ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Այստեղ չորս հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. ի՞նչ է հիւանդութիւնը:

Պատասխան. վարդապետնեը սահման կը դնեն, թէ հիւանդութիւնը կազմիչ մասնիկներու անչափութիւնն է: Եւ յայտնի է, թէ ինչպէս չափաւորութիւնը առողջութիւն է, նոյնպէս անչափը՝ հիւանդութիւն: Դարձեալ՝ առողջութեան նուազութիւնը հիւանդութիւնը, ինչպէս առողջութիւնը հիւանդութեան նուազութիւնն է: Եւ դարձեալ՝ որակութեան փոփոխումը հիւանդութիւն է, եւ ասիկա նոյնն է, թէ առողջութիւն եւ հիւանդութիւն փոփոխական որակութիւններ են:

Երկրորդ հարցում. հիւանդութիւնը քանի՞ տեսակ է:

Պատասխան. կրկնակի, այսինքն՝ հոգեւոր ու մարմնաւոր: Հոգեւոր, ինչպէս մեղքը, որովհետեւ Դաւիթ կ՚ըսէ. «Ողորմէ՛ ինծի, Տէր, որովհետեւ հիւանդ եմ» (Սղ 6.3), եւ մարմինին զանազան մարմնաւոր ցաւերը, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ Մատթէոսի մեկնութեան երկրորդ հատորին երրորդ համարին մէջ:

Երրորդ հարցում. ի՞նչ է հիւանդութեան պատճառը:

Պատասխան. չորս բան. նախ՝ որակներու ներքին խառնուածքը՝ յաւելուած ու պակասութիւն: Երկրորդ՝ արտաքին տարրերու ապստամբութիւնը: Երրորդ՝ կերակուրներու յղփութիւնը եւ կամ նուազութիւնը: Չորրորդ՝ Աստուծոյ նախախնամութիւնը, որ ոմանց հիւանդութիւն կու տայ:

Չորրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար նախ հիւանդութիւնն է եւ ապա մահը:

Պատասխան. չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ հիւանդութիւնը մահուան ու կեանքի միջեւ է, ինչպէս է կամուրջը գետի եզերքներուն: Երկրորդ՝ քանի որ հիւանդութիւնը մահուան նշան ու կարապետ է, որպէսզի մենք մեզ պատրաստենք, ինչպէս ալիքը ծերութեան նշան է, իսկ ձիւնը՝ ձմրան: Երրորդ՝ հիւանդութիւնը մեղքին հետ ներս մտաւ եւ տանջանքներուն առհաւատչեայ է: Չորրորդ՝ հիւանդութիւնը առողջութիւնը կը քակտէ, իսկ մահը՝ կեանքը, որովհետեւ հոգիին զատումով թմրութիւն կը պատճառէ:

Ապա կը ճառէ Քրիստոսի պատասխանին մասին:

Խօսք. «Յիսուս երբ լսեց, ըսաւ.

-Այս հիւանդութիւնը մահուան պատճառ չէ» (Յհ 11.4):

Մեկնութիւն. Քրիստոս այս խօսքերը ըսաւ այն մարդուն, որուն ղրկած էին, ու անոր միջնորդութեամբ զինք ղրկողներուն ըսաւ: Այս խօսքին համար ոմանք ժպրհեցան, թէ Ղազարոս չմեռաւ:

Խօսքին իմացումը չորս է. նախ՝ պէտք է իմանալ, որ կ՚ըսէ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան պատճառ չէ», այսինքն՝ մահ է, որ մինչեւ հասարակաց յարութիւնը կը մնայ, այլ՝ կը վերաբերի մինչեւ սքանչելի յարութիւնը:

Երկրորդ. ինչպէս կոյրին համար ըսաւ. «Մեղքը ո՛չ իրն է, ո՛չ ալ հօրն ու մօրը, այլ՝ Աստուծոյ փառքին համար» (տե՛ս Յհ 9.3), նոյնպէս այստեղ կ՚ըսէ Ղազարոսի մահը Աստուծոյ փառքին համար է՝ Հօր եւ Անոր Որդիին:

Երրորդ. Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ ցոյց չի տար հիւանդութեան պատճառը, այլ՝ պատահումը, որովհետեւ Քրիստոս չէր որ հիւանդացուց զինք, այլ՝ բնական ախտերէն հիւանդացաւ ու մեռաւ, իսկ Քրիստոս այդ հիւանդութիւնը յարութեամբ՝ Աստուծոյ փառքին համար կարգեց»:

Չորրորդ. ոմանք կ՚ըսեն, թէ այդ հիւանդութիւնը կրկնակի կարգ ունէր. մէկը՝ բնական, ըստ ինքեան յատուկ պատճառով, եւ այդպէս մահուան սահմանուած էր, իսկ միւս սահմանը բնութեան կարգէն դուրս էր՝ Աստուծոյ կամքին թոյլտուութեամբ՝ յայտնելու համար Աստուծոյ կարողութիւնն ու փառքը: Եւ այստեղ կամք ըսելով նկատի չունիմ ներգործական կամքի պատճառը, այլ՝ թոյլտուութեան կամքը, որովհետեւ թոյլ տուաւ անոր հիւանդանալ ու մեռնիլ:

Դարձեալ՝ ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ. Աստուծոյ փառքին համար չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ Հայրը կ՚ըսէ եւ ապա՝ Որդին (հմմտ. Յհ 11.4), համոզելու համար հրեաներուն չար նախանձը, որոնք հակառակ կը կարծէին, ինչպէս գերեզմանին դիմաց առաջ Հօր աղօթեց եւ ապա յարուցանեց (հմմտ. Յհ 11.41-42): Երկրորդ. որովհետեւ Որդիին Հօր գործակից ու փառակից կը ցուցնէ: Երրորդ. քանի որ յարութեան համբաւին համար ծերերն ու մանուկները օրհնութիւն կ՚երգէին: Չորրորդ. ինչպէս խաչելութեան ժամանակ մեծամեծ հրաշքները Քրիստոսի Աստուածութեան վկաները եղան, այդպէս ալ մեծ հրաշքներէն մէկն էր, այո՛ [Ղազարոսին յարութիւնը], Աստուծոյ փառքին վկայութեան համար:

Խօսք. «Յիսուս կը սիրէր Մարիամն ու Մարթան» (տե՛ս Յհ 11.5):

Մեկնութիւն. ըստ Ոսկեբերանին, որովհետեւ աշխատասէր էին, այսինքն՝ առաքինի եւ ջերմ Քրիստոսի սիրոյն, օրինակի համար, անոնք որոնք զՔրիստոս կը սիրեն, իրենք ալ Քրիստոսէ կը սիրուին, ինչպէս Սողոմոնը կ՚ըսէ. «Ես կը սիրեմ զանոնք՝ որոնք զիս կը սիրեն» (տե՛ս Առ 8.17), իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ ասոնց հայրը դահճապետ էր եւ կալանաւորի մը փախչելուն պատճառով թագաւոր մը անոր ամբողջ ինչքը յափշտակած է, իսկ հայրը զանոնք առնելով Եգիպտոս գացած է, Լիկոպոլիս կոչուող քաղաք մը: Նմանապէս Յովսէփն ու Մարիամը իրենց Մանուկին հետ միասին Հերովդէսէն փախչելով այնտեղ բնակեցան՝ միասին [Ղազարոսի ընտանիքին հետ], ելքի ժամանակ ալ միասին էին եւ իրարու սննդակից [Նանա]:

Խօսք. «Երբ լսեց, թէ հիւանդացած է» (Յհ 11.6):

Մեկնութիւն. եկեղներէն լսեց:

Խօսք. «Մնաց այնտեղ՝ ուր կը գտնուէր» (Յհ 11.6):

Մեկնութիւն. Յորդանանի միւս կողմն էր, ուր նախապէս Յովհաննէս կը մկրտէր: Երկու օր մնաց. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ կամքով ու գիտութեամբ ուշացաւ: Երկրորդ՝ որպէսզի անոր [Ղազարոսի] մահը համբաւուի, թէ ստուգապէս մեռաւ ու թաղուեցաւ: Երրորդ՝ որպէսզի հրեաները չուրանան եւ կամ կախարդութեամբ կարծեն: Չորրորդ՝ որպէսզի յարութիւնը չորսօրեայ ըլլայ:

Ետքէն կը ճառէ Ղազարոսի մահուան յայտնութիւնը:

Խօսք. «Յետոյ ըսաւ Իր աշակերտներուն» (Յհ 11.7):

Մեկնութիւն. այստեղ երեք բան կը ցուցնէ. նախ՝ Քրիստոս Իր կամքը կը յայտնէ Հրէաստան երթալու: Երկրորդ՝ պատճառը կ՚ըսէ, անդ. «Այս խօսքերը ըսելէ ետք» (Յհ 11.11): Երրորդ՝ տեղը կը հասնի, անդ. «Յիսուս եկաւ, գտաւ զինք…» (տե՛ս Յհ 11.17): Առաջինին համար կ՚ըսէ. «Յետոյ…» (Յհ 11.7), այսինքն՝ երկու օր յետոյ:

Խօսք. «Եկէք կրկին Հրէաստան երթանք» (Յհ 11.7):

Մեկնութիւն. գիտելի է, թէ չորս բանով Քրիստոս կ՚ուզէ աշակերտներուն երկիւղը ցոյց տալ, աւելին՝ կասկածը վերցնել անոնցմէ. Նախ՝ որ կ՚ըսէ. «Հրէաստան երթանք», երկրորդ՝ «Ան որ ցերեկ ատեն կ՚երթայ» (տե՛ս Յհ 11.9), երրորդ՝ «Ղազարոսը քնացաւ [ննջեց]» (Յհ 11.11), չորրորդ՝ «Ղազարոսը մեռաւ, բայց ձեզի համար ուրախ եմ» (տե՛ս Յհ 11.14-15):

Առաջինը կ՚ըսէ. «Եկէք Հրէաստան երթանք» (տե՛ս Յհ 11.7):

Հարցում. ինչո՞ւ համար հիմա տեղը կ՚ըսէ, որովհետեւ միշտ չէր ըսեր, թէ ուր կ՚երթային:

Պատասխան. չորս պատճառով. նախ՝ որպէսզի չկարծեն, թէ Քրիստոսէ բան մը կորզուած է, որովհետեւ տակաւին նոր անկէ վերադարձած էին, այլ՝ պատճառը իմանան: Երկրորդ՝ որպէսզի անոնց երկիւղը փարատէ, որովհետեւ եթէ մահացածներուն կեանք կու տամ, կարող եմ ողջերը հրեաներուն բռնութենէն զերծ պահել: Երրորդ՝ անոնք որոնք դուք զիս քարկոծող կը կարծէք, անոնք իսկ Իմ մասին քարոզողներն ու Իմ վկաներս՝ աւետարանիչները պիտի ըլլան, թէ՝ «շատեր հաւատացին Անոր» (Յհ 2.23): Չորրորդ՝ Հրէաստանը կը յիշէ եւ ոչ Բեթանիան, որպէսզի հաստատուն եւ զօրաւոր դարձնէ զանոնք, քանի որ վարդապետները կ՚ըսեն, թէ որոգայթները նախապէս գիտցողներուն աւելի քիչ կը վնասեն:

Ապա աշակերտները իրենց երկիւղը կը յայտնեն.

Խօսք. «Հրէաստանցիները դեռ նոր կ՚ուզէին Քեզ քարկոծել» (Յհ 11.8):

Մեկնութիւն. ասիկա կասկածներուն ու երկիւղի պատճառով կ՚ըսեն, իբրեւ թէ Հրէաստան երթալը Քեզի ու մեզի համար լաւ չէ, ու կը յիշեն քարկոծումը, որ անցեալ ճառին մէջ ըսուեցաւ, թէ՝ «Դուն մարդ ես եւ Դուն Քեզի Աստուած կ՚ընես» (Յհ 10.33):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 104

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021