ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԸ.
«Յիսուս այս աղօթքը ընելէ ետք՝ Իր աշակերտներուն հետ գնաց Կեդրոն կոչուած ձորին միւս կողմը» (Յհ 18.1):
Մատթէոսն ու Մարկոսը Գեթսեմանի գիւղը կ՚ըսեն, իսկ Ղուկաս. «Ըստ սովորութեան, կ՚ըսէ, Ձիթենեաց լեռը գնաց» (տե՛ս Ղկ 22.39): Կը թուի, թէ իրարու հակառակ կ՚ըսեն, սակայն հակառակ չեն, այլ՝ շա՜տ ալ համաձայն կը խօսին, որովհետեւ գիւղը, որ Գեթսեմանին այնտեղ է, պարտէզն էր: Եւ այն, թէ Ձիթենեաց լեռ, այս պարտէզը լերան ստորոտին է, այդ պատճառով Ձիթենեաց կ՚ըսէ: Իսկ թէ ի՞նչ է Կեդրոնը, եբրայեցերէնին մերինին թարգմանուած մխիթարութիւն կ՚ըսուի: Իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ նոճիի ծառին կեդրոն կ՚ըսուի, սակայն ճշմարիտը այս է, թէ Կեդրոնին հեղեղատ կ՚ըսուի, որովհետեւ այս ձորը հեղեղատ է եւ իր աւարտին Յովսափաթի դաշտն է, այդ պատճառով է, որ հեղեղատ է՝ Կեդրոն կ՚ըսուի:
Բայց, թէ ինչո՞ւ համար այսպիսի ժամու Տէրը պարտէզ գնաց. նախ՝ որովհետեւ սովորութիւն էր որ ցերեկին Տաճարին մէջ ըլլար, իսկ գիշերը՝ Ձիթենեաց լեռը: Երկրորդ. քանի որ հրեաները մնայուն կերպով կ՚ուզէին բռնել զԻնք, սակայն ժողովուրդէն կը վախնային: Ամայի տեղեր եւ յարմար ժամանակի կը սպասէին, այդ պատճառով Տէրը ըստ անոնց կամեցածին կ՚ընէ, որովհետեւ այնտեղ միայն Ինք եւ Իր աշակերտներն էին: Երրորդ. քանի որ վայրը պարտէզ էր, եւ չորս կողմէ շրջափակուած էր, եւ ճար չկար ուրիշ կողմէ մը փախչելու, եւ երբ անոնք դրան տիրեցին, համոզուած կ՚ըլլան, որ անպայման պիտի բռնեն զԻնք: Եւ որովհետեւ միւս աւետարանիչները կը յիշեն չարչարանքներու ժամանակ մեկուսանալը՝ աղօթելու համար, այդ պատճառով ասիկա չի՛ յիշեր:
Տեսէ՛ք, թէ ինչո՞ւ համար միայն երեք առաքեալներ Իր հետը առաւ, այսինքն՝ Պետրոսը, Յովհաննէսն ու Յակոբոսը: Առաւ, յայտնելու համար այս երեք առաքեալներուն նախապատիւ ըլլալը միւս առաքեալներուն դիմաց, որովհետեւ ասոնք աստուածային երեք անձերուն օրինակ են: Արդարեւ, Պետրոսը առաւ՝ ծերութեան համար, այդ պատճառով ալ առաքեալներուն գլուխ դրաւ զինք, իսկ Յակոբոսը՝ առաքեալներուն մէջ առաջին մարտիրոսութեան համար, իսկ Յովհաննէսը՝ որովհետեւ աստուածաբան պիտի ըլլար:
Երկրորդ. թէ ինչո՞ւ համար բաժնուեցաւ առաքեալներէն աղօթելու երթալու համար, եւ այն ալ քիչ մը հեռու՝ քարընկէց մը միայն: Քանի որ Քրիստոս կ՚ուզէր այնպէս՝ առանձին աղօթել, սակայն կ՚ուզէր, որպէսզի Իր օրինակով առաքեալները յօժարին աղօթելու: Եւ դարձեալ՝ կ՚ուզէր գաղափարով եւս ցուցնել, թէ պէտք է, որ առաջնորդէ այդպէս առանձինն խոկայ աստուածայիններու մասին, մինչ հօտէն չի կրնար հեռանալ, քանի որ կրտսերներուն վախն ու պատիժը՝ որ առաջնորդի նկատմամբ ունին, կ՚արգիլէ զանոնք չարէն եւ դէպի բարութիւն կը բերէ զանոնք:
Երրորդ. թէ ինչո՞ւ համար մեր Տէրը շատ երկիւղ կրեց: Այսինքն՝ այնքան երկիւղ կրեց մարդոց անչափելի մեղքերուն համար, որովհետեւ ամբողջ բնութեան փրկութիւն կը գործէր, այդ պատճառով ամբողջ բնութեան չափ երկիւղ կրեց, եւ որպէսզի օրինակ ըլլայ Իր անդամներուն, այսինքն՝ Եկեղեցւոյ, որով ցոյց տուաւ, թէ շա՜տ վիշտ պիտի կրեն:
Չորրորդ. թէ ինչո՞ւ համար հրեշտակները ուժ կու տային Անոր: Որպէսզի ցուցնէ, թէ զօրութիւններուն Տէրն է, որոնք չարչարանքներու ժամանակ Իրեն սպասաւորելու եկան, եւ որպէսզի ցոյց տայ առաւել խոնարհութիւնը, որ հրեշտակներուն մխիթարութեան իսկ կարօտ եղաւ, եւ պէտք էր Տիրոջ տրտմութիւնը զգալի կերպով երեւար մեզի:
Հինգերորդ. թէ ինչո՞ւ քրտինքը արեան կաթիլներու նման կ՚իջնէր: Որովհետեւ այդ քրտինքը սաստիկ երկիւղէն եւ մահուան զարհուրանքէն եղաւ, քանի որ Ան կ՚աղօթէր մահուան բաժակը անցնելուն համար, իբրեւ շատ վախցած, որովհետեւ Ղուկաս կ՚ըսէ. «Տագնապի մէջ էր» (տե՛ս Ղկ 22.44), այսինքն՝ մահուան ընթացքին մէջ, ուրկէ կ՚երեւի, թէ երկիւղին պատճառով ելաւ այդ քրտինքը: Այս բոլոը կամաւորաբար եւ ոչ թէ հարկադրաբար, ինչպէս մեր պարագան է:
Վեցերորդ. թէ ինչո՞ւ համար երեք անգամ աղօթեց: Երեք սահման ցոյց տալու համար, որ բարեգոյն աղօթքի մէջ կ՚ըլլայ, այսինքն՝ խոնարհութեամբ, հաւատքով եւ սիրով, որոնք պատասխան կու տան աստուածային երեք անձերուն. խոնարհութիւնը՝ Հօր, որ կարողութիւնը կը յատկանայ, հաւատքը՝ Որդիին, որուն մէջ կը յատկանայ իմաստութիւնը, եւ սէրը՝ Հոգիին, որուն մէջ կը յատկանայ բարութիւնը: Եւ թէ պէտք է երեք մեղքերուն դէմ աղօթել, որ կ՚ըլլան տկարութենէ, անգիտութենէ եւ կամքի չարութենէ:
Դարձեալ պէտք է երեք թշնամիներուն դէմ աղօթել. սատանային, աշխարհին եւ մարմինին, ու պէտք է երեք խնդրուածք կատարել. այսինքն՝ չարէն զերծ մնալ, շնորհքով ուղղուիլ եւ փառքին հասնիլ:
Դարձեալ, ցուցնելու համար, թէ երեք զօրութիւններու գործեր կը խնդրուին աղօթք կատարելու համար, այսինքն՝ հանճարի գործ, կատարեալ հաւատքով՝ զօդուելով Աստուծոյ: Յիշողական գործ՝ յիշելով աստուածային պարգեւները ու գոհանալով, եւ կամքի գործ՝ երկնային բարութիւններուն փափաքելով: Այս բոլորը Յովհաննէս Աւետարանիչը գիտութեամբ զանց ըրաւ, քանի որ բաւականաչափ գրուած էր:
«Յուդան՝ մատնիչը, գիտէր պարտէզին տեղը, որովհետեւ շատ անգամ Յիսուս եւ Իր աշակերտները հոն կը հաւաքուէին» (Յհ 18.2):
Վարդապետները ըսած են, թէ Տէրը չորս պատճառով պարտէզ գնաց.
Նախ՝ որովհետեւ սովորութիւն էր այնտեղ երթալը, եւ Յուդան ալ Իրեն հետ, նոյնպէս հիմա այնտեղ կ՚երթայ, որպէսզի Յուդան գալով գտնէ զԻնք:
Երկրորդ. որպէսզի ցուցնէ, թէ յօժարութեամբ կ՚երթայ չարչարանքներուն, քանի որ աշակերտներուն հետ համարձակ կ՚երթայ:
Երրորդ. որպէսզի սորվեցնէ մեզի փորձութիւններու ժամանակ սովորական աղօթքները չձգել, որ Ինք առանձնացաւ ու ըրաւ:
Չորրորդ. որպէսզի խրատէ մարդոց նեղութիւններու ժամանակ երբ իրենց յոյսը հատնի, Աստուծոյ ապաւինիլ ու Անոր աղօթել:
Իսկ Յուդան երեք կերպով պատրաստուեցաւ Տէրը ձերբակալելու.
Առաջին. որովհետեւ բազմաթիւ մարդիկ բերաւ իր հետ, որ գունդ կը կոչէ, որոնք էին զօրագլուխները, քանի որ Պիղատոսը կայսրի տեղ ունէր, եւ գունդը անկէ առին, նոյնպէս քահանաներէն սպասաւորներ առնելով երկու կողմերէն ամրացուցին, որպէսզի ոչ ոք կարենայ Քրիստոսը խլել:
Երկրորդ. ինքզինք ջահերով ու լապտերներով պատրաստեց, որովհետեւ գիշեր էր, որպէսզի գտնեն Քրիստոսը եւ չփախչի կամ չպահուըտի:
Երրորդ. ինքզինք զէնքերով պատրաստեց՝ վախցնելու համար մարդիկը, որպէսզի ո՛չ ոք համարձակի օգնութեան ձեռք մեկնել Քրիստոսի եւ կամ ամբոխը՝ ժողովուրդը իրենց դէմ հանէ:
Այստեղ կը հարցուի, թէ Յուդան ինչո՞ւ նշան տուաւ, թէ՝
«Ով որ համբուրեմ՝ Անիկա է» (Մտ 26.48: Մր 14.44: Ղկ 22.47):
Որովհետեւ բամզաթիւ անգամներ ուզեցին ձերբակալել, սակայն Յիսուս խոյս տուաւ, այդ պատճառով ուզեց համբոյրով ձերբակալել տալ, որպէսզի չփախչի:
Երկրորդ. քանի որ Յակոբոսը կերպարանքով Քրիստոսին նման էր, որ «Տեռանեղբայ» կը կոչուէր, այդ պատճառով համբոյրը նշան տուաւ, որպէսզի անգիտութեամբ աշակերտներէն մէկը չձերբակալեն:
Երրորդ. որովհետեւ չէր համարձակեր յայտնապէս թշնամութիւն ընել, այլ՝ կամեցաւ նենգութեամբ արտաքին պատիւով խոնարհութեամբ մեծարել:
Չորրորդ. ուրիշներ կ՚ըսեն՝ աւանդութեամբ լսեցինք Քրիստոսի մասին, թէ Ան յաճախ կերպարանափոխ կ՚ըլլար, եւ իւրաքանչիւր մարդու հետ Իր ուզածին պէս կ՚ըլլար, կ՚երեւէր:
Հինգերորդ. քանի որ համբոյրը սիրոյ ցուցանիշ է, որով երեւցաւ, թէ անոնք որոնք գաղտնի կերպով խէթ ունին, սիրով կը կամենան որսալ՝ կորուստի մատնելու համար:
«Երբ «Ես եմ» ըսաւ, անոնք ետ-ետ քաշուեցան եւ գետին ինկան» (Յհ 18.6):
Տէրը ինչո՞ւ համար այսպէս ըրաւ: Որպէսզի գիտնան, թէ Ինքզինք կամաւորաբար կու տայ չարչարանքներուն, որովհետեւ եթէ միայն ձայնէն գետին ինկան, կրնար՝ եթէ կամենար, բոլորը կոտորել:
Երկրորդ. քանի որ կը խորհրդանշէր անկումը հրեաներուն, որոնք անկանգնելիօրէն ինկան անհաւատութեան մէջ:
Երրորդ. որպէսզի Մարգարէին կողմէ նախապատմածները [իրականան]. «Մեր թշնամիները տկարացան ու ինկան» (Սղ 26.2):
«Արդ, եթէ զիս կը փնտռէք՝ ձգեցէք որ ասոնք երթան» (Յհ 18.8):
Կը թուի, թէ կը կամենային աշակերտներն ալ ձերբակալել, որովհետեւ Յուդային թելադրուած էր, թէ՝ աշակերտներն ալ ձերբակալեն, որպէսզի հաւատացեալներուն մէջ գոյժ չտարածեն, ու անոնք մեր վրայ գալով՝ քարկոծեն մեզ:
Այս վայրին մէջ Տէրը երկու պատճառով թոյլ չի տար, որպէսզի աշակերտները ձերբակալեն.
Նախ՝ որպէսզի իրենց հաւատքին մէջ չթերանան, որովհետեւ Պետրոսը տակաւին չձերբակալած՝ կ՚ուրանար, իսկ Թովմասը կ՚ըսէր. «Եկէք երթանք, որպէսզի Անոր հետ մեռնինք» (հմմտ. Յհ 18.16):
Երկրորդ. քանի որ երբ ասկէ փրկեց զիրենք, հաստատապէս կը գիտնան, թէ բոլոր նեղութիւններէն կրնայ փրկել զիրենք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 142
Վաղարշապատ