ԴԱՒԻԹ, ԴԱՒԻԹԻԿ

Վերջին մէկ տարին այս, լաւ էր արդէն։ «Շատ լաւ եմ» կ՚ըսէր նոյնիսկ, երբ դէպի մայրուղի բարձրանալու ընթացքին, ամիսը անգամ մը, որպիսութիւնը կը հարցնէին համագիւղացիք։

Դաւիթիկը ծնած-չծնած՝ փոխուեր էր կեանքը։ Անսովոր թեթեւութիւն մը եկեր էր հաստափոր մարմնին, խոշոր կլոր գլխուն, նոյնիսկ հաստ ու ծանր յօնքերուն վրայ. վերջիններս հիմա արդէն կը թրթռային ամէն օր՝ թոռնիկի հետ խաղի ժամերուն։

Երբ տասնհինգ տարի առաջ, երկու զաւակներուն ու կնոջ հետ ձգեր էին պապենական գիւղն իրենց, եւ եկեր հաստատուեր այստեղ, Ձորամէջ, լքուած ու աղքատ, բայց մայրաքաղաքի մօտ գիւղն այս, զգացեր էր, որ երջանիկ չի կրնար ըլլալ. ու երկրորդ օրն իսկ, յետմիջօրէի սուրճի ընթացքին, կնոջն ըսեր էր. «ինծի կը թուի, թէ այլեւս կա՛մ ապերջանիկ կ՚ըլլամ ընդմիշտ, կա՛մ ալ հեռաւոր օր մը՝ թոռ մը կը փրկէ զիս»։ Կինը նեղուեր էր յոռետես այդ մտքէն, արագ հաւաքեր էր սուրճը, գացեր ներս։

Կանխատեսածին պէս եղեր էր առաջին մասը։ Այս կիսակառոյց գիւղի մենութեան մէջ մինակ մնացեր էր ինք ալ։ Ո՛չ եղբայրները կային, ո՛չ ընկերները գիւղի, ոչ այլ «մեր գիւղ»ի ոգին։ Ոչ մէկուն գիւղը չէր այս. բոլորն ալ հոսկէ-հոնկէ եկած մարդիկ էին, ամենաշատը՝ տաս տարուայ հնութեամբ այդ ժամանակ։ Գրեթէ կիրճի մը չափ խորունկ ու նեղ ձորի մը մէջ ըլլալով, արեւն ալ կարճ ու ժամանակաւոր այցելու մըն էր միայն, նոյնիսկ ամրան. գետի ձայնն ու գոյնն էր միայն որ քիչ մը շարժ ու կեանք կու տար. բայց նաեւ՝ խոնաւութիւն։

Բայց ճիշդ էր ահա երկրորդ մասը նաեւ խօսքին մարգարէական։ Գրեթէ տարի մը առաջ հարսն ու որդին վերադարձեր էին մայրաքաղաքէն, ու Դաւիթիկը բոլորէն առաջ իր, Դաւիթ պապի թեւերուն էին յանձներ։ Նայեր էր դէմքին, փակ աչքերուն, վզիկի շնչառութեան. ու պապենական գիւղն էր յիշեր, յիշեր էր կեանքը։ Գլուխը վեր էր հաներ, արեւը փնտռեր, գտեր էր զայն. նայեր էր ուղիղ մէջը անոր, ու աչքերը թրջած՝ համբուրեր էր նախ թոռան, յետոյ հարսին, վերջը որդուն։ Այդ օրէն կեանք մտեր էր ներսիդին։

Առաւօտուն որ կ՚արթննար, թէկուզ դեռ անարեւ սենեակին մէջ իրենց, ջերմութիւն մը կը զգար բացուող օրուան մէջ։ Արագ կ՚իջնէր բակ, կը սրբէր ցօղը սեղանին վրայէն, ծառերէն միրգեր կը հաւաքէր, կոկիկ կը շարէր սփռոցին վրայ. Այսօր Դաւիթիկին պիտի տար։ Քիչ վերջ կը լսուէր ճվոցը թոռան. կ՚ուրախանար մանուկի պէս. Կը նայէր սեղանի միրգերուն վրայ, կը հաշուէր, կը ստուգէր, բաւարար հաւաքեր էր։ Խածիկ մը ամէն մէկէն, բաւարար էր մէկ տարեկան Դաւիթիկին համար։ Թէյը կը լեցնէր հարսին համար, ու կը սպասէր։ Քիչ անց, կեանքը կ՚իջնէր աստիճաններէն, կը հասնէր իրեն. արեւը դուրս կու գար ժայռերու կատարէն միաժամանակ, կը լուսաւորէր բակը։

Ամբողջ օրը, գրեթէ անդադար, Դաւիթիկի հետ կ՚անցընէր Դաւիթը։ Երեկոյեան, երեխան կը բարձրացնէին տուն։ Վերջին անգամ մը կը համբուրէր ճակատը անոր, բարի գիշեր կը մաղթէր։ Ընելիք չունէր այլեւս. ինք ալ կ՚ելլէր սենեակ, անկողին կը մտնէր։ Այդտեղ, այդ պահուն, կարճ կ՚անդրադառնար. օր մը եւս մօտեցեր էր մահուան։ Ի՞նչ փոյթ սակայն. վաղը, ընդամէնը տասներկու ժամէն, Դաւիթիկը պիտի ճուար։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021