ՄԻ՛ ԽՄԵՐ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին Արծրունիներու գերդաստանը իր կարեւոր եւ առանցքային տեղն ու դերը ունեցած է զանազան ոլորտներու մէջ։ Բժշկական ոլորտին մէջ յատկապէս փայլած է 19-20-րդ դարերուն ապրած ու գործած բժիշկ Վահան Արծրունին, որ վաստակած է բժշկական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան։ Բժիշկ Վահան Արծրունին իր մասնագիտութեան կողքին նաեւ հեղինակած է մի քանի տասնեակ բժշկական գիտահանրամատչելի գրքոյկներ։ Այս եւ յաջորդող մի քանի յօդուածներով՝ արեւմտահայերէնի վերածելով ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք այդ գրքոյկներէն երկուքը՝ «Մի՛ խմեր» (1901) եւ «Մի՛ ծխեր» (1902) խորագրերը կրող, յոյս ունենալով որ այդ գրքոյկներու բովանդակութիւնը ձեւով մը կրնան օգտակարութիւն բերել ընթերցողներուն։
Վերոնշեալ երկու գրքոյկները մաս կազմած են բժիշկ Վահան Արծրունիի ԲԺԻՇԿԻ ԶՐՈՅՑՆԵՐ շարքին։ «Մի՛ խմեր» գրքոյկին սկիզբը՝ որ այդ շարքին առաջինն է, Արծրունին ընդհանուր շարքին մասին հետեւեալը կը գրէ.
«Ներկայ ՄԻ՛ ԽՄԵՐ գրքոյկով կը սկսի իմ ՀԱՆՐԱՄԱՏՉԵԼԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ-ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԲՐՕՇԻՒՐՆԵՐուն շարքը, որոնք ԲԺԻՇԿԻ ԶՐՈՅՑՆԵՐ ընդհանուր վերնագիրը կը կրեն եւ մի քանի տարուան ընթացքին կը կազմեն փոքրիկ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ-ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ մը։
«Յոյս ունիմ այս գրքոյկները լոյս ընծայել ինչքան հնարաւոր է յաճախ եւ ինչքան կարելի է արժան գինով, որպէսզի անոնք մատչելի ըլլան իւրաքանչիւրին եւ լայնօրէն տարածուին ժողովուրդին մէջ»։
ՄԻ՛ ԽՄԵՐ
1
ՀԱՐԲԱԾ ՄԱՐԴԸ
Աշխարհի մէջ աւելի զզուելի եւ միաժամանակ աւելի խղճալի ի՞նչ բան կայ, քան հարբած մարդը։
Ան կորսնցուցած է բանականութիւնը, կորսնցուցած է հասկացողութիւնը, կամքը։
Անիկա կամ գազան մը դարձած է, որ կատղած՝ ասոր անոր վրայ կ՚իյնայ, կը հայհոյէ, կը ծեծէ, կը սպաննէ ու կը ջարդէ-կը փշրէ ինչ որ ձեռքը կ՚իյնայ, կամ ալ ոչնչութիւն մը, որուն ինչ ուզես կրնաս ընել, այլ խօսքով, ան բոլորովին անզգայ է, այլեւս ո՛չ կը տեսնէ, ո՛չ կը լսէ, ո՛չ կը զգայ։
Եթէ այդ ժամանակ քննէք հարբածը, ահա թէ ի՛նչ կը տեսնէք։
Դէմքը արիւն լեցուած-կարմրած, աչքերը փակուած, շնչառութիւնը ծանրացած ու խռխռան, ամբողջ մարմինը սառած եւ սառն քրտինքով ծածկուած, պռոշները, քիթը, ձեռքեր եւ ոտքերը կապոյտցած, մարմինը անշարժ եւ անզգայ դարձած, այնպէս որ կարելի է կտրատել, ու հարբածը ո՛չինչ կը զգայ։ Ան մեռելի պէս ինկած է, անզգայաբար կը փսխէ եւ աղբ կը հանէ, երբեմն ալ ուղղակի այս դրութեան մէջ կը մեռնի։
Այս ի՞նչ բան է, ի՞նչ բանն է, որ մարդը այդ օրին կը հասցնէ։
Դուք գիտէք, որ հնդկաստանցիները կամ մեր երկրին մէջ ապրող մահմետականներէն շատերը, ափիոն եւ հաշիշ կը ծխեն եւ տեսակ մը մեռելային քունի մէջ կ՚իյնան եւ նոյնպէս անզգայ կը դառնան, ինչպէս խմիչքներով հարբածները։
Ի՞նչ պատահեցաւ։
Թէ՛ ափիոն ընդունողը եւ թէ՛ գինի-օղի խմողը, երկուքն ալ թունաւորուած են։
