ԻՆՉՊԷՍ «ՃԱՆՉՑԱՅ» ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԴԱՏԸ. ԵԱՍԷՐ ԱՐԱՖԱԹԻ ՄԱՍԻՆ ԵՒ ՈՉ ՄԻԱՅՆ

Մանաւանդ Հայաստանի մէջ «խեթ» հայեացքով կը նային արաբ-իսրայէլեան խնդրին։ Աւելին ըսեմ, մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ կայ կարծիք, որ «պաղեստինեան դատ» անունով դրուածք գոյութիւն չունի, նաեւ Կազզէի շրջանին «տէրութիւն» ընող պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումները՝ բոլորն ալ ահաբեկչական են։

Թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ Պաղեստինի Կազզէ քաղաքը այս օրին հասաւ, կա՛մ ի՞նչ են իրական դրդապատճառները, որ ցայսօր ալ կը շարունակուին Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութիւնները, յաճախ տարբեր դրուածքներով, տարբեր դրսեւորումներով եւ սակայն ցաւալիօրէն «արիւնալի» եւ ենթադրեալ «հանգուցալուծումներ»ով։ Ճիշդ է, որ պաղեստինցիք ալ սխալներ գործած են։ Սխալներ ունին եւ յաճախ ալ կը շարունակեն «մխրճուած» մնալ իրենց համար «ստեղծուած» տիղմերուն մէջ։ Սակայն այդ մէկը որոշիչ չէ. այդ մէկը միայն «յարաբերական» իրականութեան մը երեսակն է, որովհետեւ նման հակամարտութեան մը առընթեր լուծման բանալին կը գոյանայ եւ մարմին կը ստանայ միայն այն ժամանակ, երբ խնդրին մէջ արդարութեան հիմքեր կ՚ըլլան ու այսօր ոչ ոք կը պայքարի յանուն արդարութեան։ Բացի այս բոլորէն, վերջին տարիներուն Պաղեստին-Իսրայէլ հկամարտութեան առընթեր ամենէն «շահեկան» մօտեցումը կը պատկանի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Պիլ Քլինթընին, որ հիմնուելով ամերիկացի երեւելի փորձագէտներու ընկալումներուն վրայ՝ հրապարակ նետեց «երկու պետութեանց լուծում»ը առաջադրանք-լուծումը, որ սակայն ցայսօր ալ իրականութիւն չէ դարձած։

Անցնելով այս օրուան նիւթիս ելակէտին, նաեւ ընթերցողիս հետ բաժնելով իմ անկեղծ դիրքորոշումը հանդէպ՝ «պաղեստինեան արդար դատ» ընկալումին, հարկ կը համարեմ նշել, որ այս տողերը գրողին համար պաղեստինեան խնդրին հետ «ծանօթանալու» առաջին պատուհանը եղած է Պաղեստինի մեծ առաջնորդ Եասէր Արաֆաթը։ Իբր այդ, յարմար նկատեցի այս օրուան իմ սիւնակով ընթերցողիս ներկայացնել (հակիրճ տողերով), թէ ո՞վ էր ի վերջոյ Եասէր Արաֆաթը, ի՞նչ ակունքներէ կու գար եւ ի՞նչ էր անոր առընչութիւնը հայութեան հետ։

17 տարի առաջ այս օրերուն իր աչքերը յաւերժութեան փակեց պաղեստինցի մեծ առաջնորդ Եասէր Արաֆաթ։ Բազմակողմանի ունակութիւններով օժտուած Արաֆաթի անունը ուղղակիօրէն կապուեցաւ «Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան», աւելի շատ յայտնի՝ PLO անունին, որ զինեալ մեծ պայքարներ տարաւ Իսրայէլի դէմ։

Պաղեստինցիներուն համար ու յատկապէս անոնց, որոնք հեռացուեցան իրենց հողերէն, շատ կարեւոր փուլ եղաւ Լիբանանի ժամանակաշրջանը։

1960-ականներուն ընթացք առած այդ փուլը նշանաւորուեցաւ զինեալ պայքարով, որ սկիզբ առաւ Լիբանանի հարաւէն, նպատակ ունենալով ֆետայական գործողութիւններ իրականացնելով նեղ կացութեան մատնել Իսրայէլը։ Մեծ հաշուով Արաֆաթ չկարողացաւ յաջողիլ իր ծրագիրներուն մէջ, սակայն ան կարողացաւ վերջնականօրէն հիմնաւորել այն գաղափարը, որ պաղեստինեան մեծ խնդիրը պէտք է լուծում գտնէ Պաղեստինի շահերը յարգելով, վերջ տալով անարդարութեան, նաեւ ճանապարհ մը գծելով դէպի երկու պետութեանց լուծում։

