ՄՏԱՀՈԳ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐ

Վաղուայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ հեռավար դրութեամբ կարծիքը շօշափեցինք Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Արմէն Դարբինեանի, որ եղած է նաեւ Երեւանի՝ Հայ-ռուսական սլավոնական համալսարանի վերատեսուչը։ Ան մեզի պարզեց իր տեսակէտները Արցախի երկրորդ պատերազմի ծանր հետեւանքներուն, Հայաստանի առկայ տագնապի յաղթահարման ուղիներուն եւ ընդհանրապէս ապագայի վերաբերեալ բեմագրութիւններուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Արմէն Դարբինեանի յայտարարութիւնները։

*

-Գտնուելով արտասահմանի մէջ ինչե՞ր դիտարկած էք Հայաստանի այս նախընտրական շրջանին:

-Հայաստանի քաղաքական զարգացումներուն հանդէպ իմ վերաբերմունքը կը հիմնուի այն համոզումին վրայ, թէ յետպատերազմեան շրջանին եւ հասարակութեան այսօրուայ բարոյալքուած վիճակին մէջ բացարձակապէս պատեհ չէր ընտրութիւն կազմակերպելը: Ի հարկէ, քաղաքական համակարգի հասուն չըլլալուն պատճառով՝ մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք վիճակի մը հետ, երբ քաղաքական մեծամասնութեան տիրացած կուսակութիւնը չգիտցաւ իր պատասխանատուութիւնը մեր պետութեան նկատմամբ։ Ժողովուրդէն առնուած քուէն չօգտագործուեցաւ ի բարօրութիւն երկրի եւ պետութեան, այլ օգտագործուեցաւ ընդամէնը իշխանութեան պահպանման համար: Իշխանական խմբակցութեան բոլոր քայլերը միտուած էին իշխանութիւնը, պարգեւավճարները, բարօրութիւնը եւ իրենց հանգստութիւնը ապահովելու: Իմ կարծիքով, եթէ այդ խմբակցութիւնը ունենար բաւական չափով պետական մօտեցում, ապա պէտք է օրակարգի վրայ բերէր վարչապետի պաշտօնանկութեան հարցը։ 44 օրեայ պատերազմի ժամանակ Փաշինեանի մտորումները ուղղուած էին՝ իր սեփական անձը այս ամբողջ պատմութենէն մաքուր դուրս բերելու ցանկութեան եւ ո՛չ թէ երկիրը, պետութիւնը կամ զինուորը պաշտպանելու գաղափարին։ Ինչպէ՞ս ընել, որպէսզի մեղադրանքը իր վրայէն նետէր այլոց վրայ՝ զինուորներուն, բանակին, նախկին իշխանութիւններուն… Իր խմբակցութիւնը՝ որպէս մեծամասնութիւն, պէտք է պաշտօնանկութեան խնդիր դնէր եւ կազմէր նոր կառավարութիւն մը: Իմ պատկերացումով այդ կառավարութիւնը պէտք է կազմուած ըլլար ո՛չ թէ քաղաքական խմբակցութեան ներկայացուցիչներէն, այլ երկրի պետութենէն եւ գուցէ պետութեան դուրսէն ալ այնպիսի անհատներէ, որոնք կը դրսեւորէին համապատասխան յարգանք, հասարակութեան կողմէ կը վայելէին վստահութիւն եւ, ի հարկէ, արհեստավարժ յատկանիշներ, որպէսզի երկիրը ճգնաժամային այս իրավիճակէն դուրս հանէին։ Սակայն, այս բոլորի փոխարէն թէ՛ քաղաքական եւ թէ տնտեսական ճգնաժամը խորացաւ։ Միջազգային մօտեցումներու ճգնաժամը դէպի մեր երկիրը խորացաւ։ Ատրպէյճանի բանակը ներթափանցեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը եւ այս բոլորը ա՛լ աւելի լարեց ներքին իրավիճակը: Ուստի, նման պայմաններու ներքեւ ընտրութիւն կազմակերպելն ալ աւելի կը ձախողեցնէ մեր ներքին համակարգը: Ես չեմ տեսներ որեւէ դրական ելք այս ընտրութիւններէն վերջ եւ, ցաւօք սրտի, իմ կանխատեսումները այնպէս են, որ այս ընտրութիւններէն յետոյ ճգնաժամը դեռ աւելի կը խորանայ եւ մեր անկումը կը շարունակուի:

-Ընտրութիւններուն յաջորդելիք փուլին արդեօք ընդդիմութիւնը պիտի կարողանա՞յ բան մը փոխել կամ իշխանութիւնը պիտի վերարտադրուի՞։

