ՀԱՑԸ

-Այս տոպրակը կարելի՞ է զամբիւղին մէջ ձգել, մինչեւ առեւտուրս աւարտեմ:

Կը հարցնէ տարեց յաճախորդը խանութի աշխատողին, երբ ձեռքէն ծանր տոպրակը գետին դրուած զամբիւղին մէջ կը տեղաւորէ:

-Ի հարկէ կարելի է,- կը պատասխանէ ժպտադէմ աշխատողը, ապա,- հաց կա՞յ տոպրակում,- կը հարցնէ իսկոյն,- եթէ այո, թողէք էստեղ՝ սեղանի վրայ պահեմ,- կը շարունակէ:

Տարեց կինը գոհունակութեան ժպիտով մը կը բարձրացնէ տոպրակը եւ կը յանձնէ աշխատողին:

Երեւոյթը մանկութեան յուշերուս դուռը բացաւ՝ «Եթէ հացին պատառը գետին իյնայ, գիտես ինչ կ՚ընես, չէ՞», կը յիշեցնէին մեծերը մեր մտքին մէջ ցանուած յորդորը, երբ հաց ուտէինք: Ակնարկ մըն էր հացին սրբութեան վերաբերող եւ մենք գիտէինք անշուշտ ինչ պիտի ընէինք՝ գետին ինկած պատառը պիտի վերցնէինք, համբուրէինք ու խոհանոցի քարին վրայ, օթեկ հացի փշրանքներուն մէջ պիտի տեղաւորէինք, իսկ հացի փշրանքները կը հաւաքուէին հոն եւ կամ կաթնավաճառին կը տրուէին, որպէսզի օգտագործէր որպէս կենդանիներու կեր կամ պատշգամը, սեղանին վրայ, ափսէի մը մէջ կը թափուէին թռչուններուն կեր ըլլալու համար:

Հինէն եկած այս պարզ սովորութեամբ յստակօրէն կ՚ուրուագծուի հացին արժէքը՝ ֆիզիքական եւ հոգեկան. «Եւ պատառ մը հաց բերեմ ու սրտերնիդ զօրացուցէք, ետքը անցէք» (Ծննդ. 18-5), նաեւ անհրաժեշտութիւնը հիւրերու ընդունելութեան պահուն. «...Շուտով երեք գրիւ բարակ ալիւր շաղէ ու շօթեր շինէ» (Ծննդ. 18-6), Աբրահամ կը խնդրէր Սառայէն անակնկալ հիւրերը ընդունելու պատրաստութեան առընչութեամբ: Առանց հացի սեղանը պատրաստել կարելի չէր, հացը օրհնութիւնն էր կարծես սեղանին:

«Տաշտը լիքը հաց, ընտանիքին բարեկեցութիւն» ժողովուրդին խօսքը կ՚ակնարկէ հացին առատաբեր յատկութեան:

«Աղ ու հաց ըլլանք» կ՚ըսենք, երբ փափաքինք հաղորդակցութեան մը սկզբնական բարի հիմքերը դնել:

Հալէպի հացը համեղ էր, հիմա Հալէպէն բարեկամներ կը տեղեկացնեն, թէ հացի սակաւութենէ կը տառապին, պետութիւնը հացի քանակ սահմանած է ընտանիքի անդամներուն համեմատ... պետութիւնը մտահոգութիւններ կը պատուաստէ ժողովուրդին գիտակցութեան մէջ՝ հացի, լոյսի, սղաճի... եւ պատերազմը կը շարունակուի տակաւին:

Հոս անգերազանցելի բուրումնաւէտ լաւաշին առընչուող բազմաթիւ աւանդութիւններ կան, որոնցմէ՝ նորապսակներուն ուսերուն կը դրուի լաւաշը, տան առաջին մուտքի պահուն, որպէս օրհնութիւն, առատութիւն, իսկ ուրկէ՞ կու գայ այս աւանդութիւնը. ըստ դիցաբանութեան` հայոց ռազմի աստուած Վահագնի եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկի հարսանիքին, աստուածներուն հայրը՝ Արամազդը Աստղիկին ուսին լաւաշ կը դնէ: Փեսայ Վահագնը տուն երթալու ընթացքին լաւաշը կ՚իյնայ Աստղիկին ուսէն: Արամազդը կը զայրանայ եւ կ՚ըսէ. «Հացը գետին ձգողը չի կրնար կին ու մայր դառնալ»:

