ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՇԽԱՏԻԼ...

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառաւ՝ շատ մը գործատեղիներ, ճաշարաններ, շարժանկարի սրահներ, մարզական աւաններ եւ այլն ժամանակաւոր կերպով փակուեցան եւ անոնց գործաւորները անգործութեան դատապարտուեցան։

Այդ գործաւորները՝ ըստ ամերիկեան օրէնքի տրամադրութեան, դիմեցին կառավարութեան օգնութեան համար։ Կառավարութիւնը անոնց վճարեց թոշակ (unemployment benefits), մինչեւ որ անոնք վերադառնան գործի։

Սակայն եկուր տես, որ կառավարութեան վճարած թոշակը շատ աւելի է, քան իրենց գործատեղիէն ստացած աշխատավարձը։ Ուրեմն ինչո՞ւ գործի երթալ, երբ տունը մնալով շատ աւելի դրամ կը ստանան, չէ՞… Եւ այսպէսով՝ ժողովուրդը ծուլութեան վարժուեցաւ։

Օրինակ մը տալու համար անգործներուն ստացած տարեկան գումարներէն, հետեւեցէք հետեւեալ աղիւսակին՝ որ ցոյց կու տայ զանոնք, ըստ նահանգներուն տրամադրութեան։

Ստորեւ՝ 34 նահանգներէն մի քանի օրինակ, առաջնահերթութեան շարքով.

Նահանգ                                   Տարեկան օգնութիւն

1. Հաուաի                                      60.590

3. Մասաչուսեց                               50.540

5. Նիւ Եորք                                    43.700

17. Գալիֆորնիա                             37.160

34. Հարաւային Քարոլայնա             21.910

Եւ այս ծուլութեան երեսէն՝ ամէն տեղ գործաւորի պակաս կայ։ Դիտեցէք կցուած նկարը, որ կը ներկայացնէ Լոս Անճելըսի նաւահանգիստը։ Դիզուած են նաւէն իջած ապրանքները, որոնք կը կարօտին բեռնատար ինքնաշարժներու վարիչներու, որպէսզի այդ ապրանքները փոխադրուին շուկայ եւ մատչելի դառնան բնակչութեան։

Այս մէկ երեսն է միայն գործաւորներու կարիքին։ Անդին՝ «Ամազոն» հսկայ ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ պատրաստ է ժամական 18 տոլար վճարելու անոնց, որոնք կ՚ուզեն միանալ իր աշխատաւորներու ցանցին։ Սա քիչ դրամ չէ, եթէ նկատի առնենք, որ Գալիֆորնիոյ պաշտօնական աշխատավարձը ժամական 14 տոլար է…

ՎԱՍՆ ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ...

Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ բանուորական օրէնքը կը պահանջէ, որ գործատեղիներու, գրասենեակներու, ճաշարաններու եւ պետական պաշտօնատեղիներու մէջ՝ բազմազանութիւնը (diversity) տիրէ։ Այսինքն, աշխատողներուն որոշ մէկ մասնիկը պէտք է բաղկանայ փոքրամասնութիւններէ։

Այսքանը հասկնալի է եւ արդար, սակայն երբեմն բազմազանութեան սիրոյն՝ գործատէրեր աւելի յառաջ կ՚երթան եւ ի նպաստ փոքրամասնութիւններու առուած որոշումները կը վնասեն մեծամասնութեան միաւորները։ Հիմա խօսինք օրինակներով։

Շիքակոյի մէջ՝ արուեստի թանգարան մը ունէր խումբ մը 122 փորձառու կամաւորներու, որոնք օգտակար կը հանդիսանային այցելուներուն, անոնց ներկայացնելով թանգարանի 300 հազար արուեստի գործերը։ Այս խումբը բազմազանութիւն չի ներկայացներ ըսելով՝ զանոնք գործէ հանած են եւ իրենց տեղը վարձած են բազմազանութիւն ներկայացնող խումբ մը, որոնց կը վճարեն ժամական 25 տոլար։

Առ քեզի օրէնքի ենթարկուելուն հետեւանքները, որ նիւթական պարտաւորութեանց տակ կը թողու վերոյիշեալ թանգարանը… Այս օրէնքը համատարած է եւ անոր պէտք է ենթարկուին բոլոր հաստատութիւնները՝ ըլլան անոնք պետական թէ անհատական։

Յաճախ կը պատահի, որ վերոյիշեալ օրէնքին ենթարկուելու համար՝ հաստատութիւններ կը վարձեն պաշտօնակատարներ, որոնք շատ ալ որակաւոր չեն, բայց դժբախտաբար այս է իրականութիւնը եւ մենք պէտք է կամայ-ակամայ հաշտուինք եւ հանդուրժենք ու վերջ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021