«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ՄԵՆԱԿԵԱՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՈԼՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
-Եառոնտա. մարմնական ճգնութիւնը կ՚օգնէ՞ հաճոյքներու դէմ պայքարին:
-Այո, եթէ այս նպատակով գործածուի, ու այն ատեն մարմինը կը խոնարհի ու հոգիին կ՚ենթարկուի: Իսկ չոր ճգնութիւնը սուտ զգացումներ կը ստեղծէ եւ անձնական հաճոյքները կ՚աճեցնէ, հպարտութիւնը կ՚ուռեցնէ, ինքնավստահութիւնը կ՚աւելցնէ եւ մոլորութեան կը տանի: Ան ատեն մարդը կը պատկերացնէ, թէ այսպէս կամ այնպէս կ՚ընէ, այսինչ սուրբին մակարդակին կը հասնի, ուրիշներուն կ՚անցնի, որով կը տրուի պահեցողութիւններու ու հսկումներու: Այս բոլորը սակայն ո՛չ մէկ օգուտ կու տան իրեն, որովհետեւ զանոնք հաճոյքները կտրելու [պայքարելու անոնց դէմ] համար չէ ըրած, այլ՝ իր եսասիրութիւնը բաւարարելու:
Վանական մը ճանչցած եմ, որ ճգնութիւն կ՚ընէր հպարտութենէն մղուած, կարծելով թէ հզօր ճգնող մըն է: Ուտելէ ու լուացուլէ հեռացած էր ու կեղտի մէջ կ՚ապրէր, որով իր հագուստները ահաւոր աղտոտած էին ու իր վիճակը զզուելի դարձած էր: Առի անոր հագուստները, որպէսզի լուամ զանոնք, օգուտ չըրաւ: Անգամ մը ըսաւ ինծի.
-Յովհաննէս Հիւղակեցիին անցայ:
Պատասխանեցի անոր.
-Ո՜վ մարդ. Յովհաննէս Հիւղակեցին կեղտոտութեա՞ն համար սրբացած է:
Օրեր յետոյ սկսաւ խօսիլ, թէ Սուրբ Մաքսիմոս Քֆսոքալեֆիին ալ անցած է: Հարցուցի անոր.
-Ինչպէ՞ս:
Պատասխանեց.
-Սուրբ լերան բոլոր տեղերը այցելեցի:
Ըսի անոր.
-Բայց Սուրբ Մաքսիմոսին նպատակը այդ շրջայցէն հոգեւոր նպատակի մը հասնիլն էր, քու նպատակդ ալ այդպիսի՞ն էր:
Ատկէ ետք սկսաւ մահը յիշել ու ըսել.
-Ես հիմա դժոխքին մէջ եմ. ես սատանան եմ ու ինծի համակիրներ պիտի հաւաքեմ:
Մոլորութեան մէջ ինկած էր…
ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ [ՄՏԱՅԻՆ] ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
-Եառոնտա. զգուշացուցիր մեզի մեր միտքին երեւակական պատկերներ, Յիսուսի կեանքէն պատկերներ բերելէ աղօթքի ժամանակ, ինչո՞ւ համար:
-Որպէսզի սատանան երեւակայութիւններով մեզ չմոլորեցնէ: Երեւակայութիւնը դրական գործօն եւ մեծ ուժ մըն է, եթէ ճիշդ կերպով օգտագործուի: Ոմանք կրնան բնական պատկեր մը տեսնել, եւ տարի մը ետք կրնայ ըլլալ յիշեն զայն նոյնութեամբ ու գծեն զայն: Ասիկա պարգեւ մըն է, որ Աստուած մարդուն կը շնորհէ, սակայն սատանան կը շահագործէ զայն: Մոլորուածները անոնք են, որոնք կը տեսնեն ու կը կարդան, սակայն իրենց ուզածին պէս կ՚երեւակայեն իրենց տեսածն ու կարդացածը, ու կը հաւատան այդ երեւակայական պատկերներուն՝ որպէս իրականութիւն: Սատանան խնդացած է անոնց վրայ, այդ պատճառով անոնք կարիքն ունին ուշադիր կերպով հետեւելու իրենց ներաշխարհին:
Պարզ կին մը ճանչցած եմ, որ մնայուն կերպով կ՚աղօթէր ու կը խնդրէր Յիսուսէն, որպէսզի երեւի իրեն այս կեանքի ընթացքին, որովհետեւ ինք յաւիտենականութեան մէջ պիտի չկարենար տեսնել զԻնք, ինչպէս ինք կ՚ենթադրէր: Եւ իրապէս Յիսուս երեւեցաւ անոր աստուածային հաղորդութեան ընթացքին՝ Սուրբ Բաժակին մէջ փոքր մանուկի մը տեսքով եւ ապա անհետացաւ: Այս դէպքէն ետք, սատանան մտաւ անոր միտքին մէջ ու կարծել տուաւ թէ ինք կարեւոր մարդ դարձած է ու սկսաւ տունէ տուն շրջիլ ու մարդոց պատմել իր երեւակայութիւններուն մասին, որով ուրիշ առիթ չէր մնացած ինծի բացի յանդիմանելէ զինք խստութեամբ բոլորին դիմաց, որպէսզի յայտնի դառնար իր մոլորուածութիւնը եւ խոնարհէր:
-Երեւակայութիւննե՞ր էին:
-Երեւակայութիւններ ու մոլորութիւն:
-Եառոնտա. այդ բաները իր հոգեւոր հօր չէր յայտնած:
-Գիտե՞ս ի՛նչ կը պատահի: Այս բաներով սատանան կը խնդայ անոնց վրայ, որով չեն կասկածիր ու չեն մտածեր այդ բաներուն մասին իրենց հոգեւոր հօր հետ խօելու համար: Սարսափեցնող միջոց մըն է այն՝ զոր սատանան կը գործածէ:
…
-Եառոնտա. ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել Աստուծմէ բխած դէպք մը ու սատանայէն բխած դէպք մը:
-Շատ պարզ է: Եթէ դէպքը Աստուծմէ չէ, ապա հպարտութիւնը ընկերակից կ՚ունենայ իրեն: Հարցը կրնայ մինչեւ հայհոյելու հասնիլ:
Անգամ մը խուցս մոլորած մարդ մը եկաւ, որուն մէջ սատանան բնակած էր: Փորձեցի որոշ բաներու միջոցով օգնել անոր: Գիտե՞ս ինչ ըսաւ ինծի.
-Առաջին անգամն է, որ այսպիսի բաներու մասին կը լսեմ: Այս բաները նոյնիսկ Աւետարանին մէջ չեմ կարդացած:
Կարծես թէ ըսէր ինծի. Յիսուսի խօսածներէն աւելի լաւ խօսեցար: Կը հասկնա՞ս, թէ սատանան ինչպէս կը վարուի, որպէսզի միտքիդ հպարտութիւն ցանէ, եթէ մարդ չհասկնայ, թէ չի կրնար ոչինչ ընել իր անձնական ուժով, այլ՝ այդ բաները կ՚ընէ Յիսուսի զօրութեամբ: Արդարեւ ինք ոչինչ կ՚ընէ, նոյնիսկ եթէ հազարաւոր դեւեր դուրս հանէ:
ՍԱՏԱՆԱՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՀՐԵՇՏԱԿԻ ՆՄԱՆ Կ՚ԵՐԵՒԱՅ
Մարդ եթէ հոգեւոր փորձառութեան պակաս ունի եւ դրախտային ուրախութիւն չզգայ, ապա դիւրութեամբ մոլորութեան մէջ կ՚իյնայ: Այդ պատճառով պէտք է ուշադիր ըլլայ, քանի որ սատանան խորամանկ է: Մարդուն սիրտը կը գրգռէ եւ անոր հաճոյք ստանալ կը զգացնէ, որպէսզի մոլորեցնէ զինք, այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծելով, թէ այդ հաճոյքը հոգեւոր ու աստուածային է: Սատանան կրնայ մարդուն սիրտը գողնալ, որով վերջինս կը կարծէ, թէ ուղիղ ճանապարհով կ՚ընթանայ: Սակայն ուրախութիւնը՝ զոր կը զգայ, հոգեւոր իսկական ուրախութիւն չէ: Հոգեւոր իսկական ուրախութիւնը երկնային բան մըն է:
Սատանան կրնայ հրեշտակի մը կամ սուրբի մը պատկերով երեւիլ: Սակայն այս հրեշտակը կամ սուրբը -որ երկուքն ալ կեղծ է- մտահոգութիւն եւ խառնաշփոթութիւն կը բաժնէ, եւ այդ է ինչ ոչ ինք ունի: Իսկ իրական հրեշտակը կամ իրական սուրբը, ապա երկուքն ալ դրախտային ուրախութիւն եւ երկնային ցնծութիւն կը բաժնեն:
Խոնարհ եւ մաքուր մարդը -եթէ փորձառու չէ-, կը զանազանէ Աստուծոյ հրեշտակը սատանայէն՝ որ լուսաւոր հրեշտակի տեսք կ՚առնէ. իսկ անձնասէր մարդը անմիջապէս խորամանկ սատանայէն մոլորութեան մէջ կ՚իյնայ: Մարդ եթէ խոնարհ մտածում ձեռք ձգէ, ապա սատանան լուսաւոր հրեշտակի նման երեւած պահուն կ՚անհետանայ:
Օր մը երբ Սթոմիօ Վանքին մէջ փոքր աթոռի մը վրայ նստած կ՚աղօթէի, յանկարծ երաժշտութեան ձայներ լսեցի, որ մօտիկ տեղէ մը կու գային: Զարմացայ: Ի՞նչ էր այս երաժշտութեան ձայները, որ մօտիկ տեղէ մը կու գային: Ես ինծի սկսայ մտածել. Վանքի տօնին ժամանակը անցած է, կանգնեցայ եւ պատուհանէն նայեցայ, սակայն ոչինչ տեսայ եւ լռութիւն կը տիրէր: Այդ ատեն հասկցայ, որ սատանան խանգարել ուզած է աղօթքս, որով վերադարձայ աղօթքիս: Յանկարծ, զօրաւոր լոյս մը շողաց ու խուցս լեցուց՝ առաստաղը ծածկելով, սիւնի տեսք ունէր լոյսը, որ դէպի երկինք կը սլանար: Այդ սիւնին գլուխին պատկերուեցաւ դեղնորակ երիտասարդի մը պատկերը, որուն մազերը ուսերուն վրայ թափած էին եւ իր մօրուքով Յիսուսին կը նմանէր: Եւ երբ անոր դէմքին կէսը կը տեսնէի, կանգնեցայ աթոռէն, որպէսզի զինք ամբողջութեամբ տեսնեմ, ու ներսէն ձայն մը լսեցի, որ կ՚ըսէր.
-Արժանի նկատուեցար Յիսուսը տեսնելու:
Ո՞վ եմ ես՝ անարժանս, որպէսզի զՅիսուս տեսնեմ: Խաչակնքեցի, որով լոյսն ու կարծեցեալ յիսուսը անհետացան եւ առաստաղն ալ իր տեղը վերադարձաւ:
Այս երեւակայութիւններն ու կեղծ լոյսերը կրնայ ըլլալ որ սատանան դնէ զանոնք հպարտ մարդուն միտքին մէջ, որով կը մոլորեցնէ զինք ու անդունդ կ՚առաջնորդէ, փոխանակ զինք դրախտ բարձրացնելու: Այդ պատճառով մարդ պէտք է զղջումը փնտռէ եւ ոչ թէ լոյսերը կամ աստուածային պարգեւները: Զղջումը խոնարհութիւն կը ծնի, եւ այն ատեն Արդար Աստուածը անհրաժեշտը կը պարգեւէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 36
1 մայիս 2021, Վաղարշապատ