ԱԿԱՆՆԵՐՈՎ ԼԵՑՈՒՆ ՏԵՍԱԴԱՇՏ
Ամենէն ծանր, պատմական անցեալով բեռնուած եւ ականներով լեցուն տեսադաշտ է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կնճռոտ թղթածրարը։
Անցեալ երեսուն տարիներուն այս թղթածրարը չունեցաւ մեծ տեղաշարժ եւ ի հեճուկս երկու կողմերուն ալ «խորքային» հետաքրքրութեան մնաց դատարկ ու անկիւնը մոռցուած։
Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի իշխանութեան տարիներէն ետք, մինչեւ Նիկոլ Փաշինեանի օրերը, Հայաստանը ղեկավարած քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները չուզեցին հասկնալ, որ Թուրքիան աճող պետութիւն մըն է եւ ահա այսօր այդ սխալ վերլուծութիւններուն մեծ գինն է, որ կը վճարուի։ Երեսուն տարուան ընթացքին երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան եղաւ միակ քաղաքական գործիչը, որ աչք առնելով ամէն տեսակ քննադատութիւն՝ յառաջ գնաց եւ փորձեց հայ-թրքական փրոթոքոլներու ճանապարհ մը պատրաստել, ինչ որ, սակայն տեղ չհասնելով տապալեցաւ՝ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի պաշտօնավարման աւարտով պետութեան գլուխը անցած Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վարչակազմի այդ արձանագրութիւնները մերժելու «խորքային» որոշումին հետեւանքով։
Օրին մեծ քննադատութիւններու թիրախ դարձած Սերժ Սարգսեան լաւապէս կ՚ըմբռնէր, որ Արցախի հիմնախնդրի լուծման կապակցութեամբ Իլհամ Ալիեւի հետ ընթացող բանակցութիւններու կողքին՝ պէտք է նայի Հայաստանի միւս հարեւանին ու հոնկէ ալ ապահովէ նոր ելք մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար ստանալ Թուրքիոյ նեցուկը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բոլոր կողմերուն յարմար եւ տանելի լուծում մը մէջտեղ բերելու տեսակէտէ։ Սերժ Սարգսեան հաւանաբար մտածած ըլլար, թէ Ատրպէյճանը Թուրքիա չէ ու Հայաստանի հակառակորդ երկիրը պիտի չունենայ այնպիսի ուժ եւ հզօրութիւն, որպէսզի Անգարա պատրաստ ըլլայ բոլոր հարթակներու վրայ եւ բոլոր առկայ միջոցներով զօրավիգ հանդիսանալ Պաքուին։ Ու հո՛ն էր, որ ան վրիպեցաւ։ Սերժ Սարգսեան ուզեց Արցախի հարցը լուծել Անգարայի պատուհանէն. բան մը, որուն համամիտ չեղան Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ այդ պատճառով ալ մէջտեղ դրին Արցախի հիմնահարցի լուծման նախապայմանը։
Եւ այսօր, երբ նոր էջ մը կրնայ բացուիլ հայ-թրքական յարաբերութեանց տեսակէտէն, բոլորին համար պարզ ու յստակ է, որ Արցախի «նախապայման»ը այլեւս չկայ։ Ճիշդ է, որ Արցախի հիմնահարցը վերջնական լուծման չէ արժանացած, սակայն շրջանին մէջ փոխուած է շատ բան ու պարտուած վիճակ ունեցող Հայաստան ո՛չ միայն Արցախի մէջ յաղթանակած կողմ ըլլալու միաւորէն զրկուած է, այլ կանգնած է անվտանգութեան լուրջ եւ մտահոգիչ սպառնալիքներու առջեւ։ Այս բոլորէն անդին, յստակ է նաեւ, որ թրքական կողմը մեծ ներուժով մտած է Կովկասի մեծ խաղին մէջ եւ տարբեր առումներով ալ կարողացած է իր կամքը պարտադրել։ Այս մասին, անշուշտ, գիտեն բոլորը՝ հակառակ, որ այսօր Անգարայի հետ «գաղտնի զրոյց»ներ տանող Փաշինեանի վարչակազմը եւ անձամբ ինքը՝ վարչապետը քանի-քանի առիթներով Թուրքիոյ հասցէին ըրին այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք ո՛չ միայն վնաս բերին Հայաստանին, այլ տեղ մըն ալ աշխարհին մատնեցին իր մերկապարանոց եւ շրջանային իրադարձութիւններուն անծանօթ ըլլալու իրական փաստը։ Գուցէ այդ յայտարարութիւնները հասարկութեան համար ունէին «սիրտ պաղեցնող»ի բնոյթ, բայց փաստ էր, որ կը հնչէին անփորձ, դեռատի եւ ամէն ինչը «թաւշեայ» կոչուած «չյեղափոխութեան» ակնոցով դիտարկող մարդու մը բերնէն։
