուն։ Եւրոպան աշխարհի պատմութիւնը նկատած էինք։

Ու այսպէս, գեղեցիկ օր մը, սկսելով Վիեննայէն՝ լաւապէս «մարսելէ» ետք իր «Հապսպուրկ Տայնասթի»ն, անցած էինք Սլովենիա, ապա Զաղրէպ եւ Քումրովէք՝ մարաջախտ Թիթոյի ծնած քաղաքը, ուր կանգնած էր նաեւ անոր հսկայ արձանը, անցած էինք Պուտափեշտ՝ որ ճանչցուած էր իբրեւ արեւելքի Փարիզ եւ հասած՝ Հունգարիա, Վարշավիա, հրէական հրկիզման կեդրոններ, անկէ Պերլին իր պատմական պատին եւ «Հիթլերական» յուշերուն, Փրակա…. եւ այսպէս երկու շաբաթ շրջագայութիւն, որուն ընթացքին իբրեւ զբօսաշրջիկ մեր աչքերուն յուսահատ կողոպուտովը, բոլորին նման փորձած էինք ամբարել մեզի հրամցուած պատումներն ու յուշերը, թուականներն ու դէմքերը։ Եւրոպան հսկայ պատմական թանգարան մըն էր, ոչ մէկ կասկած, ուր կողք կողքի շարուած էին դաւադիր դէմքեր, պալատականներ, կոթողական տաճարներ, հզօր թագաւորներու եւ զօրավարներու արձաններ։ Մէկ խօսքով հմայք ու բանաստեղծութիւն, երաժշտութիւն եւ հանճար, ճաշակաւոր հսկայ պարտէզներ, գոյն, լոյս, գիծ, եւ արուեստ հրամցուած էին հարազատօրէն։ Հոն նաեւ կեանքի զանազան խորհուրդներ իրար խառնուելով կազմած էին Արեւելեան Եւրոպայի հին ու նոր պատմութիւնը։

Կը ներէք։ Կը կարծեմ, որ գրիչս, հո՛ս պէտք է կանգ առնէ, որովհետեւ նման որդեգրում բացատրութիւն եւ կամ նկարագրում ինքնին ինքնագովութիւն ալ կ՚ենթադրէ։ Եւ ճիշդ բան չէ։ Ես ձեզի հետ համաձայն եմ։ Որո՞ւ հոգը, թէ ես այս ամառ արձակուրդի ո՞ւր գացած եմ, կամ ի՞նչ ըրած եմ։ Իմ կողմէ այսքան ցուցամոլութիւն եւ սնապարծութիւն քիչ մը շատ են։ Նոյնիսկ՝ ամօթ կը նկատեմ իմ մասիս խօսիլ եւ կամ ալ նման բաներ փոխանցել՝ չտեսի մը նման։

Սակայն ահա, այս անգամ, ենթագիտակցութիւնս էր, որ կ՚ընդդիմանար ու միեւնոյն ատեն ինծի կը յիշեցնէր, թէ այս բոլորին մէջ անպայման կեանքի թելադրանքէն վարակիչ ապրումներով լեցուն խորհուրդ մը ըլլալու էր։ Հաստատապէս ճիշդ էր։ Անձնապէս զմայլած էի Արեւելեան Եւրոպայի այդ նորանկախ երկիրներու ժողովուրդներու մօտ հետզհետէ աճող եւ զգալիօրէն երեւան եկող ազգային ոգիին, ու նախանձի աչքերով դիտած անոնց նոր իրավիճակին նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրանքն ու մօտեցումը։ Յատկապէս հիմա, որ փրկուած էին Խորհրդային իշխանութեան կապանքներէն, տեսանելի էին նոյն այդ ժողովուրդներու մօտ իրենց ազատութեան եւ անկախութեան հանդէպ ունեցած բարձր գնահատումն ու արժանապատուութիւնը, վերապրելու, հայրենիք ըսուած հողամասը վերակերտելու, յաւիտենականացնելու եւ զայն միշտ բարգաւաճ պահելու հաւաքական ձգտումը,  ազգային վճռակամութիւնն ու ճիգը։ Օրինակելի՛ եւ նոյնքան ալ աւելի օրինակելի՛։

Անոր համար կրկին անգամ անձս լքած էի այդ օտար հողերուն վրայ։ Կ՚ուզէի, որ մենք ալ իբրեւ հայեր այս աշխարհի վրայ, ազգովին իրենց նման մեր երկրի անկախութեան տէրը դառնայինք, գուրգուրոտ մնայինք, չարտագաղթէինք, հողին կապուած մնայինք, երկիրը շէնցնէինք, ազգային ոգիով լեցուն ապրէինք, աւանդով եւ իմաստաւորուած։

