ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ. ԹԱԹՈՒԼ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ (1901-1973)
«Նա մեր ժողովրդի երգերը դարձրեց գոհարներ եւ դրանով զարդարեց հայ ժողովրդի լուսաւոր ճակատը»
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ
Հայ երաժշտական արուեստի խոշորագոյն դէմքերէն մէկն է Թաթուլ Ալթունեան՝ ազգային մշակոյթին, անոր զարգացման բերած իր նպաստով: Անուն մը, որ սերտօրէն կապուած է հայ երգի հետ, հարազատ ու մօտիկ ամէն մէկ հայու սրտին հայրենիքի թէ արտերկրի մէջ:
Թաթուլ Ալթունեան ծնած է 1901 թուականի հոկտեմբեր 2-ին, Ատանա: Երաժշտական նախնական գիտելիքները ստացած է հօրմէն սրինգ նուագելով:
Եղեռնի օրերուն պատանի Թաթուլը կը կորսնցնէ հայրը ու մօր, քրոջ եւ երեք եղբայրներուն հետ, գաղթականներու խումբով կը տարուի Վան, ուրկէ ալ Երեւան:
1915-1921 թուականները Ալթունեան կ՚անցընէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ որբանոցին մէջ եւ դասերուն զուգահեռ, կը ղեկավարէ որբանոցի երգչախումը։ Այստեղ է, որ տարբեր շրջաններէ եկած որբերէն կը լսէ ժողովրդական երգեր, զորս յետագային կը մշակէ՝ յիշողութեամբ մշակելով ինչ որ կրնայ: Այնտեղ է, որ ան կը ծանօթանայ թառ նուագարանին, քանի մը դաս առնելէ ետք արդէն կը ճանցուի իբրեւ Երեւանի լաւագոյն ինքնուս թառահարներէն մէկը ու որպէս այդպիսին, կը սկսի հանդէս գալ հարսնիքներու ժամանակ՝ իր ապրուստը հայթաթելու:
Ալթունեան երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ. երաշտութեան ուսուցիչներ ունենալով Եղիշէ Պաղտասարեանն ու Վարդան Մամաջանեանը: 1921 թուականին, Թիֆլիզէն Երեւան կը հրաւիրուի Ռոմանոս Մելիքեան՝ հիմնելու համար հայկական արուեստագիտական առաջին ուսումնարանը, որ դարձաւ Երեւանի յետագայ Երաժշտանոցի հիմքը: Մէկ տարի անց 1922 թուականին օր մը, մինչ Երեւանի զբօսայգիներէն մէկուն մէջ Ալթունեան նստարանի մը վրայ նստած խորասուզուած կը մտորէր, կը նշմարէ դիմացը նստած երիտասարդ մը, որ ուշի ուշով զինք դիտելէ ետք մօտը կը կանչէ: Ահա թէ ի՞նչ զրոյց կ՚ունենան անոնք.
-Անունդ ի՞նչ է:
-Թաթուլ:
-Դպրոցներուն դո՞ւ ես երգչախմբեր ղեկավարում:
-Այո:
-Նօթաներ գիտե՞ս, երաժի՞շտ ես:
-Ոչ:
-Իսկ սովորել ուզո՞ւմ ես:
-Շա՜տ:
Արդարեւ, բախտորոշ եղաւ Ալթունեանի զրոյցը այդ երիտասարդին հետ, որ նոյն ինքն Ռոմանոս Մելիքեանն էր: Նոյն տարին, Ալթունեան կը սկսի յաճախել Երեւանի ուսումնարանը՝ խմբավարութեան դասեր առնելով Ռոմանոս Մելիքեանէն, Սպիրիդոն Մելիքեանէն, իսկ Վ. Շպերլինկինէն եւ Ս. Ֆերդորովիչէն՝ բարձրասրինգի (hautbois) դասեր:
Ուսանողական տարիներուն, Ալթունեան հանդէս կու գայ երաժշտական կատարոմներով եւ կազմակերպչական գործունէութեամբ: 1924-ին, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի հիմնած Հայաստանի սիմֆոնիկ նուագախումբին մէջ կը դառնայ առաջին բարձրասրինգ նուագողը, իսկ 1925-26-ին Հայաստանի Ստեփանաւան քաղաքին մէջ կը կազմէ երգչախումբ ու նոյն ընթացքին կը ղեկավարէ Երեւանի Պետական համալսարանի, բժշկական, նաեւ բազմարուեստից ուսումնակրթական հաստատութիւններու երգչախումբերը:
