ՀԱԿԱՌԱԿ ԾԱՆՐ ՕՐԵՐՈՒՆ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏՔԸ ԱՌ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՉԷ ՄԱՐԱԾ

Սփիւռքահայերու շարքին կայ հատուած մը, որուն սէրը առ Հայաստան անմեռ-անմար է։ Այդ սերունդի ներկայացուցիչներէն բազմաթիւներ, ինչպէս այսօրուան խօսակիցս՝ տքթ. Վաչէ Վասիլեան, երախտաշատ են այն Հայաստանին հանդէպ, որ ո՛չ միայն իրենց հոգին սնուցանեց, այլեւ իրենց առջեւ բացաւ յաջողութեան ճանապարհներ։ Խօսքը մասնաւորապէս խորհրդային օրերու Հայաստանի մասին է, որ եղած էր կայք ու կեդրոն ուսման ու լուսաւորութեան։ Այս խօսքերը շարադրութիւն կամ փափաքի հիման վրայ կառուցուած միտքեր չեն, այլ են անպայման իրականութիւն։ Այդ տարիներուն էր, որ Մայր Հայրենիքը լայն բացած էր իր թեւերը եւ կ՚ընդունէր սփիւռքի ամենատարբեր՝ յաճախ խուլ ու մոռցուած կէտերէ Երեւան փութացող երիտասարդները։ Ուսման կողքին տալով անոնց շունչ ու ոգի, որ անշեղօրէն պիտի փորագրուէր անոնց սրտերուն վրայ ու հոգիներուն մէջ։ Այդ մօտեցումը էր նաեւ հայր ու որդի յարաբերութեան նմանող կապ մը, որուն մէջ առաւելաբար «հաց» ստացած ու հոգի կերտած զաւակները երախտամոռ չէին դառնար, նաեւ կը մտածէին ամէն ինչ ընել այդ երախտիքը, փոխ տրուած սէրն ու հոգեւոր սնունդը վերադարձնելու այն հողին ու հոգեւոր հօր, որ կը կոչուի Հայաստան աշխարհ։

Դրականը այն է, որ այդ սերունդի զաւակներուն թիւը երբեք քիչ չէր, իսկ մտահոգիչը այն է, որ այսօր այդ ոգին սկսած է պակսիլ։ Ճիշդ է, տակաւին կան այդպիսի նախաձեռնութիւններ, սակայն Հայաստանի կրթական ոլորտը զանազան պատճառներով ետ է համաշխարհային կրթութեան կեդրոններու արժեչափերէն ու հակառակ անկախութեան ընձեռած պայմաններուն, Հայաստանի կրթական ոլորտը մեծ հաշուով կը կաղայ։ Սփիւռքահայ ծնողներ՝ որոնք իրենց ուսումնառութիւնը ստացած են Երեւանէ ներս, այսօր քաջալեր չեն կանգնիր իրենց զաւակներուն, որպէսզի մեծ թիւերով գան եւ ապրին ու սորվին մայրաքաղաքի մէջ։

Ամէն պարագայի այս օրուան նիւթս այդ չէ. այս օրուան նիւթս նուիրումի հերթական պատմութիւն մըն է, որուն գլխաւոր հերոսը Լիբանան ծնած ու հասակ առած, իսկ այսօր Ֆրեզնոյի մէջ գործող ատամանբոյժ ու գործիչ Վաչէ Վասիլեանն է, որուն նուիրումին մասին պիտի պատմեն իր տողերը, իր խօսքերը եւ իր արարքները։

*

-Վերջերս կը գտնուէիք Հայաստան, ի՞նչ էր ձեր այցելութեան գլխաւոր նպատակը:

-Ինչպէս շատերուն արդէն ծանօթ է, Ֆրեզնոյի Բժիշկներու միութիւնը Հայաստան ամենամեայ այցելութիւններ կու տայ եւ «Fresno medical mission» ծրագիրը կ՚իրականացնէ: Այս տարի եւս պիտի իրականացնենք այդ առաքելութիւնը, որ այս անգամ յատուկ մեր վիրաւոր զինուորներուն օգնութեան ուղղուած պիտի ըլլայ, իսկ ես այդ աշխատանքները նախապատրաստելու նպատակով կը գտնուէի Հայաստան: Ասկէ երկու ամիս առաջ ալ մեր խումբի ղեկավարը՝ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան Հայաստան էր, իսկ այս անգամ ինծի յանձնարարուեցաւ, որ գամ ու ծանօթանամ, թէ ի՛նչ են առաջնային պէտքերը, որպէսզի Ամերիկայէն բժիշկներու խումբը առաւելագոյնս պատրաստուած եւ նպատակային առաքելութեամբ գայ։ Տեղեակ դառնանք, թէ ինչ մասնագիտութեամբ, գիտելիքներով եւ փորձառութեամբ մասնագէտներ պէտք են, որպէսզի այդ 15 օրուան մէջ արդիւնաւէտ ձեւով մեր նպատակին հասնինք: Մինչ այդ, այս անգամ Հայաստան գտնուած օրերուս այցելեցի «Զինուորի տուն», որուն հետ պիտի գործակցինք: Պէտք է խոստովանիմ, որ շատ լաւ տպաւորուեցայ «Զինուորի տան» ներկայ վիճակով, իսկապէս բաւական արդիական սարքաւորումներով գերյագեցած, գերարդիական տեղ մըն է, ուր գնահատելի աշխատանք կը տարուի: Բացի «Զինուորի տուն»էն, կապեր հաստատեցինք եւ պիտի համագործակցինք նաեւ Կիւմրիի, Արմաւիրի եւ Վանաձորի մէջ գործող զինուորներու վերականգնողական կեդրոններու հետ, որպէսզի մեր մասնագէտները ըստ պահանջի խումբերու բաժնենք. ամէն մէկ խումբ շրջան մը երթայ, աշխատի, գիտելիքներ փոխանակեն տեղի բժիշկներուն հետ եւ աշխատանքը, ինչպէս ըսի, ըլլայ արդիւնաւէտ։

-Ինչպէս ըսիք, շատեր արդէն տեղեակ են Ֆրեզնոյի Բժիշկներու միութեան Հայաստան այցելութիւններու ու իրականացուցած ծրագիրներու մասին: Կրնա՞ք աւելի մանրամասնութիւններ ներկայացնել, թէ ե՞րբ սկսած է այդ նախաձեռնութիւնը, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ, ի՞նչ ոլորտի մէջ կ՚օգնէք, որքա՞ն է պիւտճէն, ո՞ր խաւերուն կը հասնիք եւ արդեօք այդ ծրագիրները պիտի շարունակուի՞ն ապագային:

-Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութիւնը խումբ մը ամերիկացի բժիշկներու կողմէ իրականացուող առաքելութիւն մըն է: Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրաետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, որ շատ հայրենասէր, մարդասէր եւ աշխատասէր անձնաւորութիւն մըն է, ծնունդով Հալէպէն, 40 տարիէ ի վեր Ֆրեզնօ հաստատուած է, շուրջ 38 տարիէ ի վեր բժշկական ոլորտի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ, ի՛նք մտայղացաւ եւ ինք կը ղեկավարէ այս առաքելութիւնը: 2015 թուականէն ի վեր կը գործէ այս առաքելութիւնը, որուն շրջագծով մենք անընդմէջ ամէն տարի կ՚այցելենք հայրենիք։ Միայն անցեալ տարի չկրցանք այցելել, քովիտի պարտադրած սահմանափակումներու պատճառով: Իր գործունէութեան առաջին երկու տարիներուն, մեր խումբը 15 օրով կը գտնուէր Հայաստան։ Այդ օրերուն ծառայութիւն կը մատուցէր միայն մայրաքաղաք Երեւանի եւ Վանաձորի, Կիւմրիի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի զանազան շրջաններու եւ գիւղերու մէջ: Երրորդ տարիէն սկսեալ մենք սկսանք այցելել նաեւ Արցախ, այդպիսով կը գործէինք մէկ շաբաթ Հայաստանի, ետքը՝ Արցախի մէջ: Երբ մենք նոր սկսած էինք այս առաքելութեան, մեր խումբին մաս կը կազմէին 18-20 բժիշկ, որոնց կէսէն աւելին օտարներ էին, իսկ վերջին անգամ արդէն աւելի քան 40 հոգի էինք, այսինքն ամէն անգամ որ մեր հետ բժիշկ մը կու գար Հայաստան, այնքան ուրախ եւ գոհ կը մնար, որ կ՚ուզէր յաջորդ անգամ դարձեալ գալ եւ իր հետ բերել իր գործընկերը:

Ինչ կը վերաբերի առաքելութեան պիւտճէին, մեր առաքելութեան առաջին պիւտճէն մօտաւորպէս 300 հազար տոլար էր, սակայն կամաց-կամաց աճեցաւ, հասնելով մինչեւ 800-900 հազար տոլարի։ Անշուշտ շնորհիւ Ֆրեզնոյի հայ գաղութին, իր բոլոր միութիւններով եւ անհատ բարերարներով, որոնք կը հաւատան մեր առաքելութեան, մանաւանդ՝ որ ամէն առաքելութենէ ետք հայրենիքէն մեր վերադարձին, հաւաք կը կազմակերպենք համայնքի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, ուր կը ներկայացնենք մեր կատարած ամբողջ աշխատանքը, որ վաւերագրած կ՚ըլլանք, ցոյց կու տանք, թէ գումարները ինչի վրայ ծախսուած են։ Այդ է պատճառը, որ բոլորը մեզի կը հաւատան եւ ամէն տարի աւելիով նեցուկ կը կանգնին: Եւ անշուշտ այստեղ դարձեալ մեծ ներդրում ունի հիւպատոս Պերճ Աբգարեանը, որ կը կազմակերպէ այդ դրամահաւաքները: Նախաձեռնութեան շրջածիրէն ներս, բժշկական առաքելութեան կողքին, պր. հիւպատոսը նաեւ քաղաքական կարեւոր գործունէութիւն կը կատարէ. օրինակ՝ երեք տարի առաջ Հայաստան հրաւիրեց ծերակուտականներ, որոնց կարգին էր Ճիմ Քոսթա։ Այս տարի նոյնպէս երկու ծերակուտական մեզի պիտի միանայ, եւ մեծ հաւանականութեամբ անոնք նաեւ Արցախ պիտի այցելեն: Ինչպէս ըսի, բժիշկները շրջաններ կ՚այցելեն եւ կ՚աշխատին գետնի վրայ՝ ուղղակի հիւանդներու հետ։ Ամերիկայէն մեր հետ նաեւ դեղօրայք կը տանինք, շաքարախտ կամ ճնշում ունեցող հիւանդներէն շատերուն իրենց մէկ տարուայ պիտանի դեղօրայքը կը հայթայթենք, կը գործակցինք շատ մը կազմակերպութիւններու հետ. ինչպէս՝ COAF-ի (Children of Armenia Fund), SOAR-ի (Society for Orphaned Armenian Relief) եւ զանազան հիւանդանոցներու հետ: Մեր հետ եկած մասնագէտներ ծանր վիրահատութիւններ կը կատարեն Երեւանի մէջ: Այստեղ որպէս օրինակ կ՚ուզեմ պատմել, երկու տարի առաջ Մասիսի շրջանին մէջ յայտնաբերեցինք հիւանդ մը՝ 13 տարեկան երեխայ, որ պէտք է անպայման մինչեւ 14-15 տարեկանը վիրահատուէր, իսկ Հայաստանի մէջ միջոցը չունէին, ուստի մենք ծանօթանալով հիւանդութեան, խումբի ղեկավար պրն. Աբգարեանը Ամերիկայէն մասնագէտը գտաւ, որ մեր յաջորդ այցին բժիշկը իր օգնականներով մեզի հետ եկաւ ու վիրահատութիւնը Հայաստանի մէջ կատարուեցաւ։ Այսօր այդ տղան կայ, ողջ ու առողջ է, այսպիսի յատուկ բաներ ալ կ՚ընենք:

Այս անգամ ալ մեր, դժբախտաբար, անդամալոյծ դարձած, ուղեղէն վնասուած եւ նման ծանր պարագաներով զինուորներու բժշկութեան համար յատուկ մասնագէտներ պիտի հրաւիրենք։ Վերջին այցիս այդ զինուորներու առողջական վիճակին մասին ամբողջ պատմութիւնը հաւաքեցի եւ թուղթերը հետս բերի, որպէսզի ցոյց տանք մասնագէտներուն եւ տեսնենք, թէ ինչպէս կրնանք այդ զինուորներուն աւելի օգտակար ըլլալ, իրենց կեանքի որակը աւելիով բարելաւել:

Հայաստան գտնուած ժամանակս նաեւ զոհուած զինուորի մը ընտանիքին ծանր վիճակին մասին լսեցի, հայրը զոհուած, մայրը երկու անգամ կաթուածահար եղած, ունի 6 երեխայ, որոնցմէ ամենէն մեծը 13 տարեկան է, նաեւ կնոջ աներհայրն ու աներմայրը, ընդհանուր 9 հոգիէ բաղկացած ընտանիքը կ՚ապրի մէկ սենեակի մէջ, փլատակ խոհանոցով։ Երբ այցելեցի ընտանիքին, այրիին խոստացայ, որ տան հարցով կը փորձենք օգտակար դառնալ, որովհետեւ այդ տան մէջ ապրիլը կարելի չէ։ Ամերիկա հասնելէս ետք պրն. հիւպատոսին հետ խորհրդակցելով, եւ շնորհիւ Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄ «Սասուն» մասնաճիւղին, այդ գումարը հաւաքեցինք եւ մօտ օրէն այդ ընտանիքին 4 սենեակնոց տուն մը պիտի ապահովենք Մասիս շրջանին մէջ:

Մեր մեծ իրագործումներէն մէկը եղած է նաեւ Աշտարակի հիւանդանոցի վիրահատարանի վերանորոգումը, որ տեղի ունեցաւ ամերիկեան բարձր չափանիշներով։ Մօտաւորապէս 340 հազար տոլար ծախսուեցաւ այդ վիրահատարանի նորոգման համար։ Այդ գումարը հայթայթեցին երկու ամերիկահայեր, որոնք մեզի հետ եկան, իսկ բացման ԱՄՆ-ի դեսպանն ալ ներկայ եղաւ:

-Ինչպէս ըսիք, ձեր պատուիրակութեան մէջ եղած են նաեւ օտար բժիշկներ, ինչպէ՞ս կը մօտենան անոնք Հայաստանի այսօրուայ վիճակին, ինչո՞ւ կ՚ուզեն Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին օգտակար ըլլալ:

-Այո՛, խումբին կէսը լրիւ օտարներ են՝ ամերիկացի, որոնք մեզի հետ կու գան եւ կ՚աշխատին շատ մեծ սիրով եւ հաճոյքով, նաեւ շատ լաւ տպաւորութիւններով կը վերադառնան այնտեղէն։ Անշուշտ մենք եւս մեծ ճիգեր կը գործադրենք, որպէս օտար բժիշկները դրական տպաւորութիւններով վերադառնան ու իրենց կարգին ալ Հայաստանի ու հայութեան մասին դրական վկայութիւններ տան։ Այս տարի բացի օտար բժիշկներուն յարմար տեղեր ապահովելէ, պիտի գործակցինք նաեւ բժիշկ Թամանեանին եւ իր խումբին հետ։ Մեր բժիշկները այնտեղ դասախօսութիւններ պիտի տան, որպէսզի հայաստանցի բժիշկները աւելի լուսաբանուին եւ մօտէն ծանօթանան ամերիկեան բժշկութեան, փորձառութեան, նաեւ ամերիկացի բժիշկներն ալ օգտուին այդտեղի մասնագէտներէն։ Ի վերջոյ երկու կողմերուն միջեւ գիտելիքներու փոխանակութիւն ըլլայ, բան մը որ շատ դրական է թէ՛ Հայաստանին եւ թէ ամերիկացի բժիշկներուն համար։

-Այս այցելութիւնը ձեր առաջին այցն էր հայրենիք պատերազմէն ետք։ Ի՞նչ նկատեցիք, ի՞նչ էր ձեր ընդհանուր տպաւորութիւնը:

-Ես անձնապէս Հայաստան կ՚երթամ ոչ թէ օգնելու համար, այլ օգտուելու համար, որովհետեւ այն ինչ մենք կու տանք հայրենիքին՝ ոչինչ է հայրենիքէն մեր ստացած ուժին եւ եռանդին դիմաց։ Ես ու տիկինս, որ նոյնպէս բժիշկ է՝ մանկաբոյժ Կարինէ Լեփեճեան, ամէն տարի Հայաստան կ՚երթանք եւ աւելի լիցքաւորուած, կազդուրուած, աւելի ամուր, ցտեսութիւն կ՚ըսենք հայրենիքին, կը վերադառնանք օտար ափեր, եւ մեր եկած օրէն կը սկսինք ծրագրաւորել մեր յաջորդ այցը: Շիտակը, այս անգամ տպաւորութիւնս տարբեր էր, ես միշտ հայրենիք կ՚երթայի եռանդով, բայց այս այցելութիւնը տարբեր էր... հոգիս ձեւով մը կոտրուած էր, բայց այդ չի նշանակեր, որ տկար ենք կամ պիտի տկարանանք, ընդհակառակը, այդ մեզ աւելի պիտի մղէ, որ դարձեալ երթանք եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնենք, ինչու չէ նաեւ օգտուինք: Իրականութեան մէջ քիչ մըն ալ զարմացած էի, տեսնելով, թէ ինչպէս Երեւանի կեդրոնը խճողուած է, ճաշարանները պարապ տեղ չկան, կարծես բան մը չէ եղած... բայց երբ Երեւանէն դուրս ելայ եւ Կիւմրի ու Մասիս երթալով վիրաւոր զինուորներուն այցելեցի, խայտառակ խեղճուկ վիճակ էր...։ Մտատանջումներ ապրեցայ ու մտածեցի, որ ո՞ւր են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ եղած մեծագումար փոխանցումները։ Նաեւ վհատեցնող էր ժողովուրդի վիճակը, ես որ Հայաստան ուսանած եմ եւ ամէն տարի կ՚այցելեմ, դեռ այսպիսի պառակտուած վիճակ չէի տեսած հայրենիքի մէջ, իսկ այս վիճակը ամենէն մտահոգիչն էր։

-Հայաստանի մէջ կ՚ապրինք բաւական ծանր ժամանակներ, պատերազմէն ետք ամենամեծ խնդիրը Հայաստանի համար անվտանգութեան ապահովման հարցն է։ Դուք որպէս ամերիկահայ ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այս բոլորը, ի վերջոյ ի՞նչ պէտք է ընենք որպէս ժողովուրդ այս վիճակէն դուրս գալու համար:

-Անվտանգութեան ապահովման համար միակ միջոցը մեր միակամ ըլլալն է, այլապէս մեզի ո՛չ արեւելքը, ո՛չ հիւսիսը, ո՛չ հարաւը, ոչ ալ արեւմուրքը կրնայ օգնել: Անվտանգութեան ամենէն մեծ երաշխիքը մեր միասնականութիւնն է, միասնական ըլլալու համար ալ համախմբող ղեկավար մը պէտք է, բայց նոյնիսկ եթէ չունենանք այդ ղեկավարը, պէտք է ամէն գնով ջանանք միասնակամ ըլլալ։ Մեր անվտանգութեան երաշխիքն է նաեւ մեր խելքը, ինչպէս նաեւ ճի՛շդ ձեւով համագործակցութիւնը սփիւռքին հետ: Դժբախտաբար, տարիներէ ի վեր այսպէս ապիկար, այսպէս անշնորհք գործակցութիւն չէի տեսած ես սփիւռքի հետ։ Գիտենք, նախկիններու ժամանակ թերութիւններ կային, բայց սփիւռքի այսքան թերագնահատումը շատ ցաւալի կը համարեմ։ Ես կը հաւատամ, այո՛, հայրենիքը մեզի համար խարիսխ է, ամէն ինչ է, բայց հայրենիքին համար ալ սփիւռքը շատ կարեւոր գործօն մըն է, բայց հայրենիքի մէջ աթոռի վրայ նստող ղեկավարները պէտք է արժեւորեն այդ մէկը, պէտք է անկեղծօրէն գործակցին, մօտենան, սիրաշահին սփիւռքը։ Ես կը վստահեցնեմ, որ սփիւռքի մէջ շատ պահուած գանձեր կան, կարեւորը զանոնք գտնալն ու գործի լծելն է՝ ի շահ հայրենիքին։ Դարձեալ կ՚ըսեմ, այդ մէկը Հայաստանի մէջ աթոռի, պաշտօնի վրայ նստած մարդոց գործն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021