ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ (1921-1983). ՅԱԽՈՒՌՆ ՏԱՂԱՆԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ

Առնօ Բաբաջանեանը զուարթ եւ կենսուրախ բնաւորութեան տէր մարդ էր եւ անոր արտաքին տեսքը այնպիսին էր, որ կը թուար, թէ հոգեկան անսպառ շռայլութիւն ունեցող այդ նրբազգած խորաթափանց քնարերգակը թաղուած է կեանքի մշտական խրախճանքի մէջ: Իսկ անոր ստեղծագործութեան խորքին միշտ փայլատակած էր մեղեդիներու թափանցիկ կապոյտը: Այն ինչ սիրտն էր կերտած, այն, ինչ կը յուզէ մեզ, կը ստիպէ տխրիլ եւ ուրախանալ:

Ի՞նչ արժէք ունի ստեղծագործողը առանց այդ շնորհքի հանգամանքներւ երջանիկ բերումով նկարեց Արամ Խաչատրեանը փոքրիկ Առնոն ընդամէնը հինգ տարեկան էր, երբ Մոսկուայէն եկած երիտասարդ հայ յօրինողը մանկապարտէզի մէջ երեխաներու երաժշտական լսողութիւնն ունկնդրելու ժամանակ, ուշադրութիւն դարձուց Առնոյի վրայ: Մանչուկը, աչքերը կկոցած, կը լսէր հնչիւնները, եւ այնուհետեւ անսխալ կը կրկնէր զանոնք, աւելի ու աւելի զարմանք պատճառելով Արամ Խաչատրեանին:

Տակաւին տասը տարեկան Առնոն հրատարակուած ստեղծագործութեան հեղինակ դարձաւ:

Անգամ մը Եղիշէ Չարենցը այցելեց Բաբաջանեանի հարեւաններու տունը: Հարեւանները հրաւիրեցին փոքրիկ Առնոն եւ խնդրեցին բան մը նուագել: Մանչուկը նուագեց իր յօրինած քայլերգը, բանաստեղծը խնդրեց կրկնել նուագը եւ սկսաւ ձայնակցիլ փոքրիկ ստեղծագործողին: Չարենցը վերցուց նոթան եւ թուղթի անկիւնին մակագրեց... «հրապարակել 1000 օրինակ տառաքանակով»: Եղիշէ Չարենցին երկու օր անց եկաւ հրատարակչութենէ երաժշտական խմբագիրը:

Ան նոթայի տետրակը բացաւ եւ մտահոգ ըսաւ, այստեղ պէտք է բէկար լինի (4-երաժշտութեան մէջ նշան): Մանչուկը համաձայնեցաւ, եւ որոշ ժամանակ անց անոր «Պիոներական քայլերգը» հեղինակի դիմանկարով լոյս տեսաւ առանձին հրատարակութեամբ:

Յօրինողի ծնողները երաժիշտներ չէին, մանչուկը մեծցած էր մանկավարժներու ընտանիքին մէջ. անոր հայրը ուսողութեան ուսուցիչ էր, իսկ մայրը՝ ռուսերէն լեզուի:

Առնոն իր առաջին երաժշտական տպաւորութիւնը ստացած էր իր տան մէջ: Հայրը հիանալի սրինգ կը նուագէր, եւ որդին յաճախ իրիկունները երկար կ՚ուն-կընդրէր հօր նուագած մեղեդիները:

Դպրոցական տարիներուն Առնոն դարձաւ ուողութեան քաղաքային ողիմպիականի յաղթողներէն մէկը, սակայն անոր վիճակուած չէր թուաբանագէտ դառնալ եւ Առնոն սկսաւ յաճախել երաժշտական դպրոց, արագ տիրապետելով նոթային գրականութեան եւ ի հեճուկս չար ճակատագրին, կը յօրինէր զուարթ երգեր: Մանչուկները դասամիջոցին կը շուացնէին անոր երգերը:

Մոսկուան կը հրապուրէր Առնօ Բաբաջանեանը եւ պատանի յօրինողը մեկնեցաւ Երեւանէն...

Յօրինողի մայրը՝ Արծուիկ Բաբաջանեան, խնամքով կը պահէր մեծ ալպոմը, ուր զետեղուած էին որդիի ստեղծագործութեան վերաբերող քաղուածքներ լրագիրներէն: Կը թերթես ալպոմը եւ քու առջեւ կը տեսնես ստեղծագործական շիկացումով լեցուն կեանք մը:

1934 թուականին հրատարակուած առաջին թղթակցութիւնը կը պատմէ տասներկուամեայ դաշնակահարի առաջին յաջողութեան մասին:

Էջ առ էջ կը կը թռչէին Առնոյի ստեղծագործական ուղիի տարիները, եւ անյայտ յօդուածագիրներու գովասանական խմբերգին կը միանային նաեւ հռչակաւոր երաժիշտներ ու քննադատներ, երեւանի գրախօսութիւնները կը միջարկուէին Մոսկուայի գրախօսութիւններով:

Առնօ Բաբաջանեանի իւրաքանչիւր խոշոր ստեղծագործութիւն երեւոյթ է երաժշտութեան մէջ:

Վիպապաշտական, վսեմ քնարերգութեամբ յագեցած «հերոսական պալլատը» լայն հռչակ բերած է Բաբաջանեանին եւ ստիպած՝ անոր հեղինակի մասին խօսիլ որպէս մեծ վարպետի:

Շատեր սակայն կը դժուարանային որոշել, թէ որ Բաբաջանեանն է առաւել հեռանկարային դաշնակահարը թէ՝ ստեղծագործողը:

1947-ին Երեւանի երաժշտանոցի ստեղծագործական դասարանը (Վարդգէս Տալեանի դասարան) եւ 1948-ին Մոսկուայի երաժշտանոցի դաշնամուրային բաժինը (ղեկավար՝ Նիքոլայ Իկումնով) աւարտած Բաբաջանեան կը շարունակէր մտածել տալ իր ունկնդիրները: Սխալ ոչինչ կար այդ կարծիքներու մէջ: Առնօ Բաբաջանեան ծնած էր որպէս դաշնակահար, որ համաշխարհային ճանաչում պիտի բերէր ազգային կատարողական արուեստին, որ պիտի դառնար դասականներու հայազգի նոր մեկնաբան մը: Պիտի դառնար դաշնակահարներու նոր սերունդներ պատրաստող հմուտ մանկավարժ մը, որուն անկրկնելի արուեստով օժտուած դասաւանդումը իր որոշակի կնիքը դրաւ երաժշտական ձեւաւորման վրայ այն սակաւաթիւ սաներու, որոնք հասցուցին հետեւիլ անոր դասաւանդման:

Առնօ Բաբաջանեան աւելի քան երկու հարիւր երգ գրած է, երգարուեստի երկնակամարի մէջ անոր յայտնուիլը մեծ իրադարձութիւն եղաւ: Ինչպիսի թեմայով ալ երգ կը գրէ ան, միշտ կը մնայ Առնօ Բաբաջանեան: Ժողովուրդը կը սիրէ այդ երգերը, որովհետեւ այն միշտ խօսած է իրենց սրտի հետ, այդ երգերը մերթ թախծալի են ու քնքոյշ, մերթ արագահունչ եւ կայտառ, բայց միշտ անկեղծ են յուզիչ ու գերող:

Իսկ քանի՜-քանի՜ մեղեդիներ ու երգեր յօրինած էր Առնոն շարժանկարներու, հեռուստաներկայացումներու, ռատիօհաղորդուներու, թատերական գունագեղութեամբ ու ցայտունութեամբ տոգորուած է, իսկ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է» ներկայացումը, որու երաժշտական ձեւաւորման հեղինակը Բաբաջանեանն է: Մէք-Կրէկորը բեմի խորքէն կու տայ՝ շեփոր նուագելով: Անոր մեղեդին փողոցը կ՚ար-թընցնէր, մարդիկ խորին տխրութեամբ կը գիտակցէին, թէ անդառնալի բան մը պիտի կորսնցնեն: Վահրամ Փափազեանի թաղումն էր, թատերասէրներու բազմութիւնը շրջապատած էր Սունդուկեան թատրոնի շէնքը:

Բարձրախօսէն կը հնչէր Վահրամ Փափազեանի ձայնը՝ Շէյքսփիրի մեծագոյն դերասանը կ՚արտասանէր Մէք-Կրէկորի վերջին մենախօսութիւնը: Ինչո՞ւ կը հնչէր Մէք-Կրէկորի շեփորի ձայնը եւ թատրոնի շուրջը խմբուած մարդիկ սկսան արտասուել...
 Բացառիկ էր Առնօ Բաբաջանեանի մեղեդային շռայլ ու հզօր տաղանդը, միթէ աշխարհի մէջ մերթ այստեղ մերթ այնտեղ այդքան յաճախ կ՚արթննա՞յ Մոցարթի այն տարերգը, երբ բնութիւնը կարծես կը հիանայ ինքն իրմով՝ շռայլօրէն դուրս յորդելով իր ափերէն...

Յիրաւի բնութիւնը բարոյհաճ է իր այդ զաւակներու նկատմամբ, անոնց պարգեւելով ցոլացող ասուպի հետագիծ եւ այնքան նուիրեալ երկրպագուներ, որ առաւել եւս դժուար կ՚ըլլայ դիմանալ անխուսափելի վախճանի ցաւին:

Արեւելքի ակնագործներուն դեռ հին ժամանակէն յայտնի էր, որ սեփսեւ քարերուն երակը նայելով տեսողութիւնը կամրանայ:

Իսկ կեանքը Առնօ Բաբաջանեանի հոգին ամրացուցած էր անողոք փորձութիւններով: Եւ որքան դժնի էր այդ փորձութիւններու խորքը, այնքան աւելի սեւեռուն կը դառնար դէպի լոյսը. անոր ոգին: Եւ իր սրտէն այնպիսի՜ ուժի ու գեղեցկութեան հնչեղութիւն կը բխէր, որ կը կարծէիր, թէ ներկայ ես իրական խրախճանքի մը...

Իսկ Առնոն կը շարունակէր խմել դառնութեան գաւաթը:

Երեք տասնամեակ շարունակ ան կը տառապէր ծանր, անբուժելի հիւանդութեամբ:

Իսկ ինչ կը նշանակէ գօտեմարտի մէջ մտնել ծանր ու անբուժելի հիւանդութեան հետ:

Արդեօք չի նշանակե՞ր շարունակ նայիլ մահուան դէմքին:

Տակաւին 1952-ին բժիշկները ախտորոշեցին ճակատագրական այդ հիւանդութիւնը, որ լաւագոյն, այսինքն՝ դանդաղ ընթանալու պարագային կրնար տասը տարի միայն տեւել:

Առնոն ապրեցաւ երեսունմէկ տարի: Ի՞նչ էր այս...

Պարզապէս մարմնակազմութեան ուժեղ դիմադրողականութիւն... թէ՞ բնութիւնը ողորմաց մեզի, որպէսզի ստանայինք շռայլ հարստութիւն մը. ինչպէս՝ «Հերոսական բալլատը», «Դաշնամուրային վեց պատկերները», «Ջութակի սոնաթը», «Դաշնամուրային եռանուագը», «Էլէկիան», «Թաւջութակի մենանուագը», Նոսթաքովիչի յիշատակին նուիրուած լարային քառանուագը, «Նոքթիւրնը», ե«Մեներգը» եւ բազմաթիւ երգեր... ընդհանրապէս ամենայն լաւագոյնը ստեղծեց Առնոն այդ երեսուն տարիներու ընթացքին:

Առնոն ուրախ մարդ էր... Առնոյի հումորը անհատնում էր: Այդ հումորը կը լիցքաւորէր եւ կը վարակէր մարդիկը:

Առնոն կը խուսափէր մենահամերգներէն, քանզի անսպասելիօրէն ուժերը զինքը կրնային լքել բոլորովին:

Առնոն կը սիրէր նուագել Շոփէնի, Պէթհովէնի, Ռախմանինովի ստեղծագործութիւնները: Յատկապէս Ռախմանինով նուագելու համար ստեղծուած էին այդքան ուժ եւ միաժամանակ քնքշութիւն ունեցող անոր ձեռքերը: Դաշնակահարի եւ ան որ տաղանդի մասին գրած են Ռիխթերը, Շոստաքովիչը, Էլպայը եւ այլք:

Առնոյի հիւանդութիւնը ճակատագրական էր եւ տարիներու գօտեմարտը ոչ թէ ընկճած էր, այլ խորը հաւատք ներշնչած էր անոր սեփական ոգիի հզօրութեան նկատմամբ: Բայց կեանքի սահմանուած օրերը կը սպառուէին: Միշտ հեռուները ապրող Առնոն աւելի յաճախ կու գար Հայաստան... աւելի ու աւելի յաճախ կը խօսէր Հայաստանի նկատմամբ ունեցած որդիական պարտքի մասին... եւ կ՚ուզէր ծառայել Հայաստանին...

Իր աստուածատուր շնորհն ու կեանքը ան այլեւս պիտի նուիրաբերէր այն հողին, որը ծնած էր իրեն:

Արդէն աւարտուած էր անոր կեանքի ամենավերջի գործողութիւնը եւ ապրելու համար մնացած էր մէկ-մէկուկէս ժամ միայն:

Եդուարդ Միրզոյեան կը պատմէ. «Ես հիւանդասենեակ մտայ, ան սթափեցաւ ու երբ տեսաւ զիս, ժպտաց այնքան քնքոյշ ժպիտով մը, որպիսին երբեք չեմ տեսած ոեւէ մէկու դէմքին: Այդպէս կը ժպտին միայն երեխաները... բայց անոր ժպիտը շատ աւելի ապշեցուցիչ էր, աւելի քնքոյշ, աւելի անպաշտպան ու պայծառ: Ի՜նչ հաճոյքով կը նայէր ինծի: Այս ամէնը տեւեց րոպէէ մը ոչ աւելի... այնուհետեւ դէմքին նորէն յայտնուեցաւ ողբերգականը»:

Մանկան ջինջ ժպիտով ան ժպտաց վերջին սահմանագիծին մէջ, իր ամենավերջին դռան շեմին: Ճիշդ այդպէս մթամած երկինքը յանկարծ կը բանայ արեւաշող կապոյտի նեղլիկ շերտ մը, եւ այդ հակադրութենէն, երկու հակադիր ուժերու այդ մօտիկութենէն, յանկարծ կը ճմլուի եւ կը նուաղի մարդու սիրտը:

Հետեւաբար այդ հակադիր ուժերէն մեր դիմաց կը բացուի ոգիի այն կերպը, զոր մենք կ՚անուանենք արուեստ:

Առնօ Բաբաջանեան իր ժողովուրդին ու անոր ստեղծագործական խառնուածքը ներկայացնող այն արուեստագէտն էր, որ ազգային մշակոյթին բերաւ նոր փայլ ու ճանաչում:

Պոռթկուն տաղանդի փայլատակումներով ան նորովի ներկայացուց իր ժողովուրդի ներքին ուժն ու կարողութիւնը, իր հողի բոյրն ու հրապոյրը:
 Այսօր երբ Առնոն չիկայ, ակնյայտ է, որ անոր ըսելիքը հայրենասիրութիւնն էր, իր բազմազան պատկերացումներով:

Առնօ Բաբաջանեանը յախուռն տաղանդի արուեստագէտ էր:

ՍԵԴԱ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

«Ապագայ», Մոնրէալ

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021