ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԶ.
«Մեղքերուն համար» (տե՛ս Յհ 16.8):
Ի՞նչ է մեղքը. ամէն ինչ որ դուրս է բնական եւ գրաւոր օրէնքներէն՝ վարուելակերպ ու շարժումներ, ատոնք մեղք են:
«Որովհետեւ Ինծի չեն հաւատար» (Յհ 16.9):
Ամէն տեսակի բարեգործութեան հիմքն ու արմատը հաւատքն է, որովհետեւ երբ կը հաւատաս, թէ Աստուած կայ եւ բարեգործներուն բարիք կը հատուցէ, իսկ չարագործներուն՝ տանջանքներ, այն ատեն երբեք չարութիւն չես գործեր, այլ՝ կը խորշիս չարէն եւ դէպի բարին կ՚ընթանաս, ասոր համար կ՚ըսէ, թէ մեղքերուն համար պիտի յանդիմանէ, քանի որ Ինծի չե՛ն հաւատար:
«Արդարութեան համար, որովհետեւ Ես Հօրս քով կ՚երթամ» (տե՛ս Յհ 16.10):
Ի՞նչ է արդարութիւնը. արդարութիւն է հաւասարաբաշխութիւն, ըստ որում Առաքեալը կ՚ըսէ. «Հետեւաբար, անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք, տուրքը տալով անոր՝ որուն տուրք պէտք է տաք, մաքսը տալով անոր՝ որուն մաքս պէտք է տաք» (Հռ 13.7), եւ ատիկա այս միտքին համաձայն, ինչ բան որ Տէրը կ՚ըսէ. «Արդարութեան համար, որովհետեւ Ես Հօրս քով կ՚երթամ եւ այլեւս պիտի չտեսնէք զիս» (տե՛ս Յհ 17.10):
Նախ ասոր համար կ՚ըսէ արդարութիւն է Իր երթալը, որովհետեւ սկիզբէն Հօր ծոցին մէջ էր եւ մեր փրկութեան համար ծառայի կերպարանք ստացաւ ու փրկեց մեզ: Եւ դարձեալ, Հօր մօտ կ՚երթայ, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ, թէ՝ «որ թէպէտ բնութեամբ Աստուած էր, եւ Աստուծոյ հաւասար ըլլալը հռչակելը Իրեն համար Աստուծոյ պատիւը յափշտակել չէր նշանակեր, բայց կամաւորաբար Ինքզինքը այդ պատիւէն մերկացուց՝ ծառայական մեր բնութիւնը Իր վրայ առնելով» (Փլպ 2.6-7):
Երկրորդ. որովհետեւ ինչպէս սկզբնաչարը օձին մարմինը [որպէս] ծածկոյթ զգեցաւ եւ անով խաբեց նախահայրը, այդպէս ալ Ես Ադամին մարմինը զգեցայ եւ անով բելիարին յաղթեցի:
Երրորդ. քանի որ մարդը, անմահութեան եւ անապականութեան մէջ ստեղծեցի, սատանան ապականութեան քաշեց ու կործանեց: Դարձեալ, եկայ վերստին անմահութեան եւ անապականութեան փոխելու:
Չորրորդ. որովհետեւ զիս Աստուծոյ հակառակ կը կարծէիք, երբ Հոգին գայ, Ան յայտնապէս պիտի ծանուցէ զիս արդարութեամբ եկած Աստուած եւ Աստուծոյ Որդի եւ ո՛չ Աստուծոյ հակառակ:
Հինգերորդ. քանի որ զիս հանդերձեալ կեանքին մէջ պիտի չտեսնեն անոնք, որոնք այստեղ սոսկ մարդ կարծեցին ու չհաւատացին Ինծի:
Բայց այստեղ տարակուսելի է, թէ ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ, թէ զիս պիտի չտեսնեն հանդերձեալին մէջ, որովհետեւ Գիրքը կ՚ըսէ, թէ՝ «պիտի նային Անոր՝ որ խոցեցին» (Յհ 19.37), քանի որ եթէ նային Անոր ու տեսնեն Անոր երեսը, որ նոյն Ինքն է երանութիւն Քրիստոս, չի՛ կրնար անոնց տանջանք մերձենալ, այլ՝ այս է, որ անոնք, որոնք այստեղ սոսկ մարդ տեսան զԻնք ու չհաւատացին Անոր Աստուածութեան, նոյնպէս ալ հանդերձեալին մէջ չեն կրնար տեսնել Անոր Աստուածութեան փառքը, այլ՝ նոյնը, սոսկ մարմինը, որ այստեղ տեսան, նոյնը կ՚երեւցնէ անոնց եւ տէգին խոցուած տեղը, որ նայելով տեսնեն ու գիտնան, թէ աստուածասպաններ են:
«Դատաստանի համար, որովհետեւ այս աշխարհի իշխանը արդէն դատապարտուած է» (տե՛ս Յհ 16.11):
Աշխարհի իշխան սատանային կ՚ըսէ, որովհետեւ երբ ճշմարտութեան Հոգին գայ, այնպէս պիտի զօրացնէ ձեզ, որ այլեւս սատանան պիտի չկրնայ հնարք գտնել ձեզ վնասելու: Եւ դարձեալ, քանի որ բոլոր աշխարհական ցանկութիւններէն եւ մարմինի հեշտութիւններէն պիտի մաքրէ ձեզ:
«Այս աշխարհի իշխանը արդէն դատապարտուած է» (Յհ 16.11):
Որովհետեւ երբ սատանան յայտնապէս տեսնէ զԻնք [որպէս] Աստուած, այն ատեն պիտի ճանչնայ, թէ ինք եւ իր կամարարները սուտ են, որ զԻնք հիւսնի որդի ու սամարացի կը կոչէին ու կը կամենային սպաննել զԻնք՝ կարծելով, թէ կը մեռցնեն:
«Տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելիք ձեզի, սակայն այժմ չէք կրնար տանիլ» (Յհ 16.12):
Անոնց անկատարութիւնը կ՚ակնարկէ, որ չունէին այնպիսի միտք, որ ինչ որ Տէրը խօսի, կարենան անմիջապէս իմանալ, որովհետեւ երկիւղէն սարսափած էին, այդ պատճառով Տէրը ըստ անոնց կարծիքին կը զիջի եւ կատարեալ գիտութիւն տալը կը ձգէ Հոգիին գալուստին, հետեւաբար բոլոր նուաստագոյնները, որ Տէրը ըրաւ՝ մարդոց տկարութեան համար ըրաւ, այլ՝ ո՛չ թէ բնութիւնները մասնաւորելու համար:
Եւ ուստի, հերձուածողները իրապէս զրկուած են այս չորս բաներէն, որ պիտի ըսենք հիմա. նախ՝ Քրիստոսէ, որովհետեւ չեն հաւատար բնութիւնը Անոր միացած եւ տակաւին սատանայի ծառայութեան մէջ են: Երկրորդ. Աւետարանական վարդապետութենէն, քանի որ կը ստեն: Երրորդ. Սուրբ Հոգիին շնորհքներէն, որովհետեւ չհաւատացին Որդիին: Չորրորդ. առաքելական քարոզութենէն, քանի որ չեն հաւատար անոնց վկայութիւններուն, այլ՝ Որդին կը բաժնեն երկու կամքերու եւ երկու բնութիւններու, որով իրենք կը բաժնուին ու կ՚անջատուին Սուրբ Հոգիին շնորհներէն:
«Որովհետեւ Անիկա Ինքնիրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի» (Յհ 16.13):
Երբ աշակերտներուն ըսաւ, թէ Իմ համբառնալէս ետք Հոգին պիտի ղրկեմ, որպէսզի Ան գայ եւ սորվեցնէ ձեզի ճշմարտութիւնը ու ձեզի կարողութիւն տայ հրաշքներ գործելու, եւ ձեր վրայ պիտի հեղու մարգարէութեան շնորհը յառաջիկային պատահելիքները գիտնալու, որովհետեւ Քրիստոս այդպիսի կարողութիւն չտուաւ առաքեալներուն եւ մեծամեծ հրաշքներ գործելու եւ յառաջիկային կատարուելիքները գիտնալու: Աշակերտները այս խօսքին վրայ թերացան, թէ այդպիսի կարողութիւն չունէր, որ Ինք տուած էր, այլ կ՚ըսէ, թէ Հոգին կու տայ, այդ պատճառով Տէրը այս տարակուսանքը կը փարատէ, թէ Ինքն Իրմէ չունի այդ [կարողութիւնը], այլ՝ Ան զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ինչ որ լսէ, պիտի խօսի: Երբ ասիկա լսես, մի՛ կարծեր թէ Հոգին պատգամաւոր մըն է, այլ՝ ինչպէս որ միայն Որդին գիտէ Աստուածայինները, որ Իր մէջ է, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Մարդոցմէ ո՞վ կրնայ մարդուս խորհուրդները ճանչնալ, եթէ ոչ՝ նոյնինքն մարդուս հոգին որ իր մէջն է: Նոյնպէս ալ ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ Աստուծոյ խորհուրդները, եթէ ոչ՝ Աստուծոյ Հոգին» (Ա. Կր 2.11), հետեւաբար, Հոգին ալ Որդիին հետ հաւասար Աստուած է, այդ պատճառով նոյն բանին վրայ կ՚աւելցնէ, թէ՝
«Ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները» (Յհ 16.13):
Որովհետեւ արարածական բնութեան համար անկարելի է յառաջիկայ պատահելիքները իմանալ, այլ՝ միայն Աստուծոյ յատուկ է այս: Բայց գիտելի է, երբ արարածական բնութեան հնարաւոր է պատահելիքները իմանալ, եւ ինչպէ՞ս մարգարէները յառաջիկային պատահելիքները կը պատմէին ժողովուրդին: Այս է, քանի որ անոնք Հոգիին ներգործութենէն մղուած կը խօսէին, այլ ո՛չ թէ իրենք իրենցմէ, ինչպէս Պետրոս Առաքեալը կ՚ըսէ. «Որովհետեւ մարգարէութիւնները բնաւ մարդոց կամքին ծնունդը չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին մղումով է որ Աստուծոյ մարդիկը խօսեցան զանոնք» (Բ. Պտ 1.21), եւ երբ Հոգին հեռանար անոնցմէ, հասարակ մարդոց նման մէկը կը մնային, այլ՝ երբ կարիք կը զգացուէր, կամ ժողովուրդին պէտքերուն եւ կամ աշխարհին համար, աղօթք կը մատուցէին Աստուծոյ, եւ անոնց կը յայտնէր իրողութեան եղելութիւնը եւ անոնք կը պատմէին ժողովուրդին, եւ վկայ քեզի երազները, որ Դանիէլը պատմեց, որովհետեւ երբ կանչեցին զինք, չէր գիտեր ինչ պէտք էր ըսել, այլ՝ ժամանակ խնդրեց եւ վերադառնալով խնդրեց Աստուծմէ, որպէսզի յայտնէ իրեն, եւ ապա կրցաւ ըսել:
«Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ այն ինչ որ Իմս է [յիմմէ անտի] կ՚առնէ» (տե՛ս Յհ 16.14):
Ինչ որ Իմս է, կ՚ըսէ բնութենէն [աստուածային] ունի ուսուցանելը, եւ եթէ հերձուածողներէն մէկը ըսէ, թէ Ի՛նք Տէրը ըսաւ, թէ՝ Ինձմէ պիտի առնէ, ու այս պատճառով Հոգին Որդիէն է կ՚ըսեն, թող իմանան նաեւ այն, որ յետոյ կ՚ըսէ՝ Իմս է, ցուցնելով Հայրը, թէ Անորմէ է: Ասկէ ետք կ՚ըսէ. «Ինչ որ Հայրս ունի՝ Իմս է» (Յհ 16.15), մէ՛կ կամք ու մէ՛կ Աստուածութիւն, եւ մէ՛կ բնութիւն կը ցուցնէ Ինքզինք, Հայրը եւ Հոգին:
«Ես Հօրս քով կ՚երթամ: Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս» (Յհ 16.16):
«Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս» չարչարանքներէն ու թաղումէն մինչեւ յարութիւն: Եւ դարձեալ. «Կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս» յարութենէն մինչեւ համբարձումը կ՚ըսէ, որ այդ միջոցին՝ քառասուն օր մնաց անոնց հետ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 139
Վաղարշապատ