1928-ին, Երեւանի երաժշտանոցի դասընթացքը աւարտելէ ետք կը մեկնի Լենինկրատ՝ (Փեթերսպուրկ) ուսումը կատարելագործելու: Հոն կը մասնագիտանայ խմբավարութեան մէջ, աշակերտելով Ա. Եկորովին ու մասնակցելով Մ. Քլիմովի ղեկավարած Ակադեմական երգչախումբի փորձերուն: Բարձրասրինգի դասերը՝ զորս ան կը ստանայ Ֆ. Նոյմանէն, նաեւ տեղւոյն ֆիլհարմոնիայի սիմֆոնիկ նուագախումբին եւ օփերայի ուսումնական նուագախումբին բերած մասնակցութիւնը աւելի եւս կը զարգացնեն ու կը բացայայտեն անոր երաժշտական ունակութիւնները ու կը դարձնեն բարձրասրինգի մասնագէտ կատարող:
Աւարտելով Լենինկրատի մէջ ուսման իր շրջանը, 1935 թուականին, Ալթունեան կը հրաւիրուի Երեւանի երաժշտանոց՝ դասաւանդելու խմբավարութիւն, տեսական առարկաներ (théorie), բարձրասրինգ ու միաժամանակ կը ստանձնէ երաժշտանոցի երգչախումբի ղեկավարութիւնը՝ որ յաջորդ տարի, 1936-ին, Մոսկուայի Համամիութենական փառատօնին կը շահի առաջին մրցանակը: Այնուհետեւ ճանաչում գտած երաժիշտը, 1937-ին կը հիմնէ ձայնասփիւռի երգչախումբը ու Հայաստանի Պետական երգչախումբը եւ վերջապէս 1938-ին՝ Հայկական Ժողովրդական երգի-պարի անսամպլը (համոյթը), իր գործերու թագն ու պսակը: Անտարակոյս, երկար ու մանրակրկիտ որոնումներ պէտք եղան ստեղծելու համար այդպիսի համոյթ մը: Ելակէտային նշանակութիւն ունէր այն հարցը, թէ ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլար կազմը, եւ Ալթունեան կրցաւ ճիշդ կողմնորոշուիլ, խումբը ներկայացնելով երեք բաժիններով՝ երգչախումբ, պարախումբ եւ նուագախումբ: Երգչախումբերուն բերած երկար տարիներու իր մասնակցութիւնը ինչ խօսք, մեծ փորձառութիւն մըն էր, բայց նորաստեղծ համոյթի պարագային կար ժողովրդական նուագարաններով խումբին ընկերակցելու միանգամայն նոր ու դժուար լուծելի հարցը. բանն այն է, որ նուագախումբը այստեղ պէտք է ունենար հայ երգի բնորոշ երաժշտական գունաւորում: Այնուամենայնիւ, դժուար էր ոչ թէ նուագարններու ճիշդ ընտրութիւն կատարել, այլեւ որդեգրել ըստ հնչողականութեան պահանջուող մշտական յարմարագոյն ձեւը. օրինակ՝ թառը աղմկոտ է, զուռնան ունի սուր ձայն, քամանչան զիլ է ու լալկան, սազը՝ նուրբ, հովական անուշ սրինգն ու տուտուկը, որով միանգամայն դժուար է այդ բոլոր ձայները ներհիւսել, յարմարցնել, ձուլել իրարու: Դեռ աւելին. նշուած նուագարաններէն ոչ մէկը ունի թաւ ձայներ հանելու կարողութիւն: Ահա թէ ինչու, այդ բացը լրացնելու համար Ալթունեան կ՚որոշէ ընտրել արեւելեան ուտը եւ հայկական քանոնը (հայկական քանոնը ի տաբերութիւն արեւելեան քանոնէն, կը լարուի դասական կիսահնչերանգներով, իսկ արեւելեանը՝ քառորդ կամ ութերորդ հնչերանգներու սահմանափակ լարուածքով):
