ՇԸՆԿԵՐՈՒՀԻՆԵՐ

Այս անգամ զոյգ մը շընկերներ են գրչիս տակ. ամէն մէկուն առանձին անդրադառնալ կարելի չէ, իսկապէս։ Ոչ միայն միասին են շընկերական պարտականութիւններու ժամանակ, այլ նաեւ իրենց ընկերութիւնը կը պարտին այդ պարտականութեանց։

Երկու պատանուհիներ, որոնք վերջին չորս տարուայ ընթացքին աչքերուս առջեւ մեծցան, հասունցան, պարմանուհի դարձան։ Ճակատագիրն այնպէս բերած էր կարծես, որ երկուքն ալ տարեկից ու գրեթէ թաղեկից էին. այսքանը բաւարար չէր սակայն՝ ընկերութեան առիթ հանդիսանալու համար։ Երկուքն ալ գրեթէ նոյն ատեն՝ շնիկներ նուէր ստացան։ Հանգամանքն այդ ոչ միայն զիրենք շընկերներ դարձուց իրենց որդեգիրներուն հանդէպ, այլ նաեւ ընկերներ՝ մէկզմէկու նկատմամբ։ Մէկ, երկու, մի քանի անգամ միասին նոյն ժամուն հանդիպեցան թաղի հիմնական այգիին մէջ, ու կամաց-կամաց մօտեցան իրարու, մինչեւ փսփսոցային մտերմութիւն։

Սկզբնաւորութեան երկու ամօթխած պատանուհի, իրարու հետ տարեկցութեան բերումով կիսապաշտօնական, իսկ այլոց հետ գրեթէ բնաւ չէին զրուցեր։ Յետոյ, շաբաթներ կամ ամիսներ անց, սկսան միասին գալ այգի ու միասնաբար հեռանալ անկէ։ Կանգնիլ կողք-կողքի, իրարու ականջին գաղտնիքներ փսփսալ, յանկարծ բարձրաձայն ծիծաղիլ մէկուն կամ միւսին պատմածէն, յետոյ խպնած՝ դարձեալ լռել։ Շշուկներու տակ չափազանց արագ մեծցան երկուքն ալ երկու տարուայ մէջ. հասակ նետեցին, ստացան կնոջական կերպարանք ու վերաբերմունք։

Հիմա ինքնավստահ կը մտնեն այգի, հասուն բարեւներ կը բաժնեն, լիակատար տիրութիւն կ՚ընեն իրենց շուներուն։ Ընդամէնը տարի ու կէս առաջ իրենցմէ մէկը ամօթէն կու լար, երբ շունն իր կոշտ վարուեր ու նեղացնէր ուրիշներէն մէկուն կամ միւսին։ Հիմա մազերուն ձեւ տուած, վերնաշապիկը ժամանակակից ձեւով կապած՝ փորը կողքէն ճեղքելով, դէմքին քիչ մը շպար, ազատօրէն կը քալէ ոչ միայն շան, (շ)ընկերուհիին ու շան հետ անոր, այլ վերջինիս ընկերոջ. դեղին արեւային ակնոցներով երիտասարդ մը՝ ուր որ է քաղաքը կրակի պիտի տայ։ (Շ)ընկերուհին տղուն ձեռքէն բռնած կը քալէ, կու գայ կը մտնէ այգի, շան գործերը ընելուն կը սպասէ, յետոյ արագ կը հեռանայ. մեր, այլեւս-ոչ-պատանի շընկերներուս ալիքին չի պատկանիր, տարբեր սերունդներու մասին է խօսքը։

Ինքը առանձին է տակաւին, թէեւ երբեմն հանդիպումներ կ՚ունենայ։ (Շ)ընկերուհիի ընկերոջ այս կամ այն ընկերը կը յայտնուի երբեմն, չորսով (շուները չհաշուած) կը նստին. նորեկը կամաց-կամաց տեղը կը փոխէ, կու գայ իր մօտ կը նստի։ Լաւ կը հասկնայ, խաղին մէջ կը մտնէ ինք ալ, բայց սահման մը կայ, որ դեռ չ՚անցնիր։ Երբեմն նոյնիսկ շան հետ կապուած պատրուակով մը շուտ կը բաժնուի խումբէն։ Յաջորդ անգամ դարձեալ երեք են, դարձեալ փսփսոցներ երկուքին միջեւ, մինչ տղան ընկերուհիին շան հետ կը զբաղի։

Երկու շուները կարծես չեն մեծնար, նոյնն են արդէն ատենէ մը ի վեր։ Վարժուած են նաեւ իրենց շընկերաց անտարբերութեան. գիտեն, որ անոնք շշուկներով ու առեղծուածային հանդիպումներով կը զբաղին։ Իրենք ալ իրենց խաղը կը խաղան։ Շընկերուհիները սակայն դադար չունին, հանգիստ չունին։ Անընդհատ կ՚աճին, անընդհատ կը փոխուին։ Քանի մը ամիս ետք զո՞վ պիտի դառնան, ինչե՞ր բացայայտեն պիտի։ Երկու շունիկները կ՚իմանան երեւի...

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021