ՄԵՐ ԵՐԱԶՆԵՐԸ ՉԾՆԱԾ՝ ՎԻԺԵՑՈՒՑԻՆ

Կեանքի վազքին մէջ տակաւին նոր մտած, մեծ յուսախաբութիւն ապրած եւ անորոշ վիճակի մատնուած երիտասարդը կը դիմէ իր վաղեմի ծանօթ ծերունիին, որպէսզի բաժնեկցի իր ներքին զգացումներուն, ապրումներուն եւ ունեցած յուսախաբութիւններուն մասին, յոյս ունենալով, որ իր մտերիմ եւ այնքա՜ն սիրելի ծերունին կը կարենայ թեթեւցնել իր ծանրացած վիճակը եւ ուղղութիւն տալ՝ շարունակելու համար դեռ նոր սկսած կեանքի պատերազմը:

Երեկոյեան ժամերուն, երբ արեւը իր վերջին շողերը կը տարածէր այս ու այն կողմ, պտղունց մը ջերմութիւն սփռելով զինք ընդունողներուն, ծերունին, իր տան շրջափակին մէջ զբաղած էր խնամելով իր իսկ ձեռքերով տնկած ու աճեցուցած ծառերը, ծաղիկներն ու բոյսերը: Այնքա՜ն խնամքով կը վարուէր անոնց հետ, այնքա՜ն կը գուրգուրար անոնց՝ ըսես իր հարազատ զաւակները ըլլային…, եւ այդպէս ալ էին: Ժամերով կը խօսէր անոնց հետ, կը զրուցէր, կը վիճաբանէր, կը բարկանար, կ՚ուրախանար, կը ժպտար, երբեմն-երբեմն նոյնիսկ կու լար: Այնքան մտերիմ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր, այնպիսի զօրաւոր կապ մը յառաջացած էր ծերունիին եւ իր խնամած բոյսերուն եւ ծառերուն միջեւ, որ իր դրացիները զարմանալու կողքին, երբեմն կը մտածէին, թէ նոյնիսկ խենթացած էր ան…

-Հայրիկ, բարի երեկոյ: Կարելի՞ է:

-Օ՜հ, սիրելիս, այս ինչ լաւ անակնկալ է: Անշուշտ կարելի է, ներս եկուր:

-Ինչպէ՞ս ես հայրիկ, ինչպէս միշտ սիրածդ գործին մէջ ես: Ըսէ՛ տեսնեմ, չըլլայ թէ զաւակներդ կը նեղացնեն քեզ:

-Չէ՛, չէ օղլում, ի՜նչ նեղացնեն, աւելի ե՛ս է, որ կը նեղացնեմ զիրենք, իրենք ընդհակառակը, ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի ես լաւ զգամ: Ճիշդ է, երբեմն-երբեմն փիս կատակներ կ՚ընեն, բայց այդքանն ալ իրենց իրաւունքն է: Դուն ըսէ՛ տեսնեմ, շուտ վերադարձար այս անգամ:

-Է՜հ հայրիկ, ամէն օր ալ առիթ ունենամ կու գամ քեզի, բայց…:

-Ըհըըըը, լեզուիդ տակ բան մը կայ անպայման: Վերջին մէկ երկու այցելութիւններուդ ընթացքին զգացած եմ, որ հանգիստ չես, սակայն չէի ուզած անյարմար վիճակի մատնեմ քեզ, այդ պատճառով ալ չէի հարցուցած: Բայց հիմա, ըսէ՛ տեսնեմ, ի՞նչ ունիս, ի՞նչ կը կատարուի քեզի հետ:

-Չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկսիմ, հայրիկ, այնքան խօսելիքներ ունիմ, ներսս լեցուած է, կը զգամ, որ եթէ չարտայայտուիմ, չխօսիմ, պիտի պայթիմ: Ճիշդ է, որ տակաւին նոր մուտք գործած եմ իրական կեանք, ուսումս նոր աւարտած եմ, տիրացած եմ բարձր վկայականի, բայց կարծես այդ բոլորը ոչնչութեան վերածուած են հայրիկ: Չե՛մ գիտեր ինչ կը պատահի ինծի հետ:

-Օղլում, կամաց-կամաց: Շո՛ւնչ առ մէյ մը: Աս ինչե՞ր կը խօսիս:

-Ես ալ չեմ գիտեր հայրիկ, ներսս փոթորիկ է եւ չեմ կրնար խաղաղեցնել:

-Զաւակս, կամաց-կամաց, մէյ մը հանդարտէ, եւ պատմէ ինծի ինչքա՞ն ժամանակ է, որ այսպէս ես:

-Հայրիկ, ուրեմն երկու տարի առաջ ես աւարտեցի ուսումս, վկայականս ստացայ, քանի՜-քանի հաստատութիւններէ եւ կառոյցներէ բարձր աշխատավարձով պաշտօններու հրաւէրներ ստացայ, սակայն բոլորն ալ մերժեցի, որպէսզի աշխատիմ այն հաստատութեան մէջ, որ զիս մեծցուց, մարդ դարձուց: Մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցին որոշումս, մանաւանդ որ գիտէին, թէ ի՜նչ պաշտօններ մերժած եմ, եւ սկիզբէն ալ անկեղծացան հետս, յայտնելով, թէ իրենք այդ միւս հաստատութիւններուն առաջարկած ամսականին հազիւ կէսը կրնան տալ ինծի: Մեծ սիրով ընդունեցի իրենց առաջարկած գումարն ու աշխատանքային պայմանները: Չէ՞ որ այդ հաստատութեան ամենէն կարեւոր յատկութիւնը, որ սորվեցուցած էին մեզի՝ նուիրումն էր. զգացում մը, որ զգացականէ անդին պարտաւորութեան հագուստ հագած էր մեզմէ շատերուս համար, որոնք իրենց ուսումը աւարտելէ ետք ընտրեցին իրենց կեանքը շարունակել այդ հաստատութեան եւ անոր բարօրութեան համար աշխատելով…

-Քու բնաւորութիւնդ եւ մտածելակերպդ ճանչնալով բնական կը նկատեմ պատմածներդ եւ որդեգրած քայլերդ ու որոշումներդ: Բայց դեռ չհասկցայ, ինչո՞ւ այսքան վրդոված ես:

-Շարունակեմ, հայրիկ, շարունակեմ:

Մի քանի ամիս անցած էր տակաւին աշխատանքի անցնելէս ասդին, երբ օր մը, յանկարծ նոր երիտասարդ մը աշխատանքի ընդունեցին, մեր ստացած ամսականին գրեթէ կրկնապատիկով, աշխատանքային ժամերը աւելի քիչ, իսկ ամենէն զարմանալին այն էր, որ մեր գործէն ո՛չինչ կը հասկնար, իր մասնագիտութիւնը չէր:

-Հապա ինչո՞ւ գործի ընդունած էին զինք:

-Սկիզբը մենք ալ չհասկցանք: Համակերպեցանք, ըսինք, որ պատասխանատուները մեզմէ աւելի կը հասկնան եւ հաստատ իրենք հաստատութեան ի վնաս ո՛չ մէկ քայլի կը դիմեն…:

-Ե՞ւ…

-Օրերը կ՚անցնէին, այդ երիտասարդը հակառակ այն հանգամանքին, որ ո՛չ մէկուս հետ յարաբերութիւններ մշակեց, աւելին, ան մեզի հետ կը վարուէր որպէս իր ծառաները: Մէկ, երկու, համբերեցինք, լռեցինք, ըսինք պէտք չէ անհամութիւններ ստեղծենք, որպէսզի հաստատութեան աշխատանքը չտուժէ, սակայն ինչքան մենք լուռ կը մնայինք, այդքան այդ երիտասարդը թեւեր կ՚առնէր եւ իր վերաբերմունքը ա՛լ աւելի կոպիտ եւ անտանելի կը դառնար, այնքան, որ օր մը չդիմանալով, կոշտ ու կոպիտ արտայայտուեցայ, յանդիմանեցի զինք եւ պահանջեցի, որ յարգանքով վարուի իր գործընկերներուն հետ…: Բնականաբար վրդովմունքս անտարբեր չձգեց զինք, եւ ինչպէս կը սպասէի կոպտութեամբ եւ ամենայն անկրթութեամբ պատասխանեց ինծի, նոյնիսկ սկսաւ հայհոյել: Այս բոլորին մէջ զարմանալին սակայն հաստատութեան պատասխանատուներուն լռութիւնն ու անտարբերութիւնն էր սկիզբը, սակայն երբ տեսան, թէ հարցը երթալով կը մեծնար, փորձեցին միջամտել, մանաւանդ այդ երիտասարդին անկիրթ պոռթկումէն ետք…

-Ինչո՞ւ լռեցիր, շարունակէ՛, կը լսեմ:

-Ի՜նչ շարունակեմ, հայրիկ, հաստատութեան պատասխանատուները փոխանակ յանդիմանէին երիտասարդին, զիս յանդիմանեցին եւ մեղադրեցին ըսելով, թէ աշխատանքային խաղաղ մթնոլորտը կը խանգարեմ, կը փոթորկեմ, եւ թէ իրաւունք չունէի այդպէս վարուելու: Երբ փորձեցի սակայն բացատրել, -իրականութեան մէջ բացատրելու բան ալ չկար, միւս գործընկերներս ալ յոգնած էին այս վիճակէն-, չուզեցին լսել, այլ՝ զիս շարունակեցին մեղադրել աշխատանքի բնականոն ընթացքը խանգարելու մէջ…

-Այդ երիտասարդին ով ըլլալը չիմացա՞ք:

-Վերջին այս դէպքէն ետք սկսանք հետաքրքրուիլ, եւ պարզուեցաւ, որ այս այսինչեանի քրոջ զաւակն է…: Մեծ հիասթափութիւն ապրեցանք յատկապէս մի քանի ընկերներով: Ինչպէ՞ս կրնար նման բան պատահիլ: Չէ՞ որ մեր ուսումնառութեան ամբողջ ընթացքին, միշտ մեզի սորվեցուցած էին, թէ այս հաստատութեան նպատակը ազնիւ եւ շինիչ ծառայութիւն ու նպաստ բերելն է մեր ընկերութեան, մեր ժողովուրդին ու Հայրենիքին, եւ այդ պատճառով ալ այս հաստատութենէն ներս կ՚աշխատին անոնք, որոնք ազնիւ եւ անշահախնդիր կերպով կ՚աշխատին, որոնք կողմնակի միջամտութիւններով չէ, որ պաշտօններ կը զբաղեցնեն, այլ՝ իրենց ճակտի արդար վաստակով, այսինքն՝ իրենց ունեցած գիտելիքին եւ ընդունակութիւններուն համապատասխան… Իսկ հիմա, կ՚իմանայինք, որ այդ երիտասարդը, որ ո՛չ մէկ առընչութիւն ունէր մեր հաստատութեան հետ, բաւական չէ որ յայտնուած էր այստեղ, այլեւ՝ պատասխանատուները անարդար կերպով կը պաշտպանէին զինք՝ անտեսելով հաստատութեան շահերը, եւ մեղադրելով մեզ, որ մենք ենք որ սխալ վերաբերմունք սկսած ենք ցուցաբերել…:

-Յետոյ ի՞նչ եղաւ:

-Այդ դէպքէն մի քանի շաբաթ ետք այդ երիտասարդը աւելի լաւ ամսականով աշխատանք մը գտած ըլլալով, առանց զգուշացնելու պատասխանատուները այլեւս չեկաւ աշխատանքի: Մի քանի շաբաթ հաստատութենէն ներս վիճակը հանդարտած էր եւ բնականոն մեր առօրեան վերագտած էինք, երբ օր մը՝ այս անգամ երիտասարդուհի մը յայտնուեցաւ, որ ճիշդ նախորդ երիտասարդին կարգավիճակը ունէր:

-Ըսէ՛ տեսնեմ, այդ երիտասարդուհին ինչքա՞ն ժամանակ մնաց:

-Ճիշդ այս բանին համար է, որ կը սիրեմ քեզ հայրիկ եւ միշտ կ՚ուզեմ քեզի գալ ու զրուցել քեզի հետ, տակաւին չխօսած, դուն արդէն կը հասկնաս: Այդ երիտասարդուհին ալ մի քանի ամիս մնաց, ամէն ինչ իրար խառնեց, եւ նոյն լռութեամբ հեռացաւ: Ատկէ ետք դարձեալ յայտնուեցան մի քանի երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, որոնք հաւատարիմ իրենց նախորդներուն աւանդին, նոյն կերպով վարուեցան եւ հեռացան: Բայց, հայրիկ, արդէն չեմ կրնար դիմանալ, մէջս բան մը կոտրուած է: Կեանքի փորձ չունիմ տակաւին, սակայն անցնող այս երկու տարիներուն աշխատանքային անցուդարձերը շատ բան փոխած են մէջս: Կը յիշեմ մեր ուսումնական տարիները, թէ մեր ուսուցիչներն ու դաստիարակները ինչպէս կը մեծցնէին մեզ, ի՜նչ բաներ կը սորվեցնէին եւ ամենէն կարեւորը՝ ոգի կը դնէին մեր մէջ, որպէսզի երբ կեանքի փոթորիկին մէջ յայտնուինք, կարենայինք դիմանալ: Այս բոլորին կողքին, մեր դաստիարակները մեր մէջ երազելու ունակութիւնը զարգացուցած էին: Երազել, ո՛չ իր սովորական իմաստով, այլ նպատակի մը, փարոսի մը երազը, որուն հասնելու համար մեր ստացած գիտելիքին եւ ուսումին կողքին, պէտք է որ ներդնէինք նաեւ մեր հմտութիւնները, մեր կորովն ու կամքը: Սակայն, երբ մուտք գործեցինք իրական կեանք եւ սկսանք նաւարկել, առաջին ամիսներէն իսկ նոյն հաստատութիւնը որմէ ծնունդ առինք՝ որպէս ընկերային անհատներ եւ ազգի զաւակներ, այդ նոյն հաստատութիւնը մեր չծնած երազը փորձեց վիժեցնել, աւելի ճիշդ մեզմէ շատերունը վիժեցուց իսկ…

-Կեցի՛ր, կեցիր՛ր զաւակս, երազը, այն ալ քու ըսած երազդ ո՛չ ոք կրնայ վիժեցնել բացի քեզմէ, կը լսե՞ս զիս, ո՛չ ոք կրնայ վիժեցնել: Կը հասկնամ քեզ, սիրելիս, այնքա՜ն կը հասկնամ, որովհետեւ նոյն ճամբէդ անցած եմ եւ նոյն փորձառութիւնդ ունեցած եմ: Մեր ժամանակ կացութիւնը տարբեր էր, բնականաբար, հիմա տարբեր: Ես ալ յայտնուած է անդուդնի եզրին՝ երազիս վիժելուն մնացած էր ընդամէնը մի քանի քայլ, բայց վճռականութիւնս, կամքիս տոկունութիւնը եւ իմ այն տարիներուս ունեցած ինծի մտերիմ ծերունիին խրատները եւ թելադրութիւնները օգնեցին ինծի յաղթահարել այդ հանգրուանը եւ հաստատ մնալ սկզբունքներուս մէջ:

Ընկերներէս շատերը կորսնցուցին իրենց երազը, ուրիշներ փորձեցին պահել, սակայն չդիմանալով հարուածներուն վիժեցին, միայն մի քանի հոգիով կրցանք պահպանել եւ ամուր կառչած մնալ մեր երազին, մեր սկզբունքներուն եւ մեր նկարագրին: Ըսեմ, որ դիւրին եղաւ մեր կեանքին ընթացքը, խաբած կ՚ըլլամ քեզ, բայց մէկ բան կրնամ ըսել քեզի, որ մեր այդ դժուար ընթացքը մեզ ՄԱՐԴ պահեց, մեզ հաւատարիմ պահեց մեր արմատներուն, մեր ժառանգութեան:

Ըսի, թէ հիմա կացութիւնը տարբեր է. այո՛, տարբեր է: Տարբեր է սակայն արտաքին առաւելութիւններու առումով, սակայն սկզբունքայնութեան, նկարագիրի եւ ՄԱՐԴ մնալու համար ո՛չ կացութիւնը եւ ոչ ալ ժամանակը կրնան բան փոխել մարդուն մէջ: Դուն հաւատարի՛մ մնայ որդեգրածդ սկզբունքներուն, հաւատարիմ մնայ այն հաստատութեան նկատմամբ, որ ինչպէս քիչ առաջ ըսիր քեզ ծնաւ, ինչքան ալ նոյն հաստատութիւնը քեզ վիրաւորէ, ձաղկէ, այպանէ: Միշտ յիշէ՛, որ սկզբունքները, հաւատալիքներն ու համոզումները անձեր եւ այդ անձերու ունայն շահերէն եւ փառասիրութենէն վեր են միշտ:

Այս վիճակիդ մէջ կարրեւոր կէտը հիմա այն է, որ չկորսնցնես հաւատքդ ու կապուածութիւնդ՝ կեանքիդ, աշխատանքիդ, սիրելիներուդ եւ համոզումներուդ նկատմամբ, որովհետեւ միայն այդ պարագային է, որ շուրջիններդ կը յաջողին վիժեցնել երազդ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12 փետրուար 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022