Նուագարաններու յարմար օգտագործումը եւ մատուցման ձեւը կու տան սպասուած արդիւնքը, երաշխաւորելով համոյթի (անսամպլի) կատարեալ յաջողութիւնը: Պատահական չէ այն զարմանքն ու հիացումը, զորս կ՚արտայայտեն արաբ երաժիշտները, երբ արաբական միաձայն երգի փոխարէն, Միջին Արեւելքի բեմերուն վրայ, առաջին անգամ ըլլալով ականջալուր կը դառնան Ալթունեանի մշակումով եւ Երգի-պարի համոյթի կատարումով երգուող բազմաձայն արաբական երգեր:
Հայկական ժողովրդական երգի-պարի համոյթի ստեղծումը եւ ունեցած յաջողութիւնը աշխատանքային նոր թափ ու եռանդ կը հաղորդեն ղեկավարին: Խումբը համերգային շրջագայութիւններով հանդէս կու գայ ո՛չ միայն Խորհրդային Միութեան զանազան հանրապետութիւններու մէջ, այլեւ՝ արտասահմանեան բազմաթիւ բեմերու վրայ, ամէնուրեք գտնելով ջերմ ընդունելութիւն:
Ալթունեանի գործը շատ արժանաւոյն կը գնահատուի նաեւ պետական իշխանութիւններուն կողմէ:
1939-ին ան կը պարգեւատրուի աշխատանքային Կարմիր դրօշի, Կարմիր աստղի, Լենինի շքանշաններով: 1940-ին իրեն կը շնորհուի Հայաստանի Վաստակաւոր գործիչի, 1945-ին Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտի, աւելի ուշ՝ 1950-ին Խորհրդային Միութեան Պետական մրցանակի Դափնեկիրի, 1953-ին դոցենտի եւ 1965-ին Խորհրդային Միութեան Ժողովրդական արուեստագէտի պատուաւոր կոչումները: Գալով կազմակերպչական հասարակական իր գորուծնէութեան, այստեղ կարեւոր հանգրուաններ են՝ Երեւանի Երաժշտանոցի խմբավարական ամպիոնի հիմնումը 1946-ին, Հայաստանի Պետական երգչախումբի ղեկավարութիւնը 1947-49, Հայաստանի Երգչախմբային ընկերութիւնը 1958-ին, եւ աւելի ուշ՝ այդ երգչախումբի հիմնումը 1968-ին:
1960-ին, հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Թաթուլ Ալթունեանի ծննդեան 60-րդ եւ ստեղծագործական 40-րդ զոյգ տարեդարձները, իսկ 1970-ին, ծննդեան 70-ամեակին առիթով, իրեն կը շնորհուի փրօֆեսէօրի կոչում ու կը պարգեւատրուի Կարմիր դրօշի երկրորդ շքանշանով:
Թաթուլ Ալթունեան կը մահանայ 1973 թուականի նոյեմբերի 29-ին, 72 տարեկանին: Իր մահէն տարի մը ետք՝ 1974-ին, Երգի-պարի համոյթը՝ պաշտօնապէս կ՚անուանուի Թաթուլ Ալթունեանի անունով:
«Ինձ շնորհուած բոլոր պարգեւներից ամենաբարձրը՝ իմ ժողովրդին ծառայելու պատիւն է»
Թ. Ալթունեան
Ալթունեան ճաշակեց այդ պատիւը, որովհետեւ իրապէս, ողջ կեանքը լիացուց ժողովուրդին նուիրուած իմաստալից ծառայութեամբ: Առնելով հայ երգը ժողովուրդէն, ան մշակեց զայն, պարզեցուց եւ պարի վերածելով վերադարձուց, գիտակցելով հայ երգն ու պարը մշտապէս եղած են մեր ժողովուրդի զգացումները արտայայտելու լաւագոյն միջոցը. որոնք, ցաւօք, աստիճանաբար մոռացութեան կը մատնուին՝ դատապարտուելով անհետ կորստեան:
ՍԱՄՈՒԷԼ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Ապագայ», Մոնթրէալ
- Վլադիլեն Բալեան (կազմող), Մարգարիտ Բրուտեան (խմբագիր), Խօսք Թաթուլ Ալթունեանի մասին, Երեւան, ՀՍՍՀ Գիտոթիւնների Ակադեմիա, 1977, էջ 5:
- Հ.Ս. Խանջեան, Հայկական ժողովրդական երգի-պարի պետական վաստակաւոր անսամպլ, Երեւան, Հայաստան հրատ., 1973, էջ 9:
- Վլադիլեն Բալեան (կազմող), Մարգարիտ Բրուտեան (խմբագիր), Խօսք Թաթուլ Ալթունեանի մասին, Երեւան, ՀՍՍՀ Գիտոթիւնների Ակադեմիա, 1977, էջ 51: