«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՄԵՂՔԵՐԷ ԱՐՁԱԿՄԱՆ ԱՂՕԹՔԸ

Կարգ մը հոգեւոր հայրեր խոստովանութենէն ետք մեղքերէ արձակման աղօթքը չեն ըսեր մարդու մը վրայ, որ կը նկատեն, թէ ըստ եկեղեցական կանոնին չ՚արտօնուիր իրեն մասնակցելու սուրբ խորհուրդներուն: Իսկ ուրիշներ այլ կերպով կը վարուին եւ արձակման աղօթքը բոլորին վրայ կը կարդան՝ որոնք խոստովանութեան կու գան, եւ ապա կը ճանապարհեն զինք, քաջալերելով որպէսզի զղջայ եւ կամ կանոն մը կը սահմանեն անոր, որպէսզի առիթ հանդիսանայ իրենց զղջալու եւ վերագտնելու ճիշդ յարաբերութիւնն ու կապը Եկեղեցւոյ հետ:

Անգամ մը խուցս եկաւ երիտասարդ մը, որ բազմաթիւ մեղքեր գործած էր եւ ապա գնաց խոստովանելու, սակայն խոստովանահայրը արձակման աղօթքը չէր կարդացած վրան: Խեղճը յուսահատութեան մէջ ինկաւ ու կարծեց, թէ արձակման աղօթքը չկարդացուելով իր վրան՝ կը նշանակէ, թէ Աստուած չէ՛ ներած իրեն: Ինքնասպանութեան մասին մտածեց: Ըսի անոր.

-Խոստովանահօր մօտ գնա՛ եւ արձակման աղօթքը թող կարդայ վրադ, իսկ եթէ չկարդայ, ապա ուրիշ խոստովանահայր մը փնտռէ:

Եթէ մեղաւոր մարդուն վրայ արձակման աղօթքը չըսուի, այդ կը նշանակէ տուեալ մարդուն սայթաքումներուն շարունակութիւնը, որովհետեւ սատանան իր զօրութիւնը չէ կորսնցուցած: Ինչպէ՞ս կ՚ուզես, որ մէկը պատերազմի, մինչ սատանան տակաւին իր իրաւունքները կը պահպանէ: Չէ ազատագրուած տակաւին, այդ պատճառով ալ սատանայական ազդեցութիւնները կ՚ընդունի: Արձակման աղօթքով այդ ազդեցութիւնները կը կտրուին, եւ այդ ատեն -օգնութեան միջոցով- կրնայ պատերազմիլ ու պայքարիլ՝ ազատագրուելու այդ քմահաճոյքներէն:

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀՕՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հոգին բժշկելը շատ նուրբ հարց է

-Եառոնտա. ինչպէ՞ս կարելի է օգնել կոշտ եւ ծուռ բնաւորութիւն ունեցող հոգիներուն:

-Ատաղձագործ ըլլալով, կը բուժէի ծուռ տախտակները: Այդ տախտակները աշխատանքի եւ համբերութեան կը կարօտին: Այդ փայտերը ուղղելու փորձերը՝ հակառակ անոնց կամքին, կրնայ ջարդել զանոնք: Այդ պատճառով ուղղելու աշխատանքը ըստ օրէինքին պէտք է անգամ մը դիմացէն կատարուի եւ անգամն ալ ետեւէն: Այն ատեն փայտերը իրենց ստացած տեսքով արժէքաւոր ու գեղեցիկ կը դառնան: Այդպէս ալ դժուար բնաւորութեան տէր մարդիկ ներքին ուժի պահեստներ ունին, եթէ թոյլ տան քեզի աշխատիլ անոնց վրայ, ապա հոգեւոր կեանքին մէջ ոստոստումներ կ՚ունենան, պայմանով որ պէտք եղած ժամանակը տրամադրել այդ բանին համար: Երկար գամեր չէի օգտագործեր երկու ծուռ տախտակներ միացնելու համար: Նախ կ՚ուղղէի զանոնք եւ ապա մէկ գամի միջոցով կը միացնէի, որովհետեւ երկար գամերն ու ուժի օգտաործումը կրնայ անոնցմէ մասեր ջարդել:

Այսպիսով, կարեւոր է զանզանութիւն դնելը եւ մանաւանդ երբ գործը կը վերաբերի հոգիներուն: Հոգեւոր կեանքին մէջ մէկ դեղային նշանակում կամ որոշակի կանոն չկայ: Իւրաքանչիւր հոգի իր իւրայատկութիւնը եւ իրեն յատուկ տոկալու կարողութիւնը ունի: Այս մէկը նման է բջիջներուն եւ անոնց կարողականութեան զանազանութեան տոկալու եւ համբերելու: Երբ խոստովանահայրը կ՚իմանայ իւրաքանչիւր հոգիի առանձնայատկութիւնն ու տոկալու աստիճանը, ապա ան կ՚աշխատի ըստ այդ կարողութիւններուն եւ ունեցած յառաջընթացին: Ինչպէս նաեւ անոր վարուելակերպը կապ ունի խոստովանող մարդուն վիճակին, անոր գործած մեղքին եւ այլ բաներու հետ… Անկիրթ մարդուն հետ, (խոստովանահայրը) պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ անկրթանալու առիթ չտայ դիմացինին: Իսկ զգայուն մարդուն հետ, պէտք է օգնէ անոր, որպէսզի տղամարդկութեամբ դիմագրաւէ խնդիրները:

[Խոստովանահայրը] պէտք է զգոյշ ըլլայ նաեւ եւ որոշակի դատաստան չտայ՝ արտաքինէն դատելով, կամ լսելով թէ մարդիկ ի՛նչ կ՚ըսեն այդ մարդուն մասին: Կարգ մը տախտակներ արտաքնապէս ամուր կ՚երեւին, բայց ներքնապէս փուճ կ՚ըլլան, եւ հակառակը, տախտակներ կան, որոնք անպէտք կ՚երեւան, սակայն ներքնապէս շատ լաւ վիճակի մէջ կ՚ըլլան:

Հետեւաբար հոգիին բժշկումը ուշադրութիւն եւ ճարպիկութիւն կը պահանջէ: Կարեւոր է նաեւ օգտակար դեղի նշանակումը, եւ այս դեղը մարդէ մարդ կը տարբերի:

Ուրիշներու քմահաճոյքները չհանգստացնենք [չարդարացնենք]

-Եառոնտա. ի՞նչ կրնանք ըսել տիկնոջ մը, որ կ՚ըսէ թէ իր խոստովանահայրը չի՛ հասկնար զինք:

-Ըսէ՛ք անոր։

-Կրնայ ըլլալ պէտք եղած առիթը չես տար անոր՝ հասկնալու համար քեզ: Թերեւս քու յանցանքովդ է [որ ան չի՛ հասկնար քեզի]:

Նման պարագայի այդ վերաբերմունքը մի՛ փորձէք դիւրութեամբ արդարացնել: Հարցերը շատ նուրբ են ու մանրակրկիտ:

 

-Իսկ եթէ ըսէ մեզի, որ հանգիստ չի զգար իր խոստովանահօր հետ:

-Կրնայ ըլլալ, որ ի՛նքն է պատճառը: Կրնայ ըլլալ անկէ խնդրած է, որպէսզի հանգստացնէ զինք, եւ այդպիսով ինք իր ուզածը ընէ:

Ենթադրենք, որ մէկը իր ընտանիքին հետ բազմաթիւ հարցեր ունի, եւ կը մտածէ ամուսնալուծութեան մասին: Կ՚այցելէ ինծի, իր վրդովմունքը կը յայտնէ եւ կը խնդրէ, որ իր կողմը բռնեմ՝ իր ընտանիքը կործանելու համար: Եթէ ըսեմ անոր.

-Դո՛ւն ես յանցաւորը:

Պիտի ըսէ ինծի.

-Դուն զիս չե՛ս հանգստացներ:

Ահա նման պարագաներէ մեկնելով է, որ ոմանք կ՚ըսեն, թէ իրենց խոստովանահայրը իրենց հանգստութիւն չի՛ պարգեւեր, որովհետեւ թոյլ չի՛ տար անոնց իրենց ուզածը ընել:

Եթէ խոստովանահայրը իւրաքանչիւր մարդու քմահաճոյքը արդարացնէ, այդպիսով բոլորն ալ հանգստացուցած կ՚ըլլայ: Սակայն, օգնութիւնը այսպէ՞ս կ՚ըլլայ: Եթէ իւրաքանչիւր մարդը կը հանգստացնենք իր քմահաճոյքներուն մէջ, այդպիսով սատանան է, որ կը հանգստացնենք:

Քովս կու գաս, օրինակի համար, ու կ՚ըսես, թէ այսինչ քոյրը քու նկատմամբդ խիստ խօսքեր ունեցաւ: Կը խրատեմ քեզի, որ այդ հարցին ուշադրութիւն չդարձնես, որով կը հանգստանաս: Քիչ մը ետք այդ քոյրը կու գայ եւ կ՚ըսէ, թէ այսինչ քոյրը ասանկ, ասանկ ըրաւ, անոր ալ կը խրատեմ, որ ուշադրութիւն չդարձնէ այդ հարցերուն՝ որով զինք ալ կը հանգստացնեմ: Այսպիսով բոլորը կը հանգստացնեմ, բայց կը մոլորին: Մինչ պէտք էր երկու քոյրերը քով-քովի բերէի, որպէսզի հաշտուին եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը զգար իր յանցանքը: Այն ատեն բոլոր բաները հեզասահ կ՚ընթանային, որովհետեւ իսկական ուրախութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, երբ մարդ ուղիղ ճանապարհով կ՚ընթանայ:

Նպատակը դրախտի մէջի հանգստութիւնն է եւ ո՛չ թէ աշխարհի: Հոգեւոր հայրերը պէտք է օգնեն մարդուն, որպէսզի ճշդէ իր սխալները եւ ուղղութեամբ ընթանայ, որով իսկական հանգստութիւնը կու գայ: Իսկ եթէ խոստովանահայրը մարդուն քմահաճոյքները հանգստացնէ [արդարացնէ], այդպիսով ընդհանրապէս օգնած չ՚ըլլար անոր, այլ անոր նկատմամբ որճրագործութիւն գործած կ՚ըլլայ:

Խոստովանահայրը որպէսզի կարենայ իրարու հետ կապ ունեցող երկու մարդու օգնել, պէտք է երկուքին հետ սերտ յարաբերութիւն ունենայ եւ խորապէս ճանչցած ըլլայ զանոնք: Այն ատեն անոնցմէ իւրաքանչիւրին մտածումները կը լսէ խնդիրը ներկայացուցած ժամանակ, ինչպէս նաեւ կը տեսնէ այդ խնդիրը ու կը հասկնայ զայն: Իսկ լուծումը ըստ Աւետարանին կ՚ըլլայ եւ ցանկացած ուրիշ լուծում գլխացաւի նման է, որ չ՚անցնիր: [Խոստովանահայրը] իրերը պէտք է իրենց անուններով կոչէ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ըսէ իրենց սխալները, որով կը հասկցուի, կը համաձայնին եւ կրկին անգամ մեղքերու մէջ չեն իյնար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 50

13 օգոստոս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021