ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՀԵՔԻԱԹ
ՍԵՒ ԹԱՇԿԻՆԱԿ ՄԸ ԿԱՊՈՅՏ ԵՐԿՆՔԻՆ ՄԷՋ
Սեւ ագռաւը թռաւ ճիւղէ ճիւղ եւ ըսաւ ճերմակ վարդի մը թուփին.
-Սեւ գոյնս գոյներուն ամենէն գեղեցիկն է:
Թուփը յորդորելով ըսաւ.
-Յիշէ՛, որ չկան սեւ վարդեր, սեւ ծառեր եւ սեւ խոտեր:
Ագռաւը թառեցաւ ճիւղէ ճիւղ եւ ըսաւ ճերմակ վարդի թուփին.
-Ձայնս բոլոր ձայներուն քաղցրագոյնն է:
Թուփը յորդորելով ըսաւ.
-Յիշէ՛ սոխակներն ու անոնց ձայները:
Սեւ ագռաւը թռաւ ճիւղէ ճիւղ եւ ըսաւ ճերմակ վարդի թուփին.
-Թռիչքս ամենէն ճկուն, զօրեղ ու գեղեցիկն է:
Թուփը յորդորելով ըսաւ.
-Մի՛ մոռնար արծիւներուն, բազէներուն եւ ամպերուն թռիչքը:
Սեւ ագռաւը թռչկոտեցաւ ճիւղէ ճիւղ եւ ըսաւ ճերմակ վարդի թուփին.
-Ես թռչուններուն ամենէն ուժեղն եմ եւ չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ բանաստեղծները կ՚անտեսեն քաջութիւնս, երբ քերթուածներ կը գրեն:
Ճերմակ վարդի թուփը պատասխանեց.
-Թերեւս այն պատճառով, որ դուն յաճախ կը փախչիս որսորդներէն, որոնք երբեք, օր մը, չեն փորձեր իսկ ագռաւ մը որսալ:
Ագռաւը լռեց եւ ա՛լ ճիւղէ ճիւղ չթռաւ, զղջաց խանդոտ թուփի մը հետ խօսելուն համար. թուփ մը, որուն վարդերը ճերմակ են, չի թռիր, չ՚երգեր եւ չ՚ատեր այն ձեռքերը, որոնք կը քաղեն իր վարդերը:
ԽՕՍՈՂ ԿԱՏՈՒՆ
Ճերմակ կատու մը մարդոց պէս մէկ ժամ խօսելու պարգեւ ստացաւ եւ շտապեց շահագործել զայն: Ան ըսաւ իր բնակած տան տէրերուն.
-Դուք ամէն օր միս կ՚ուտէք եւ կը կարծէք, որ ես բուսակե՞ր եմ կամ բժիշկը արգիլա՞ծ է ինծի միս ուտել:
Ան փութաց մսավաճառի մը քով եւ բարձր, կշտամբալի շեշտով ըսաւ.
-Դուն ագահ մարդ մըն ես, ագահներուն ամենէն հռչակաւորը, քանի երբ այցելեցի, վտարեցիր զիս կամ միսէ զուրկ ոսկորի կտոր մը շպրտեցիր, որ միայն լիզելու արժանի էր եւ չէր կշտացներ ինծի պէս անօթի մը:
(Կատուն) տեսաւ փողոցը խաղացող մանուկներ եւ ըսաւ անոնց.
-Երանի թէ ինծի պէս պոչեր ունենայիք, որպէսզի քաշէի զանոնք, ինչպէս յաճախ պոչս կը քաշէք:
(Կատուն) տեսաւ յօրանջող եւ հանգստացող կատուներ եւ ըսաւ անոնց.
-Մենք յիմար կատուներ ենք: Մեզմէ ամենէն խելացին եթէ, օրին մէկը, մուկ մը որսայ, շարունակ կը խօսի իր աննման քաջութեան եւ հերոսութեան մասին:
Կատուները գունաթափեցան եւ իսկոյն հեռանալ ուզեցին անկէ, ափսոսալով անոր համար, որ ան մլաւելու կարողութիւնը կորսնցուցած է եւ կ՚արձակէ այնպիսի ձայներ, որ միայն կը լսուին այդ տարօրինակ արարածներէն, որոնք չորս (ոտք)ի վրայ չեն քալեր: (Կատուները) խրատեցին անոր ամենէն մօտ բժիշկին դիմել, բայց ան անտեսեց խրատը:
Եւ երբ ժամը անցաւ, ճերմակ կատուն փորձեց խօսիլ, բայց անկէ սուր մլաւիւն մը լսուեցաւ: Ան մլաւելով փութաց ընկերներուն քով: Ընկերները ուրախութեամբ շրջապատեցին զայն եւ շնորհաւորեցին անոր կանուխ ապաքինումը այդ տարօրինակ հիւանդութենէն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան