ԺՊԻՏՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Աշխատանքի մը, առեւտրական կամ որեւէ այլ գործի մը երկարակեցութիւնը մեծ մասամբ կախեալ է անհատներու յարատեւելու ոգիէն: Անշուշտ այլ գործօններու դերակատարութիւնն ալ պէտք չէ զանց առնել: Ահաւասիկ՝ ընտանեկան արհեստ մը, այս պարագային՝ լուսանկարչութիւն, որ յաճախ արուեստի յատկանիշներ կ՚ունենայ եւ տասնամեակներ կը գոյատեւէ, որովհետեւ աշխատանքը կատարողները հետեւողական են, կը ձգտին նոյն մակարդակը պահպանել եւ ամենէն կարեւորը… կը ժպտին:

Յօդուածը հրապարակած է «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի կայքը:

*

ՈՒԹՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ՏԱԿԱՒԻՆ ԺՊՏԻԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՏԵՆ

«Ֆրետ Մարքուս սթիւտիօ»ն՝ ընտանեկան գործը Նիւ Եորքի մէջ հազարաւոր լուսանկարներ նկարած է հարսնցուներու, փեսացուներու եւ անոնց տօնակատարութիւններու:

Ֆրետ Մարքուս, որ Նիւ Եորքի մէջ տասնամեակներէ ի վեր հարսանեկան լուսանկարիչ էր, յաճախ կ՚ըսէր. «Երբ հարսանիքը աւարտի, լուսանկարները յաւիտեան կը մնան: Այդպիսին նոյնպէս կ՚ըլլան այն յարաբերութիւնները, որոնք մենք ձեռք բերած ենք այդ հանդիսութեան ատեն»:

Տասնամեակներ ետք ըսածները կը շարունակեն մնալ իրական:

Յունուարին «Ֆրետ Մարքուս սթիւտիօ»ն տօնեց այդ ասպարէզին մէջ իր 80-ամեակը:

Արուեստանոցը, որ միշտ մասնագիտացած է հարսանիքներ նկարելու մէջ, Նիւ Եորքի մէջ տակաւին գոյատեւող եւ ծաղկող քանի մը լուսանկարչատուներէն մէկն է, որուն սեփականութիւնը եւ աշխատանքը սերունդէ սերունդ փոխանցուած են:

Աւելի քան 70 տարի Նիւ Եորքի Ուեսթ 72-րդ փողոցին մէջ մնալէ ետք, ընկերութիւնը 2019-ին տեղափոխուեցաւ իր ներկայիս վայրը՝ 58-րդ փողոցին վրայ, Քոլոմպոս շրջանին մէջ:

Այս տեղափոխութեան ընթացքին անոնք հաւաքեցին հազարաւոր լուսանկարներ, թուային արխիւներու հատորներ եւ տարիներու ընթացքին ստեղծուած յիշողութիւններ:

Անոնք երեք յարկերու վրայ 372 քառակուսի մեթր գործող տարածքէն անցան 232 քառակուսի մեթր տարածքի, որ մէկ յարկի վրայ է, աւելի համախմբելով բոլորին աշխատանքը:

Ամիսէ մը աւելի անոնք կը հաւաքէին 300 տուփեր, որոնք կը պարունակէին 30 տարուան նկարներու փորձապակիներ (նեկաթիւ) եւ թուային նիւթեր, որոնց մեծ մասը զետեղուած էր պահեստանոցին մէջ:

Անոնք տեղափոխուեցան նոր տարածք՝ աւելի քան տասնեակ մը լուսանկարչական մեքենաներով, լուսաւորող սարքերով, մեծ տպիչով, լուսանկարներու յետամասով (ֆոն) եւ աւելի քան 50 պատկերատետրով (ալպոմ), որոնք լեցուած էին արխիւային լուսանկարներով:

Մարքուս ըսաւ, որ իրենց նախորդ վայրին վարձքը շատ սուղ էր, եւ իրենց աւելի աժան տեղ պէտք էր:

Ըստ ընտանեկան պատմութիւններու, 1939 թուականին Ֆրետ Մարքուս 29-ամեայ երիտասարդ էր, որ փրկուած էր Հոլոքոստէն եւ կը բնակէր Քուպայի մէջ: Ան հարստացաւ ընտանիքներ լուսանկարելով լողափին:

«Հօրս միակ գիտցածը լուսանկարել եւ մարդոց հետ հաղորդակցիլն էր», կ՚ըսէ անոր տղան՝ Էնտի Մարքուս, որ կը բնակի Ուեսթ Սայտի մէջ, իր կնոջ՝ Ճուտի Մարքուսի հետ, որ տաղաւարին տնօրէնն է:

«Երբ ես փոքր էի, հօրս հարցուցի, թէ ինչո՞ւ հարսանիք կը նկարէ: Ան բացաւ «Դեղին էջեր»ը եւ ցոյց տուաւ առեւտրական նորաձեւութեան լուսանկարիչներուն բազմաթիւ էջերը: Ապա ան բացաւ հարսանեկան լուսանկարիչներու բաժինը: Նշուած էին միայն երեք-չորս անուններ: Հայրս կ՚ուզէր ընել բան մը, որ միւսները չէին ըներ»:

Ֆրետ Մարքուս 31 տարեկան էր 1941 թուականին, երբ ան բացաւ իր արհեստանոցը Արեւմտեան 72-րդ փողոցի շէնքերէն մէկուն նկուղային յարկին մէջ: Այն ժամանակ ան մէկ տղայ ունէր:

Տասներկու տարի ետք, փորձելով Էնտին զերծ կացուցել փորձանքէ, Ֆրետ զայն լուսաւորութեան օգնական դարձուց իր նկարահանած հարսանիքներուն:

«Ատկէ ետք մենք գործածուած ժապաւէնը պահարանին մէջ նոր ժապաւէնով կը փոխարինէինք առաւօտեան ժամը երկուքին: Մենք դուռը կը փակէինք եւ գետինը սրբիչ կը դնէինք, որպէսզի լոյսը չմտնէ: Իրարու հետ կը զրուցէինք հարսանիքի մասին: Ատիկա զինք ճանչնալու հրաշալի միջոց էր», ըսաւ Էնտի Մարքուս:

Էնտի Մարքուս երբեք չէ լքած ընտանեկան արհեստը: Քոլէճը աւարտելէ ետք ան սկսաւ լիաժամ աշխատիլ տաղաւարին մէջ:

Երբ 1975 թուականին հայրը ինքնաշարժի արկածի պատճառով վիրաւորուեցաւ, Էնտի ստանձնեց գործը:

«Զիս առանձին ձգած էին գործը ղեկավարելու համար: Ես բաւարար չափով չէի գիտեր ատիկա ինչպէս ընել: Ես պարզապէս գիտէի, որ պէտք է այնպէս ընեմ, որ գործը շարունակուի: Ես կ՚ուզէի, որ հայրս հպարտանար ինձմով», կ՚ըսէ ան:

Ֆրետ Մարքուս 7 ամիս մնաց հիւանդանոցին մէջ: Այդ ընթացքին Էնտի Մարքուս կը զարգանար եւ փորձառութիւն կը շահէր: Առաջին ջահը յանձնուած էր:

«Երբ ես սկսայ, իւրաքանչիւր լուսանկար կը պահանջէր մէկ կայծակ-լամբ (flash bulb): Յետոյ պէտք էր փոխէինք ժապաւէնը: Հարսանիքի ատեն ամենէն աւելի 80-100 լուսանկարներ կ՚ունենայիք: Երբ 2000 թուականներու սկիզբը թուայինը սկսաւ տարածուիլ, ատիկա փոխեց ամէն բան: Այժմ կրնաք հարսնցուի կօշիկներէն 100 լուսանկար ունենալ»:

Այն, որ չէ փոխուած, յաճախորդին ցանկութիւնն է, թէ ի՛նչ նկարել:

«Մենք յայտնի ենք ընտանեկան արտայայտիչ, լաւ լուսաւորուած դիմանկարներով: Ատիկա կը պահպանէ մեր ժառանգութիւնը», ըսաւ Էնտի Մարքուս:

2001 թուականին մահացաւ Ֆրետ Մարքուս, որ այդ ժամանակ 91 տարեկան էր: Էնտի Մարքուս տարիներու ընթացքին ընդարձակեց գործը՝ նոր ներուժով, թարմ գաղափարներով, բարձրացուց գիները եւ աւելցուց յաճախորդները:

80-ականները եւ 90-ականներու սկիզբը բերին ճոխութիւն եւ մեծ իրադարձութիւններ:

«Հարսանիքները աւելի մեծ էին, աւելի շատ ծաղիկներ, աւելի մեծ նուագախումբեր», ըսաւ Էնտի Մարքուս:

Հարսանեկան ճարտարարուեստը աճեցաւ: Յայտնի մարդիկ յաճախորդներ դարձան: Այսօր միջին ծրարները կը սկսին շուրջ 9-20 հազար տոլարէն, թէեւ որոշ յաճախորդներ ծախսած են աւելի քան 150 հազար տոլար:

Այնուհետեւ Էնտիի որդին՝ Պրայան Մարքուս, որ արհեստը սորված էր իր հօրը նման, 2003 թուականին միացաւ գործին՝ ուսումը աւարտելով Լոս Անճելըսի շարժապատկերի ընկերութեան մը մէջ որպէս արտադրութեան օգնական կարճատեւ աշխատանքէ ետք:

«Ասիկա այն աշխատանքն է, որուն մէջ իմ ընտանիքս յաւիտեան արմատաւորուած է», ըսաւ 42-ամեայ Պրայան Մարքուս, որ այժմ ընկերութեան տնօրէնն է:

Անոր հայրը այլեւս աւելի նուազ կ՚աշխատի. կը նկարահանէ հարսանիքներ, կը հանդիպի յաճախորդներու հետ, կ՚օգնէ լուսանկարներու ընտրութեան եւ պատկերատետրերու ձեւաւորման:

«Այս աշխատանքին մէջ ծնած ըլլալով՝ իմ մէկ ոտքս արդէն մէջն էր, որովհետեւ յաճախորդները կը վստահէին ինծի», ըսաւ Պրայան Մարքուս: Անոնք գիտէին, որ ես գիտելիք եւ ունակութիւն ունիմ: Այդ ժամանակ ես ստիպուած էի պահպանել անոնց վստահութիւնը եւ ապացուցել ինքզինքս: Ամէն օր կ՚աշխատիմ հօրս եւ մեծ հօրս կողմէ կառուցուած յարգանքը նուաճելու համար»:

Այսօր, Էնտիէն եւ Պրայանէն բացի, անոնք վեց մնայուն պաշտօնեաներ ունին: Ատիկա կը ներառէ երկու լուսանկարիչներ, որոնք կը նկարահանեն հարսանիքներ եւ կը զբաղին արտադրութեամբ: Տասնհինգ այցելու աշխատաւորներ կ՚օգնեն լուսանկարչութեան, տեսանիւթերու եւ լուսաւորութեան գործին:

Մարքուսները լուսանկարած են աւելի քան 30 հազար հարսանիք՝ շրջագայելով ամբողջ աշխարհի մէջ, զոյգերը նկարահանելու համար (լուսանկար, շարժապատկեր, տեսանիւթ):

Անոնց նկարահանած յայտնի մարդոց շարքին են՝ դերասանուհի Մերի Թայլեր Մուր եւ տքթ. Ռոպերթ Լեւի, դերասան Պիլի Պոլտուին եւ Չայնա Ֆիլիփս, կատակերգակ Էտի Մըրֆի եւ Նիքոլ Միտըլ, Մարիօ եւ Մաթիլտա Քումոյի դուստրը եւ թոռնուհին, ծերակուտական Չաք եւ Իրիս Շումերի դուստրը: Անոնք նոյնպէս լուսանկարած են՝ Տանըլտ Թրամփի եւ Մարլա Մէյփըլսի, Իվանկայի եւ Ճարետ Քուշների հարսանիքները:

«Հայրս գիտէր՝ ինչպէս լուսանկարել: Այդ ժամանակ չէիր կրնար նայիլ, թէ ի՛նչ կը տեսնես. ճիշդ նկարա՞ծ ես զոյգը, կամ՝ կարկանդակը, պարող մարդիկը: Դուք պէտք էր վստահէիք, որ ճիշդ լուսանկարած էք», ըսաւ Էնտի Մարքուս: Ան աւելցուց, որ հարսանիքներ եւ հաւաքոյթներ նկարելու ասպարէզը կ՚ենթադրէ շաբաթը 7 օր տեւողութեամբ սպառում:

«Դժուար է ձեր անձնական կեանքը: Դուք կրնաք բազմաթիւ շաբաթավերջեր եւ արձակուրդի օրեր անցընել ձեր ընտանիքէն հեռու, որովհետեւ կը վաւերագրէք այդ օրերը տօնող այլ մարդիկ», նշեց ան:

Բայց ճիշդ այս տօնակատարութիւններու ժամանակ է, որ Մարքուս ընտանիքը ամբողջ կեանք մը անցուցած է՝ յաւերժացնելով եւ ստեղծելով սերունդներու հետքեր:

«Եօթանասուն տարի առաջ Ֆրետ Մարքուս նկարահանեց ծնողներուս հարսանիքը, իսկ 46 տարի առաջ՝ իմս», ըսաւ Պրոնքսէն 67-ամեայ Ճուտիթ Քուֆթալ: «Ասիկա երկարատեւ յարաբերութիւն էր: Ես բոլորը ճանչցած եմ: Անոնք նկարահանեցին իմ երեք որդիներուս հարսանիքները: Ֆրետը, որ այլեւս չէր աշխատեր, եկաւ իմ աւագ տղուս հարսանիքին՝ պարզապէս զայն շնորհաւորելու, անոր հետ ողջագուրուելու համար: Ատիկա յատուկ բան մըն է»:

Հարսանեկան ճարտարարուեստին մէջ կարօտը ամէն բան է:

«Հայրս հիանալի վերաբերմունք ունէր մարդոց հետ: Ան ինծի պատուիրած է՝ ոչ ոքի «ժպտէ՛» ըսել, այլ՝ խօսի՛լ անոնց հետ», ըսաւ Էնտի Մարքուս:

«Հայրս կառուցեց յարաբերութիւններ: Յետոյ ան պահեց զանոնք: Ես ալ ըրած եմ: Այդպէս է նոյնպէս Պրայանը: Այսպէս մենք կը շարունակենք: Այդ պատճառով մենք տակաւին հոս ենք»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021