Այստեղ, անշուշտ, այլ իրականութիւն մըն ալ կայ։ Անցեալ աւելի քան երեսուն տարիներու ընթացքին Հայաստանն ու հայութիւնը Թուրքիոյ պարագային (յարաբերութիւններ եւ ընելիքներ) յստակ փլաթֆորմ մը չպատրաստեցին։ Փլաթֆորմ բառը օգտագործել կը նախընտրեմ, որովհետեւ եթէ հաշուի առնենք, որ Հայաստան-Թուրքիա խնդրին մէջ տուժողը հայկական կողմը եղած է, ապա այդ տուժողը որեւէ սեղանի պէտք է ներկայանայ յստակ առաջադրանքով։ Ի՞նչ էր հայութեան ուզածը Թուրքիայէն՝ դեռ պարզ չէ։ Ճիշդ է, որ սփիւռքեան տեսակէտէ գերխնդիրը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումն էր, սակայն, այդ «պահանջ»ը պետական հիմքներ կամ պետութեան մը առաջադրանքը ըլլալու կարեւոր մասնիկները չունէր։ Հայաստանն ալ՝ իբրեւ պետութիւն, անշուշտ, կրնար շատ հանգիստ կերպով յառաջ քշել ճանաչման խնդիրը, սակայն, այդ ոճը որեւէ նոր ճանապարհ չէր կրնար բանալ՝ իր մէջ պատմական յիշողութեան ծանրաքարեր պարունակող եւ բազում ուղղութիւններով ալ բարդ ու կնճռոտ հայ-թրքական թնճուկին առջեւ։ Հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութիւնը եւ Հայաստանի պետական շահերու հայեցակարգը իրարու չէին հանդիպիր ու այստեղ տեղի ունեցաւ մեծ թերացումը։ Արդարեւ, Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները, որոնց առաջնային առաջադրանքը պէտք է ըլլար այս հարցերուն մասին սփիւռքին հետ շատ լուրջ եւ ամբողջական խօսակցութեան մը սկսիլը, չըրին իրենցմէ ակնկալուածը։ Երբ առիթ կար, Թուրքիոյ հանդէպ թշնամութիւն սերմանելու այդ գործին անցան եւ համասփիւռքեան ողջոյններու արժանացան, իսկ երբ զգացին, որ առիթ կայ Թուրքիոյ հետ ինչ-որ կերպով խօսակցութիւն մը սկսելու, նոյնպէս գացին այդ «ընտրանք»ին՝ թիրախ դառնալով սփիւռքեան սուիններու։
Անգարա շատ լաւ կերպով դիտարկեց այս բոլորը, նաեւ զգաց, կշռեց եւ հասկցաւ, որ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները ո՛չ միայն հայկական իրականութեան մէջ մեծ փոփոխութիւններ կատարելու ներուժը չունին, այլեւ յարափոփոխ դիրքերու մէջ են։ Այս բոլորէն անդին ալ շատ աւելի հեշտ դարձաւ, որ Երեւան (յատկապէս փրոթոքոլներու տապալումէն յետոյ) անցնի ցեղասպանութեան ճանաչումը պետական պահանջ դարձնելու ռազմավարութեան, որ խորքին մէջ կը ստեղծէր (ներքին իմաստով) բաւական «ապահով» եւ բաւականին դրական ընդհանրութիւն մը։ Այսպէս Երեւան կը յաջողէր սփիւռքի հետ ինքզինք միաւորած տեսնելու գաղափարով յառաջ երթալ՝ մոռնալով, որ իր կողքը գտնուող երկրին հետ լեզու գտնելու մօտեցումը կը բխէր ո՛չ միայն Հայաստանի պետութեան շահէն, այլեւ ինչ-որ տեղ կրնար նպաստել անոր համար կարեւորագոյն հարցին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման կամ այդ առումով ալ տարբեր փուլերով երեւելի դարձած լարուածութեան մեղմացման։
Այս բոլորէն ետք, այն ինչ, որ կը կատարուի այսօր, գուցէ կը բխի երկու կողմերու շահերէն (մասնաւորապէս՝ Հայաստանի իշխանութեան շահերէն), ունի նաեւ շրջանային ազդեցութիւններու մեծ եզրագիծ մը, որու ծայրերուն կը գտնուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը։
Ամենատխուրն է, որ Հայաստան ո՛չ միայն գործօն ըլլալու բաւարար ներուժը չունի, այլեւ ունի վստահութեան լուրջ խնդիր, որուն հետեւանքն ալ 44-օրեայ ահռելի պատերազմի ընթացքին Ռուսաստանի պաշտօնական կամ անպաշտօն կեցուածքներու դրսեւորումն է։ Անշուշտ, Թուրքիոյ համար ալ Հայաստանի հետ խօսելու կամ Հայաստանին «առիթ մը տալու» մօտեցումները կը պարունակեն տեղական եւ շրջանային շահեր, որոնց սկիզբը կը դրուի Պաքուէն եւ կը հասնի մինչեւ հեռաւոր Ուաշինկթըն։ Անգարա այս փուլին պիտի փորձէ Երեւանի հետ որեւէ երկխօսութիւն, ամէն տեսակ ձեւաչափով յառաջընթաց ծառայեցնել իր շահերուն, նաեւ այդ ճամբով ալ փորձել աշխարհին ցոյց տալ, թէ իր «մարդասիրական» մօտեցումը արժանի է լուրջ գնահատանքի։ Սա նաեւ կրնայ նպաստել, որ տարբեր ափերու վրայ բաւական բարդ վիճակներու դէմ յանդիման գտնուող Թուրքիոյ այսօրուայ իշխանութիւնը «կը վերանորոգէ» իր դերն ու կեցուածքը, հետեւաբար այդ միաւորներով ալ կրնայ խօսիլ կարեւոր թղթածրարներու մասին։
Եւ այդպէս, քանի որ երկու կողմերը ինչ-որ առումով իրարու «կարիք»ը ունին, ապա պարզ պիտի դառնայ, թէ այս փուլին հայ-թրքական յարաբերութեանց մեծ թղթածրարը ի՛նչ օրակարգով լեցուի։
Այս բոլորէն անդին, սակայն, այս գործին կապակցութեամբ կան բաւական մեծ ռիսքեր, որոնց մասին ալ մատնացոյց կ՚ընեն՝ երկու կողմերու փութկոտութիւնը եւ խօսակցութիւնները խիստ գաղտնի կերպով տանելու մտադրութիւնը։
Վերջին խօսք մըն ալ Հայաստանի հասարակութեան մասին, որ այս օրերուն իր ունեցած ցաւին եւ տարակուսանքներուն հետեւանքով դարձած է «խուլ» եւ իր հիմնական գիծը ընդհանուր անտարբերութիւնն է։ Այո՛, այսօր Հայաստանի հասարակութիւնը որեւէ կերպով պատրաստ չէ այդ յարաբերութիւններուն, պատրաստ չէ այս առումով նոր զարգացումներու։ Պատրաստ չէ ո՛չ միայն անոր համար, որ խոցուած է, այլ անոր համար, որ ներքուստ վստահութիւն չունի այս իշխանութեանց հանդէպ՝ հակառակ անոր, որ անցեալ յունիսին քուէասնտուկներ երթալով ձայն տուաւ Փաշինեանի օգտին։
Աւարտելու համար ըսեմ, որ նման խրթին, բարդ եւ պատմական ցաւերով առլը-ցուն տագնապներու լուծման հիմնական բանալին կը համարուին հասարակութեան մը կամքն ու կամեցողութիւնը, ինչ որ այս պարագային գոյութիւն չունի (առնուազն հայկական կողմէն), նաեւ որեւէ պահու մէջ անոնք կրնան վերածուիլ առկայ «փակ» վիճակը աւելիով բարդացնելու ցաւատենչ միտումներու։
Հայաստանը, այո՛, կրնայ ապրիլ առանց այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման, սակայն, խնդիր է ու բաւական լուրջ խնդիր, որ այս յարաբերութիւններու կարգաւորման անկեղծ չըլլալը կամ նոյնիսկ արհեստածին ըլլալը աւելիով կրնան իրարմէ հեռացնել երկու կողմերու՝ իրարու այնքան մօտիկ, սակայն այդքան ալ հեռու պետութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան