ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԳ.

«Յուդայի մեկնելէն ետք, Յիսուս ըսաւ.

Այժմ փառաւորուեցաւ Մարդու Որդին» (Յհ 13.31)։

Գիտէ չարչարանքներուն սկիզբը, որովհետեւ Յուդային երթալը խաչելութեան սկիզբն էր, եւ խաչով՝ Քրիստոս փառաւորուեցաւ։

«Մարդու Որդի»։

Անոնց կարծածին համար, որ անոնք կը կարծէին։

«Եւ Աստուած փառաւորուեցաւ Անով» (Յհ 13.31)։

Երբ լսեցին Անոր իրենցմէ հեռանալուն մասին, տրտմեցան, կը մխիթարէ զանոնք, թէ երբ խաչուիմ, Իմ փառքս յայտնի պիտի ըլլայ եւ Աստուած Ինձմով պիտի փառաւորուի, Հօր մասին կ՚ըսէ, ապա դուք ինչո՞ւ համար կը տրտմիք Իմ փառաւորումին համար։ Սակայն ասիկա տարակուսելի է, որովհետեւ բոլոր իմանալի եւ զգալի արարածները առհասարակ բազմաթիւ անչափելի տարիներով կը փառաւորեն ու կը մեծարեն, բայց Աստուծմէ յաւելուած փառք չեն առներ, քանի որ ինչ որ կ՚աւելնայ, նաեւ կրնայ նուազիլ, իսկ անկատարը չի՛ կրնար Աստուած ըլլալ, ապա ինչո՞ւ կ՚ըսէ, թէ՝ «Աստուած փառաւորուեցաւ Անով»։ Այս է, որովհետեւ մեզի բնութենակից ըլլալով ըստ մարմինի, մեզի համար կը չարչարուի, որպէսզի մեզ փառաւորէ, մեր փառաւորութիւնը Իրը կը համարէ։

«Աստուած ալ զԱյն պիտի փառաւորէ Իրմով» (Յհ 13.32):

Ոչ թէ հրեշտակի կամ մարգարէի մը միջոցով, այլ՝ Իրմով, այսինքն՝ թէ նոյն բնութեամբ եւ նոյն կարողութեամբ մեծամեծ նշանները արեգակին, լուսինին, երկրին ու դժոխքին մէջ պիտի երեւցնեմ, թէ Հօր հաւասար Աստուած եմ:

«Եւ շուտով պիտի փառաւորէ զայն» (Յհ 13.32):

Այն կ՚ըսէ, որ յարութենէն առաջ արեգակը խաւարեցաւ, գերեզմանները բացուեցան, մեռելները յարութիւն առին:

«Որդեակնե՛ր» (Յհ 13.33):

Նախ որդեակնե՛ր այն պատճառով կ՚ըսէ, որովհետեւ աշակերտները տրտմած էին Վարդապետին իրենցմէ մեկնելուն համար: Որդի կ՚ըսէ անոնց, թէ որպէս հայր, թէեւ հեռաւոր աշխարհ մը կ՚երթայ որոշ բանի մը համար, սակայն գորովն ու գութը անբաժանելի է որդիէն, սոյնպէս թէեւ մարմինով ձեզմէ կը մեկնիմ, սակայն Աստուածութեամբ միշտ ձեզի հետ եմ:

Դարձեալ, ոմանք կ՚ըսեն, թէ այս միտքով որդեակնե՛ր ըսաւ, որովհետեւ թերեւս թերակատար էին որպէս տղաներ, եւ վկայ քեզ, որ մատնութեան ժամանակ ձգեցին ու փախան, քանի որ տակաւին զԻնք որպէս Աստուած չէին հաւատացած, սակայն ետքէն՝ Սուրբ Հոգիին գալուստով իրենց՝ կատարելապէս գիտցան, որ Աստուած էր, եւ ատկէ ետք Անոր սէրէն չհեռացան, ինչպէս Առաքեալը Հռոմի մէջ կը վկայէ, թէ՝ «ո՞վ մեզ պիտի բաժնէ Քրիստոսի սէրէն, նեղութի՞ւնը, թէ անձկութիւնը» (Հռ 8.35), եւ այլն:

«Կարճ ժամանակ մըն ալ ձեզի հետ եմ» (Յհ 13.33):

Ոմանք ատկէ մինչեւ խաչելութիւնը կ՚ըսեն, ոմանք՝ մինչեւ համբարձում, որովհետեւ թէեւ խաչուեցաւ, սակայն մինչեւ քառասուն օր տակաւին աշխարհի մէջ էր եւ ամէն կիրակի կ՚երեւէր աշակերտներուն:

«Պիտի փնտռէք զիս» (Յհ 13.33):

Ինչպէս Մովսէսին ըսաւ, թէ գրէ՛ անունս եւ քու մօտդ պահէ՝ նստած, կանգնած եւ ճանապարհ գացած ժամանակ, նոյնը հիմա աշակերտներուն կը պատուիրէ, որպէսզի չմոռնան զԻնք:

«Հոն՝ ուր Ես կ՚երթամ, դուք չէք կրնար գալ» (Յհ 13.33):

Բայց թէ ինչո՞ւ համար աշակերտներուն հրեաներուն նման կը խրատէր:

Այս է, քանի որ հրեաներուն արգիլեց ընդհանրապէս Իր մօտ երթալ, իսկ ասոնց եթէ ոչ այժմ, սակայն երբեմն, եւ ո՞րն է այն, երբ մեռելներէն յարութիւն կ՚առնէր, Հոգին կը շնորհէր անոնց, իսկ անոնք ամբողջ տիեզերք կ՚երթային, մահուամբ եւ տեսակ-տեսակ նեղութեամբ կը վախճանիք եւ կու գաք Ինծի հետ կը վայելէք անանց բարիքներն ու մշտական ուրախութիւնները:

«Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք իրար» (Յհ 13.34):

Ո՞րն է նոր պատուիրանը:

Սիրելուն կ՚ըսէ, եւ ինչպէ՞ս ասիկա նոր, քանի որ նախապէս ասիկա Մովսէսին տուաւ, այս՝ քանի որ Մովսէս կ՚ըսէր՝ պիտի սիրես քու ընկերդ (Ղւ 19.19), որ կը նշանակէր ազգակիցներդ, իսկ այդ մէկը Մատթէոսը կը նախատէ իր Աւետարանին մէջ. «Եթէ ձեր սիրելիները սիրէք, ի՞նչ վարձք պիտի ստանաք» (տե՛ս Մտ 5.46). իսկ Տէրը կը պատուիրէ զիրար սիրել, որ կը նշանակէր օտարները, աղքատները եւ ատելիները եւս:

«Ինչպէս ձեզ սիրեցի» (Յհ 13.34):

Որովհետեւ Քրիստոս չորս կերպով սիրեց մեզ. այսինքն՝ ձրի, ներգործական եւ ուղիղ սիրով: Ձրի, քանի որ Ան նախ սրբեց մեզ, ինչպէս Յովհաննէսը իր Ընդհանրական թուղթին մէջ կ՚ըսէ. «Մենք զԱստուած սիրեցինք, որովհետեւ նախ Ի՛նք սիրեց մեզ» (Ա. Յհ 4.19), եւ գործով Ինքն Իր անձը դրաւ մեր վրայ, որու մասին Ինք կը վկայէ, թէ այս սէրէն աւելի մեծ ոչ ոք կ՚ունենայ, որ մէկը իր անձը դնէ բարիներուն վրայ՝ եւ առանց կեղծաւորութեան, քանի որ Ան հոգեւորին համար սիրեց մեզ, որովհետեւ հոգեւոր կեանք շնորհեց մեզի, կը պատուիրէ նոյն ձեւով զիրար սիրել, որով կորուստի որդիներէն կը տարբերինք:

«Ձեր իրար սիրելով է, որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք Իմ աշակերտներս էք» (Յհ 13.35):

Չըսաւ կը ճանչնան, թէ աշակերտներս էք, եթէ կոյրերը կը լուսաւորէք կամ կաղերը ոտքի կը հանէք, եւ կամ այլ նմանատիպ բաներ կ՚ընէք, այլ՝ եթէ զիրար սիրէք, որովհետեւ երբ եօթանասունները վերադարձան ու Տիրոջ ըսին, թէ Քու անունով դեւերը կը հնազանդին մեզի (հմմտ. Ղկ 10.17), այս պատասխանը տուաւ անոնց, թէ մի՛ ուրախանաք անոր համար, թէ դեւերը կը հնազադին ձեզի, այլ ուրախացէք, քանի որ ձեր անունները երկինքի մէջ գրուած են (հմմտ. Ղկ 10.20): Սակայն դուն մտաբերէ, թէ ինչպէս կարգաւորութեամբ կը կատարէ ամէն բան, որովհետեւ այս սէրը իբրեւ դրոշմ եւ կնիք տուաւ աշակերտներուն, իսկ անոնք՝ մեզի՝ հաւատացեալներուս, որպէսզի ինչպէս որ ստեղծագործութեան սկիզբը զարդարեց մարդը Իր պատկերով՝ բանականութեամբ եւ անձնիշխան կամքով, այդպէս ալ երկրորդ նորոգումին ժամանակ սիրոյ միջոցով մեզ Իրեն կցորդ ու հաղորդակից կը դարձնէ:

«Կեանքս անգամ կը զոհեմ Քեզի համար» (Յհ 13.37):

Տէրը երբ Պետրոսին ըսաւ. «Հոն՝ ուր Ես կ՚երթամ, այժմ չես կրնար գալ, բայց յետոյ պիտի գաս ետեւէս» (Յհ 13.36), Պետրոսը մեծաբանեց, որովհետեւ թէեւ ջերմագոյնն էր, սակայն իր անձին վրայ հպարտութեան մասնիկ երեւցուց, քանի որ անձին զօրութեամբ կարծեց կատարել այդ մէկը:

Եւ որո՞նք էին անոր հպարտութիւնները:

Նախ այն է, որ ըսաւ, թէ բոլորն ալ կը գայթակղին, իսկ ես՝ ոչ: Երկրորդ. քանի որ ըսաւ, թէ պատրաստ եմ քեզի հետ չարչարանքներու եւ նոյնիսկ բանտ երթալու: Երրորդ. որովհետեւ ըսաւ, թէ կեանքս անգամ կը զոհեմ Քեզի համար: Տէրը կամեցաւ հպարտութեան երեք ախտերը խորտակել՝ երեք յանցնաքները յայտնելով:

Դարձեալ, Պետրոսին խօսքերուն մէջ որոշակի մեղադրանք ալ կայ, երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոսի խօսքին հակառակ էր: Երկրորդ՝ քանի որ միւս առաքեալներէն աւելի մեծ կը համարէր ինքզինք՝ ըսելով. «Թէեւ բոլորն ալ գայթակղին, [սակայն ես պիտի չգայթակղիմ]» (Մտ 26.33): Երրորդ՝ որովհետեւ իր բարութիւնը ինչքան որ էր, աւելի կը կարծէր, նոյն բանին մէջ Քրիստոս թոյլ տուաւ, որպէսզի իյնայ, որպէսզի իր անձին տկարութիւնը ճանչնայ, տակաւին, ատով կը յանդիմանէ մարդկային բնութեան տկարութիւնները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 132

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021