ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ժ.

ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Հիմա կ՚ըսէ, թէ հրեաները ինչպէ՞ս գործով հալածեցին Քրիստոսին:

Խօսք. «Հրեաները քարեր առին՝ քարկոծելու համար զԻնք» (Յհ 10.31):

Մեկնութիւն. այստեղ նախ անոնց խստութիւնը յանդիմանեց: Երկրորդ՝ կը վերացնէ չարութիւնը, որով զՔրիստոս հայհոյիչ կը կոչէին, այնտեղ. «Հրեաները պատասխանցին» (Յհ 10.33): Երրոր՝ Քրիստոս խոյս կու տայ անոնց խստասրտութեան պատճառով, այնտեղ. «Դարձեալ ուզեցին բռնել Յիսուսը» (Յհ 10.39): Առաջինին համար. «Հրեաները քարեր առին՝ քարկոծելու համար զԻնք» (Յհ 10.31), ասիկա նախանձի եւ ատելութեան պատճառով կ՚ընէին, եւ ո՛չ թէ արդարութեան համար, որովհետեւ օրէնքէն դուրս գործեցին, քանի որ ո՛չ դատաւորներ, ո՛չ վկաներ եւ ո՛չ ալ վճիռ կար, եւ տաճարէն դուրս, ինչպէս ըսուեցաւ նախապէս ութերորդ գլուխի մեկնութեան մէջ:

Իսկ Քրիստոս քաղցր խօսքով յանդիմանեց անոնց խստութիւնը.

Խօսք. «Հօրս կողմէ բազմաթիւ բարի գործեր կատարեցի ձեր ներկայութեան» (Յհ 10.32):

Մեկնութիւն. ճշմարտութիւնը ուսուցանեց, զանոնք եւ ուրիշ հիւանդներ բժշկեց, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ: Այս բոլորին համար պէտք էր, որ հրեաները զՔրիստոս պատուէին, իսկ անոնք հակառակը կ՚ընէին, որովհետեւ կը հալածէին:

Իսկ Հայրը կը յիշէ չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ պատճառ է, երկրորդ՝ որովհետեւ դիւրաւ լսեն, երրորդ՝ քանի որ Հօր Որդին է, չորրորդ՝ որովհետեւ միակամ [կամակից] է:

Իսկ մեծ ապերախտութիւն է չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ ամբողջ ազգն էր, երկրորդ՝ քանի որ միշտ էր, երրորդ՝ որովհետեւ բոլոր գործերուն էր, չորրորդ՝ քանի որ մեծամեծներէն էր: Իսկ որ ոմանք ապերախտ կ՚ըլլան, եւ երբեմն, եւ նուազ գործերով, վնասը փոքր է:

Ապա կը ցուցնէ, թէ ինչպէ՞ս ըսին, թէ Ան հայհոյիչ է:

Խօսք. «Բարի գործերուդ համար չէ, որ կ՚ուզենք քարկոծել Քեզ, այլ՝ Քու ըրած հայհոյութեանդ համար» (Յհ 10.33):

Մեկնութիւն. անոնց խօսքերուն մէջ հակադրութիւն կայ, որովհետեւ կը վկայէին, թէ բարի գործ ունի՝ ըսելով. «Բարի գործերուդ համար չէ, այլ՝ հայհոյութեանդ համար» (տե՛ս Յհ 10.33): Իսկ այս եկուքը հնարաւոր չէ, որ զոյգ մնան, քանի որ սքանչելիքներ կը կատարուէին Անոր բարութեան մասին վկայութեամբ, այդ պատճառով եթէ գործերը բարիք եւ աստուածային էին, չէր կրնար հայհոյիչ եւ ստութեան վկայ ըլլալ, իսկ եթէ Ան հայհոյիչ էր՝ Ինքզինք Աստուած կամ Աստուծոյ Որդի ըսելով, այն ատեն աստուածային սքանչելիքները ստութեան վկայ չէին կրնար ըլլալ, որովհետեւ սքանչելիքները վկայ էին, թէ Քրիստոս Աստուած է: Ապա յայտնի է, թէ անոնց խօսքերը իրենց իսկ հակառակ էին, քանի որ եթէ Քրիստոս հայհոյիչ է, Անոր գործերը բարի չէին ըլլար, իսկ եթէ գործերը բարի էին, Ան հայհոյիչ չէր ըլլար: Եւ հրեաներուն կուրութիւնը կ՚ըլլար, որովհետեւ միայն Քրիստոսի մարդկութեան կը նայէին, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Որովհետեւ Դուն մարդ ես եւ Դուն Քեզ Աստուած կ՚ընես» (Յհ 10.33):