-Կը կանխատեսեմ, որ ընտրութիւններէն յետոյ լարուածութիւնը պիտի չթուլանայ, այլ պիտի աւելնայ, որովհետեւ եթէ իշխանութիւնը կարողացաւ վերընտրուիլ եւ Փաշինեան կարողացաւ մեծամասնութեան տիրանալ ինչ-ինչ ճանապարհներով, ապա սա ի՞նչ պիտի նշանակէ։ Ժողովուրդի այն հատուածը, որ զինք կը համարէ դաւաճան ու ձախող ղեկավար, աւելի յարձակողական պիտի դառնայ իր դրսեւորումներուն մէջ, որովհետեւ այնպէս պիտի ստացուի, որ արդարութիւնը պարտուած պիտի ըլլայ: Իսկ եթէ հակառակը պատահի, այսինքն յաղթեն անոնք, որոնք կը ձգտին Փաշինեանի պաշտօնանկութեան… Այդ պարագային Փաշինեան պիտի շարունակէ համակարգին նկատմամբ իր առաջնորդի դրսեւորումները եւ պիտի փորձէ իրականացնել «յեղափոխութիւն» մը եւս: Երկու տարբերակներն ալ հանգստութիւն, հանդարտութիւն եւ համերաշխութիւն պիտի չբերեն Հայաստանին:

-Գտնուելով Մոսկուա, օրերս մասնակցեցաք կարեւոր համաժողովի մը: Մոսկուայի փակ սենեակներուն մէջ ինչպէ՞ս կը վերաբերին Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Առհասարակ Ռուսաստանի քաղաքական իշխանութիւնները ի՞նչ կը մտածեն Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան մասին։

-Մոսկուա, ի հարկէ, մտահոգուած է Հայաստանի իրադարձութիւններով։ Ռուսաստանի տեսակէտէ շատ աւելի նախընտրելի է կայուն, իր ներկային եւ ապագային գիտակցող ու համերաշխ Հայաստան մը: Ես կը տեսնեմ ու կը զգամ իրենց անհանգստութիւնը Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին բերումով։ Բայց, ի պատիւ Ռուսաստանի, պէտք է ըսել, որ իր գործողութիւնները միտուած են մեր ինքնիշխանութեան պահպանման։ Որովհետեւ ռուսական կողմը առերեւոյթ որեւէ մասնակցութիւն չունեցաւ այս նախընտրական եւ ներքին քաղաքական գործընթացներուն։ Ռուսական կողմը ընդգծուած կերպով ինքզինք դուրս կը պահէ այս գործընթացներէն՝ ամէն ձեւով ցոյց տալով, որ սա Հայաստանի ներքին գործն է եւ երկրի հասարակութիւնը, ժողովուրդը, քաղաքական վերնախաւը ինքնուրոյն պէտք է կարողանայ յաղթահարել այս քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամը:

Ցաւօք սրտի, 2018-ի իրադարձութիւններն ու յաջորդած դէպքերը անկանխատեսելիութիւն բերին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան: Այդ անկանխատեսելիութիւնը, իմ կարծիքով, երեւցաւ ու ցուցադրուեցաւ նաեւ պատերազմի 44 օրերուն, երբ հակասական արտայայտութիւններ կը լսէինք Հայաստանի վարչապետէն եւ բացի մեզմէ՝ այդ բանը կը նկատուէր նաեւ Ռուսաստանի կողմէ: Ռուսաստանի համար հարկաւոր է ունենալ կանխատեսելի գործընկեր մը, ես կը կարծեմ՝ սա նաեւ մեզի համար նպաստաւոր է: Արդեօք մենք՝ որպէս հասարակութիւն, պատրա՞ստ ենք այսօր ստանձնել պետութեան պատասխանատուութիւնը եւ հանդէս գալ միջազգային ասպարէզի մէջ ապացուցանելով մեր ինքնիշխանութիւնը։ Հո՛ս է հիմնական հարցը եւ, անշուշտ, մեր յաջողութեան պարագային ռուսերը պարզապէս ուրախ պիտի ըլլան։

-Արցախի երկրորդ պատերազմը ստեղծեց աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ մը, ուր յստակ էր Ռուսաստանի նոր Կովկաս մը ստեղծելու հետամուտ ըլլալը՝ գործընկեր ունենալով Թուրքիան: Դուք ինչպէ՞ս կը դիտարկէք ռուս-թրքական համագործակցութիւնը եւ Հայաստան ինչպէ՞ս պէտք է ընկալէ այդ բոլորը:

-Մենք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ պէտք է գիտակցինք, որ 30 տարուայ մեր անկախութեան շրջանին Թուրքիան կտրականապէս փոխուած է։ 90-ականներու Թուրքիան եւ այսօրուայ Թուրքիան բոլորովին տարբեր են։ Այն ինչ, որ կրնայինք ապահովել 90-ական թուականներու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ, այսօր այլեւս հնարաւոր չէ: 90-ականներուն անոնք ցուցադրաբար զերծ կը մնային որեւէ մասնակցութենէ, որեւէ հրապարակային քաղաքական քայլէ՝ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան: Թուրքիան կը փորձէր իր արտաքին քաղաքականութեան բոլոր դրսեւորումները համադրել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացներով պայմանաւորուած իրենց պարտաւորութիւններուն հետ։ Այդ գործընթացը մեր մօտ բաւական պատրանքներ ստեղծեց, թէ Թուրքիա կրնայ Եւրոմիութեան մաս կազմել եւ սա կրնայ դրական զարգացում մը ըլլալ մեզի համար, որովհետեւ այդ պարագային եւրոպական որոշ հսկողութեան տակ կրնային անցնիլ Թուրքիոյ կարգ մը գործողութիւնները: Այնուհետեւ, երբ ձախողեցաւ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը, կտրուկ շրջադարձ մը տեղի ունեցաւ։ Թուրքիա սկսաւ հետեւիլ բոլորովին այլ մօտեցումներու կամ աւելի ճիշդը՝ որդեգրեց Օսմանեան կայսրութեան մոտելը։ Ան ուժեղացուց իր տնտեսական եւ փորձագիտական չափանիշները։ 2018 թուականին ու անկէ ալ առաջ ինքզինք դրսեւորեց Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ, ներկայացաւ միջազգային հանրութեան՝ որպէս աշխարհաքաղաքական խաղացող։ Ընդ որում, Թուրքիա ստիպեց, որ աշխարհ համակերպի եւ ընդունի իր մասնակցութիւնը Լիպիոյ եւ Սուրիոյ տագնապներուն։ Աշխարհ շատ լուռ կերպով հետեւեցաւ եւ չեղաւ որեւէ կոշտ հակազդեցութիւն: Ունենալով իր աշխարհաքաղաքական շահերը թէ՛ Լիպիոյ եւ թէ Սուրիոյ մէջ՝ Ռուսաստան փաստօրէն ունեցաւ Թուրքիոյ հետ առանձին-առանձին պայմանաւորուածութիւններ, որոնք յանգեցուցին տարածքաշրջանային իրենց գործակցութեան, պայմանաւորուածութիւններու համադրումով հանդերձ: Այս վիճակը նաեւ մեծ ազդեցութիւն գործեց Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն վրայ, որովհետեւ աւելի քան յստակ է, որ այդ հակամարտութիւնը մասնիկն է տարածքաշրջանային օրակարգին։ Դժբախտաբար, մեր քաղաքական վերնախաւը, մեր դիւանգիտութիւնը, նաեւ մեր սփիւռքը պատրաստ չէին այս տեսակի իրադարձութիւններու եւ, ըստ էութեան, առերեսուեցանք իրավիճակի մը հետ, ուր ընդհանրապէս մինակ մնացինք տարածքաշրջանէն ներս: Սա նաեւ ցուցիչ մըն է մեր դիւանագիտութեան, մեր պատմագրութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան շահերու թիւր գիտակցման։ Մենք այսօր ալ տարբեր պատկերացումներ ունինք, թէ որո՛նք են մեր շահերը եւ չենք կրցած համակեդրոնացնել Հայաստանի եւ համահայկական բոլոր ուժերը՝ նպաստելու համար այդ մօտեցումներու պաշտպանութեան եւ տարածման: Հետեւաբար այստեղ չենք կրնար մեղադրել որեւէ մէկը՝ բացի մենք մեզմէ։ Գոյութիւն ունի «քաղաքական ազգ» հասկացութիւն մը, որու համար պետական շահը առաջնահերթ է եւ գերակայ։ Այս պահու դրութեամբ հարցականի տակ է. արդեօք մենք քաղաքական ազգ ե՞նք, թէ ոչ։ Արդարեւ, այս պահուն ունինք ձախողած պետութիւն մը եւ չունինք համահայկական համընդհանուր ռազմավարական մօտեցում մը մեր ներկային ու ապագային վերաբերեալ: 30 տարուայ ընթացքին չենք կրցած դառնալ մէկ բռունցք՝ որպէս պետութիւն եւ սփիւռք եւ չենք կրցած մեր շահերը ճիշդ համադրել աշխարհի զարգացումներուն հետ։ Քանի որ այս բանը չենք կրցած ընել, յայտնուեցանք պարտուածի դերին մէջ: Հիմա մեր խնդիրն է փորձել վերականգնիլ, եթէ կը կարողանանք ուրեմն փառք ու պատիւ մեզի, իսկ եթէ չկարողանանք՝ ուրեմն ամօթ մեզի:

-Արդեօք մտահո՞գ էք, որ ապագային Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը կրնան հեռանալ Արցախէն եւ Հայաստան կրնայ յայտնուիլ անկայուն վիճակի մէջ: Մոսկուայի մէջ ի՞նչ կը զգաք այս առումով։

