ԱՆՈՊԱՅ ՆԿՐՏՈՒՄՆԵՐ

Եթէ մարդիկ կը ջանան հասկնալ, թէ այսօր ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, ապա պէտք է բացէ ի բաց ըսել, որ բոլոր-բոլորը պայքարի դաշտ մտած են իշխանութեան գլուխ գալու համար։ Եթէ ընդդիմադիր դաշտին համար օրինական պահանջ մըն է այդ մէկը՝ երկրի իրավիճակը բարելաւելու կամ առնուազն անվտանգութեան սպառնալիքները նուազագոյնի հասցնելու համար, ապա անհասկնալի է իշխանութեան վարքը։ Հակառակ իր մեծ թերացումներով երկիրը աղիտալի վիճակի մատնած ըլլալուն, Նիկոլ Փաշինեան կը մնայ պնդաճակատ եւ ամէն միջոց ի գործ դնելով կը փորձէ ապահովել իր իշխանութեան վերարտադրութիւնը։

Եւ այս համայնապատկերին վրայ բնաւ զարմանալի չէ, որ վերջերս խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» օրէնքներու նոր փոփոխութիւններ առաջարկեց եւ հասաւ իր նպատակին։ Սա կապուած է Հայաստանի քրէական օրէնսդրութեան հետ, անշուշտ, հետապնդելով միայն ու միայն մէկ նպատակ, որն է բարձրակէտին հասցնել ընդդիմադիր շրջանակներու բողոքի ձայնը լռեցնելու միտուած միջոցներու ուժականութիւնը։ Ի դէպ, Փաշինեանի հրաժարականէն վերջ տեղի ունեցած առաջին նիստն էր այդ մէկը, որ անոր նախասիրած ձեւաչափով՝ ընկերային ցանցերու վրայ ուղիղ եթերով կը հեռարձակուէր։ Սպասելի էր Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը՝ հակառակ, որ արմատական ընդդիմութեան կարգ մը ներկայացուցիչներ յաճախ կը խօսէին, թէ Փաշինեան հաւանաբար դիմէ կարգ մը հնարքներու, չեղարկէ կանխահաս ընտրութիւնները եւ այսպէսով ալ բոլոր առումներով տապալէ այն ջանքերը, որոնք միտուած են լուծում մը ապահովելու երկրի առկայ քաղաքական տագնապին։

Յառաջիկայ ընտրութիւններուն երկու գլխաւոր ուժեր պիտի մրցին. անոնք են՝ նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան եւ ներկայ իշխանութեան յառաջատար Նիկոլ Փաշինեան, որոնց գլխաւորութեամբ ստեղծուած են բեւեռներ։ Անշուշտ, տակաւին վաղ է կանխատեսել, թէ ինչպիսի՞ նոր խորհրդարան մը պիտի ունենայ երկիրը։ Վերլուծումները ցոյց կու տան, որ արտահերթ ընտրութիւնը բաւարար պիտի չըլլայ ամբողջապէս լուծելու քաղաքական այն սուր ճգնաժամը, որուն մէջ կը տապլտկի Հայաստան։

Այսօր Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը հայելին է մեր ժողովուրդի դարի՜ւ-դարի՜ւ մեզի հասած անոպայ նկրտումներուն։ Արդարեւ, փոխանակ քաղաքական վերնախաւը լրջօրէն մտածէ եւ համապատասխան քայլեր առնէ ի վերջոյ հասկնալու համար այս պատերազմի պարտութեան իրական պատճառները՝ ամբողջ ազգը անցած է իրար «բզկտելու» հին-նոր մեթոտին։ Սա ներկայ ժամանակներուն կրնայ շատ աւելի սուղ նստիլ հայութեան վրայ՝ հաշուի առնելով Հայաստանի ու Արցախի կրած կորուստները, տնտեսական վերիվայրումները, հասարակական անորոշութիւնն ու մանաւանդ՝ քաղաքական անհամերաշխութիւնը։ Հազարաւոր զինուորներու մահուան սուգին առջեւ մեր լեզուները յաճախ կը բռնուին, սակայն, ցաւալի է, որ այսօրուան իշխանութիւնները՝ մանաւանդ Նիկոլ Փաշինեան ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ բոլոր մեղքերը իր ուսէն նետելու ու իր յայտնի յանկերգով ու հին է-նոր է խաղով կը փորձէ Արցախի պատերազմի ահասարսուռ վիճակը դարձնել հարթակ մը՝ իր ապագայ ծրագիրներուն կամ իշխանութեան վերարտադրութեան համար։

Այդ կարծիքը կը բաժնէ նաեւ վերլուծաբան Աղասի Ենոքեան, որ հայկական քաղաքական-լրատուական շրջանակներու ծանօթ անուն մըն է։ Նկատի ունենալով, որ կը ճամբորդէր դէպի ԱՄՆ՝ վերջերս հեռավար դրութեամբ շօշափեցինք իր մօտեցումները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր տեսակցութեան սղագրութիւնը։

*

-Ի՞նչ կը մտածէք յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններուն մասին։

-Անհասկնալի է ընտրութիւններու իմաստը։ Ան չի կրնար լուծել քաղաքական ճգնաժամը, որու պատճառը երկրի կառավարման ուղղութեամբ այժմու իշխանութիւններու անկարողութիւնն է։ Իշխանութիւնը կը ցանկայ վերահաստատել իր օրինականութիւնը, բայց չ՚ուզեր փորձարկել իր՝ իշխանութիւն ըլլալու հարցը։ Համոզուած եմ, որ եթէ ընտրութիւնները տեղի ունենան, ապա Նիկոլ Փաշինեան պիտի փորձէ ամէն գնով վերընտրուիլ, իսկ այդ բռնութիւնը աւելի պիտի խորացնէ քաղաքական ճգնաժամը։

