ԱՌԱՆՑ ՎԵՐՋԱԲԱՆԻ

Կը սկսի յօդուածը կարդալ: Դիւրահաղորդ լեզուն կը գրաւէ ուշադրութիւնը եւ կը սրէ միտքը: Աչքը անթարթ կը սահի տողերուն արանքէն, կը դիտէ տառերուն, բառերուն խաղը, իմաստներուն յարափոփոխ հնչիւնները կը լսէ եւ տպաւորութիւնը կը սկսի իր հաճելի աշխատանքը կատարել:

Հակիրճ, բայց խորիմաստ նախաբանը կ՚ընթանայ ծանօթացումով. ծանօթացում մը, որ կը գծէ հազարամեակներու խոր արմատներ: Ծառի մը հիմքին պէս բան մը, որ կը տարածուի, կը ճիւղաւորուի նախ հողին ընդերքը, ապա մակերեսը:

Նախաբանի ընթերցումին զուգահեռ կը լսուին մեղեդիներ եւ կը պատկերանան տարազաւոր անհատներ, որոնք մեղեդիին համաչափութեամբ մերթ կը թռվռան, մերթ կ՚օրօրուին, մերթ կ՚օրրեն, եւ արմատները կը սնանին այս մեղեդիներով ու աւելի լաւ լսելու համար հողէն դուրս կը ցցեն բունը մատղաշ:

Գրութեան ընթացքը կը շարունակուի: Ծառին ճիւղաւորման եւ աճումին զուգահեռ կ՚աճի նաեւ անհատներուն թիւը, կը բարձրանայ մեղեդիին ձայնը եւ պաշտամունքի նման պարը կը շարժի մեղեդիին թրթիռներուն ազդեցութեամբ, ապա կը գծուի սահման մը, որպէս գոյութեան գրաւական, որ մերթ կը լայննայ կուլ տալով ազգեր, որ հիմա գոյ չեն, մերթ կը կծկուի հզօրութեան մը առջեւ անոր թողլով խաչքարեր, վանքեր, ժայռապատկերներ, որմանկարներ, քանդակներ, արձաններ... իւրաքանչիւրը աւանդութիւն մը գրկած կը մնայ հոն, սպասումի վիճակով, երբեմն անոնք եւս կը կոտորուին կամ տասնամեակներու ընթացքին բնութիւնը գերեզմաններ կը հիւսէ անոնց վրայ թաքցնելու համար թերեւս մարդոց չարութիւններէն:

Տարուան եղանակներուն պէս երբեմն մայիսներ կ՚անցնին հին ու նոր յաղթանակներով, երբեմն աղէտներ կ՚երեւին դարձեալ հին ու նոր՝ մերթ արիւնոտ Ապրիլը, մերթ Հոկտեմբերն ու Նոյեմբերը դաչելով տարազաւոր անհատներուն մտքին եւ հին յուշը չմոռցած, նորը կու գայ իր նոր մեռելներով բոյն դնելու հոն եւ չսպիացող վէրքեր կը հիւսուին, անմար մէկ ջահը կ՚ըլլայ երկու, երեք... Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր, Յաղթանակի զբօսայգի...

Յօդուածը հասաւ իր աւարտին՝ առանց վերջաբանի, սակայն տակաւին մեղեդին, մեղեդիները կը լսուին մէյ մը ռազմական, մէյ մը ժողովրդական, գեղջկական, օրօրոցային, հոգեւոր... անոնց ձայնը մէկիկ-մէկիկ կը տկարանայ: Եարխուշտան, վեր-վերին, քոչարին, Հորովելը, Կռունկը, Տէր Ողորմեան ցած ձայնով կը ձայնակցին Գյովընդին եւ երկու քայլ կ՚երթան, մէկ քայլ կը դառնան անհատները տերեւաթափ ծառին շուրջ, դանդաղ տեղաշարժ մը կը գոյացնեն շրջապատելով ծառը եւ թոյլ չտալով շրջանակը խզել: Այսպէս էր կարգը ատենին այս պարը կատարողներուն համար, կը պատժուէր անձը, եթէ պարին կիսուն փորձէր օղակին մաս կազմել:

Երկու քայլ աջ, մէկ քայլ ձախ: «Ձախ»ը ատենին արգիլւած բառ մըն էր, քանի ձախողութիւն կը խորհրդանշէր, ուստի անոր փոխարէն՝ «դառնալ» բայը կ՚օգտագործէին:

Եւ ընդարձակ օղակը կը շարունակէ իր թեթեւ պարը, ձեռքերը ամուր բռնուած, ոտքերը հաւասար, գլուխները ուղիղ, ուսերը ձիգ, շարժումները համաչափ: Կը շարժին անոնք ծառին շուրջ, կը պաշտպանեն կարծես զայն ներքին եւ արտաքին չարքերէն, աւանդութեան հզօրութիւնը կ՚երեւի եւ արժէքներու կառչածութիւն, բայց նաեւ աղերսը գոյ է, ինչպէս ծէսերուն ընթացքին էր, աջն ու ձախը՝ ձախողութիւնն ու յաջողութիւնը համատեղող ուժ մը նաեւ:

Կեանքի շրջագիծն է կարծես, որ մերթ յաջողութիւն կը գծէ, մերթ՝ ձախողութիւն:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021