ՇԸՆԿԵՐ 2. ՏԻԿԻՆ ԱՍԻԱՆ

Տիկին Ասիան, Լեւոն քեռիի նման, կրկնակի շընկեր է. երկու շուն ունի։ Երկուքն ալ փոքր, մէկը ծայրագոյնարեւելեան՝ նեղ դունչով ու մոխրագոյն, միւսը՝ փողոցի, կարճուկ գիրուկ, սրճագոյն։

Եօթանասունի մօտ կին մըն է, հանգստեան կոչուած հիւանդապահուհի։ Տիթրո՜յիթ, կը յիշէ յաճախ, կամ ամէն անգամ, երբ հարցնես կեանքին մասին։ Զինք ոեւէ մէկը չկարծէք, հիմա ինչքան ալ յոգնած-ծերացած, ամերիկեան հիւանդանոցներու մէջ տարիներով աշխատած մէկն է։ Կը յայտարարէ, եւ անմիջապէս անգլերէնի կ՚անցնի։ Կրնաս փորձել հայերէն պատասխանել, հասկցնելու համար, որ այդ է նախընտրած լեզուդ։ Բայց իմաստ չունի. քանի զինք տարիր Տիթրո՜յիթ, մի քանի տող անգլերէն պիտի խօսի։ Որ հաւատաս. իրա՛ւ կ՚ըսէ, ինքը Ամերիկա՛ ապրած է։

Հանգստեան կոչուելէն ետք վերադարձեր է Հայաստան. հոն չէ ուզած մնալ։ Այստեղ, ինչ ալ ըլլայ, իր մանկութեան ու երիտասարդութեան աշխարհն է, ամենէն հարազատ վայրը. խնայողութիւնն ալ, մտածեր է, այստեղ շատ աւելի յարմարաւէտ կեանքի մը մէջ կրնայ նիւթականանալ։ Եկեր առեր է տուն մը քաղաքին կեդրոնը, տնակ մըն ալ Ձորաղբիւրի ամարանոցային հատուածին մէջ, յունիսէն-սեպտեմբեր ամիսներուն համար։

Առաջին շունիկը՝ Զիքին, արու, բերեր է տուն, որպէս միակ ընկեր։ Մի քանի տարի անց, բակին մէջ Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն, ուր կէս-դրոյք սկսեր է աշխատիլ դարձեալ (էհ տանը նստի ի՞նչ ընէ, խելքն ու ոտքերը տեղն են, կեանքը դեռ ընթացող, ինչո՞ւ չերթայ չաշխատի... գոնէ օգտակար ալ կը դառնայ), աղմուկ գոռգռոց մը հասեր է ականջին, ճիչ մը ահաւոր։ Դուրս է վազեր, ի՞նչ տեսնէ... կարմրուկ գունդ մը շարժուն։ Բակին անիծեալ երեխաներէն ոմանք, փողոցը գտած անպաշտպան շունիկը նշանառութեան թիրախ դարձուցեր են ու ըրեր արիւնլուայ։ Վազեր ու վերցուցեր է ձագուկը, տարեր է ներս, շտապօգնութեան սենեակ։ Բժիշկները չեն կրցած առարկել. նախ լուացեր է վէրքերը հականեխող հեղուկով, ապա փաթթեր է զանոնք վիրակապերով. «տանեմ քեզ Զիքիյիս մօտ, հա՞», եւ տարեր է տուն։

Հիմա, ամէն երեկոյ, կամաց-կամաց քալելով կու գայ այգի տիկին Ասիան։ Զիքին առջեւէն կ՚երթայ, էգ շուներուն ետեւէն վազելով։ Իսկ միւսը, Չառան (առեր է, տուն է տարեր, ինչո՞ւ Չառա, լա՛ւ ալ առար...), ճիշդ իր քովէն, առանց կապի, կը քալէ։ Մօր թեւին տակ պատսպարուած ճուտիկ մը ըլլայ կարծես. վախուորած, միշտ զգոյշ։ Պոչը տակը քաշած։ Կու գայ այգի տիկին Ասիան, նստարանի մը կը նստի, եւ միւս շընկերներուն կը սպասէ, որպէսզի պատմէ անոնց Չառայի, մարդոց չարութեան, եւ, անշուշտ, Տիթրո՜յիթի մասին։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 5, 2021