ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

Խօսք. «Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ» (Յհ 12.23):

Մեկնութիւն. Քրիստոսի փառքը հինգ կերպով կը լսուի. նախ՝ Քրիստոս խաչի չարչարանքներով փառաւորուեցաւ, երբ արեգակը խաւարեցաւ, երկիրը շարժեցաւ, եւ այլն: Երկրորդ՝ յարութեամբ փառաւորուեցաւ, քանի որ նախքան խաչելութիւնը հոգին փառաւորուած էր, իսկ խաչելութենէն ետք մարմինը փառաւորուեցաւ, ինչպէս ոմքանք կ՚ըսեն: Եւ դարձեալ՝ նախապէս Քրիստոսի փառքը ծածուկ էր, իսկ յարութենէն ետք յայտնի եղաւ մարմինին մէջ: Երրորդ՝ երկինք համբարձմամբ փառաւորուեցաւ, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ Փիլիպպեցիներուն ուղղած նամակին մէջ. «Աստուած զԱյն աւելի բարձրացուց եւ Անոր անուն մը շնորհեց» (Փլպ 2.9): Չորրորդ՝ Քրիստոս փառաւորուեցաւ Սուրբ Հոգիին գալուստով, որ գալով մարդոց սիրտերուն ծանուցեց Քրիստոսի Աստուածութիւնը, ինչպէս Տէրը կ՚ըսէ. «Ան զիս պիտի փառաւորէ» (Յհ 16.14): Հինգերորդ՝ հեթանոսներուն դարձով փառաւորուեցաւ, որոնք զԻնք Աստուած կը խոստովանին, ըստ այնմ. «եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս «Տէր» է, Հայրն Աստուածը փառաւորելու համար» (Փլպ 2.11): Եւ որովհետեւ Քրիստոս գիտէր, թէ վաղվաղակի պիտի ըլլար, որ հեթանոսները հաւատքի պիտի գային, կ՚ըսէ. «Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ» (Յհ 12.23): Օրինակի համար, եթէ մէկը հունձքին ժամանակ որաներ տեսնէ, կ՚ըսեն՝ հունձքի ժամանակը հասած է, իսկ մնացածը Մեկնիչէդ յայտնի է: Իսկ Քրիստոս պատշաճ օրինակով ցոյց կու տայ, թէ Իր մահը նախքան հեթանոսներուն դարձը պէտք էր ըլլար:

Այսքանը այս մասին: Եւ մարդասէր Քրիստոսին փառք յաւիտեանս: Ամէն:

ՑՈՐԵՆԻ ՀԱՏԻԿԸ

Խօսք. «Եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չմեռնի, ինք որպէս առանձին հատիկ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ բազմաթիւ հատիկներ կու տայ» (Յհ 12.24):

Մեկնութիւն. չորս պատճառով Քրիստոս Ինքզինք ցորենի հատիկին կը նմանցնէ. նախ՝ որովհետեւ բոլոր սերմերուն մէջէն ազնիւ ու պատուական է: Երկրորդ՝ քանի որ օգտակար է բոլոր հատիկներուն մէջէն, որմէ հաց կ՚ըլլայ: Երրորդ՝ որովհետեւ բոլոր մարդոց ընտելական է: Չորրորդ՝ քանի որ յարմար օրինակ է: Այդ պատճառով ալ Պօղոս առաքեալ նոյն օրինակը կու տայ յարութեան մասին Կորնթացիներուն ուղղած նամակին մէջ. «Անմի՛տ, դուն որ կը սերմանես, հատիկը մինչեւ չմեռնի, չի՛ բուսնիր» (Ա. Կր 15.36), եւ այլն:

Եւ ցորեն սերմանելը իյնալ կը կոչէ երկու պատճառով. նախ՝ ըստ ճառին, որովհետեւ հատիկը սերմանողին ձեռքէն կ՚իյնայ, երբ կը սերմանէ:

