ՀԵՌԱՎԱՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ պատգամաւորական ընդհանուր ժողով։ Սա թեմի 94-րդ պատգամաւորական ընդհանուր ժողովն էր եւ առաջին անգամ ան տեղի ունեցաւ հեռավար դրութեամբ։ Մայիսի 7-ին տեղի ունեցած ընդհանուր ժողովին նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Դիւանի ատենապետն էր Վարուժան Ալթըփարմաքեան, փոխ-ատենապետն էր Վահրամ Պիրիճիք, իսկ ատենադպիրը՝ Տ. Սարգիս Քհնյ. Պետոյեան։

Ընդհանուր ժողովի սկիզբին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ ներկայացուց նաեւ՝ որպէս առաջնորդ իր գործունէութեան տարեկան զեկոյցը։ Ան հաշուետուութեան եզրափակիչ մասին մէջ մասնաւոր երախտագիտութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, Արեւմտեան թեմին նկատմամբ ցուցաբերուած խնամքին համար։

Ընդհանուր ժողովի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ թեմական խորհուրդի ընտրութիւն։ Նորընտիր կազմը ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Տերիք Ղուկասեան (ատենապետ), Վահէ Իսքէնտէրեան (փոխ-ատենապետ), Արա Տէր-Սարգսեան (գանձապահ), Սիլվա Խաչիկեան, Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան, Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեան, Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշ, Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան, Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Զօհրապեան, Ալեքսէյ Սրկ. Եսիպով, Մայքըլ Մինասեան, Վարդան Նազիրեան, Մարթա Տագէսեան, Փեմըլա Ապաճը եւ Ռաֆֆի Յակոբեան։

Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանը պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը արդէն տեղեկացուցած է նորընտիր թեմական խորհուրդի կազմը։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021