ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ԴԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ապա, Ղազարոսի յարութիւնը կը ճառէ:

Խօսք. «Յիսուս դարձեալ ներքնապէս յուզուեցաւ եւ մօտեցաւ գերեզմանին» (Յհ 11.38):

Մեկնութիւն. այն կ՚ըսէ, թէ հիմա յուզուած է, որ ինքն իր անձէն տրտմութիւնը վանեց, որովհետեւ հրաշք պիտի գործէր: Իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ հրեաներուն չարութեան պատճառով յուզուեցաւ, որոնք Անոր հրաշքներուն մասին կը բամբասէին: Իսկ այդպիսի յուզումին կամ ցասումին առաքինութիւն կ՚ըսուի, որովհետեւ ինչպէս առաքինութեան գործը բարիքներուն ուրախակցիլ է, այդպէս ալ առաքինութիւն է զայրանալ ընդդէմ չարերուն:

Խօսք. «Քարայր մըն էր եւ որուն մուտքին քար մը դրած էին» (Յհ 11.38):

Մեկնութիւն. այստեղ հինգ բան կը ճառէր Ղազարոսի յարութեան եւ մեծ հրաշքին ստուգութեան մասին:

Առաջինը գերեզմանին գծագիրը, որ քարայր մըն էր ժայռի մը մէջ փորուած եւ խորունկ, որովհետեւ բազմաթիւ մարմիններ կրնային այնտեղ դրուիլ, քանի որ Իսրայէլի ազգին մօտ՝ Երուսաղէմ երկրի մէջ օրէնք էր, որ իւրաքանչիւր ազգ ու ընտանիք իրենց գերեզմանները քարերու մէջ կտրէին: Այդպէս էր նաեւ Ղազարոսի գերեզմանը, որու մուտքը փակուած էր մեծ ժայռով մը, որով յայտնի կը դառնայ Ղազարոսի ճշմարիտ մահը:

Երկրորդ. հրաշքին ստուգութիւնը կը ճառէ, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Վերցուցէ՛ք քարը» (Յհ 11.39):

Մեկնութիւն. Ան, որ մեռեալին միայն ձայնով յարուցանեց, այդքան ուժ չունէ՞ր ժայռը վերցնելու, սակայն ըստ Ոսկեբերանին՝ այսպէս ըրաւ, որպէսզի չըսեն, ինչպէս աչքերը բացուած կոյրին, թէ՝ ասիկա ան չէ, այլ՝ անոր նմանող մէկը, որովհետեւ երբ հանեցին ոտերը՝ որոնք ընթացան, ձեռքը՝ որ դէպի վեր ըրին, ռնգունգը, որ հոտը առաւ, վկայ ըլլան Ղազարոսի յարութեան ու յանդիմանեն զանոնք: Եւ դարձեալ՝ տեսնելով մեռեալը գերեզմանին մէջ պառկած եւ ժահահոտութիւնը մարմինը ապականած, կը ցուցնէր, թէ ան է:

Եւ որովհետեւ երբեք պատահած չէր, որ չորսօրեայ մեռելը մեռելներէն յարութիւն առնէր, ատոր համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Հիմա նեխած պէտք է ըլլայ, որովհետեւ չորս օրէ ի վեր թաղուած է» (Յհ 11.39):

Մեկնութիւն. ոչ թէ կարծելով ըսաւ այս, այլ՝ որովհետեւ իրենց օրէնքն էր երկրորդ օրը երթալ ու օծել մեռելը եւ մինչեւ եօթներորդ օրը գերեզման երթալ, ու գիտէր, թէ հոտած (նեխած) էր: Դարձեալ՝ հոգիին բաժնուած պահէն մարմինը կը սկսի հոտիլ, ու մինչեւ չորրորդ օրը չորս տարրերը կը քակուին, ինչպէս վերը ըսուեցաւ: Դարձեալ՝ չորս օր գերեզմանին մէջ ձգեց, որպէսզի ատով անոնց անյուսութիւնը յայտնէր, ու ատով Քրիստոսի սէրն ու կարողութիւնը առաւել յայտնի դառնար:

Իսկ Մարթային ըսածը, թէ՝ չորս օրէ ի վեր թաղուած է եւ հոտած (նեխած) է, վարդապետները չորս կերպով կը մեկնեն. նախ՝ կ՚ըսեն, թէ՝ Սուրբ Գիրքէն երբեք չէր լսած, թէ չորսօրեայ մեռելը յարութիւնը կ՚առնէ: Երկրորդ՝ կ՚ըսեն, թէ յուսահատութեամբ ըսաւ: Երրորդ՝ կ՚ըսեն, թէ զարմացած էր: Չորրորդ՝ կ՚ըսեն, թէ մասնակի յոյս ունէր մասնակի յուսահատած էր, քանի որ նայելով Քրիստոսի կարողութեան՝ կը յուսար, իսկ նայելով մահուան երկարութեան [չորս օր]՝ կը յուսահատէր: Եւ նոյնպէս հաւատքը առատապէս ունէր, քանի որ միեւնոյն զօրութեան գործ է յարուցանել նոր մեռածն ու չորսօրեայ մեռածը, այդ պատճառով Քրիստոս անոր թերութիւնը յանդիմանեց:

Խօսք. «Քեզի չըսի՞, որ եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես» (Յհ 11.40):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ Աստուծոյ փառաւոր զօրութիւնը՝ իր եղբօր յարութեան [ժամանակ]: Իսկ թէ Քրիստոս ո՞ւր ըսաւ ասիկա, ոմանք կ՚ըսեն, թէ այն է. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը, եւ եթէ այս բանին կը հաւատաս» (տե՛ս Յհ 11.25), իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս անոր հետ ուրիշ շատ բաներ ալ խօսեցաւ, որոնք գրուած չեն, որոնմէ մէկը այս է:

Իսկ Քրիստոս երբ Մարթայի հաւատքին ու յոյսին պակասութիւնը վերցուց, ապա կը կատարեն Քրիստոսի կողմէ հրամայուածը, ինչպէս կ՚ըսէ.

ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Երբ անոնք քարը վերցուցին» (Յհ 11.41):

Մեկնութիւն. Երրորդ՝ հրաշքի ստուգութիւնը կը ճառէ, որ էր Քրիստոսի աղօթքը Ղազարոսի յարութեան ժամանակ:

Խօսք. «Յիսուս աչքերը վեր բարձրացուց» (Յհ 11.41):

Մեկնութիւն. երեք պատճառով. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ աղօթողը պէտք է արտաքին պատշաճ նշան մը ցոյց տայ: Երկրորդ՝ որպէսզի սորվեցնէ, թէ աղօթողը պէտք է իր միտքը վեր, դէպի երկինք՝ առ Աստուած բարձրացուցած ըլլայ, քանի որ վարդապետները կ՚ըսեն, թէ միտքին առ Աստուած բարձրացումը աղօթք է: Երրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ Անկէ ղրկուեցայ, եւ ամէն ինչ Անկէ ունիմ:

Խօսք. «Հա՜յր, շնորհակալութիւն Քեզի՝ որ լսեցիր զիս» (Յհ 11.41):

Մեկնութիւն. իւրաքանչիւր խնդրող նախ կ՚առնէ եւ ապա շնորհակալութիւն կը յայտնէ, իսկ Քրիստոս նախ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ երեք պատճառով. նախ՝ անցած բաներուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնէ, քանի որ Իր յղացումի սկիզբէն Հայրն Աստուած լսեց զԻնք՝ ինչ ալ կամեցաւ: Երկրորդ՝ որովհետեւ ստուգապէս գիտէր կատարուելիքը եւ երկբայութիւն չունէր խնդրած ժամանակ: Երրորդ՝ որպէսզի մենք օրինակով իմանանք, քանի որ հարուստները առաւել կը յօժարին տալ, երբ առաւել պարգեւները կը յիշեն, թէեւ Ան բոլոր օրինակներէն ալ վեր է, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Որ լսեցիր զիս: Գիտեմ որ միշտ կը լսես զիս» (Յհ 11.41-42):

Մեկնութիւն. որովհետեւ բանական կամքը միշտ միաւորուած էր Հօր Աստուծոյ կամքին, այդ պատճառով Աստուած միշտ կը լսէր Անոր, տակաւին գիտելի է, թէ Քրիստոսի բանական կամքը խոնարհեցաւ զգայական մասին, երբ կամեցաւ Իրմէ անցընել չարչարանքներուն բաժակը, եւ այդպիսի խնդրանքներուն աստուածային կամքը ո՛չ միշտ լսեց: Իսկ ըստ Ոսկեբերանին աղօթքին մեկնութիւնը այս է, [անոնց] որ[ոնք] աւելի ցած կը կարծեն ըլլալ [Քրիստոս], քան Հայրը. «Քրիստոս ամէն տեղ Իր գալուստը կը ցուցնէ ո՛չ թէ մարդոցմէ փառք [ստանալու] համար, այլ՝ մարդոց փրկութեան համար, եւ այնքան մեծամեծ բաներ կը բառբարէր, մինչեւ մարդոց հաւատքին կը հնազանդեցնէր»:

«Եւ ասոնք միասին կը հիւսէ»:

Լուծում. այսինքն՝ բաձրագոյնն ու խոնարհագոյնը մէկ դէմքի կը ցուցնէր, իսկ ստեղծելը գործելն է: Եւ դարձեալ, երբ աստուածայինները կը գործէր, ընդ նմին եւ մարդկայինները, իսկ երբ մարդկայիններն ու տկարները, ընդ նմին եւ զօրաւոր աստուածայինները, որովհետեւ երբ Կոյսէն ծնաւ, որ մարդկութեան [յատուկ] էր, երկիքնէն աստղ մը Անոր Աստուածութիւնը երեւցուց, իսկ երբ խաչուեցաւ, լուսաւորները խաւարեցան, նոյնպէս այստեղ. երբ կամեցաւ Ղազարոսին յարուցանել, որ Աստուծոյ զօրութեան գործ էր, նախ տրտմեցաւ, լացաւ ու աղօթեց, որպէսզի ցուցնէ, թէ նոյն Աստուածը մարդ էր եւ նոյն մարդը՝ Աստուած:

Խօսք. «Այդ ընելով անոնց մէջ կը կանխէր»:

Լուծում. այսինքն՝ տկարագոյններուն մէջ:

Խօսք. «Եւ ոչ նոյնութեամբ կը բարբառի»:

Լուծում. տկարութիւնը, այլեւ բարձրութեամբ կը խօսի՝ վերջիններուն [ետեւները եղողներուն] համար:

Խօսք. «Եւ ոչ դարձեալ նոյնութեամբ կը լռէ»:

Լուծում. այլ խոնարհները կը խօսի, որպէսզի այն ատեն չգայթակղին, որովհետեւ անոնք որոնք միտքով կատարեալ են հաւատքի մէջ, մէկ խօսքն անգամ բաւարար է անոնց հաստատութեան, կ՚ըսէ, իսկ միւսները յայտնի են:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 109

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021