ԽՈՐՀՈՒՐԴ Ս. ԽԱՉԻ

Խորհուրդ ըսելով կը հասկնանք խորհելու կարողութեան այն հետեւանքը, զոր բանային յղացումներ մեր միտքին մէջ կազմուելով կը փոխանցուին ուրիշներու։

Յիրաւի խորհելու կարողութիւնը մեր միտքին մէջ իրականացող հրաշք մըն է եւ մինչեւ որ յայտնուի, բացի Աստուծմէ, ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ զանոնք։ «Սակայն, ո՛վ Տէր զօրութիւններու, արդա՛ր Դատաւոր, Որ սիրտն ու միտքը կը քննես» (Երեմիա, 20։12)։

Ուրեմն խորհուրդները մինչեւ որ յայտնուին, գաղտնի կը մնան։

Խորհուրդ նաեւ կը նշանակէ քրիստոնէական հաւատքի այն ճշմարտութիւնները, որոնք անմատչելի են մարդկային իմացականութեան եւ ծէսերով է, որ միայն երեւելի ու հասկնալի կը դառնան։

Եկեղեցին ունի եօթ մայր խորհուրդներ ըստ հետեւեալի․

Ս․ Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Ս․ Հաղորդութիւն, Ս․ Պսակ ամուսնութեան, Հիւանդաց այցելութիւն, Եկեղեցականի ձեռնադրութիւն։

Ինչո՞ւ այս արարողութիւնները խորհուրդ կը կոչուին։

Խորհուրդ կը կոչուին, քանի չենք գիտեր, թէ ինչպէս կ՚իրականանան, բայց գիտենք եւ կը հաւատանք, թէ Աստուած կ՚իրականացնէ Իր Ս․ Հոգիով եւ եկեղեցականի միջնորդութեամբ։

«Վասնզի մարդոցմէ ո՞վ գիտէ մարդուն բաները, բայց միայն մարդուն հոգին որ իր մէջ է. նոյնպէս ալ Աստու-ծոյ բաները մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն Աստուծոյ Հոգին» (Ա․Կորնթ 2։11)։

Ս․ Հոգիով է, որ Մկրտութեամբ մարդ նոր արարածի մը կը վերածուի. Ս․ Հոգիով է, որ ժրոշմուելով Աստուծոյ նշանները մեր վրայ կը կրենք. Ս․ Հոգիով է, որ եպաշխարութեամբ մեր մեղքերուն թողութիւն կը ստանանք. Ս․ Հոգիով է, որ Ս․ Հաղորդութեամբ Քրիստոսի Ս․ Արեան եւ Մարմնին կը միանանք. Ս․ Հոգիով, է որ զոյգեր Ս․ Պսակի արարողութեան պահուն մէկ մարմին դառնալով մաս կը կազմեն Քրիստոսի Ս․ Եկեղեցիին իբրեւ ամուսնացեալ նոր անդամը. Ս․ Հոգիով է, որ հիւանդներ բժշկութիւն կը ստանան քահանայի այցելութեամբ եւ աղօթքով. Ս․ Հոգիով է, որ ընծայեալը Աստուծոյ քահանայ ու պաշտօնեայ կը դառնայ։

Բոլոր խորհուրդներուն կրնանք աւելցնել Քրիստոսի Խաչի խորհուրդը, որուն միջոցով մարդ արարածը Աստուծոյ փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի կ՚արժանանայ։

Հակառակ այս ճշմարտութեան, Խաչի խորհուրդը շատերու կողմէ տակաւին լիովին չէ հասկցուած։

Մենք՝ հաւատացեալներս թէեւ կը խոստովանինք ու կը հաւատանք Խաչի խորհուրդին՝ բայց եւ այնպէս յաճախ երբ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը մնանք, կը տատամսինք, փոխանակ ապաւինելու Խաչի զօրութեան՝ այլ ճանբաներու կը շեղինք։

Իբրեւ մարդ արարած կ՚ուզենք հաւատալ՝ հրաշքներ ու նշաններ տեսնելով, մինչդեռ մեր կեանքի տեւողութեամբ կը պատահին բազմաթիւ հրաշքներ, որոնք սովորական եղելութիւն ընդունած ենք շարունակ։ Շարունակ կը կարծենք, որ հրաշքներ միայն հեռաւոր անցեալի մէջ պատահած տարօրինակ եւ արտասովոր եղելութիւններ են։

Տէր Յիսուս կ՚ըսէ. «Անիկա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ.- Չար եւ շնացող ազգը նշան կ՚ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը» (Մատթ․ 12։39)։

Շատ անգամ Քրիստոսի խաչելութիւնը մեր ապականած մտքի ու խորհուրդներու պատճառով մեզի համար անհասկանալի կը դառնայ եւ փրկութեան կարեւորագոյն պայմանը եղող Յիսուսի խաչելութիւնն ու Անոր խաչի անհրաժեշտութիւնը կ՚անտեսուի։ Իսկ ոմանք ալ տարբեր ու սխալ տեսանկիւնէ մը դիտելով կ՚ըսեն, թէ Աստուած կարելի՞ է որ խաչուի մարդոց համար եւ կամ կարել՞ի է խաչել զԱյն։

Պօղոս առաքեալ հետեւեալ տողերով շատ լաւ կը բացատրէ այս ճշմարտութիւնը.

«Վասն զի հրեաները նշան կ՚ուզեն եւ յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն. իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, ինչ որ հրեաներուն գայթակղութիւն ու յոյներուն յիմարութիւն է։ Բայց անոնք որ կանչուած են, թէ՛ հրեայ եւ թէ՛ յոյն, Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնն է» (Ա Կորնթ. 1։23)։

Ինչպէս ըսինք, մարդիկ շարունակ նշաններու կը կարօտին, ոմանք ալ իմաստասիրութեան ու գիտութեան, նաեւ իրենց միտքի զօրութեան կ՚ապաւինին։

Այո՛, Աստուծոյ խաչելութիւնը հրեաներուն, նաեւ շատերու գայթակղութիւն է եւ կամ մարդկային ըմբռնումով հզօրի մը խաչուելու աստիճան խոնարհիլը բազմաց համար յիմարութիւն է։

Երբեք պէտք չէ մոռնալ, որ Աստուած մեր խորհուրդներուն համաձայն չի գործեր, այլ Իր Իմաստութեամբ։

«Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհի քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհի իմաստութիւնը։ Քանզի Աստուած հաճեցաւ քարոզութեան յիմարութիւնով ապրեցնել, ուստի աստուածային իմաստութեամբ չթոյլատրեց որ աշխարհային իմաստութեամբ մարդ Աստուած ճանչնայ» (Ա Կորնթ. 20-1։21)։

«Ո՞վ քննեց Տիրոջը Հոգին, ու անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր» (Եսայեայ, 40։13)։

Նոյնը կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ եւս.

«Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները։ Վասն զի ո՞վ գիտցաւ Տիրոջը միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ. կամ ո՞վ նախապէս անոր բան մը տուաւ, որ փոխարէնը իրեն տրուի» (Հռովմ. 11-33։34)։

Սիրելի ընթերցող, թէ՛ Աստուծոյ խաչելութիւնը չըմբռնողներու, թէ՛ խաչելութեան պատճառն ու կարեւորութիւնը հասկնալու համար այս գեղեցիկ պատմութիւնը պատմել կարեւոր կը նկատեմ։

Երկրի մը մէջ ապրող կայ անապատական ցեղապետ մը, որուն հսկողութեան տակ գտնուող ժողովուրդը երջանիկ եւ ապահով կեանք կը վարեն։

Այդ ժողովուրդի մէջ սակաւաթիւ եւ չնչին յանցագործութիւններ կը տեսնուին եւ ցեղապետը չի պարտաւորուիր իրենց խստութեամբ վերաբերիլ։

Բայց օր մը այդ շրջանի մէջ շատ ծանր յանցանք մը կը գործուի. մէկու մը ոսկիները գողցուած են ու լուրը շուտով կը հասնի ցեղապետին։

Ցեղապետը բնականաբար շատ կը զայրանայ եւ կը հրահանգէ շուտով գտնել յանցագործը ու խարազանելով պատժել զայն։ Պաշտօնեաներ հարցաքննութիւններէ ու պրպտումներէ վերջ ի յայտ կը բերեն յանցագործը, որ ցեղապետի մայրն է։

Կինը շուտով կը ձերբակալուի ու բանտ կը նետուի, կը սպասուի ցեղապետի որոշումին ու յանցագործի պատժուելուն։

Ցեղապետը որքան ալ այս վիճակէն դժգոհ ըլլայ եւ վարանի իր տուած որոշումը կիրարկութեան դնելէ, չի տատամսիր՝ կ՚որոշէ վճիռի գործադրութեան օրն ու վայրը։

Ժողովուրդը որ ուրախ է յանցագործին յայտնութենէն, երկուքի կը բաժնուի. մէկ մասը կ՚ուզէ, որ շուտով կիրարկուի որոշումը, իսկ մէկ մասն ալ կ՚առարկէ ըսելով՝ որովհետեւ յանցագործը մայրն է, նաեւ տարիքոտ կին մը, ցեղապետը ետքայլ ընելու է։ Հակառակ պարագային իրենք չեն ուզեր ենթարկուիլ այսպիսի անխնայ ցեղապետի մը։

Որոշման կիրարկութեան օրը կը հասնի, ժողովուրդը հաւաքուած կը դիտէ, թէ ինչեր պիտի պատահին։ Ցեղապետի մայրը կապուած է փայտի մը եւ կը սպասուի ցեղապետի հրահանգին։

Ցեղապետը կու տայ հրահանգը ու դահիճը կը շարժէ իր ձեռքը, խարազանը կը շաչէ եւ երբ ճիշդ պիտի իջնէ մօր վրայ, ցեղապետը ինքզինք կը նետէ խարազանին առջեւ ու հարուածը իր վրայ կ՚առնէ։

Այսպէսով թէ՛ վճիռը տեղը բերելով արդարութիւնը կիրարկած եւ թէ մօր վրայ գալիք պատուհասը իր վրայ առնելով ողորմութիւն ցոյց տուած կ՚ըլլայ։

Այո սիրելիներ, Աստուած ալ իր արդարութեամբ եւ ողորմութեամբ՝ մարդուն անհնազանդութեան պատճառով տուած մահուան վճիռը, իր Միածին Որդիին խաչելութեան միջոցաւ իր վրայ առնելով՝ մեր վրայէն վերցուցած է դատակնիքը։ Նաեւ պատուիրած է մեզի՝ մեր խաչերը առնել եւ Իրեն հետեւիլ։

«Ով որ իր խաչը չի վերցներ ու իմ ետեւէս գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» (Ղուկ 14։27)։

ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021