ԾԻԼԵՐ

Առաջին թաղարը երբ բերաւ, լուրջ չէր վերաբերեր այս գործին։ Տեսեր էր պարզապէս, որ տասնապատիկ զեղչ կար վրան, ու մտածեր, որ թերեւս առիթ է, առնել է պէտք։ Յետոյ, քանի մը օր ետք, զայն դատարկ վիճակով դիտելէ եւ անկէ այդ տեսքով կշտանալէ ետք, որոշեց հողով լեցնել։ Իջաւ իրենց փողոցի անկիւն, ուր երկու ծառեր կային։ Անոնց տակէն հող լեցուց կերպընկալէ տոպրակի մը մէջ ու բերաւ տուն։ Պարպեց հողը թաղարին մէջ ու ցանեց՝ այն ինչ գտաւ խոհանոցին մէջ։ Լոլիկի կուտեր։

Որոշ ժամանակ անց, փոքր կանաչ ծիլեր սկսան հանել իրենց գլուխները հողէն դուրս եւ աճիլ։

Ինք ալ չհասկցաւ, թէ ինչպէ՞ս կամաց-կամաց, բայց իրականութեան մէջ շատ արագ, կապուածութիւն մը զարգացուց այդ գործընթացին նկատմամբ։ Ամէն առտու, արթննալուն պէս, միտքը թաղարն ու բոյսը կու գար. ոտքի ելլելու եռանդ մը կը գտնէր մէջը. բան մը, որ շատոնց կորսնցուցած էր որդիի անժամանակ մահէն ի վեր...։ Գրեթէ կը թռչկոտէր բոպիկ ոտքերով պաղ սալիկներուն վրայ, կը հասնէր այն պատուհանին, որուն դիմաց դրած էր թաղարը, ու կը համեմատէր բոյսիկը երէկուայ վիճակին հետ։ Մեծցեր էր նորէն, փոխեր էր ուղղութիւնը, նոյնիսկ գոյնը այս կամ այն տերեւին։

Եւ դարձաւ մոլի։ Թաղար թաղարի ետեւէ, հունտ հունտի ետեւէ, բոյս բոյսի, ծաղիկ ծաղիկի... նախ պատուհաններու տակերը բեռնուեցան, ապա գրադարանին վրայ, յետոյ գետինը ամբողջ, հեռատեսիլին շուրջ բոլորը, եւ ամբողջ նստասենեակը կանաչ էր հիմա։ Աճող, ապրող, շնչող էութիւն մը ստացաւ տունն իր. եւ ճիշդ ա՛յդ էր, զոր կը սիրէր, ճիշդ անո՛ր էր, որ կարօտ էր։

Տեսնելու, ամէնօրեայ դրութեամբ վկան ըլլալու կեանքի ընթացքին. այն իրականութեան, որ թէեւ իրեն համար ամէն շարժ ու ամէն զարգացում կանգ առեր էր մահուան լուրը լսելէն ի վեր, բայց դեռ կար ծլողը, դեռ կար կանաչը, դեռ կար շարժունն ու վառվռունը, դեռ կային ձգտումներ, լոյսի փնտռտուք, մաքուր ջուրի ծարաւ. դեռ կային զիրար գրկող թեւեր կանաչ, ու իրար վրայ բացուող ծաղիկներ։ Հոգ չէ թէ ա՛յլ մակարդակի, անդրմարդկային աշխարհէն. բայց կան այնուամենայնիւ... կեանք մը կայ տեղ մը։

Կամ անոր ծիլերը գուցէ...

​ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 26, 2021