«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

[ՍԱՏԱՆԱՆ] ՎՌՆՏԵԼՈՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ

Քսանհինգ տարեկան երիտասարդ մը բերին կարծելով, թէ սատանայ կայ անոր մէջ: Անոր օրհնուած ջուր հրամցուցի. խմեց առանց որեւէ մէկ կողմնակի արտասովոր երեւոյթի: Հարցուցի անոր հօր.

-Ի՞նչ կ՚ընէ այս երիտասարդը, եւ ինչքա՞ն ժամանակ է, որ այս վիճակին մէջ է:

Պատասխանեց.

-Վեց տարեկանէն՝ իր սպաննուած մեծ հօր դիակը տեսնելէն ի վեր: Ատկէ սկսած ան ջղագրգիռ դարձած է:

Ջղագրգռութիւնը՝ ըստ անոնց սատանայէ բնակուած ըլլալու փոխուած էր:

-Եառոնտա. կարելի՞ է սատանան վռնտելուն աղօթքները միտքէն ըսել:

-Այո՛, եւ այդպէս աւելի լաւ է: Կարեւորը այդ աղօթքները տառապանքով ու խոնարհութեամբ ըսուին՝ հեռու հպարտութենէն: Երբ քահանաները բարձր ձայնով եւ հպարտութեամբ կը պոռան՝

-Դո՛ւրս ել պիղծ ոգի, այդպիսով սատանան կը բարկանայ եւ սատանայական ազդեցութեան տակ եղողին եսասիրութիւնը կը շահագործէ ու կը մղէ անոր, որպէսզի հարուածէ քահանան, որ զինք խնդալու առարկայ դարձուց բոլոր մարդոց մէջ: Սատանայական ազդեցութեան տակ եղողը կրնայ անխնայ հարուածել քահանան… արդարեւ, սատանան այսպիսով դուրս չ՚ելլեր:

Անգամ մը քահանաներէն մէկը սատանայական ազդեցութեան տակ գտնուողի մը ըսած է.

-Կը հրամայեմ քեզի ո՜վ պիղծ ոգի, որպէսզի այս մարդէն դուրս ելլես:

-Պիտի չելլեմ, պատասխանած է անոր սատանան իր ազդեցութեան տակ գտնուողին միջոցով:

Արդարեւ կը խրատեմ քահանաները, որպէսզի երբեք չպոռան այդ աղօթքները ըսած ժամանակ, կարծես թէ սատանաները խուլ ըլլան:

ՍԱՏԱՆԱՅԷՆ ԲՆԱԿՈՒԱԾՆԵՐԸ ՄԱՐՏԻՐՈՍԱԿԱՆ ՏԱՆՋՆԱՆՔՆԵՐ ԿԸ ԿՐԵՆ

Սատանայէ բնակուածները շա՜տ ու յաճախակի կերպով դժուարութիւններէ կը տառապին: Անգամ մը Սթավրոնեքետա վանքին մէջ (Աթոս լերան վանքերէն մէկը, ուր որոշ ժամանակ մը Եառոնտան ապրած է) հանդիպեցայ քսաներեք տարեկան երիտասարդի մը, որուն մէջ սատանայ կար: Տկարակազմ ու նիհար էր, դուրսը եղանակը ցուրտ էր, իսկ ներսը կրակը կուլ կու տար վարառանը: Այս երիտասարդը բարակ շապիկ մը հագած էր, գացի ու անոր բուրդէ հագուստ տուի, որպէսզի ցուրտէն պաշտպանուի: Ըմբոստացաւ ու ըսաւ.

-Ո՜վ հայր, ով ըսաւ քեզի, որ կը մսիմ: Ես կ՚այրիմ…

Ասիկա դժոխք է…

Կարգ մը բնակուածներ, որոնք զգայուն են, սատանան կը մղէ զանոնք անձնասպանութեան, համոզելէ ետք զանոնք, որ իրենց բուժումն ու փրկութիւնը անկարելի է:

Քահանաները բնակուածէ մը ձանձրացած ու վռնտած էին զինք, երբ անոնց դիմած էր, որպէսզի իր վրայ սատանաները վռնտելու աղօթքը կարդան: Սատանան համոզած էր զայն, որպէսզի մօտս չգայ, որովհետեւ պիտի չընդունիմ զինք:

Ուրիշ մը Սուրբ Արսանիոսի աղօթքներուն շնորհիւ բուժուած է, վանք դիմած էր երկրպագելու այս սուրբի մասունքներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնէր անոր, սակայն վանքը փակ գտաւ: Սատանան անոր Սուրբ Արսանիոսի կերպարանքով երեւցած է դրան մօտ ու ըսած է անոր.

-Անգամ մըն ալ այստեղ չգաս, ո՛չ ես եւ ո՛չ ալ Հայր Պաիսիոսը կ՚ուզենք քեզ տեսնել, ու վռնտած է զինք:

Այդ մարդը բարկացած դուրս գալով սկսած է հայհոյել ինծի ու Սուրբ Արսանիոսին, որով սատանան կրկին անգամ իր մէջ մտած ու բնակած է այնտեղ: Մարդ եթէ անամօթաբար վարուի, ապա աստուածային շնորհքը կը հեռանայ իրմէ, ուր մնաց երբ սուրբերուն հայհոյէ: Այդ մարդը խուց վերադարձաւ ու գոռաց.