Անշուշտ, նիւթը շատ տարողունակ է, սակայն էականն այն է, որ Եասէր Արաֆաթի յառաջ տարած գիծին մէջ կար Իսրայէլի հետ «լեզու գտնելու» ընտրանք մը, որ ինչ-ինչ պատճառներով ու մանաւանդ՝ իսրայէլեան կողմին թոյլ տուած անարդարութիւններով յաճախ դարձաւ պաղեստինեան աւելի արմատական ու կրօնական խմբաւորումներու աճին։ Այդ խմբաւորումները աճեցան, իսկ շրջանին մէջ մեծ եւ արդար խաղաղութիւն մը կերտելը դարձաւ «հեռաւոր երազ»։ Ի դէպ, Արաֆաթի մեծ երազն էր ստեղծել ինքիշխան պետութիւն, որուն տիրացաւ եւ որուն կեդրոնը այսօր իր կերտած «Ֆաթհ» կուսակցութեան գլխաւոր կազմերով կը ղեկավարուի կեդրոն ունենալով՝ Ռամալլան։

Արաֆաթ մեծ սխալներ գործեց Լիբանանի մէջ։ Անոր հաւատացուցին, որ Լիբանանը կրնայ դառնալ Պաղեստինին «այլընտրանք պետութիւն մը» («Ուաթան պատիլ») ու այդ գիծը բռնելով ալ գնաց զինեալ բախումներու եւ դարձաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի գլխաւոր խաղացողներէն մին։ Ան էր, որ յայտարարեց, թէ «Երուսաղէմի ճամբան կ՚անցնի Ճիւնիէ»էն, այդ պատճառով ալ հրահրեց քրիստոնեայ աջակողմեան թեքում ունեցող լիբանանցիները, որոնք իր մէջ տեսան Լիբանանի ինքնիշխանութեան թիւ մէկ թշնամին։ Այդ փուլը անշուշտ բաւականին խճճուած է, որուն մէջ կան Սուրիոյ, Իսրայէլի, հետեւաբար նաեւ Սովետական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու փոխազդեցութիւնները, շահերու բախումները, նաեւ փոքրիկ պատերազմներու ենթափուլերը։ Իսկ այդ փուլի աւարտը նշանաւորուեցաւ 1982 թուականի պատերազմով, երբ Իսրայէլի բանակը հասաւ մինչեւ Պէյրութ, հալածելու համար PLO-ի ռազմիկները, որոնց հիմնական մէկ մասը՝ Արաֆաթի գլխաւորութեամբ հեռացուեցաւ Լիբանանէն դէպի Թունուզ։

Արաֆաթ շնորհիւ իր պայքարելու կամքին, գաղափարներուն եւ նուիրեալ ռազմիկի օրինակին՝ դարձաւ համարաբականութեան նոր խորհրդանիշ։ Մանաւանդ, որ ան կ՚աճէր Եգիպտոսի մեծ առաջնորդ Ժամալ Ապտըլ Նասըրի ստեղծած ու կերտած ժամանակաշրջանէն անմիջապէս ետք, ձեւով մըն ալ դառնալով արաբները միացնող գործօն եւ անուն։

Արաբական աշխարհը, մեծ հաշուով սիրեց Արաֆաթը, ու անոր «ազդեցութեան գօտին» հասաւ մինչեւ Մարոք, Ալճերիա եւ Թունուզ։ Անշուշտ, ո՛չ բոլոր արաբ առաջնորդներուն համար ձեռնտու էր, որ Արաֆաթի նման կերպար մը, որ կազմուած պետութեան մը առաջնորդը կամ նախագահը եւ կամ էմիրը չէր, իր երկրին համար կը պայքարէր ընդունելով աքսորեալի կերպար, այդքան աճի ու դառնայ դրօշակ՝ զինեալ պայքարի եւ ազատութեան։ Այդ ներքին լարուածութեան եւ ներքին նախանձի ֆոնին ալ տարբեր վայրերու, տարբեր ժամանակներու ու տարբեր պայմաններու տակ «հալածեցին» Եասէր Արաֆաթը, նոյնիսկ մասնակից ալ դարձան, որ ան կտրուի իր հողի հարեւանութենէն (լիբանանեան գետինէն) ու հեռացուի դէպի հեռաւոր ափեր։

Ի դէպ, այս փուլէն առաջ էր, որ Արաֆաթ ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն եւ առաջին անգամն էր, երբ որպէս առաջնորդ ամբողջ աշխարհին ներկայացուց պաղեստինեան դատը եւ ցոյց տուաւ արդար լուծման իրական ճանապարհը։

«Մէկ ձեռքին ձիթենիի ճիւղ եւ միւս ձեռքին ալ գնդացիր». ահա այս բառերով վերլուծաբանները նկարագրեցին Եասէր Արաֆաթի խօսքը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն (1974), որ խորքին մէջ առաջին քարն էր ապագային բարձրանալիք լուծումներու այն շէնքին, որուն հիմքը երկու պետութեանց լուծումը պիտի ըլլար։ Անշուշտ, այդ լուծումը մշակուած էր ԱՄՆ-ի նախագահ Պիլ Քլինթընի կողմէ, սակայն մինչ այդ Արաֆաթ ու անոր հաւատացող ռազմիկները, որոնցմէ շատ-շատեր նահատակուեցան, համոզում մը տուին աշխարհին, որ զինեալ պայքարի ճամբան միայն կրնայ համընդհանուր արդարութեան մը ճանապարհ բանալ։ Աշխարհը տարբեր ժամանակներու մէջ էր անշուշտ, կար Սովետական Միութիւն, կար Պաղ պատերազմ ու կային բոլորովին այլ պայմաններ, սակայն Արաֆաթ շնորհիւ իր աննկուն կամքին՝ աշխարհին պատգամեց, որ «ժողովուրդները արդար իրաւունք ունին ինքնորոշուելու»։