-Գոնէ այս պահու դրութեամբ ես Ռուսաստանի կողմէ չեմ տեսներ որեւէ միտում՝ Ղարաբաղէն դուրս գալու վերաբերեալ։ Ռուսերը ստանձնած են այդ առաքելութիւնը եւ չեն կրնար հրաժարիլ։ Բայց պէտք չէ, որ մենք մեզ յուսադրենք, թէ ռուսերը այնտեղ են ու կը մնան յաւիտեան։ Անոնք կը մնան այնքան ժամանակ՝ ինչքան ձեռնտու է իրենց ազգային շահերուն համար: Եւ այսօր ամէն ճիգ պէտք է գործի դնենք, որպէսզի ռուսերու օգնութեամբ կարողանանք յստակ կարգավիճակի վերաբերեալ լուծումներու յանգիլ։ Մեր ճկունութենէն, մեր հզօրութենէն, Թուրքիոյ հետ մեր հաւանական յարաբերութիւններէն եւ մեր միասնական բռունցք մը դառնալէն կախուած է այս ամէնը: Մասնաւորապէս յստակ լուծումներ պէտք են Շուշի քաղաքին համար եւ սա պէտք է ըլլայ համահայկական մօտեցումներով: Մենք չենք կրնար այսօր գործել պատերազմական կանոններու համարժէք, որովհետեւ պատրաստ չենք պատերազմի: Բայց Շուշիի խնդիրը պէտք է լուծել այսօր, որովհետեւ վաղը արդէն ուշ պիտի ըլլայ։ Ատրպէյճան այնտեղ հսկայական ներդրումներ կ՚իրականացնէ, որպէսզի Շուշին դարձնէ իսլամական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաքը: Մենք պէտք է աշխարհին ապացուցանենք, որ Շուշին եթէ նոյնիսկ ամբողջութեամբ հայկական չէ, ապա նաեւ հայկական է եւ պէտք է այդ բանը ամրագրենք միջազգային պայմանագրերով։ Այնտեղ պէտք է ունենանք մեր ներկայութիւնը, ինչ որ այսօր ցաւօք չունինք: Մենք պէտք է միջազգային երաշխիքներով կարողանանք լուծումներ գտնել այս ամէն ինչին։ Բանալին, ի հարկէ, Հայաստանի եւ սփիւռքի հզօրութեան մէջ է: Սփիւռքը ուժեղ կ՚ըլլայ այնքան, ինչքան ուժեղ կ՚ըլլայ հայկական պետութիւնը:

Մենք պէտք է աշխատինք հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ՝ առանց ապաւինելու ոեւէ մէկուն, բացի միջազգային երաշխիքներէ եւ իրաւունքներէ: Վերջին 30 տարուայ ընթացքին իրաւունքի տեսանկիւնէն ալ պարտուեցանք: Աշխարհի մէջ ոեւէ մէկը չդատապարտեց Ատրպէյճանը այս յարձակման համար։ Արդարեւ, աշխարհի մէջ կը գերիշխէ այն հասկացութիւնը, թէ Ատրպէյճան պատերազմի միջոցաւ ընդամէնը վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք այս բանն ալ չենք գիտակցած եւ չենք գիտակցիր նաեւ հիմա եւ եթէ չգիտակցինք, ապա սա մեզ պիտի տանի ապագայ ձախողումներու:

-Որպէս վերջին խօսք, ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել մեր ընթերցողներուն։

-Ես շատ կը գնահատեմ ձեր թերթը, ձեր խմբագրութիւնը, ձեր կատարած աշխատանքը։ Ի հարկէ, շատ կը գնահատեմ պոլսահայերը, նաեւ բարձր կը գնահատեմ Պոլսոյ մեր արժէքներու, ինքնութեան պահպանման միտուած ձեր գործունէութիւնը: Ես ունիմ բազմաթիւ սփիւռքահայ ընկերներ, որոնց մեծամասնութիւնը պոլսահայ է: Կ՚ողջունեմ ձեր բոլոր ընթերցողները եւ պոլսահայերը՝ ցանկանալով լաւագոյնը եւ բոլորի խաղաղութեան մէջ ըլլալը: Ի հարկէ, մեզմէ տակաւին շատ բան կախեալ է, թէ Հայաստանի մէջ ինչպէ՛ս պիտի յաղթահարենք մեր առկայ մարտահրաւէրները։ Բայց կը փափաքիմ ընդգծել, որ մենք կը գիտակցինք ձեր ներկայութեան կարեւորութիւնը այսօրուան Թուրքիոյ մէջ ու ձեր կարեւորութիւնը՝ դիտուած համահայկական պրիսմակէ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 19, 2021