-Կայ տեսակէտ, ըստ որու հակառակ Փաշինեանի դիմագրաւած մեծ խնդիրներուն, նոյնիսկ վարկազրկումին, ընտրութեան ժամանակ ան պիտի կարողանայ ապահովել խորհրդարանի աթոռներուն առնուազն քառասուն տոկոսը։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։

-Չի բացառուիր, որ Նիկոլ Փաշինեան կարողանայ պոկել շուրջ 30-40 տոկոս քուէ։ Սա պիտի ըլլայ քուէն այն մարդոց, որոնք դժգոհ են նախկիններէն եւ այդ թեզը այս ընթացքին այնքան շրջանառուած է, որ շատերը դէմ են երեք տարի առաջուայ անցեալին։ Միւս կողմէ, չեն ալ փորձեր գնահատել թէ՛ անցեալ երեք տարին եւ թէ ապագան։ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ այդ 30-40 տոկոսին վրայ աւելցնել ձայները նորայայտ այն «մարդ-կուսակցութիւններու», որոնց մեծ մասը ստեղծուած են իր իսկ պատուէրով։ Ան կը հաշուարկէ այսպէսով կազմել մեծամասնութիւն, սակայն, այդ մէկը շատ փխրուն կառոյց մը պիտի ըլլայ եւ մեծ ցնցումներու պարագային փուլ կու գայ։ Այս վարկածի պարագային, թերեւս, յառաջիկայ 1-2 տարուայ ընթացքին կրկին յառաջանայ նոր արտահերթ ընտրութեան մը պահանջը։

-Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի նոր խորհրդարանը բոլորովին նոր պատկեր մը պիտի ցոլացնէ։ Ձեր կանխատեսումով՝ որո՞նք պիտի ըլլան այն ուժերը, որոնք յառաջիկային պիտի դառնան Հայաստանի քաղաքական կեանքի աշխոյժ դերակատարները։

-Այսօրուայ վիճակով, խորհրդարանի տեղերուն համար պիտի պայքարին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի ստեղծած դաշինքները։ Երրորդ ուժերը քուէ պիտի հաւաքեն այն մարդոցմէ, որոնք կը մերժեն թէ՛ նախկինները եւ թէ ներկաները։ Այդ ուժերը նոր խորհրդարանէն ներս պիտի փորձեն դաշինք կազմել երկու հիմնական ուժերէն մէկուն հետ։ Աւելի պարզ՝ իրենք զիրենք պիտի ծախեն անոնցմէ մէկուն։ Կը կարծեմ, թէ պիտի ստեղծուի շատ փխրուն, անկայուն կառոյց մը, եւ կը կրկնեմ՝ փուլ կու գայ առաջին իսկ լուրջ ճգնաժամի պարագային։

-Ի՞նչ կը մտածէք Սիւնիքի կացութեան մասին։

-Սիւնիքի հարցը հիմա Հայաստանի անվտանգութեան լրջագոյն նիւթն է։ Աւելին՝ նոյնիսկ կարծիքներ կան, թէ ընտրութիւններուն ամբողջ իմաստը Ատրպէյճանին ժամանակ տալն է, որպէսզի ամրապնդուի այդ տարածքներէն ներս։ Ամէն պարագայի, մենք կը տեսնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան իր քայլերով՝ Սիւնիքի վարչական եւ, ըստ էութեան, ժողովրդականութիւն վայելող եւ անվտանգութեան համար մտահոգ ղեկավարներուն դէմ ճնշումներով, կը փորձէ թուլացնել այդ շրջանի ներքին անվտանգութեան միջոցը։

-Թէկուզ թուլացած դիրքերով Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ մնալը որո՞ւ համար ձեռնտու է։

-Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ մնալը ձեռնտու է թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ռուսաստանի համար, որովհետեւ անոնք կրնան Հայաստանի եւ Արցախի հարցերը իրարու միջեւ լուծել՝ առանց հաշուի առնելու Հայաստանի կարծիքը։ Սակայն, թուլացած Փաշինեան հետզհետէ աննպատակայարմար կը դառնայ նոյնիսկ այս երկիրներուն համար, որոնք կը ցանկան արդէն երկարաժամկէտ ծրագիրներ իրականացնել Հայաստանի մէջ։ Ուստի, բոլորին համար խնդրայարոյց կը դառնայ Հայաստանի այսպիսի ղեկավար մը, որ չի կրնար ապագայի համար երաշխիքներ տալ։

-Ըստ ձեզի, պատերազմէն ի վեր որո՞նք էին ընդդիմութեան սխալները եւ արդեօք անոնք սրբագրելի՞ են:

-Ընդդիմութեան հիմնական սխալն էր, որ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ պայքարելու փոխարէն՝ սկսաւ պայքարիլ իշխանութեան համար։ Մինչդեռ այս երկուքը էականօրէն տարբեր բաներ են։ Եթէ ընդդիմութիւնը փորձէ օգտագործել ընտրութիւններու առիթը ո՛չ թէ իշխանութիւն նուաճելու, այլ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութենէ զրկելու համար, ապա այդ բանը կարելի է համարել սխալներու սրբագրման տարբերակ մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021