Գալով հայկական կտրուածքին՝ Արաֆաթ եղաւ այն քաջարի առաջնորդը, որ դէմ կանգնեցաւ Հայոց Վանքի մասնատման. բան մը, որ ինչ-ինչ հաշիւներու նպատակով մէջտեղ «նետուած էր» ու այդպիսով իբրեւ թէ լուծելու համար Երուսաղէմ քաղաքի հարցը։ Այդ քարտէսը կը միտէր սահման գծել Հայոց պատմական վանքին մէջ ու ձեւով մըն ալ այդ վանքը մասնատել, բաժնել երկու հատուածներու, որուն մէկ հատուածը պիտի իյնար արաբական-պաղեստինեան տիրապետութեան, իսկ միւս հատուածը՝ իսրայէլացիներուն կողմը։ Այդպիսով մեր վանքը պիտի դառնար կտրուած, անթեւ ու վիրաւոր եւ ժամանակի ընթացքին ալ անոր դերն ու ներկայութիւնը՝ որպէս մէկ եւ միասնական միաւոր, հետեւաբար նաեւ պիտի վերացուէր ու ոչնչացուէր...։

Ահա այդ օրերուն էր, որ Արաֆաթ հնչեցուց իր յայտնի խօսքը եւ ըսաւ «Ես Արաֆաթ չեմ միայն, ես Եասէր Արաֆաթեան եմ», այդպիսով ալ իր զօրակցութիւնը ցոյց տուաւ Հայոց Վանքին ու ամբողջ հայութեան։ Անշուշտ այս մօտեցումէն ալ անդին, Արաֆաթ եւ անոր առաջին կարգի օգնականները միշտ ալ դրական եւ ջերմ կապեր ունեցան Լիբանանի հայ քաղաքական շրջանակներուն՝ մասնաւորապէս ՀՅԴ-ի ղեկավարութեան յայտնի գործիչներուն հետ, հնարաւորինս համագործակցելով ու պահպանելով (երկուստեք) իւրաքանչիւր կողմի անվտանգութիւնը եւ անզէն քաղաքայիններու ապահովութիւնը։ Ու այդ շունչով ու ոգիով էր, որ ՀՅԴ-ի աննկուն ու քաջ մարտիկ Աբրահամ Աշճեան կարեւոր ճիգեր գործադրեց, նաեւ օգտակար եղաւ, որ պաղեստինցիներ նոր ջարդի մը չենթարկուին ու միջոցներ եւ ճանապարհ ալ ցոյց տուաւ, որպէսզի պաղեստինցի զինեալներն ու մանաւանդ անզէն քաղաքայիններ հեռանան քրիստոնեայ միլիսներու վտանգէն ու բառացիօրէն՝ «ճիրաններ»էն։

Այս բոլորէն անդին Արաֆաթ «արժանացաւ» անփառունակ եւ անարդար ճակատագրի ու երկար ժամանակով իր Ռամալլայի կեցավայրին մէջ պաշարուած մնալէ ետք, տարուեցաւ Փարիզ բուժման համար, ուր եւ փակեց իր աչքերը՝ յաւերժին 2004 թոււականին։

Շատեր կը գրեն, կը վերլուծեն, փաստեր կը հանեն, որ Արաֆաթ թունաւորուած էր, որուն հետեւանքով ալ մահացաւ։

Աւելի ուշ անոր կնոջ՝ Սուհա Արաֆաթի ճիգերով անոր աճիւնները քննութեան ենթարկուեցան, բացայայտելու համար, որ արդեօք ան իրապէս թունաւորուա՞ծ էր թէ ոչ, սակայն մինչեւ այս պահը այդ մասին վերջնական վճիռ մը չկայ։ Յայտնի բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշ, որ եղաւ անոր պէյրութեան օրերու ամենավստահելի ընկարկացիներէն մին, մեծ ղեկավարին մասին գրելով ըսած է. «Արաֆաթ եղաւ ամենաերկար խորագիրը իմ կեանքին մէջ։ Անոր անունը Պաղեստինի նոր անուններէն մին է։ Այն Պաղեստինին՝ որ ոտքի ելաւ աքսորի մոխիրէն եւ նետուեցաւ դիմադրութեան կրակին մէջ, այն Պաղեստինին՝ որ դարձաւ պետականութեան գաղափար...»։

Արաֆաթ կերպար է, որ միշտ պիտի յիշատակուի, կերպար՝ որուն օգտագործած «շալ»ը միշտ ալ պիտի յիշուի, եւ կերպար՝ որուն անունը համազօր է արդարութեան համար իրական պայքարի...։ Ան սերունդներուն համար եղաւ պայքարի խորհրդանիշ եւ իրական դպրոց, որ ապրեցաւ, գործեց ու մահացաւ յանուն գաղափարի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2021