Երկրորդ՝ բոլոր մարդոց մահուան որպէս խորհրդանիշ չորս կերպով. նախ՝ քանի որ մարմինը կենդանութենէն կ՚իյնայ: Երկրորդ՝ կ՚իյնայ կանգուն մնալէն: Երրորդ՝ ապա փոսի մէջ կը դրուի: Չորրորդ՝ ինչ կերպով ալ որ իյնայ՝ յարութիւն կ՚առնէ [կը կանգնի]:

Դարձեալ՝ ցորենի հատիկով Ինքզինք կ՚օրինակէ, եւ այս բանը տասը պատճառով. նախ՝ քանի որ ցորենին հատիկը առանց հողին մէջ ցանելու միայն ի՛նքն է, սոյնպէս Տէրը՝ նախքան չարչարանքները քիչ հաւատացեալներ ունէր:

Երկրորդ՝ որովհետեւ առանց պատճառի չի սերմանուիր, սոյնպէս մեր Տէրը մարդոց համար մեռաւ եւ ո՛չ թէ Իր յանցանքներուն համար. «Քանի որ մեղք չգործեց» (Ես 53.9), կ՚ըսէ Մարգարէն:

Երրորդ՝ քանի որ ժամանակին կը սերմանուին, սոյնպէս Տէրը ժամանակին եկաւ, կատարեց ու մեզի համար մահը կրեց:

Չորրորդ՝ որովհետեւ սերմը հողին տակը կը ծածկուի, նոյնպէս մեր Տէրը վէմով մը երկրին տակ ծածկուեցաւ:

Հինգերորդ՝ քանի որ նախ հողը կը հերկուի եւ ապա սերմը կը սերմանուի, այդպէս ալ Տիրոջ գերեզմանը նախ փորուեցաւ Սոմնասի կողմէ եւ յետոյ Տէրը այնտեղ դրուեցաւ:

Վեցերորդ՝ որովհետեւ սերմը նախ կը մեռնի եւ յետոյ կը բուսնի, այդպէս ալ մեր Տէրը՝ բանական հոգին մարմինէն բաժնուեցաւ ու ապա յարութիւն առած բոլորը դէպի Իրեն քաշեց:

Եօթներորդ՝ քանի որ սերմը նախ արմատները դէպի ներքեւ կը տարածէ՝ երկրի սիրտը եւ ապա գլուխը դուրս կը հանէ, այդպէս ալ մեր Տէրը նախ դժոխքը աւերեց ու այնտեղ Իր զօրութիւնը ներգործեց՝ բոլորը ազատելով:

Ութերորդ՝ որովհետեւ թէեւ սերմի հատիկը մէկ հատ է, որ հողին մէջ կ՚իյնայ, սակայն զօրութիւն ունի, ծղօտ ու ծունկեր հանել եւ ատկէ ալ հասկը, այդպէս ալ մեր Տէրը մէկ անհատ մարդ եղաւ ու այդպէս չարչարուեցաւ, սակայն Աստուած էր մարմինին միացած, որ կատարեալ Աստուածութեան զօրութիւնը ունէր, որ կապեց սատանան ու քակեց դժոխքը, մահն ու ապականութիւնը լուծեց, եւ այլն:

Իններորդ՝ քանի որ նախ կը ծաղկի ու ապա պտուղ կու տայ, այդպէս ալ մեր Տէրը յարութեամբ ծաղկեցաւ ու պտուղ բերաւ՝ հաւատացեալները:

Տասներորդ՝ որովհետեւ մէկ հատիկը բազմաթիւ արդիւնք կու տայ հասկին, ճիւղերուն, տերեւին, եւ այլնի մէջ, սոյնպէս Տէրը մարմինով թաղուելով մեռելներուն յարութիւն տուաւ եւ հոգիով՝ հոգիները ազատեց ու երկինք հանեց եւ ապա հեթանոսները Քրիստոսին հաւատացին, ու այսպիսով բազմաթիւ արդիւնք տուաւ, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չմեռնի, ինք որպէս առանձին հատիկ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ բազմաթիւ հատիկներ կու տայ» (Յհ 12.24):

Ասկէ ետք Քրիստոս ուրիշները կը յօժարեցնէ հետեւելու Իր չարչարանքներուն:

Խօսք. «Ով որ իր անձը կը սիրէ» (Յհ 12.25):

Մեկնութիւն. այստեղ գիտելի է, թէ մէկը սիրելը անոր բարի բան մը կամենալն է, եւ թէ բարին այն է ճշմարտապէս եւ պարզ բարի, ինչպէս հոգեւոր բարութիւն, այդ ատեն անոր սէրը ստոյգ եւ կատարեալ է: Եւ դարձեալ՝ բարի է այն, որ ճշմարիտ չէ, այլ՝ անկատար ու ժամանակաւոր, ինչպէս մարմնաւոր բարութիւնները:

Այսպիսով, վարդապետները այս խօսքը երկու կերպով կը մեկնեն:

Առաջինին համար այսպէս. ով որ իր անձը կը սիրէ ճշմարիտ ու հոգեւոր, արձակել [կը կորսնցնէ զայն], այսինքն՝ չի՛ վախնար այստեղ համբերութեամբ Քրիստոսի համար վիշտերը տանիլ, ինչպէս վարդապետները կ՚ըսեն, եթէ կ՚ուզես Քրիստոսի հետ կեանք ունենալ, մի՛ վախնար Քրիստոսի համար մեռնելէ: Իսկ արձակելը մեր մօտ, ուրիշ լեզուներով կորսնցնել կը թարգմանուի, որովհետեւ ձեւով մը այս կեանքէն կը կորսուի, երբ հոգին մարմինէն կը բաժանուի:

Երկրորդ. այս խօսքը հակառակ առաջինին կը մեկնուի, սոյնպէս՝ ով որ իր անձը կը սիրէ ոչ ճշմարիտ սիրով, այլ՝ աշխարհի հետեւութեամբ, կը կորսնցնէ զայն, այսինքն՝ զայն դէպի դժոխք կ՚առաջնորդէ, այդ պատճառով վարդապետները՝ դուն քու անձդ մի՛ սիրեր, որպէսզի չկորսնցնես, այսինքն՝ դուն քու անձդ այս կեանքին մէջ մի՛ սիրեր, որպէսզի այս կեանքէն ետք չկորսնցնես:

Իսկ արձակելը նախ՝ կեանքէն դուրս հեռացնելն է, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ: Երկրորդ՝ լայն ու արձակ ընթանալն է, ինչպէս ուրիշ տեղ ըսուեցաւ:

Խօսք. «Իսկ որ իր անձը կ՚ատէ [կ՚անտեսէ] այս աշխարհի վրայ» (Յհ 12.25):

Մեկնութիւն. նախ ըսաւ. «Ով որ իր անձը կը սիրէ այս աշխարհին մէջ», զայն հանդերձեալին մէջ կը կորսնցնէ, իսկ ով որ այստեղ կ՚ատէ, հանդերձեալին մէջ կը գտնէ: Իսկ ատելը կատարեալ ատելութիւն է, որ ճշմարիտ սէր կ՚ըսուի նաեւ, այն է, որ մարդ իր անձը կը հեռացնէ մեղքերէն ու մեղքերու պատճառէն, ու Քրիստոսի չարչարանքներուն կրումները կը կրէ, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ:

Ապա Քրիստոս կը ցուցնէ պատճառը Անոր չարչարանքներուն հետեւելուն՝ ըսելով.

Խօսք. «Ինծի ծառայողը Իմ ետեւէս պիտի գայ» (տե՛ս Յհ 12.26):

Մեկնութիւն. որպէս թէ ըսել՝ պէտք է, որ ծառան իր Տիրոջ հետեւի: Իսկ հետեւիլը կրկին է. այստեղ՝ միտքով ու գործով, իսկ այնտեղ՝ կեանքին մէջ փառքով, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 120

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021