ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն մասնակցելու նպատակով այս տարի Հայաստան կ՚այցելէ Կեդրոնամերիկեան խորհրդարանի նախագահ Ֆանի Քարոլինա Սալինաս Ֆերնանտեզի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը, որ բարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։

Հիւր խորհրդարանական պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ողջունեց Ֆանի Քարոլինա Սալինաս Ֆերնանտեզը, որու այցելութիւնը կը զուգադիպի հայ ժողովուրդի տեսակէտէ խորհրդանշական օրերու։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Արցախի վերջին պատերազմին։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ աշխարհ կրնայ զարգանալ եւ յառաջընթաց կրնայ արձանագրել՝ մարդկային կեանքը խրախուսելով իրաւունքի, արդարութեան ու ճշմարտութեան արժէքներուն վրայ։

Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021