«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ
-Եառոնտա. ուղղափառ մարդ մը հինտուզներուն հետ ընկեացաւ ու յետոյ զղջաց. վերստին կ՚ընդունուի՞ Ուղղափառ Եկեղեցիէն:
-Առաջին հերթին այդ մարդը մեծ զղջումի կարիք ունի, եւ ապա զինք Միւռոնով պէտք է դարձեալ սրբել, ինչպէս նաեւ պէտք է ներկայացնէ հաւատքի մուրհակ մը, որով կը յայատարարէ իր մոլորութիւնը եւ խոստովանութիւնը Ուղղափառ հաւատքին, որպէսզի վերստին գործունեայ անդամ դառնայ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ: Ատկէ ետք քահանան յատուկ աղօթքներ կ՚ըսէ ուղիղ հաւատքին վերադարձողներուն վերաբերեալ եւ կը սրբէ զինք Սուրբ Միւռոնով:
Որոշ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ կը տեսնեմ, որոնք Աւետարանէն մէկ գլուխ անգամ չեն կարդացած, սակայն «Պրահամա»յին (տիեզերքի բարձրագոյն ոգին ու էութիւնը հինտուիզական փիլիսոփայութեան մէջ), պուտայականութեան եւ քուրանի մասին կը կարդան, ու Հնդկաստան կ՚երթան: Յետոյ հանգիստ չեն զգար ու Ուղղափառութեան կը վերադառնան, սակայն իրենց վրայ առած կ՚ըլլան բազմաթիւ կեղտեր, որոնք զիրենք հեռու կը պահեն այն իրականութենէն, որու մասին կը խօսին: Մարդ պէտք է գիտնայ ուղղափառութիւնը եւ ապա միայն զայն համեմատէ այլ հաւատալիքներու հետ, զորս կը լսէ, եւ այն ատեն է միայն, որ կրնայ ոսկին պղինձէն զանազանել, եւ կամ կրնայ ոսկիին կերատը գիտնալ: Ամէն ինչ որ կը փայլի ոսկի չէ:
Հետաքրքրական է, որ ուղղափառութիւնը լքողը ընդհանրապէս հպարտ մարդն է, մինչ խոնարհ մարդը երբեք չի՛ լքեր զայն:
ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Մարդ որպէսզի հանգիստ զգայ, պէտք է խոստովանի, մէկդի դնելով իր մէջ եղող խորամանկութիւնը, իր սիրտը հոգեւոր հօր դիմաց բանալով, խոստովանելով իր սխալները, խոնարհելով, եւ այդ ատեն երկինքին դռները կը բացուին եւ Աստուծոյ շնորհքը առատութեամբ կը ծորի իր վրան»
ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԱՐԴ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ՄԵՂՔԷՆ Կ՚ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԻ
-Եառոնտա. առաջին դարուն քրիստոնեաները Խոստովանութեան Խորհուրդը հրապարակային կերպով կը կատարէին:
-Քրիստոնէութեան առաջին տարիները յատուկ պարագայ մըն էին, իսկ ներկան՝ տարբեր պարագայ: Այդ հրապարակային խոստովանութիւնը մեր օրերուն օգտակար չ՚ըլլար:
-Ինչո՞ւ համար: Անոնք աւելի՞ նախանձախնդիր էին:
-Անոնք աւելի նախանձախնդիր էին եւ չունէին այն բաները՝ ինչ որ այսօրուան մարդիկը ունին: Այսօր ամուսինները անտրամաբանական կերպով կ՚ամուսնալուծուին իրենց կիներէն, իսկ այս մէկը անցեալին չկար: Մարդիկ Խոստովանութեան Խորհուրդէն հեռացած են, այդ պատճառով իրենց մտածումներուն ու հաճոյքներուն մէջ կը խեղդուին: Շատեր կը դիմեն ինծի խնդրելով օգնել իրենց դժուարութիւններէն մէկուն մէջ, մինչ անոնք Խոստովանութեան Խորհուրդը չեն կատարեր ու եկեղեցի ալ չեն յաճախեր աղօթելու համար:
-Ինչպէ՞ս կրնամ բժշկել ձեզ: Զղջացէ՛ք ձեր մեղքերուն համար, եկեղեցի գացէ՛ք ու խոստովանեցէք զանոնք (մեղքերը) Յիսուսի դիմաց՝ ձեր հոգեւոր հօր (խոստովանահօր) ներկայութեամբ, որպէսզի Խորհուրդին օրհնութիւնը ստանաք, իսկ ես կ՚օգնեմ ձեզի աղօթքի մէջ՝ որպէսզի առողջանաք: Մոռցա՞ծ էք հանդերձեալ կեանքի եւ անոր պատրաստուելուն մասին:
Կը պատասխանեն ինծի.
-Այդ բոլոր բաները մեզ ընդհանրապէս չեն հետաքրքրեր, միջնորդներն ու կախարդները չկրցան մեզ բժշկել եւ իմացանք, որ դուն կրնաս, հետեւաբար ըրէ՛ այդ:
Կը խօսիս անոնց հետ խոստովանութեան եւ հանդերձեալ կեանքի մասին, որով իրենց առողջութիւնը կը շրջեն ու «ցնդաբանութիւններ» կը մռթմռթան: Իսկ միւս կողմէ օգնութիւն կը խնդրեն: Ինչպէ՞ս: Կախարդական ձեւո՞վ պիտի առողջանան:
Շատեր մեղքերու պատճառով խնդիրներէ կը տառապին, չեն երթար հոգեւոր հօր մօտ՝ որ կրնայ դրական օգնութիւն տրամադրել, այլ՝ հոգեբոյժներու կը դիմեն: Կը խօսին անոնց իրենց կեանքի մասին, իսկ անոնց զիրենք գետի մը կէսը կը հասցնեն ու կը պահանջեն, որպէսզի անցնին զայն: Ի՞նչ կը պատահի: Ոմանք շնչահեղձ ըլլալով կը խեղդուին, ոմանք կ՚անցնին, սակայն ո՞ւր: Եթէ այդ մարդիկ երթան քահանայի մը՝ հոգեւոր հօր մօտ ու խոստովանին, ապա կամուրջ մը իրենց առիթ կու տայ խաղաղութեամբ անցնելու գետը եւ հասնելու միւս ափը, ուր կը ստանան աստուածային շնորհքը, որ զիրենք մեղքերէն կ՚ազատագրէ:
-Եառոնտա. ոմանք կը պատճառաբանեն, թէ լաւ հոգեւոր հայրեր չեն գտներ ու այդ պատճառով ալ չեն խոստովանիր…
-Ատոնք պատճառաբանութիւններ են արդարացնելու համար իրենց արարքները: Իւրաքանաչիւր օրինական քահանայ հոգեւոր հայր է, որ իշխանութիւն ունի երբ սքեմ կը հագնի: Խորհուրդը կը կատարէ, աստուածային շնորհքը կը ստանայ, եւ երբ կ՚աղօթենք -քակելու աղօթքը-, ապա Աստուած կը ներէ անկեղծ զղջումով մեր խոստովանած բոլոր մեղքերուն: Մեզմէ կախում ունի Խոստովանութեան Խորհուրդէն մեր ստանալիք օգնութեան քանակը:
Անգամ մը եկաւ մէկը, որ հոգեկան խնդիր ունէր՝ օգնութիւն խնդրելով ու հաւատալով, թէ տեսիլքներ տեսնելու շնորհք ունիմ եւ իսկապէս կրնամ օգնել իրեն: Երբ խնդրեցի իրմէ, որպէսզի հոգեւոր հայր մը փնտռէ ու խոստովանի անոր դիմաց, հակառակեցաւ ըսելով.
-Ո՞ւր են լա՛ւ հոգեւոր հայրերը:
Օգնութիւն կ՚ուզեն սակայն խրատ չեն ընդունիր ու իրենց ջանադրութիւնը ի զուր կ՚երթայ:
Սակայն սատանայէն նոր միջոց մը նկատած եմ: Անոնց մտածողութեան մէջ կը մտցնէ այն, որ եթէ ուխտ մը կատարեն կամ ուխտի գացին որեւէ մէկ սրբավայր, ապա հոգեպէս լաւ վիճակի մէջ կ՚ըլլան: Այդ պատճառով շատեր վանքեր ու սրբավայրեր կ՚երթան, ուխտեր կ՚ընեն, մոմեր կը վառեն, խաչի նշանը կը դնեն եւ կրնայ ըլլալ քիչ մը արցունք ալ թափեն, եւ կամ կարգ մը աղօթքներ կ՚ըսեն ու այդքանով կը բաւարարուին. ո՛չ զղջում, ո՛չ Խոստովանութեան Խորհուրդ, որով չարը կ՚ուրախանայ:
-Եառոնտա. կրնա՞յ պատահիլ, թէ մէկը որ Խոստովանութեան Խորհուրդը չի՛ կատարեր, ներքին հանգստութիւն զգայ:
-Եւ արդեօք կրնա՞յ հանգիստ ըլլալ: Մարդ որպէսզի հանգիստ զգայ, պէտք է խոստովանի, մէկդի դնելով իր մէջ եղող խորամանկութիւնը, իր սիրտը հոգեւոր հօր դիմաց բանալով, խոստովանելով իր սխալները, խոնարհելով, եւ այն ատեն երկինքին դռները կը բացուին եւ Աստուծոյ շնորհքը առատութեամբ կը ծորի իրեն վրայ: Նախքան խոստովանութիւնը մշուշը կը պատէ, տեսողութիւնը կը խափանուի եւ մեղքերը կ՚արդարացուին: Արդարեւ մարդը ինչպէ՞ս կրնայ իրողութիւնները յստակ կերպով տեսնել, երբ ուղեղը մեղքերուն պատճառով խաւարած է: Խոստովանութիւնը կը փարատէ մշուշը, կը բիւրեղացնէ հորիզոնը եւ օդը կը յստականայ, որով տեսողութիւնը պարզ, յստակ ու լաւ կը դառնայ: Այդ պատճառով խրատ հարցնողները նախ խոստովանութեան կը ղրկէի, եւ ապա վերադառնալու խօսելու եւ զրուցելու: Խոստովանութեամբ մարդ իր մէջէն դուրս կը շպրտէ անօգուտ բաները եւ հոգեպէս կը պտղաբերի:
Օր մը պարտէզը կը փորէի, որպէսզի լոլիկի մի քանի սածիլ տնկէի: Մէկը անցաւ ու ըսաւ ինծի.
-Ի՞նչ կ՚ընես:
Պատասխանեցի.
-Պարտէզիս հետ Խոստովանութեան Խորհուրդը կը կատարեմ:
-Ինչու պարտէզը խոստովանութեան կարիք ունի՞:
Պատասխանեցի.
-Անշուշտ, պարտէզը խոստովանութեան կարիք ունի, այսինքն՝ քարերէն, փուշերէն եւ խոտերէն մաքրել, եւ այն ատեն համեղ պտուղներ կու տայ, հակառակ պարագային ապա այդ պտուղները հիւանդ ու դեղնած կ՚ըլլան…:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 42
2 յունիս 2021, Վաղարշապատ