Մարդուս հոգին օտարութեան մէջ կրնայ հատնիլ, ըսած էին  մեր մեծերը, ճիշդ էին, որովհետեւ հոգին եթէ անգործ ու անզգայ մնայ, ժանգ կը կապէ ու այդ նոյն ժանգը կրնայ զինք փճացնել։ Եւ արդեօք հոգիի այդ ժանգը սրբելու համար աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր այս անգամ ալ հայրենիք այցելելս։ Մտովի ես ինծի տուած այս հարցականս խորքին մէջ դատապարտումի բնոյթով մըն ալ երեւցաւ։ Կարծես յանցանք մը գործած էի։ Բայց հպարտօրէն պէտք է, որ ըսեմ, թէ օտար բոլոր գեղեցկութիւններուն դիմաց հայրենիքս իմ ենթագիտակցութեանս մէջ միշտ եղած ու մնացած էր։ Եւ այս մէկը պարզ ինքնարդարացում մը չէ, որ կ՚ընեմ եւ ոչ ալ չքմեղանքի փորձ մը։ Հայաստանը մեր մտքերուն մէջ էր։ Մեզի հետ Եւրոպա տարած էինք իր վիպային եւ  պատմական իրավիճակով։ Ահա թէ ինչո՞ւ նոյնիսկ Սլովանիոյ «Լըպետ» լիճը բաղդատած էինք հայրենի Սեւանին, իսկ երկրի գունաւոր դրօշին վրայ եռագագաթ իրենց բարձրագոյն լերան նկարը՝ նմանցուցած երկգագաթ մեր Արարատին։ Եւ տակաւին Վիեննայի, Զաղրէպի եւ կամ Վարշավիոյ փողոցներուն հարիւրաւոր կոթողներու եւ յուշարձաններու մէջ, հեւքով Սասունցի Դաւիթի արձանը որոնած էինք, Մոցարթի կողքին՝ Կոմիտասինը, իսկ մարաջախտ Թիթոյին՝ զօրավար Դրօն։ Հոն, ամէն վայրկեան զաւակ, տուն, թոռնիկ, ծննդավայր «հոլոված», փնտռած եւ անոնցմով ապրած էինք։

Ահա քեզի հայու արձակուրդ…։ Այս բոլորը մեր կեանքի անբաժան մասնիկները դարձուցած էինք, անոր համար կը կարծեմ, որ հոգին չէր ժանգոտած։ Ու հիմա, այս բոլոր ինքնարդարացումներէն ետք երկչոտ յուզում մը բռնած է մարմինս։ Այս բոլորէն ետք ինծի համար էականը ճշմարտութեան աշակերտելն էր։ Ես տեսած էի Եւրոպայի բազմատեսակ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդները իրենց ամբողջական գիծերուն մէջ։ Խօսած էի շատերուն հետ։ Յուզուած եւ ամենէն սոսկալին՝ նախանձած։ Ինչո՞ւ մենք ալ իրենց նման չըլլայինք, չմտածէինք։ Մտովի հազար երանիներ տուած էի։ Դարաւոր կեանք ունեցող այդ օտար ու հնամաշ տաճարներուն մէջ հազար մաղթանքներ ու աղօթքներ դէպի երկինք ղրկած էի, որովհետեւ հաւատացած էի, որ ժամանակը մեզի դէմ էր։ Նայեցէք ձեր շուրջը։ Տեղ մը ծուռ բան մը կայ հայ կեանքին մէջ։ Գրեթէ միեւնոյն շրջանին անկախացած երկիրներ էինք։ Անոնք եւ մենք։ Ինչո՞ւ անոնք այսչափ կառչած էին իրենց հողին, դրօշին, արմատին։ Ո՞ւր էր գաղտնիքը։ Դուք ըսէ՛ք։ Աշխարհը արդէն շատոնց իր նոր հունին մէջ մտած է։ Նորութիւն մը չէ, որ կ՚ըսեմ։ Էականը ղեկն ու ուղղութիւնն է։ Փոխել, ընտրել, նորոգել եւ նորոգուիլ։ Մէկ խօսքով ըլլալու կամք։

Էականը մեր հոգիի ժանգը քակելն է։ Մնացեալը պարզ զբօսաշրջութիւն է, նոյնիսկ պարզ արձակուրդ, ե՛ւ հաճոյք ո՛ւ ժամանց։

Հաւատացէ՛ք, պատմութիւնն է միակ իրաւն ու վստահելին եւ ո՛չ թէ մարդը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Շաբաթ, Մարտ 20, 2021