ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁ ՍԱՐՀԱՏ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ. «ԱՅՍՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԿԱՊԸ ՄԵԾ ՀԱՇՈՒՈՎ ԿՏՐՈՒԱԾ Է»

Լիբանանահայ հայրենադարձ Սարհատ Աբրահամեանի հետ զրուցեցինք հայրենադարձութեան մասին: Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Մտահոգիչ գրառում մը կատարած էիք վերջերս Հայաստանի տնտեսական ընդհանուր իրավիճակին մասին: Ի՞նչ է պատկերը այսօր, ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէք որպէս հայրենադարձ:

-Փետրուար 25, 2020-ին Լիբանանէն ես ու տիկինս տեղափոխուեցանք Հայաստան, կինս արդէն հայաստանցի է: Մեր հասնելէն ութ օր ետք քորոնաժահրի համաճարակին պատճառով ամէն տեղ փակուեցաւ եւ այնպէս ալ մնաց մօտաւորապէս չորս ամիս: Դուրսը անձրեւ, մենք ներսը փակուած եւ անորոշ վիճակ: Սկիզբը նեղացուցիչ էր, բայց սկսայ ընկալել, որ այս ահռելի վիճակը միայն Հայաստանին չի վերաբերիր, այլ համաշխարհային երեւոյթ է, հետեւաբար ուզենք կամ չուզենք ընդունեցինք իրականութիւնը, յուսալով, որ շուտ կը վերջանայ եւ ամէն ինչ իր բնականոն վիճակին կը վերադառնայ: Ես մասնագիտութեամբ ոսկերչական ձեւաւորող եմ, արաբական երկիրներու մէջ հռչակ վայելած եմ, ձեռք բերած եմ եօթ մրցանակներ, հինգը լիբանանեան, իսկ երկուքը՝ միջարաբական: Ես չեմ կրնար չստեղծագործել, իսկ համաճարակի օրերուն ամէնօրեայ դրութեամբ նորութիւն մը կը յանձնէի թուղթին: Ինչ-ինչ երազներով եկայ Հայաստան: Հազիւ համաճարակի հարցերը քիչ մը  «կարգաւորուեցան», ոսկերիչները զիս խրախուսեցին ու քաջալերեցին, որ այլեւս կրնանք գործի ձեռնարկել, դուրսէն ալ ապսպրանքներ կ՚ունենանք... բայց պատերազմը վրայ հասաւ, շատ աղիտալի ու ցաւալի վիճակ ստեղծուեցաւ, բաւական նահատակներ տուինք եւ դեռ այդ ցաւալի վիճակին մէջն ենք:

-Արդէն շուրջ տարիէ մը իվեր Հայաստան էք, որեւէ փորձ ըրի՞ք աշխատանք մը ճարելու առումով: Իսկ բնաւ այլ ոլորտներով հետաքրքրուեցա՞ք, որ կարողանաք գործ մը նախաձեռնել:

-Երբ քորոնայի թիւերը թեթեւցան, սկսայ ոսկիի շուկաներուն եւ ոսկերիչներուն ծանօթանալ, այցեքարտ տպեցի իմ անունով ու բաժնեցի, սակայն ապրեցայ հիասթափութիւն: Խնդիրն այն էր, որ  Հայաստանի մէջ ոսկերիչները համաշխարհային վաճառանիշներու ձեւերը կ՚ընդօրինակեն...։ Այս երեւոյթը Լիբանանի եւ Սուրիոյ պարագային անհնարին էր։ Ես բացի Լիբանանէն՝ կ՚աշխատէի զանազան երկիրներու հետ՝ Սուրիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Յորդանան: Այնտեղ եթէ որեւէ անձ գոհարեղէն պիտի նուիրէ իր կնոջ, նշանածին կամ ոեւէ մէկուն, չ՚ընդունիր ո՛չ ինքը, ոչ ալ նուէր ստացողը, որ կրկնօրինակուած ոսկիի զարդ մը ըլլայ այդ նուէրը։ Ապրանքանիշը (այս պարագային ոսկեղէնի մասին է խօսքը անշուշտ) պէտք է անպայման եզակի ձեւ ունենայ, իսկ այստեղ հակառակն է, նոյն ձեւը պատրաստուած է ադամանդով, նոյնիսկ արծաթով, եւ լրիւ տարբեր է ոսկերչական շուկայի հասկացողութիւնը: Սկսայ հասկնալ, որ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը լաւ չէ, պէտք է փնտռել արտասահմանեան շուկաներ:

-Գիտենք, որ դուք արհեստաւոր շջանակներէն կու գաք. արդեօք փորձեցի՞ք որեւէ կերպ ձեր արհեստով զբաղուիլ, պրպտեցիք կամ հարցուցիք:

-Գալէս ետք դիմատետրով փնտռեցի ոսկերչական ձեւաւորողի գործ եւ քանի մը տեղ իմ կենսագրականը (CV) ուղարկեցի։ Մաս մը ընդհանրապէս չպատասխանեց, ուրիշներ ըսին  54 տարեկան ես եւ այդ անյարմար է, ինչ որ մեր ասպարէզին համար պարզապէս ծիծաղելի էր...։ Երբ այս դիմումներս չընդունուեցան, ստիպուած գացի տնային նորոգութիւններու գործերով զբաղեցայ. ջուրի խողովակներ փոխել, գետինները փորել, խոհանոցային նորոգութիւններ եւ այլն, սակայն ձեռքս ուռեցաւ ու վնասուեցաւ եւ զգացի, թէ իմ գործս չէ: Նաեւ փորձեցի վաճառողի գործը, բայց զգացի, թէ անոր մէջ ալ լաւ չեմ: Հիմա ջանք պիտի ընեմ, որպէսզի մեկնիմ Եգիպտոս, ուր որոշ գումար վաստակիմ եւ վերադառնամ Հայաստան ու բնակարանի մը տէր ըլլամ: Կը կարծեմ, որ երբ սեփական տուն ունենամ, մնացածը մեծ մասամբ կը հեշտանայ: Որովհետեւ վարձք վճարելը մեծ խնդիր է, նոյնը կը զգան նաեւ բոլոր հայրենադարձ լիբանանահայերը: Անբնական անհամեմատելիութիւն կայ ժողովուրդի աշխատավարձին եւ Երեւանի բնակարաններու վարձքերուն միջեւ: Այս բոլորը ապրեցայ, սակայն ես լաւատես  եմ Հայաստանի նկատմամբ: Երազանքս է, որ երբ ընտանիքիս յարմար երդիք մը ապահովեմ, իմ անձնական ակադեմիաս պիտի բանամ Հայաստանի մէջ, աշակերտներուս պիտի սորվեցնեմ  Jewellery  design: Ատոր առընթեր, կ՚ուզեմ դաստիարակել, թէ ինչպէս լաւ մարդ ըլլան: Իմ աշակերտներուս նաեւ կրնամ գործ ապահովել արտասահմանի մէջ՝ Եգիպտոս, Տուպայի, Յորդանան, եւ եթէ Սուրիոյ վիճակը լաւանայ, նոյնիսկ Սուրիա: Բայց նախ եւ առաջ իրենք լաւ մարդ պէտք է ըլլան, որպէսզի մասնագիտական բաժինը համալրուի այդ բոլորով։

-Ի՞նչ ըսելիք ունիք ձեր հայրենակիցներուն՝ լիբանանահայերուն, որոնցմէ  շատեր մտադիր են Հայաստան տեղափոխուիլ։ Արդեօք հիասթափուած է՞ք Հայաստան հաստատուելով։

-Անհնարին ու անկարելի է, որ ես հիասթափուիմ հայրենիքէս: Ես այդ գրառումը կատարեցի յատուկ լիբանանահայերուն, որովհետեւ Հայաստան եկող լիբանանցիները շատ արագ կը հիասթափուին: Այստեղ կան շատ բաներ, որոնք մեր ոճին եւ կենցաղին չեն յարմարիր: Առաջինը՝ ստախօսութիւնը եւ խաբեբայութիւնն են, որոնք ամէնուրեք տարածուած են, երանի, թէ հմուտ ըլլան այդ գործին մէջ ալ: Այս երեւոյթը արմատախիլ պէտք է ըլլայ եւ այդ տեղի կ՚ունենայ նոր սերունդը դաստիարակելով այդ ուղղութեամբ:

-Ի վերջոյ ձեր կարծիքով՝ հայրենադարձը ինչի՞ կարիք ունի այսօր Հայաստանի մէջ։ Երեւելի է նաեւ, որ իշխանութիւնները երեսի վրայ ձգած են թէ՛ հայրենադարձութեան նիւթը եւ թէ հայրենադարձները, այդ առումով ի՞նչ կ՚ըսէք:

-Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին, ուզեցին կրճատել պաշտօնեաներուն թիւը ու նուազեցնել: Բայց հիմա սփիւռք եւ հայրենիք ընդհանրապէս կապ չկայ: Ըստ երեւոյթին՝ չեն ուզեր կապ ունենալ սփիւռքի հետ այն պատճառով, որ կապ չունենան Դաշնակցութեան հետ: Բայց սփիւռքի մէջ կան ահագին կազմակերպութիւններ, որոնք կապ չունին Դաշնակցութեան հետ: Սփիւռքի մէջ այլեւս չեն գիտեր, թէ Հայասատանի մէջ կա՞յ իշխանութիւն մը, որ սփիւռքով հետաքրքրուած է: Իսկ ինչպէս պիտի օգնեն հայրենադարձներուն, եթէ Սփիւռքի յանձնակատարը անդամալոյծ վիճակի մէջ է եւ իշխանութիւնները շրջահայեաց չեն: Նկատեցի նաեւ, որ ներկայ իշխանութիւնները իրենց ձեռք մեկնող խելացի ձեռքերը կը մերժեն: Շատ խելացի ուժեր ունինք՝ քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ, փաստաբաններ: Յուսանք, որ այս բոլորը երազի պէս շատ շուտ կը վերանայ: Իմ անձնական կարծիքով՝ երբ սփիւռքահայ կ՚ըսենք, պէտք է նկատի առնենք բնիկ սփիւռք ծնած եղողը: Ռուսաստանը, որ կը համարեն մեծ սփիւռք, ես այնտեղի համայնքը սփիւռք չեմ համարեր: Նոյնիսկ Ամերիկայի մէջ Հայաստանէն գաղթած ընտանիքի մը զաւակը, որ հոն ծնած եւ մեծցած է, երբ վերադառնայ Հայաստան՝ սփիւռքահայ չէ:    

-Բոլորս  գիտենք, Լիբանանի վիճակը շատ բարդ է եւ մտահոգիչ ու ցարդ լոյսի նշոյլներ չկան: Այս վիճակներուն մէջ ի՞նչ խորհուրդ կու տաք լիբանանահայ ձեր ընկերներուն եւ յատկապէս՝ երիտասարդներուն։

-Ես լիբանանահայ եմ եւ պիտի շարունակեմ իմ խօսքս ուղղել լիբանանահայերուն, որոնք որոշած են հայրենիք փոխադրուիլ: Որպէսզի եկողը այստեղ շատ արագ չհիասթափուի, պէտք է նախքան գալը՝ հոգեպէս պատրաստուած ըլլայ։ Պէտք է գիտնայ նաեւ այն իրականութիւնը, որ հոս գալէն ետք կրնայ անգործութեան մատնուիլ, հոս սղաճ կայ, եթէ նոյնիսկ գործ գտնէ, աշխատավարձը ծախսէն շատ աւելի նուազ պիտի ըլլայ: Այսպիսի հարցեր պէտք է ներկայացնենք լիբանանահայերուն, որպէսզի իրականութիւնը գիտնալով գան, այս կէտը շատ կարեւոր է: Ուրիշ հարց մըն ալ կայ, ես հարցուցած եմ այստեղ եկած լիբանանահայերուն եւ աւելի քան կէսը պատասխանած է, որ եթէ Լիբանանի վիճակը այսպէս վատ չըլլար, կը վերադառնային: Այն մարդիկ որոնք յաճախ պոռալով-կանչելով կը խրախուսեն հայրենադարձութիւնը, ընդհանրապէս ամերիկահայեր են, որոնք գործեր բացած են հոս, բայց Հայաստանէն կը ճանչնան միայն Հիւսիսային պողոտան, Քասքատը եւ Օփերայի հրապարակը: Այդ վարդագոյն բաժինը կարելի չէ ընդհանրացնել ու տարածել աշխարհով մէկ, եթէ հայրենիքը կը սիրես, ինչ որ է հայրենիքդ, այդ պիտի ներկայացնես։ Ըստ իս, հայաստանասիրութեան ճիշդ ձեւը այդ է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2021