-Ի՞նչ ըրի քեզի, որ զիս վռնտեցիր. ինչո՞ւ չես ուզեր տեսնել զիս: Ինչո՞ւ չես օգներ ինծի: Կ՚ուզե՞ս որ չարչարուիմ:

Պատասխանեցի անոր.

-Ո՜վ օրհնեալ մարդ, սատանան է, որ քեզ վռնտեց եւ ո՛չ թէ սուրբը. որովհետեւ սուրբը ո՛չ ոքի կը վռնտէ:

Չհաւատաց եւ ահաւոր ձեւով կը տանջուէր ու մարտիրոսական ցաւեր կ՚ունենար ամէն օր:

Սատանայէ բնակուածներէն շատերը կրնայ ըլլալ չարչարուին ու անոնց չարչարանքները կրնայ պատճառ դառնալ ուրիշներու զղջումին ու փրկութեան համար, որովհետեւ երբ կը տեսնեն անոնց ահաւոր չարչարանքները, խորապէս կը մտածեն ու կը զղջան: Մի՛ կարծեր, որ սատանաներէն բնակուածը աւելի մեղքեր գործած է քան ուրիշները: Արդարեւ, Աստուած կ՚արտօնէ այս սատանայական ազդեցութիւնը, որպէսզի այդ բնակուածները խոնարհին եւ վճարեն իրենց պարտքը՝ եւ վարձատրութիւն ստանան, այդպիսով օրինակ դառնան չխրատուողներուն:

Ոմանք կ՚ըսեն, թէ կան ոմանք՝ որոնք բազմաթիւ մեղքեր կը գործեն ու սատանայական ազդեցութենէ չեն բռնուիր: Ինչպէ՞ս կը պատահի այս: Մեղաւորը երբ իր յոյսը կը կորսնցնէ աստուածային օգնութենէն՝ այդպիսով սատանային յանձնուած կ՚ըլլայ, որով վերջինս այլեւս չի՛ յարձակիր անոր վրայ: Պէտք է գիտնանք, որ սատանայական արարքէն ծնած վնասը ձեւով մը Աստուծմէ տրուած պարգեւ մըն է Աստուծոյ հաւատացող մեղաւոր մարդուն համար, որպէսզի խոնարհի, զղջայ ու փրկուի:

ՍԱՐՍԱՓԵՑՆՈՂ ՄՈԼՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մենակեացութիւնն ու մոլորութիւնը

-Եառոնտա. կը վախնամ մոլորութենէն:

-Ճիշդ կ՚ընես: Ով որ մոլորութենէն կը վախնայ, չի՛ մոլորիր, քանի որ ուշադրութիւն կ՚ընէ, իր բոլոր մտածումները կը յայտնէ եւ ոչինչ կը ծածկէ:

-Եառոնտա. ի՞նչ բանը մոլորութեան կ՚առաջնորդէ:

-Երկկողմանիութիւնն է, որ մոլորութեան կ՚առաջնորդէ. ինչպէս օրինակ՝ դուն քու մասին կարծիք կը կազմես, թէ բան մըն ես եւ ուրիշներուն ալ այդպէս կ՚երեւաս, սակայն այն ինչ կ՚ընես՝ պարզապէս երեւակայութիւններ են, կամ հպարտութեամբ կը վարուիս, կարծելով թէ հոգեւոր որոշ բարձրութեան մը հասած ես, քու կատարած ճգնողական կարգ մը գործերուն համար, մինչ ուրիշներ տակաւին չեն հասկցած հոգեւոր կեանքի այդ մակարդակի իմաստը:

Մոլորութեան սկիզբը ճգնութեան շփացածութեամբ սկսիլն է՝ փորձելով սուրբերէն մէկուն հոգեւոր բարձրութեան հասնիլ, որով զարմացնես ուրիշները: Սրբութիւնը բան մըն է, իսկ չափազանց ճգնութիւնը՝ այլ բան:

Մէկու մը ըսի.

-Քու բռնած ուղին քեզ մոլորութեան կը տանի. զգոյշ եղիր, որովհետեւ ճիշդ ընթացքի մէջ չես:

Պատասխանեց ինծի.

-Կը վախնաս որ մոլորի՞մ: Հանգստացիր, ես միս չեմ ուտեր:

Իմացայ, որ խոստովանութեան խորհուրդը չի գործադրեր, այլ՝ իր մեղքերը սրբապատկերի մը (իքոնայի) մը դիմաց կը յայտնէ: Հարցուցի անոր.

-Դուն ուղղափա՞ռ ես, թէ՞ բողոքական: Այդ բանը ո՞ւր գրուած կը գտնես:

Սառնասրտութեամբ պատասխանեց ինծի.

-Յիսուս չի՞ լսեր զիս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 35

1 մայիս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 27, 2021