ՄԵԶՄԷ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԻ

Իւրաքանչիւր երկիր ունեցած է վայրկեաններ, երբ մտածող մարդու, աշխատող անձի համար անտանելի եղած է իր հայրենակիցներու շրջանին մէջ ապրիլ: Իւրաքանչիւր երկիր եղած է այն դրութեան մէջ, որ լուսաւորուած մարդը ստիպուած եղած է տխրութեամբ նայիլ իր հայրենի հասարակութեան վրայ: Ուրիշ, աւելի լուսաւորուած երկրի մէջ կրթութիւն ստանալէ ետք, երիտասարդը իր հայրենիք վերադառնալով, դժուարութեամբ կարողացած է հաշտուիլ այն միտքին հետ, որպէսզի այն ինչ ինք սորված է, ի զուր նկատուած է իր հայրենակիցներուն մէջ, անգործադրելի կը մնան անոր բոլոր հմտութիւնները…

Բայց դարձեալ ան կը մնար, չէր փախչեր իր հայրենիքէն, ան կը հասկնար, որ թէեւ իր ստացած բոլոր հմտութիւնները գործի պիտի չդնէ, անձնական անկախութեան պիտի չհասնի, ինչպէս այդ կրնար օտար երկրի մէջ ընել, այնուամենայնիւ, անոր ներկայութիւնը հայրենիքի տգէտ հասարակութեան մէջ անհրաժեշտ էր, որովհետեւ առանց կռուի, առանց պատերազմի, առանց զոհաբերութեան՝ յառաջդիմութիւնը հնարաւոր չէ…

Անցնինք մեր հայ հասարակութեան:

Երկար ժամանակ հայոց հասարակութիւնը ինքն իր մէջ փակուած կը մնար, արտաքին աշխարհի ներգործութենէն պատսպարուած՝ իր նախապաշարմունքներուն եւ հնադարեան, փտած աւանդութիւններուն չինական պատով…

Մեր հասարակութեան մէջ ամէն տեսակի պակասութիւններու, ամէն ձեւի անհասարակական երեւոյթներու կարելի էր հանդիպիլ. նոր սերունդին մտաւոր եւ բարոյական կեանքը ճնշող հին սերունդը, կողոպտող, հարստահարութեամբ եւ գողութիւններով հարստացող քաղաքացիները… ո՞ւր էր փրկութիւնը… Դժուար էր այդ ողորմելի, անմխիթար դրութենէն ելք մը նշմարել …

Բայց փրկութիւնը նոյնիսկ այդ թշուառ երեւոյթներէն պիտի ծագէր:

Ճնշող, երեխայի իւրաքանչիւր ազատ ձգտում հալածող հին սերունդը սկսաւ յանկարծ օտար երկիրներ ուղարկել երիտասարդները…

Զանազան աններելի միջոցներով հարստացած աղաները, մեռնելով բարերարներ կը դառնային, իրենց ունեցածը կտակելով ի օգուտ իրենց հայրենակից նոր սերունդի կրթութեան…

Ինչպէս առաջինները, նոյնպէս եւ երկրորդները անշուշտ չէին մտածեր իսկ, որ այսպիսով իրենք կոյր գործիքներ կը դառնային պատմական անհրաժեշտութեան ձեռքին մէջ… Չէին հասկնար, որ իրենց սեփական ձեռքով անգիտակցաբար այնպիսի ուժեր կը պատրաստէին, որոնք ժամանակով իրենց հայրենիքի մէջ պիտի հանդիսանային եղած ամէն տեսակի տգիտութեան, խաւարասիրութեան, բռնաւորութեան, յիմար անձնապաշտութեան թշնամիներ, ուրեմն ե՛ւ տգէտ, ե՛ւ անգիտակցական ուժերու անհաշտ թշնամիներ…

Ներկայիս իսկ մեր երկիրը կը գտնուի այնպիսի դրութեան մէջ, նոյն դրութեան մէջ անցեալին կը գտնուէր իւրաքանչիւր ուրիշ՝ այժմ լուսաւորուած երկիր: Ժամանակ կար, երբ ներկայիս լուսաւորուած եւրոպական երկիրներուն մէջ կրթուած մարդը հալածանքի առարկայ կը դառնար հասարակութեան կողմէ, որ անոր կեանքը ամբողջ կ’անցնէր անմխիթար, առանց որեւէ կարելիութեան, ո՛չ նիւթական անկախութեան հասնելու, կամ գործ դնելու իր մտաւոր, գիտնական հմտութիւնները…

Իսկ ներկայիս, այդ տեսակի դրութեան մէջ կը գտնուի նաեւ մեր երկիրը, մեր հայոց հասարակութիւնը: Եւրոպայի մէջ ուսում ստացած երիտասարդը հայրենիք վերադառնալով, ո՛չ թէ միայն օգնութիւն չի ստանար ոեւէ մէկէն՝ կեանքին մէջ յառաջանալու համար, այլ՝ նոյնիսկ արգելքներու կը հանդիպի իւրաքանչիւր քայլափոխի: Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք երիտասարդը ուսում ստանալու ղրկած են, իրենց տգիտութեան պատճառով կ՚արգիլեն անոնց յառաջանալու, գիտութիւնը ի գործ դնելու, անկախութեան հասնելու…

Ո՛չ հասարակութիւնը եւ ո՛չ ալ հին սերունդը նոր ուժերուն պարապմունք կու տայ: Այդ վերջինը, որ ինք անգիտակցաբար աշխատած է իր դրամով կրթութիւն տալ նոր սերունդին, զայն այնուամենայնիւ ամբողջ կեանքին համար անընդունակ կը նկատէ…, չմտածելով, որ ուզեն չուզեն, նոր սերունդը ժամանակի ընթացքին հիներուն տեղը պիտի բռնէ…

Մի՞թէ այս բոլոր անյաջող հանգամանքները տեսնելով, նախագուշակելով այս բոլոր արգելքները, նոր սերունդը ետ պիտի չգայ իր հայրենիք…

Այո՛, մենք համոզուած ենք, որ եթէ մենք ետ չգայինք, վաղուց արդէն անկախ դրութիւն կ՚ունենայինք օտար երկրի մէջ, որ մեզ խոր սիրով ընդունած է եւ դարձեալ կ՚ընդունի՝ եթէ դիմենք անոր, որ մեզի համար նոր հայրենիք դարձած է, որուն մենք պարտական ենք ամենավսեմ գաղափարները, իսկ մեր իսկական հայրենիքը մեզի հետ կը վարուի ինչպէս անզգայ, խորթ մայր… Մենք համոզուած ենք, որ այդ երկրին մէջ, մենք այդ հանգամանքներուն մէջ ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ աշխատանք, ո՛չ օգնութիւն պիտի ստանանք հասարակութեան կողմէ…, որ մեզի տանջանք, անդադար կռիւ, բարոյական պատերազմ, անվերջ չարչարանք կը սպասէ, որ միակ վարձատրութիւնը վերջաւորութեան պիտի ըլլայ՝ երիտասարդ հասակին մէջ դագաղի մը մէջ յաւիտենական քուն…: Բայց, այնուամենայնիւ պիտի վերադառնանք, որպէսզի կռուինք, մինչեւ վերջին շունչը պատերազմինք՝ հնամոլ, ճնշող, անձնապաշտ հասարակութեան հետ… Եթէ ոչ սիրոյ զգացմունքէն շարժուած դէպի հայրենակիցները, որոնք մեզի ոչ մէկ միջոցներ տալով անձնական անկախութեան հասնելու, միեւնոյն ժամանակ չեն գնահատեր մեր բարոյական ձգտումները, այլ՝ գոնէ սիրոյ զգացմունքէն շարժուած դէպի մարդկութիւնը, համաշխարհային զգացմունքէն՝ օգնել մարդկութեան մէկ անդամին, անոր կորած, ողորմելի, իր սեփական ինքնահաւան տգիտութեան տակ ճնշուած մէկ թշուառ ազգութեան, որուն պատահմամբ մենք ինքներս ալ կը պատկանինք:

«Մշակ», 1873, թիւ 45

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 2, 2022