ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՐԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ

Նկատի ունենալով, որ ազգովին կ՚ապրինք մեր պատմութեան ամենէն մութ ու ծանր ժամանակաշրջաններէն մէկը, մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք Ռաֆայէլ Պատկանեանի Վարդապետարան Հայաստանի ազատութեան» հարց-պատասխանի տեսքով գրուած գրութիւնը, արեւմտահայերէնի վերածուած: «Վարդապետարան»ը 1883 թուականին գրուած է: 1889 թուականին, Մկրտիչ Փորթուգալեան զայն առանձին տետրակով, առանց հեղինակի անունին եւ որոշ փոփոխութիւններով հրատարակած է:

Ամօթ, յաւիտենական ամօթ հայերուն:

Կիսագազան սեւամորթ ստրուկը իր անկախ լիպերիա պետութիւնը հիմնեց եւ դարերով հալածուած ջհուդը դրամի ուժով Պաղետինին երկու հինգերորդ մասը իրենը դարձուց, իսկ խեղճ հայերը իրենց հարազատ դրախտ Հայաստանի մէջ մէկ թիզ անկախ խորշ չունին…

Հարցում. Ո՞վ պիտի ազատէ Հայաստանը օտարներուն ձեռքէն:

Պատասխան. Ի՛նքը՝ Հայ ազգը պիտի ազատէ Հայաստանը օտարներուն ձեռքէն:

Հ. Ի՞նչ հնարքներով:

Պ. Զանազան են հնարքները, նայած հանգամանքներուն. երբեմն սեփական զէնքով, երբեմն դրամով եւ երբեմն ալ օտարին օգնութեամբ:

Հ. Հայաստանը երբեւէ միթէ կրնա՞յ հայերուն սեփականութիւնը դառնալ:

Պ. Այո, կրնայ. ան անշուշտ կը դառնայ հայերուն սեփականութիւնը, եթէ բոլոր հայերը՝ այր ու կին, հարուստ եւ աղքատ, տէր եւ պատանի այնպէս բաղձան ու ձգտին Հայաստանի ազատութեան, ինչպէս անօթին՝ հացին եւ ծարաւցածը՝ ջուրին կը ձգտի:

Հ. Ո՞ր երկիրը Հայաստան կը կոչուի:

Պ. Հայաստան կը կոչուի այն երկիրը, որ շրջապատուած է Սեւան, Վան եւ Ուրումիա ծովակներով, իսկ բոլորը միասին՝ Մասիս լեռներով:

Հ. Ո՞վ է հայուն թշնամին եւ ո՞վ է անոր բարեկամը:

Պ. Հայուն թշնամին ան է, որ կ՚աշխատի հայերը Հայաստանէն հեռացնել եւ սուտ արհաւիրքներով կը վհատեցնէ զանոնք այդ ազգաշէն գործին մէջ: Իսկ անոր բարեկամը ան է, որ կը դիւրացնէ անոնց՝ կամ իրենց աշխարհը վերադառնալու, կամ կը յորդորէ իր աշխարհին մէջ հաստատուն մնալ:

Հ. Ո՞վ է իսկական հայը:

Պ. Իսկական հայը ան է, որ անկեղծ կ՚ըղձայ ու կը նպաստէ Հայաստանի անկախութեան: Մնացեալները ԱՌՄԵԱՇՔԱՆԵՐ են, այսինքն՝ ո՛չ միայն անպիտան հայեր, այլեւ՝ անպիտան մարդիկ:

Հ. Հայը ո՞ր աշխարհին մէջ կրնայ երջանիկ ըլլալ:

Պ. Հայը միայն Հայստանի մէջ կրնայ երջանիկ ըլլալ, որովհետեւ ան ամէն տեղ հալածուած ու արհամարհուած պանդուխտ է, եւ միայն Հայաստանի մէջ ան պատուաւոր մարդ է մարդկութեան աչքին:

Հ. Հայերը Հայաստանէն դուրս ի՞նչ բանի կը նմանին:

Պ. Հայերը Հայաստանէն դուրս կը նմանին օտարի տուն վարձողին, որ կ՚աշխատի զարդարել այն տան պատերը, որմէ ուշ կամ կանուխ դուրս պիտի ձգէ զայն օրինաւոր տանուտէրը:

