ԴԱՐՁԵԱԼ՝ ՆՈՅԵՄԲԵՐ

Եւ մանաւանդ՝ 16 Նոյեմբեր...:

Արիւնոտ թուական մը եւս աւելցաւ ներկայ մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Կարծես, ասկէ «առաջուանները» չէին բաւեր, հիմա ալ այս մէկն ալ աւելցաւ: Նայինք տակաւին ի՞նչ անակնկալ թուականներ, մեր ճակատագիրը մեզի համար պատրաստած է: Ամէն ինչ չափազանց բարդ է եւ աննախատեսելի: Ամէն օր նոր «բանի» մը կը սպասենք: Ու այդ սպասումն է, որ կը մաշեցնէ մեր ազգը: Ըսէ՛ք, խնդրեմ, ի՞նչ է տհաճը. «վատ լուրը», թէ ո՛չ, «վատ լուրի սպասումը»: Ահա՛, մեր ամէնօրեայ կեանքը: Սպասում:

Տակաւին անցեալ տարուայ սեպտեմբեր 27-ին, մեր պապենական հողերուն վրայ անողորմ եւ սարսափելի պատերազմը, եկաւ առաւել ծանրացնելու մեր կեանքը: Ու բոլորիս ալ ծանօթ է, թէ յանուն իր հողերու պաշտպանութեան, ինչպէս հայ կեանքը դէպի մահ վազեց:

Իսկ, այս օրերուն, ահա ա՛յս թուականը: Վտանգաւոր անակնկալ: Ինչո՞ւ պատրաստ չենք նման «անակնկալներու»: Չեմ գիտեր: Չեմ հասկնար: Նաեւ չեմ գիտեր, թէ այս բոլորին մէջ, «շան գլուխը, ո՞ւր թաղուած է»:

Դարձեալ պատերազմը կարմիր գրիչը ձեռքին, մեր պատմութեան էջերը լեցուց: Այս բոլորը նորութիւններ չեն: Որովհետեւ, զիրար չխաբենք, մենք պարտուած ենք: Անոր համար հակառակորդը ե՛ւ համարձակ, դարձեալ իր ոտքը դրաւ հայ կուրծքին վրայ: Ու կարծես մեր անբթութեան պատճառով, վարժուեցանք նման «բաներու»:

Թէեւ ամէն առիթով, եւ օրին, բեմերէն եւ մամուլի սիւնակներէն, ահազանգ հնչեցուցինք, գրեցինք, խօսեցանք, մատնանշումներ ըրինք, նոյնիսկ իր զաւակները կորսնցուցած մօր մը նման, յաճախ պոռացինք, բայց անօգուտ: Որովհետեւ, այնպէս կ՚երեւի, թէ երկրի պատասխանատու-ղեկավարներուն ականջները խուլ են: Խլացած: Չեն լսեր: Կամ չեն ուզեր լսել: Նոյնիսկ, իրենց աչքերը կոյր ալ են: Ահա թէ ինչո՞ւ դարձած ենք պարզապէս մէկական զոհեր՝ ե՛ւ օտարին, ե՛ւ նոյնիսկ մեր քմահաճոյքներուն, մեր ներքին հարցերուն եւ մանաւանդ՝ մեր «ես»ին:

Ազգովին շուարած ենք, որովհետեւ, մեր բախտը ուրիշին կապած ենք: Իրականութիւնը կը հալածէ մեզ ամէն վայրկեան: Մենք զոհ ենք: Չենք անդրադառնար: Ու այս մէկը ահազանգէ մը աւելի է: Ներկան, մեր աչքերուն մէջ անորոշ վիհ մը դարձած է:

Մեր թշնամիներն ու հակառակորդները, նոյնիսկ մեր դաշնակից կարծեցեալները, բոլորն ալ կ՚ուզեն մեզ խղճացնել: Կ՚ուզեն նաեւ կրճատել մեր կարողականութիւնը:

Ինծի կ՚ըսէին, որ հիմա «այդպէս» է, «ի՞նչ ընենք»...: Կարծես, տեսակ մը շրջուն ներկայութիւն դարձած է այս իրականութիւն ըսուածը: Ու ես կը փորձեմ հաւատք չընծայել:

Իրաւունք ունիմ։ Բայց, որո՞ւն հաւատք ընծայել: Ինչպէ՞ս հասկնալ եւ աւելին՝ ինչպէ՞ս «մարսել» մեր հայրենիքի ներկայ ընդհանուր այս «իրավիճակը»:

Դարձեալ կ՚ըսեմ.- այս բոլորը նորութիւններ չեն:

Այսօր հայը  ընկճուած է: Արդեօք յիշեցնելու կարիք կա՞յ: Տեսանելի է: Կամ եթէ պէտք է յիշեցում մը կատարել մեր երկրի այսօրուայ տիրող իրավիճակի մասին, ըսէ՛ք, ո՞վ է զայն ահազանգողը: Առածը կ՚ըսէ. «ի՞նչ որ ցանած ես, այն միայն պիտի հնձես»:

Այս իրականութիւնը, սարսափելի է եւ անախորժ: Հրաշքը գործ չունի այս բոլորին մէջ: Հո՛ն... յանուն «չեմ գիտեր ինչի..., հայկական զիջումներ...» կը կատարուին: Եւ այս բոլորը՝ «օր ցերեկով» եւ անձայն: Զգաստանալ է պէտք... միշտ կրկնած ենք: Որո՞ւ կ՚ըսես:

Անոր համար մեր, բոլորիս մտահոգութիւնները անհիմն չեն եւ ոչ ալ շինծու: Կը սպասենք եւ միեւնոյն ատեն ալ կը հաւատանք, որ շուտով եւ ամէն «բան», ջուրի երես պիտի գայ:

Սխալ «բան» եւ «բաներ» շատ կ՚ընեն, որոնց գլխաւոր պատճառը մենք ենք, բոլորս, սկսած՝ մեր գործելակերպերէն, մեր մտածելակերպերէն, մեր անմիաբանութենէն եւ կարճամտութենէն, մեր աթոռներու տիրանալու ախորժակներէն, մինչե՜ւ մեր չար նախանձը: Մնացեալը, դո՛ւք շարեցէք:

Այս «բոլորը», երբեմն բացայայտ, եւ երբեմն ալ լուռ, մեզ կը նետեն թերահաւատութեան մէջ: Ու կը կրկնեմ.- որո՞ւ  հաւատաս: Որո՞ւ պէտք է հասցէագրել, թէ՛ ի սէր Աստուծոյ, եթէ գործ մը կատարեալ չես կրնար ընել, հոգ չէ, գոնէ, վնաս մի՛ հասցներ: Որո՞ւ պէտք է ըսել, որ ժամանակն է իրականութեան աշակերտել: Այսպէս թելադրած էին մեզի, մեր մեծերը: Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, այս մէկն ալ մեզ յուսահատութեան կը տանի։

Իմ կարգիս, զգոյշ եմ։ Կ՚ուզեմ գիտակցիլ եւ մնալ արթուն, որովհետեւ, այս «բոլորը» թէեւ  մեր «ներսը» խճողած են, բայց նաեւ մեր «դուրսը»՝ խառնած։ Կայ միայն մեր ներքին իրականութիւնը, որ արտաքին աշխարհը խեղդած է զայն։ Մեզ կլանած են ախտեր։ Չենք սորված, որ կեղծիքն ու կեղծաւորութիւնը, մեր գիտակցութիւնը կը վրդովեցնեն եւ հեգնանքի կը վերածեն մեր մթնոլորտը։ Ժամանակն է, որ դրական տրամադրուինք:

Ե՞րբ լաւապէս պիտի հասկնանք, որ եթէ զգացումը չկայ, եւ եթէ կամքը չկայ, ուրեմն ոչինչ կայ: Ուստի, երբեմն ստիպուած այսպէս, մեր հեռուն նստած, լռած, կը դիտենք: Մտիկ կ՚ընենք: Կը լսենք: Կը մտահոգուինք: Բայց, երբեք չկարծէք, որ լռութիւնը մոռնալ ըսել է: Տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս, հո՛ն, մարդիկ, պատասխանատու կամ ոչ, շատ կը խօսին: Միշտ կը խօսին: Բառը ձրի է: Պէտք է գիտնալ, որ մարդուն կէս գեղեցկութիւնը իր լեզուն է, իսկ միւս կէսը՝ իր ուղեղը: Դէմքը պարզապէս դիմակ մըն է այս երկուքին: Ուստի, զատեցէ՛ք, ձեր խօսելիք բառերը, ինչպէս որ կը զատէ՛ք ձեր հագուելիք հագուստը, որպէսզի վերջը չզղջաք:

Լաւ յիշեցէ՛ք, Արցախեան վերջին 44-օրեայ պատերազմը սահմանեց մեր մտածումները, նաեւ խլելով մեր հողերն ու հազարաւոր երիտասարդներու կեանքերը եւ շատերուս մօտ անվերադարձ յոյսեր ալ սերմանեց, բայց երբեք չկարողացաւ մեզմէ խլել հայու մեր ոգին ու կամքը:

Ուրեմն, փորձենք գործնականօրէն մեր կարելի եւ ներելի ուժերով մասնակից դառնալ մեր հայրենիքին, մեր ժողովուրդին եւ մեր ազգին, իրենց այս օրերու «հարցերու» լուծման:

Վշտալի իրականութիւն մը կայ, որ կարելի եղած չափով արագ ու գործնական քայլերու կը կարօտի: Եւ աւելին՝ այս բոլորը լսող եւ գործադրող է պէտք:

Եթէ կ՚ուզենք յաղթահարել եւ յաղթանակել, պէտք է գիտնանք, որ այդ յաղթանակի ուղին մեր միասնութեամբ սալայատակուած է միայն:

Ու միայն ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ մեզի ի՞նչ կը սպասէ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021