ԾԱՆՐ, ԲԱՅՑ ՔԱՂՑՐ ԲԵՌ...

Մխիթարեան միաբանութեան արժէքին, անոր իմաստալից առաքելութեան մասին բոլորս գիտենք։ Գիտենք նաեւ, որ 1700 թուականին հայաշխարհին մէջ իր առաջին քայլերը առած միաբանութիւնը՝ ձեռամբ Մխիթար Աբբահօր, մեծ ճանապարհ անցած նուիրական կառոյց մըն է։ Կառոյց, որ մեզ պահեց հայաշխարհը եւ առհասարակ հայութիւնը հարուածող ամենածանր օրերուն։ Եղաւ հովանի մեզ հարուածող տապին ու յաճախ ալ դարձաւ բալասան մեր վէրքերուն։

Խնդիր է անշուշտ, որ վերջին տասն տարիներուն միաբանութիւնը զանազան խանգարիչ հանգամանքներով՝ ապրեցաւ որոշակի շուքի մը մէջ, սակայն երբեք չկորսնցուց իր ձեռքերէն իր առաքելութեան իսկական կողմնացոյցը։

Մխիթարեանները առաջին օրէն սիրեցին կրթութիւնը, դպրոցական շէն օճախը ու սիրեցին նաեւ սերունդներուն ազնիւ եւ մաքուր դաստիարակութիւն շնորհելու գործը։ Անոնք՝ Մխիթար Աբբահօր ճանապարհով քալած Մխիթարեան հայրերը շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը եւ աշխարհի չորս ծագերուն հիմնեցին վարժարաններ, դարձան մատղաշ սերունդներուն համար «երդիք» ու լուսատու կառոյցներ։

Տակաւին մեզմէ ով չէ լսած, որ «Մխիթարեան դպրոցը աւարտող սանը, անպայման յաջողութեան կը հասնի» կամ «Մխիթարեաններու կրթութիւնը ուրիշ է» խօսքն ու մօտեցում դարձած գնահատականը։ Անշուշտ այս գեղեցիկ խօսքերը պարզապէս գնահատականներ հնչեցնելու համար շարադրուած տողեր չեն, այլ բուն խնդիրը այն է, որ շնորհիւ վերջին օրերու կարգ մը կարեւոր զարգացումներուն՝ կարելի է անգամ մը եւս յուսալ ու մաղթել, որ Մխիթարեանները դարձեալ ելք մը կը գտնեն, որպէսզի Հալէպի, Դամասկոսի, Հոմսի, Պէյրութի, Այնճարի, նոյնիսկ Լաթաքիոյ, Էրպիլի կամ Զախոյի մէջ կրկին լուսատու ջահեր բարձրացնեն ու հայկական դպրոցները դարձեա՛լ նոր շունչ մը առնեն ու լծուին մարդակերտումի վեհ գործին։

Վերացական զեղումներ չեն այս տողերը, հիմնականը այն է, որ օրերս Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին վրայ օրհնութեամբը եւ ձեռամբ Մխիթարեան միաբանութեան մօտ Պապական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի, նորընծայ Նարեկ Ճենանեանը իր վարդապետական կոչումն ու ձեռնադրութիւնը ստանալով վերակոչուեցաւ Հ. Կորիւն Վարդապետ։

Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեանի ներկայացմամբ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նորընծայ վարդապետի անմիջական պարագաները, ուխտակից միաբան հայրերն ու Մխիթարեանի ոգիով աճող սարկաւագները։ Այս ընթացքին Հ. Կորիւն իր առաջին աղօթքը մատոյց եւ խաղաղութիւնը բաշխեց՝ ուխտելով շարունակել իր կոչումը Մխիթարեան հայրերու գծած ու անցած ուղիով։

Ուշագրաւը այն էր, որ որպէս ծառայութեան դաշտ ու կեդրոն երիտասարդ ու արի վարդապետը ընտրեց Մերձաւոր Արեւելքը, ուր պիտի գործէ Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեանի տնօրինութեան տակ, ինչպէս նաեւ պիտի փորձէ տալ իր լաւագոյնը՝ յանուն եւ համար մեր վիրաւոր հայագաղութներուն։ Սովորական չէ մեր ոչ այնքան հոգեւոր օրերուն ընտրել կրօնական գործիչի կեանք, նոյնիսկ արտասովոր է, երբ միաբան դարձած երիտասարդը իր առաքելութեան մականը առնելով կը նետուի Միջին Արեւելքի մեծ դաշտին մէջ։ Դաշտ մը, որ դարի՜ւ-դարի՜ւ դարձած է աղբիւրը եւ կենսատու արտը մեր հոգեւոր թէ աշխարհիկ, եկեղեցական թէ աշխարհական դասերուն ու դաշտ մը, որ այսօր նոյնիսկ անջրդի ըլլալով իր մէջն ունի առատ սերմեր վաղուան յուսալի բերքը հասցնելու համար։

Բարի ծառայութիւն պիտի ըսենք վարդապետին ու բարի առաքելութիւն իր ընտրած այնքան ծանր, բայց քաղցր «լուծ»ին համար, որ վայել է մեր հոգեւորականներուն ու առաւել եւս Մխիթարեան հայրերուն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2021