Հետեւաբար, թէ՛ ափիոնի եւ թէ՛ խմիչքներու մէջ թոյն կայ։
Տեսնենք, թէ խմիչքներուն մէջի թոյնը ի՞նչն է։
2
ԽՄԻՉՔՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋԻ ԹՈՅՆԸ
Գինովցնող բոլոր խմիչքներուն (օղի, գինի, գարեջուր, զանազան լիքէօրներու) գլխաւոր ազդող (գինովցնող) մասը ոգին է։
Այս պատճառով ալ այս խմիչքները ոգելից խմիչքներ կը կոչուին։
Այս նիւթը ուրիշ բազմաթիւ անուններ ալ ունի. ալքոհոլ, սպիրտ։
Մենք բոլոր այս բառերն ալ կ՚օգտագործենք։
Այս ալքոհոլն է այն թոյնը, որ մարդէն կը խլէ անոր բանականութիւնը, անոր զգայողութիւնը, անոր կամքը։
Խմիչքները իրենց մէջ զանազան տոկոսի սպիրտ կը պարունակեն։ Այս տոկոսը աստիճան1 կը կոչուին, եւ այսպէս o կը նշանակուի։
Օղին իր մէջ մօտ 40o կը պարունակէ։
Գինին իր մէջ մօտ 8-15o կը պարունակէ։
(Կախէթի գինին՝ 8-10o, Գանձակինը 10o, Երեւանինը 15o)։
Գարեջուրը՝ 2-7o։
Միւս խմիչքները (քոնեաք, լիքէօրներ) օղիէն աւելի թունդ են։
Ալքոհոլը արագութեամբ կը ծծուի ստամոքսի մէջէն եւ արեան մէջ կը լեցուի։ Խմելէն հազիւ երկու-երեք վայրկեան ետք, արդէն արիւնին մէջ կարելի է ալքոհոլի հետքեր գտնել։ Արիւնին մէջ լեցուելով, սպիրտը մէկ-երկու օր (նայած թէ մարդ ինչքա՞ն խմած է) արիւնին հետ մեր մարմինի բոլոր մասերուն մէջ կը շրջի եւ անդադար կը թունաւորէ մեր մարմինին մասերը, այսինքն՝ մեր ներքին գործարանները, մեր ուղեղը։ Այս թոյնը անվերջ չի՛ մնար մարդու մարմինին մէջ, այն դուրս կը նետուի շնչառութեան, մէզին եւ քրտինքին հետ։
Ան մարդուն արիւնը, որ ամէն օր կը խմէ, մաքրուելու ժամանակ չ՚ունենար, որովհետեւ դուրս հանած ալքոհոլին տեղը՝ նորը կը զբաղեցնէ եւ այսպիսով ամէն օր գինի-օղի օգտագործողին արիւնը այդ սարսափելի թոյնը անդադար կը տարածէ մեր մարմինին խորքերը։
3
ՍՈՒՐ (յանկարծակի) ԵՒ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ (դանդաղ)
ԹՈԻՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Թունաւորութիւնը երկու տեսակ կ՚ըլլայ. սուր եւ երկարատեւ։
Սուր կամ յանկարծակի, երբ մարդ կարճ ժամանակուան մը մէջ (օրինակ մէկ կամ մի քանի ժամուան մէջ) չափազանց շատ գինի, օղի, գարեջուր կամ մէկ այլ տեսակի խմիչք կը խմէ եւ վերը նկարագրած դրութան մէջ կ՚իյնայ։ Ասիկա իսկական հարբիլն [գինովնալն] է։
Երկարատեւ թունաւորումը դանդաղ կերպով կ՚ըլլայ, երբ մարդ ամէն օր շատ թէ քիչ օղի եւ գինի կը գործածէ։ Թէեւ այդ ձեւով խմողը իսկապէս չի՛ գինովնար, սակայն թոյնը իր գործը կ՚ընէ եւ կամաց-կամաց խմողին կազմուածքը կը քանդէ։
Այս տեսակ թունաւորումը կը կազմէ ալքոհոլիզմ կամ ալքոհոլականութիւն, իսկ թունաւորուած մարդը ալքոհոլիք կը դառնայ։ Շատերը կը կարծեն, թէ միայն գինովնալը մարդուն վնաս է եւ թէ քիչ-քիչ խմելը ընդհակառակը՝ օգուտ է, եւ այնպիսիները միայն հարբող կը կոչեն, որոնք յաճախ կը գինովնան։
Մենք՝ բժիշկներս, յաճախ, այսպիսի խօսքեր կը լսենք։
-Բժի՛շկ, խմածս ի՞նչ է որ, ամբողջ կեանքիս ընթացքին երեւի տասը անգամ հարբած չըլլամ։ Խմածս ոչինչ է. օրը երկու թաս արաղ, իսկ ճաշին վրայ ալ շիշ մը գինի խմեմ կամ չխմեմ, այդ է ամէնը։ Ատով մարդուն ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Խմածս շատ չափաւոր է։
Երկու թաս արաղ եւ մէկ շիշ գինի խմելը չափաւոր կը համարեն։ Հարցնող մը ըլլայ, թէ ի՞նչ ըսել է չափաւոր։ Ո՞վ չափ դրած է։ Ի՞նչ կը կարծէք, գաւաթ մը օղին չափաւո՞ր է, թէ չէ։ Չա՞փ կ՚ուզէք, ըսեմ։ Բժիշկները գտած են, որ հասակաւոր մարդը ամբողջ օրուան ընթացքին կրնայ անվտանգ խմել, գիտէ՞ք ինչքան, - մէկ հացի դգալ, ամենաշատը երկու դգալ-, այն ալ ջուրով, այն ալ քիչ-քիչ, 24 ժամուան ընթացքին։
Մենք՝ բժիշկներս, բազմաթիւ թոյներ կը գործածենք զանազան հիւանդութիւններու դէմ, եւ գիտենք, որ միեւնոյն դեղը հիւանդին կարելի չէ երկար ժամանակ տալ - մէկուն քիչ կու տանք, միւսին շատ։
Այսպէս ալ ալքոհոլն է։
Անոր համար չափ չկայ։
Մէկու մը մէկ գաւաթ օղին առանձնապէս վնաս չի՛ տար, բայց մէկ ուրիշին գլուխը կը ցաւցնէ, մարմինը կը թուլցնէ, այլ խօսքով՝ կը թունաւորէ։
Յետոյ, պէտք չէ մոռնալ, որ իրար վրայ խմիչքներ ընդունելով, նորը հինին վրայ կ՚աւելնայ եւ այսպիսով վերջ ի վերջոյ արիւնին մէջ թոյնը, երթալով կը շատնայ։
***
Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ են ալքոհոլին տուած վնասները։
Ըսելիքնիս լա՛ւ հասկնալու համար, սակայն, պէտք է հետեւեալը իմանալ։
Մեր կերածով ու խմածով մեր ստամոքսը կը լեցուի։ Ասիկա պարկ մըն է, որուն պատերը նուրբ թաղանթով (կաշիով) ծածկուած են։ Այս թաղանթը հեղուկ մը կ՚արտադրէ (ինչպէս, օրինակ, մեր մաշկը ճարպ եւ քրտինք կ՚արտադրէ), որ կը հալեցնէ-կը մարսէ մեր կերածը։ Կիսամարսուած կերակուրին մէկ մասը (ջրային մասը) ուղղակի ստամոքսի պատերուն մէջով կը ծծուի եւ արիւնին մէջ կը լեցուի, իսկ մնացած մասերը աղիքներուն մէջ կը լեցուին, այնտեղ եւս լաւ կերպով կը մարսուին եւ աղիքներուն պատերով կը ծծուին եւ նոյնպէս արիւնին հետ կը խառնուին։
Այսպիսով, մարսուած-հալած հիւթերը մեր արիւնին մէջ կը լեցուին, որ զանոնք կը տանի ու կը բաժնէ մեր մարմինին բոլոր մասերուն մէջ։ Ինչ տեղ որ ասեղով ծակես՝ արիւն դուրս կու գայ։ Այդ ի՞նչ կը նշանակէ։ Այդ կը նշանակէ, որ մենք մէկ կամ մի քանի երակներ ծակեցինք։ Հետեւաբար, արիւնը ամէն տեղ կը տարածուի, նոյնպէս ալ կերակուրը։
Հիմա, եթէ կերակուրին հետ միասին, կամ առանց կերակուրի, մենք գինի կամ օղի խմենք, անոնց մէջի ալքոհոլը կը ծծուի, արիւնին մէջ կը լեցուի եւ մեր մարմինին բոլոր անկիւնները կը տարածուի։ Մէկ մազաչափ տեղ իսկ չի՛ մնար, ուր այդ թոյնը չդպնայ։
Այս գիտնալով, ամէն մարդ կը հասկնայ, որ ալքոհոլը մեր մարմինին բոլոր մասերը պիտի թունաւորէ, մեր բոլոր գործարանները (լեարդը, փայծաղը, սիրտը, երակները, երիկամունքները, թոքերը, ուղեղը, ջիղերը, եւ այլն)։
***
Ամենէն առաջ ուղեղին հասած վնասներուն մասին խօսինք։
Ուղեղը մեր մարմինին ամենէն քնքոյշ մասն է, այս պատճառով ալ ալքոհոլը ամենէն առաջ անոր վրայ կ՚ազդէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ
1 Աստիճան կը նշանակէ հարիւրէն որոշ մասը։ Օրինակ, եթէ կ՚ըսեն, թէ գինին 12o ալքոհոլ կը պարունակէ, այդ կը նշանակէ, որ 100 մաս գինիին մէջ 12 մաս ալքոհոլ կայ (օր. 100 մսխալի մէջ - 12 մսխալ)։