Այսպէս Վահագնը եւ Աստղիկը երբեք չեն կրնար ամուսնանալ եւ կը մնան յաւերժ սիրահարներ:

Ահա թէ ինչո՞ւ հարսն ու փեսան, առ այսօր, զգոյշ են, որպէսզի յանկարծ անոնցմէ մէկուն ուսէն լաւաշը չսահի:

Լաւաշի թխման վայրը հարկաւ թոնրատունն է, որ դարձեալ սրբավայրի նման էր: Եկեղեցի չեղած գիւղերուն մէջ պսակի արարողութիւնը տեղի կ՚ունենար թոնրատուներուն մէջ: Թոնրատունը կը կառուցուէր հոգեւորականի օրհնութեամբ եւ առաջին այցելուները կ՚ըլլային նորապսակ զոյգեր, սակայն միայն այս պարագային կրնար արուն ոտք դնել թոնրատուն, այլապէս տղամարդու մուտքը արգիլուած էր, միայն կիներ լաւաշ թխելու արարողութեամբ կը զբաղէին եւ այդ ընթացքին արգիլուած էին տխուր զրոյցները:

Գիւղերու մէջ հաց թխելը ամէնօրեայ պարտաւորութեան մաս չէր կազմեր, տօնէ-տօն՝ Նոր Տարիէն-Բարեկենդան, Բարեկենդանէն-Համբարձում կամ ամսական հերթականութեամբ գիւղին բոլոր կիները կը հաւաքուէին եւ ամբողջ օր մը հաց թխելով կը զբաղէին: Այս ընթացքին անոնք զուարթ զրոյցներով, հանելուկներով, երբեմն նաեւ երգով ու պարով յոգնութիւնը կը փարատէին.

«Հաց կը թխեմ, գարի ա,
Երի երի էրվա, օյ, օյ,
Էս ինչ ուրախ տարի ա,
Շէկօ ճան, էրվա, օյ, օյ։»

***

«Լուսնակ գիշեր, հեփ, հոփ, հեփ, հոփ,
Տափակ կըտեր, հեփ, հոփ, հեփ, հոփ,
Աննա խանում, հեփ, հոփ, հեփ, հոփ,
Քունդ ա տանում, հեփ, հոփ, հեփ, հոփ:»

Եւ հրամեցէք «հաց ուտենք», այո, հացը հոս ընդհանուր սնունդ ստանալու իմաստ կը կրէ, ոչ միայն խմորով պատրաստուած հացը ուտելը, այլ հոգեւոր եւ ֆիզիքական սնունդ ստանալու ամբողջականութիւնը կ՚ընդգրկէ, մշակութային արժէք մը նաեւ իր մէջ՝ «Հացիդ ամբարները շատ ըլլան», «Հացով լի տուն է» եւ այլ բազմաթիւ առածներով ժողովուրդը կը հաղորդէ հացին ընդհանուր իմաստը:

Ցորենի հունցքը հաւաքելէն ետք գիւղացիք հասկերով խաչբուռներ կը հիւսէին եւ զանոնք եկեղեցի տանելով կ՚օրհնէին: Խաչբուռները կ՚ըլլային խաչի, յաւերժութեան նախշի, գերխաչի եւ կենաց ծառի տեսքով: Օրհնուելէն ետք միայն ցորենը կը մանրաց-ւէր եւ ալիւրի կը վերածուէր հացի համար:

Գիւղացիք բարեւի փոխարէն՝ «Հացն ու գինին, Տէր կենդանին» դիւցազնավէպի օրհնառատ արտայայտութիւնը կը գործածէին:

Հացին հոգեւոր իմաստը մարդացեալ Աստուծոյ կերպարով բացատրուեցաւ: Մեր հանապազօրեայ հացը կը խնդրենք Տիրոջմէն աղօթքով, այդ հացին մէջ կը տեղաւորենք մեր լեզուին, հոգիին, մտքին եւ սրտին մաքուր սնունդը, կ՚ընդունինք Զայն մեր մէջ եւ կը յիշենք վերնատան մէջ հացի ու գինիի սրբազան օրհնութեան կարգին փոխանցումն ու մեր Տիրոջ խօսքերը՝ «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի» (Յովհ. 6-35):

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 2, 2021