Հ. Ի՞նչ վիճակի կը հանդիպին հայերը, եթէ Հայաստանը չազատեն:

Պ. Եթէ հայերը Հայաստանը չազատեն, անոնք շատ շուտ (թերեւս յիսուն տարիէն) բնաջինջ կ՚ըլլան աշխարհի երեսէն:

Հ. Միթէ հարստութիւնը չ՚օգնե՞ր հայերը պահպանուելու օտարութեան մէջ:

Պ. Օտարութեան մէջ աղքատութիւնը անշուշտ կը մաշէ հայերը, բայց աւելի շուտ կը մաշէ հարստութիւնը:

Հ. Ի՞նչ զանազանութիւն կայ հպատակին եւ ստրուկին միջեւ: Հայերը օտար պետութիւններուն հպատա՞կ են, թէ՞ ստրուկ:

Պ. Հպատակ կը նշանակէ իր ազգային կառավարութեան եւ անոր օրէնքներուն ակամայ, բռնի եւ կամ յիմարաբար հնազանդող: Հայերը բոլոր օտար պետութիւններուն ստրուկ են, որովհետեւ անոնց օրէնքները յօրինելուն անմասն եղած են, եւ ամէն տեղ հայուն դաւանած կրօնը ընկճուած է եւ անոր ազգային ծէսերը հալածուած ու արհամարհուած են:

Հ. Առանց վտանգի ի՞նչ ազգասիրական գործեր կրնայ կատարել իւրաքանչիւր հայ մարդ:

Պ. Իր անձը վտանգի չենթարկելով իւրաքանչիւր հայ մարդ կրնայ եւ պարտաւոր է հետեւեալ գործերը կատարել.

1. Հայաստանի մէջ մեծ կամ փոքր հողային կալուած մը ունենալ (այս ամենէն գլխաւորն է):

2. Իր զաւակները հայ ոգիով դաստիարակել:

3. Անոնց զէնքի գործածութիւն սորվեցնել:

4. Օտարի հետ չամուսնանալ:

Հ. Որո՞նք են հայկական առաքինութիւնները:

Պ. Հայկական ամենէն գլխաւոր առաքինութիւններն են.

1. Տունով-տեղով դէպի Հայաստան գաղթել:

2. Իր ամբողջ ուժը դնել յորդորելու իր ծանօթ հայերուն՝ Հայաստան չուել:

3. Համոզել եւ օգնել իւրաքանիւր հայու Հայաստանի մէջ սեփական անշարժ կալւածք եւ հող գնելու:

4. Ջանալ Հայաստանի մէջ արուեստական եւ հողագործական դպրոցներ հիմնել:

Հ. Որո՞նք են հայկական մոլորութիւնները:

Պ. Հայկական ամենէն գլխաւոր եւ ազգակործան մոլորութիւններն են.

1. Աշխարհաքաղաքացիութիւնը:

2. Պանդխտութիւնը:

3. Անձնական շահի համար տեսակ-տեսակ խարդախութիւններ, որով հայ ազգին անունը կը կոտրուի:

4. Շահասիրական ազգասիրութիւն (կեղծ ազգասիրութիւն):

5. Հայ մեծաւորներուն դէմ ըմբոստութիւն (դաւաճանութիւն, մատնութիւն), ու՝

6. Օտարին հետ ամուսնութիւն:

Հ. Ի՞նչ խօսքեր պէտք է դուրս ձգել հայոց լեզուէն:

Պ. Հայոց լեզուէն ընդմիշտ պէտք է դուրս ձգել վհատեցուցիչ, յուսահատական, ազգին վարկը ստորացնող, խորամանկութիւն (աչքակապութիւն) սերմանող խօսքերը, առածները, խրատները եւ խորհուրդները Հայը թակէ Վարդանին, (…), ուր հայ՝ այնտեղ վայ, նորէն հայութիւն ըրիր (այսինքն՝ դարձեալ ամենէն վատթար գործ գործեցիր), հայուն տունը քանդողը մեր սեւագլուխներն են, հաստն ու բարակը մէկ գին է, վայ է բարակ մանողին, հայերը անմիաբան են:

Հ. Ի՞նչ աղօթք պէտք է ընէ հայը առաւօտ ու գիշեր:

Պ. Հայը քունէն արթննալէն ետք, կամ քնանալէն առաջ, միայն այս աղօթքը պիտի կարդայ.

Ով բարեգութն Աստուած, օգնէ ինծի Հայաստանը ազատելու: Ասկէ աւելի ո՛չ մէկ ուրիշ աղօթք պէտք է հայուն:

Հ. Հայ պատանիներուն համալսարան մտնելը կը նպաստէ՞ հայկական նպատակներուն:

Պ. Ներկայիս հայ պատանիներուն համալսարան մտնելը վերաբերմամբ հայոց նպատակներուն այն նշանակութիւնը ունի, ինչ նշանակութիւն որ կ՚ունենար աւազակը ճիշդ վրադ յարձակած վայրկեանին կամ նայէր սուրի ու զէնքի գործարաններ շինելու: Այս մասին հայերը ամենէն քիչը հարիւր տարի ուշացած են: Միւս կողմէ, 40-50 տարուան փորձը ցոյց տուաւ, որ համալսարաններուն տուած արդիւնքը հայ պատանիներուն՝ ասոնք էին.

1. Դիւրին միջոց ապահով ապրուստ ճարելու ու ասպարէզ շինելու, եւ

2. Անզգալի կերպով սառելու իր ազգէն եւ հոգիով օտարանալու անոր շահերէն: Իսկ եթէ կան քանի մի իսկապէս արժանաւոր հայ համալսարանականներ, պէտք է կարծել, որ անոնք առանց համալսարան մտնելու եւս ազգին պիտանի անդամները կ՚ըլլային, որոնք երբեք համալսարան եղած չեն: Պէտք է նկատի ունենալ եւ այն հանգամանքը, որ ներկայի համալսարանները նոյնիսկ գիտութիւնը բռնակալներուն ձեռքին մէջ ազգեր կործանելու հզօր գործիք մը դարձուցած են:

Հ. Գալիք ազատուած Հայաստանին մէջ ազնուականութիւն, ժառանգական տիտղոսներ, մեծամեծ հողային կալուածատիրութիւն պիտի ըլլա՞ն, թէ՞ ոչ:

Պ. Այո՛, ժառանգական տիտղոսներ պիտի ըլլան, մեծամեծ հողային կալուածատիրութիւն պիտի ստանան անոնք կամ անոնց ժառանգները, որոնք առաջինը սուրը կը բարձրացնեն Հայաստանի ազատութեան համար, եւ կամ արեան դաշտին մէջ իրենց կեանքերէն կը (զրկուին): Այսպիսիները (ու միայն այսպիսիները) Հայաստանի բարձրագոյն եւ ամենէն հարուստ (հողային կալուածներով) դասակարգը կը կազմեն:

Հ. Ո՞րն է հայուն նշանաբանը:

Պ. Հայուն նշանաբանը այս երեք բառերն են՝ ազատութիւն կամ մահ:

Հ. Հայաստանը արժանի՞ է այդքան մեծամեծ զոհերու:

Պ. Այո՛, Հայաստանը արժանի է մեծամեծ զոհերու, որովհետեւ անոր մէջ ապրողին կեանքին տեւողութիւնը միջին թիւով 75 տարի է, Հայաստանի հողը մշակողին ցանած մէկ սերմնահատիկին փոխարէն 45-60 սերմնահատիկ կու տայ: Հայաստանի մէջ հողսող աղբիւրներուն կէսը հանքային բժշկարար ջուրեր ունին, Հայաստանի դիրքը միջաշխարհային է, այսինքն՝ Ասիոյ եւ Եւրոպայի սահմանագլուխներուն: Հայաստանի ժողովուրդը եթէ ազգերուն մէջ ամենէն հզօրը չըլլայ, գէթ ան ամենէն հարուստը եւ ամենէն բախտաւորը կ՚ըլլայ: Հայաստանը հարուստ է նաեւ կենդանիներով, բոյսերով եւ հանքերով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021