Մեկնութիւն. գիտելի է, թէ երեք հերձուածներու հակառակ է հրեաներուն իմացումը. նախ՝ Մանիքոսի [Մանիի], որ առ աչօք ըսաւ Քրիստոսի մարդկութիւնը, իսկ անոնք ճշմարիտ մարդ կը խոստովանէին: Երկրորդ՝ Արիոսի հակառակ, որ կ՚ըսէր, թէ Բանը արարած է, իսկ հրեաները իմացան, թէ Քրիստոս Ինքզինքին ճշմարիտ Աստուած կ՚ըսէր, թէեւ Իրեն [իբրեւ] Աստուած չհաւատացին: Երրորդ՝ հակառակ է երկաբնակ բաժանողներուն, որովհետեւ անոնք տեսնուած մարմինը Աստուած ըսի, Քրիստոսէ լսելով, իսկ ասոնք մարմինը մարդ կ՚ըսեն իսկ Աստուածը՝ Աստուած:

Քրիստոս ասկէ ետք կը ցուցնէ, թէ հայհոյիչ չէ՝ Գիրքին վկայութեամբ:

Խօսք. «Չէ որ ձեր Օրէնքին մէջ գրուած է» (Յհ 10.34):

Մեկնութիւն. քանի որ Սուրբ Գիրքը Աստուծմէ է, այդ պատճառով չեն կրնար սուտ ըլլալ, իսկ Օրէնքը յատկաբար Մովսէսի հինգ գիրքերն է, աւելին, ընդհանրապէս ամբողջ Հին Կտակարանը Օրէնք կը կոչուի, ինչպէս որ այս խօսքը սաղմոսէն է. «Ես ըսի, թէ աստուածներ էք» (Սղ 81.6): Իսկ Դաւիթ կ՚ըսէր. «Ժողովուրդ, նայեցէ՛ք Իմ օրէնքներուս» (Սղ 77.1): Իսկ Օրէնքին ու Ելքին մէջ գրուած է. «Քու ժողովուրդիդ աստուածները մի՛ բամբասեր» (տե՛ս Ելք 22.28), այսինքն՝ քահանաները, վարդապետներն ու դատաւորները: Իսկ Մովսէս փարաւոնին համար աստուած կոչուեցաւ (հմմտ. Ելք 7.1): Եւ գիտելի է, թէ յատկաբար Աստուած միայն բնութեամբ Աստուած է, իսկ միւսները հեռաւոր, կամ մերձաւոր հաղորդութեամբ [աստուած] կը կոչուին, ինչպէս իմաստութեամբ, կամ իշխանութեամբ, եւ այլ ձեւով:

Եւ չորս են ասոնք. նախ՝ բնութեամբ Աստուած, որ բոլորին Արարիչն է: Երկրորդ՝ կոչումով, ինչպէս Հին Ուխտի մարգարէներն ու սուրբերը: Երրորդ՝ շնորհքով աստուած, ինչպէս Նոր Ուխտին մէջ մկրտուածները: Չորրորդ՝ փառքով աստուած, ինչպէս յարութիւն առածներն ու փառաւորուածները:

Իսկ կուռքերը սուտ են եւ ոչ աստուածներ, ո՛չ բնութեամբ, եւ ո՛չ կոչումով, եւ ո՛չ գործով, եւ այլն:

Նոյնպէս ալ որդիները չորս են. նախ՝ բնութեամբ, ինչպէս Քրիստոս բնութեամբ Աստուծոյ Որդի է: Երկրորդ՝ կոչումով, ինչպէս՝ «Իսրայէլը Իմ անդրանիկ որդիս է» (տե՛ս Ելք 4.22): Երրորդ՝ շնորհքով մկրտուածները Աստուծոյ որդիներ են: Չորրորդ՝ յարութիւն առածները Աստուծոյ փառաւոր որդիներն են: Տէրը կ՚ըսէ. «Որովհետեւ յարութեան որդիներ են» (հմմտ. Ղկ 20.36-37):

Խօսք. «Սուրբ Գիրքին ըսածը կարելի չէ ջնջել» (Յհ 10.35):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ չի՛ կրնար սուտ ըլլալ: Իսկ ըստ Սուրբ Գիրքին, մարդիկ կոչումով աստուածներ են, նոյնպէս ալ զիս բնութեամբ Աստուած կը քարոզէ [Գիրքը], իսկ դուք առաջինը կ՚ընդունիք, հետեւաբար պարտաւոր էք նաեւ երկրորդն ալ ընդունիլ, եւ հայհոյիչ մի՛ համարէք, որովհետեւ Ինքզինքս Աստուծոյ Որդի կը կոչեմ:

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԱՐԳԱՐԷԷ ՄԸ ԱՒԵԼԻՆ Է

Նախապէս վարձկաններուն համար ցոյց տրուեցաւ Քրիստոսի չորս առաւելութիւնները մարգարէներէն: Դարձեալ եւ այստեղ չորս բանով կը ցուցուի. նախ՝ որովհետեւ մարգարէները Քրիստսի համար խօսեցան ու գրեցին, ըստ այնմ. «Մովսէս Իմ մասին գրեց» (հմմտ. Ղկ 24.44), եւ մարգարէացուած Քրիստոսը աւելին է քան բոլոր մարգարէները: Երկրորդ՝ քանի որ Քրիստոս բնութեամբ Աստուած է, իսկ մարգարէները՝ կոչումով: Երրորդ՝ անոնք Աստուծոյ անունով հրաշքներ կը գործէին, իսկ Քրիստոս՝ Իր յատուկ զօրութեամբ: Չորրորդ՝ Հայրը Քրիստոսի մասին վկայեց [որպէս] բնութեամբ Որդի եւ սիրելի, իսկ մարգարէներուն՝ կոչումով:

Դարձեալ տարբեր ձեւով ալ չորս կերպով առաւելութիւն է, ինչպէս ըսուեցաւ մեզի «Ոսկեփորիկ»1 գիրքին մէջ. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս կոյսէ մը ծնաւ, իսկ միւսները՝ ամուսնութենէ: Երկրորդ՝ Ան կուսութեամբ ապրեցաւ, իսկ միւսները՝ ոչ: Իսկ եթէ մէկը հակառակը ըսէ. «Ադամն ալ կոյս երկրէ էր, Մկրտիչն ալ կոյս ապրեցաւ», կը պատասխանենք, թէ Ադամ կոյսէ է, սակայն կոյս չապրեցաւ, իսկ Յովհաննէսը կոյս էր, սակայն կոյսէ չէր: Երրորդ՝ քանի որ իւրաքանչիւր մարգարէները մէկ-մէկ հրաշքներ գործեցին, ինչպէս՝ Եղիան կրակ իջեցուց (հմմտ. Գ. Թգ 18.30-40). Եղիսէն մեռելին յարութիւն տուաւ (հմմտ. Դ. Թգ 4.8-38), իսկ Մովսէս ծովէն անցուց (հմմտ. Ելք 14), իսկ Քրիստոս բոլոր սքանչելիքները կատարեց ծովուն մէջ, ցամաքին վրայ, մեռելներուն եւ կենդանիներուն: Չորրորդ՝ Քրիստոս մարմինով երկինք ելաւ, իսկ մարգարէները՝ միայն հոգիով, քանի որ թէեւ Ենովքն ու Եղիան դրախտի մէջ են, սակայ ո՛չ երկինքի մէջ եւ ո՛չ ալ անմահ կենդանութեամբ, որովհետեւ դարձեալ պիտի մեռնին, իսկ մեր Տէրը ասկէ ետք այլեւս պիտի չմեռնի, եւ պիտի գայ ու մեռածները պիտի յարուցանէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 101

Վաղարշապատ

1 Տե՛ս «Ոսկեփորիկ», էջ 84-86:

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021