ՀԱՅ ԹԵՐԹԸ ՎԿԱ՛Ն Է ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ. ԶՕՐԱԿՑԻ՛ՆՔ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ԻՆ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը դեկտեմբերի 2-ի իր թիւով, Ա. Դ. ստորագրութեամբ զօրակցութեան յօդուած մը հրապարակեց՝ արձագանգելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ահազանգին։ Այս կապակցութեամբ ցուցաբերուած զգայնութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր սիրելի պաշտօնակից-բարեկամ, թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանին։ Նոյն առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Նոր Յառաջ»ի խմբագրութեան սիւներէն՝ մեզի այնքան հարազատ Յարութիւն Կոպէլեանին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ «Նոր Յառաջ»ի յօդուածի արժէքն ու նշանակութիւնը կը բազմապատկուին այն հանգամանքին լոյսին տակ, որ հրապարակումը ուղղակի համակարգուած է Յարութիւն Կոպէլեանի կողմէ, որ թերթիս նախկին երախտաշատ ու բազմամեայ խմբագիրներէն հոգելոյս Երուանդ Կոպէլեանի որդին է։ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Նոր Յառաջ»ի յօդուածը։

Քանի մը օր առաջ սրտի խոր սեղմումով կարդացինք Պոլսոյ «Ժամանակ»ին մէջ, թերթին 113-րդ տարեդարձին առթիւ՝ «Ժամանակ օրաթերթը հիմնադրութեան 114-րդ տարին կը թեւակոխէ անդունդի եզրին» խորագրեալ խմբագրականը, իր տխուր հաստատումներով։

Չենք գիտեր, թէ այս տողերը պիտի մնան լոկ մենախօսութի՞ւն մը, թէ՞ պիտի թափանցեն սրտցաւ գէթ ափ մը մարդոց սրտերէն ներս, որոնք դեռ կը մտահոգուին հայ մամուլին լինելութեամբ, եւ որոնք իսկական կսկիծ մը կը զգան հայատառ որեւէ թերթի մահով։ Եւ հոս, խօսքը սովորական թերթի մը մասին ալ չէ, այլ՝ կը վերաբերի հայ մամուլի նահապետի՛ն՝ դարաւոր «Ժամանակ»ին, անոր որ մեր օրերը հասած է 1908-էն, տեսած՝ մեր նորօրեայ պատմութեան գրեթէ բոլո՛ր էջերը։

Եթէ հայատառ մամուլով եւ անոր հոգերով հետաքրքրուողներուն քիչ թէ շատ ծանօթ են այն բոլոր դժուարութիւնները, զորս կը դիմագրաւէ այսօր սփիւռքի իւրաքանչիւր հայատառ թերթ (ի դէպ, հայաստանեաններու վիճակն ալ կարելի չէ համարել շատ փայլուն), հոս՝ «Ժամանակ»ի պարագային առանձնապէս մատնանշուած հարցը կու գայ ա՛լ աւելի տխուր ու մտահոգիչ բնոյթ հաղորդելու ստեղծուած ծանր իրավիճակին։ Արդարեւ, թերթին խմբագրութեան իսկ վկայութեամբ՝ յա՛տկապէս ներգաղութային պառակտումներն ու բեւեռացումները եւ անոնցմէ սերած թշնամանքները շեշտած են թերթին՝ առանց ատոնց ալ արդէն գրեթէ օրհասական վիճակը, ա՛լ աւելի դժուար, չըսելու համար անկարելի դարձնելով հոսանքն ի վեր թիավարելու ջանքերը։

Ճիշդ է, որ մարդ արարածի բնազդի ամենէն տարրական ու անխուսափելի յատկանիշերէն է ամէն ինչ ընկալել սեփական ակնոցով։ Հետեւաբար, խոստովանինք՝ որպէս հայատառ մամուլի ծառայ, թերեւս ալ հարցը կը դիտենք գերզգայուն մօտեցումով, մինչ տարբեր պիտի ըլլար որոշ հեռաւորութենէ դիտողինը։ Ո՜վ գիտէ։ Չենք գիտեր նաեւ, թէ երբ պատմութեան էջերուն անցած հայ մամուլի անուններու կը հանդիպինք, նո՞յն զգացումներով կը տոգորուինք, նո՞յն ցաւը, ափսոսանքը կը զգանք։ Թերեւս՝ այո՛, թերեւս՝ ո՛չ։ Յամենայնդէպս, մեզի համար, ոչի՛նչ, ո՛չ մէկ պատճառաբանութիւն արդարանալի կամ ընդունելի կրնայ ըլլալ հայատառ թերթի մը մահուան փողը հնչեցնելու, անոր վախճանին տենչալու, կամ նո՛յնիսկ պարզապէս մահուան այդ ընթացքին համակերպելու համար։

Իւրաքանչիւր հայ թերթ մեր պատմութեան մէկ բեկորն է, անջնջելի մէկ մասնիկը, որ այդ պատմութիւնն իսկ տառացիօրէն կը պարփակէ իր մէջ. վկա՛ն է այդ պատմութեան։ Փոխանակ ձեռք մեկնելու «անդունդի եզրին» կանգնած այդ վկային, միթէ կարելի՞ է փափաքիլ անոր մահը, անհետացումը։ Խոստովանինք՝ այս մտածելակերպը դուրս կը մնայ մեր ըմբռնումի սահմաններէն։

Ո՛չ եւ ո՛չ. անհանդուրժելի է անհատական կամ խմբային շահերուն կամ հաշիւներուն զոհել հայ թերթ մը, անոր վերագրուած «սխալ»ները ըլլան հիմնաւորուած, թէ՝ ոչ, անոր այս կամ այն դիրքորոշումը ենթակայականօրէն տհաճ թուի, թէ՝ չթուի։

Պէտք չէ թոյլ տալ, որ յաղթանակեն վրէժխնդրութեամբ կուրցածները, մա՛նաւանդ ի գին դարաւոր հայ թերթի մը կորստեան, նոյնիսկ եթէ անոնք միակ եւ գլխաւոր պատասխանատուն չեն այն դժուար կացութեան, որուն մէջ կը գտնուի «Ժամանակ» այսօր, բայց եւ այնպէս՝ այդ անձերն ու շրջանակները, կամ ինչպէս կը բնորոշուի վերոնշեալ խմբագրականով «վարչայինները», յայտնուած են լախտի հարուածը հասցնողի ցաւալի դիրքին մէջ։

Ուստի, պարտուողականութենէ հեռու՝ պէտք է տոկալ, տոկալ ու տոկալ, բայց նաեւ՝ զօրակցի՛լ տոկացողին։ Քանզի անդունդին եզրին գտնուողին կամքն ու ուժը իրենց սահմանները ունին։ Պէտք է ձեռք մեկնել զայն քաշել-հանելու համար հոնկէ։

Հետեւաբար, այսօ՛ր, հիմա՛ է, որ պէտք է շարժման անցնիլ, որպէսզի վաղը ուշ չըլլայ ու նոր առիթ չտրուի մեզի այնքա՜ն հարազատ «գնա՛ մեռիր, եկուր՝ սիրեմ»ի փիլիսոփայութեան հետեւորդներու հսկայ բանակին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021