ԱՅՑԵԼՈՒՆ
Կոմիտասի արձանի ետին, անկէ հինգ մեթր հեռու, կը հանգչի նստարանին։ Վարդապետին չի նայիր սակայն։ Աչքերը ուղղած է դէպի անորոշ հեռու մը եւ սառած գրեթէ։ Դիմացը դրած է խոշոր աւելը, երկու ձեռքերով բռնած կոթէն անոր, ու դանդաղ, նոյն կշռոյթով, կը դարձնէ զայն։ Աւելի մազերը մեղմիկ կը խշշան քսուելով քարէ յատակին։
Առաւօտ է, ութի կողմերը. քչամարդ է այգին։ Երեք ժամ անցեր է արդէն իր գալուստէն. մնացեր է հինգ ժամ աշխատանքի։ Կէսօր չեղած պէտք է մաքրէ այս այգին, որպէսզի վերադառնայ տուն, կէսօրէ ետքն ալ բնակարան մը երթալ մաքրելու։ Հիմնական գործը այդ է, օրական՝ մէկ բնակարան, բացի կիրակի օրերէն։ Շաբաթը երկու անգամ ալ, կանուխ ժամերու, վարդապետին այցելուն է։
Գանգուր ու խիտ մազերը, արծաթափայլ, կը թափին երկու ուսերու ուղղութեամբ։ Աչքերը յոգնած են, արձանէն անդին կը նային։ Յանկարծ կը շարժի, կը խանգարէ անշարժութիւնն իր, որ վարդապետինին սկսած էր արդէն նմանիլ։
Ախ մը կը հանէ, գլուխը թափ կու տայ, կը նայի երկնքին. յետոյ ձեռքերէն մէկը կ՚ուղղէ գրպան, փոքր ջուրի շիշ մը կը հանէ, կը տանի շուրթերուն, եւ կերպընկալը ճթճթացնելով ներս կ՚առնէ քանի մը ումպ։ Շիշը կը վերադարձնէ գրպան, եւ ձեռքը, երբ այնտեղէն դուրս կու գայ, հետը քանի մը հատիկ կաղին կը հանէ։ Բոլորը միասին կը նետէ բերան, կը ծամէ զանոնք, ու կը մտածէ, արդէն շարժուն, փախփխող աչքերով։
Ի՞նչ ընէ պիտի։ Արգանդի անօրինակ ցաւը շաբաթէ մը աւելի է, որ եկեր ու հանգիստ չի տար իրեն։ Սկիզբը, առաջին շաբաթուայ ընթացքին, այցելու մըն էր պարզապէս, ինչպէս ինք՝ վարդապետին։ Քանի մը օրը անգամ մը կը յայտնուէր, մի քանի ժամ կը մնար, կը հաւաքուէր կ՚երթար։ Հիմա սակայն, այս քանի մը օրը, անդադար է գրեթէ։
Լսէ՞ Մոսկուայի քրոջ խորհուրդին, երթա՞յ բժիշկի։ Դրամը կ՚ուղարկէ, ըսեր էր...։ Բայց ի՞նչ էր անոր ունեցածը որ, կը մտածէ ատամներուն տակէն կաղնոյ կեղեւը մաքրելով, յետոյ դուրս թքելով զայն այնպէս, ինչպէս կ՚ուզէ թքել ամօթը, որ կը զգայ ամէն անգամ՝ քրոջմէն նիւթական կախեալութեան մասին մտածելով։ Յետոյ դրամը չէ միայն. ինչպէ՞ս վստահի բժիշկին։ Դրացի Լեման պատմեր էր, չէ՞, ինչպէս անհանգիստ տալը տարեր էին ողջ, ստացեր մեռած՝ հիւանդանոցէն։
Չէ, անցնի պիտի, քիչ մըն ալ սպասել է պէտք, ընդամէնը քիչ մը. մինչեւ միւս անգամ, որ դառնայ վարդապետի այցելուն։ Կ՚անցնի, կ՚անցնի, ի՞նչ է որ, աշխատող աշխոյժ կին է, դեռ վաթսուն չկայ, մայրը մինչեւ ութսուն էր ապրեր։ Կը յիշէ մայրը, վեր կը նայի, քանի մը անձայն խօսք կ՚ըսէ երկնքին։ Կը նայի վար. այգիի ծեր շունը կու գայ, ոտքերուն տակ, արեւուն կը պառկի։
Ցաւը կարճ դադար մը կու տայ. դադարն ալ յոյս։ Աչքերը նորէն կը սառին։ Կողքի երաժշտական դպրոցէն մեղեդի մը կը հնչէ։
Չէ, անցնի պիտի...
ԵՐԱՄ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024